ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Պատերազմի արհաւիրք – ծննդավայրի ներշնչած ապահովութիւն:
Նախքան պատերազմի բռնկումը, նշեալ սերունդի տղաքն ու աղջիկները կը յաճախէին շրջանի վարժարանները: Անոնց համար չկար խտիր, աւելի՛ն. չէին գիտեր այս կամ այն յարանուանական վարժարանի տարբերութիւնը:
Ընդհակառակն, էականը հայկական վարժարան յաճախելու տրամադրութիւնն էր, խանդավառութեամբ լիացած առօրեայի մը գոյութիւնը:
Համեստ, աշխատասէր, ազգային շունչով յագեցած, հազիւ նախակրթարան մը տեսած, արհեստաւոր եւ օրապահիկի տէր ծնողներու զաւակներ էին անոնք, հպարտ իրենց հայկականութեամբ եւ ծնողներու հոգատարութեամբ:
Արդար է նշել, որ այս սերունդը, եթէ երբեք ծնողական գուրգուրանքի, սիրոյ, եզակի ու ջերմ հոգածութեան արժանացած չըլլար, դժուար թէ կարենար հասկնալ եւ ըմբռնել կեանքի դառն երեսը, այս պարագային`զարհուրելի պատերազմը:
Արագածի մէջ ծնած ու պատանեկանի տարիքին հասած այս սերունդը խաղաղ ու երջանիկ կ՛ապրէր, երբ յանկարծ դէմ յանդիման գտնուեցաւ սոսկալի ու վախազդու վիճակի մը` դիմաց. պատերազմ, մահ ու սարսափ, ապաստանարան եւ հաւաքական կեանքի փոփոխութիւն:
Բարեբախտաբար, հաւաքական կեանքի ազգային կառոյցներ, միութիւններ, եկեղեցիներ եւ ակումբներ գործունեայ եւ աշխուժ վիճակ կը պարզէին: Անոնք տակաւ հանդիսացան հայորդիներու ապահովութիւն ներշնչող կռուանները, ուրկէ ընթացք առին իրերօգնութեան հրաշալի աշխատանքները:
Պատերազմի առաջին տարիները շրջանի հայութեան համար փորձառութիւն վաստկելու առիթ հանդիսացան: Ճիշդ է, որ արտագաղթի ալիքը սկսած էր, սակայն չունէր լայն տարածում: Մեր սերունդը հասակ կ՛առնէր պատերազմի դառնութիւնը իր ուսերուն, այդուհանդերձ շրջանցած էր վախի ազդեցութիւնը եւ սեփական կեանք կը վարէր` որոշակի խանդավառութեամբ:
Ճիշդ է, որ պատերազմի առաջին հնգամեակը անցած էր, եւ մեր սերունդը աւելի հասուն դարձած ու ինքնավստահօրէն կը շարունակէր յաճախել դպրոց: Ամէն տարի, կրթական վերամուտին, մեր սերունդի տղաքն ու աղջիկները կարծես նոր կը ծնէին` այն առումով, որ ամրան տաք (պատերազմի) եղանակէն ետք, խաղաղ օրեր երեւան կու գային, այսպէս ըսած, եղբայրասպան կողմերը, յանկարծակի զինադադար կը հաստատէին պատրաստուելու հետագայ մարտերուն:
Հայ վարժարանին մէջ կեանքը այդքան ալ ձեռնտու չէր, դասընթացքը այդքան ալ հեզասահ չէր ընթանար, հակառակ անոր որ կրթական մշակներ ունէին մեծ պատասխանատուութիւն` ապահովութեան առումով, այդուամենայնիւ, կեանքը կը շարունակուէր, տարեշրջանը, այսպէս կամ այնպէս իր լրումին հասցնելու բոլորին ճիգը ընդհանրապէս կ՛արդիւնաւորուէր:
Ու սահեցան տարիները: Պատանի տարիքին եղող սերունդը արդէն հասած էր երիտասարդականի սեմին: Զարմանալին այն էր, որ պատերազմի սերունդ այս տղաքն ու աղջիկները կրցեր էին աղուորցնել իրենց աշակերտականի կեանքը, մե՛րթ խնճոյքներով, մե՛րթ տօնակատարութեամբ ու շատ անգամ փախուստ տալով առօրեայ մտահոգութիւններէ` կազմակերպելով պտոյտներ եւ խրախճանքներ:
Այո՛, այս սերունդը կրցած էր ընտելանալ կացութեան եւ ստեղծել իր աշխարհը, երբ պատերազմի արհաւիրքը դամոկլեան սուրի նման կախուած էր անոնց գլխուն:
Յայտնապէս, այս սերունդին համար ծննդավայրը նոյնքան կարեւորութիւն եւ իմաստ ունէր: Փաստօրէն, արձակուրդներու թէ պարտադրուած վիճակներու ատեն, երբ վարժարանները փակ կը մնային, զինադադարի օրերուն, շրջանի թաղամասերը, սապէս կը վերածուէին մէյ մէկ խաղավայրերու, երբ հայ ընտանիքներու զաւակներ, դասընկերներ, մեծով ու փոքրով` բոցկլտուն եռանդը իրենց դէմքին, կը զարդարէին թաղերը, այլազան խաղերու ընկերակցութեամբ եւ պոռչտուքով:
Այդ տարիներուն հրաշալին այն էր, որ համակարգիչի թէ համացանցի անունն անգամ լսելի չէր, աւելի՛ն. տարբեր տարիքի տղաք ու աղջիկներ առանց երկչոտութեան կը վայելէին բազմաթիւ խաղերու գեղեցկութիւնը, անոնցմով կը սնանէին իրենց ֆիզիքականը, մտային կարողութիւնը, ճարպիկութիւնն ու հնարամտութիւնը: