Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Յուշերու Կապոց. Պատերազմ Ապրած, Բայց Խաղաղութիւն Չտեսած Սերունդի Մը Մասին (Լիբանան 1975-2025) Դ.

April 11, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Երիտասարդական «խենթ» տարիներ եւ ապրումներու խայտանք:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի վերջին տարիները (1985-1990) այլ բացատրութիւն ունէին: Անցած տասը տարիները պատերազմող կողմերուն համար կարծես փորձառական ըլլային, այլ խօսքով` քանդումը, արիւնահեղութիւնը տակաւ նոր տեսք կը ստանային, ռմբակոծումներու բնոյթը կը փոխուէր, եղբայրասպանութիւնը առաւել կը խորանար, շատ անգամ նոյն համայնքի կամ յարանուանութեան միջեւ:

Պառակտուած ժողովուրդ, կոտորակուած երկիր, կղզիացած միջավայրեր, հոս ու հոն զինեալ խմբաւորումներ, աւազակախումբեր, իրար յօշոտող մարդիկ, ոճիրներ, աւերակ դարձած ու բաժնուած մայրաքաղաքի մնացորդաց եւ սեւ ամպերու առաւել կուտակում:

Մեր սերունդը արդէն թեւակոխած էր երիտասարդականի տարիք, հասած էր աւարտական դասարաններ, կը ցանկար աւարտել երկրորդականը եւ մուտք գործել համալսարան:

Սաստկացող պատերազմին առընթեր, կը բորբոքէր երիտասարդականի մեր կեանքը: 16-18 տարեկանի սերունդը, տապլտկելէ ետք պատերազմի թոհուբոհին մէջ, արդէն ունեցած էր որոշակի ինքնավստահութիւն եւ փորձառութիւն, որոնցմով կ՛ուզէ շրջանցել վախն ու մտահոգութիւնը եւ ապրիլ իր տարիքը:

Իրօք, մարդ կը շշմի, երբ մտովին կը վերադառնայ այդ տարիները: Յետադարձ հայեացք մը մեր սերունդի կեանքին, արդէն հիացմունքը գերակշիռ կը դառնայ, այն առումով, որ պատերազմի սերունդ տղաքն ու աղջիկները կրցած էին կտրել այս կամ այն պարտադրուած սահմանը եւ նետուած կեանքի յորձանուտին մէջ, պարզապէս հաստատելու եւ պարտադրելու իրենց սեփական կամքն ու մտածումի շիթերը:

Փաստօրէն, այս սերունդի տղաներն ու աղջիկները` քաջալերուած անբնական կացութենէն, սիրահարի պատմուճանը հանդերձած` սիրոյ հեքիաթներ կը հիւսէին, աւելի՛ն. իրենց պատկերացուցած կեանքին ոստոստումները կը կատարէին յաճախ, դպրոցէն ներս թէ դուրս, ընկերական խնճոյքներու թէ պտոյտներու ընթացքին:

Յայտնապէս, անոնք յանգած էին այն համոզումին` իբրեւ պատերազմի «սան»-«սանուհի»-ներ, որ պայթումներէ եւ աւերներէ ազատելով, ձեւով մը հրաշքի համազօր երկրորդ կեանք մը պարգեւած էր իրենց Արարիչը, որմէ պէտք էր առաւելագոյնը օգտուէին եւ կեանքի թաւալքը իմաստաւորէին:

Միւս կողմէ, սակայն, պատերազմի թափը առաւել կը սաստկանար, որոշակի խաղաղութենէ ետք երկիրը մուտք կը գործէր պատերազմական նոր փուլ, իսկ մեր սերունդի երազները`կեանքը վայելելու եւ ապագայի ծրագիրներու մասին մտածելու, արդէն տակաւ կը շիջէր, որովհետեւ այնքան դաժան էին օրերն ու տարիները, այնքան տարածուած էր մահն ու աւերը, որ մարդ հազիւ թէ կարենար կեդրոնանալ իր ու ծնողքի ապահովութեան, ապրուստին եւ անմիջական կարիքներուն վրայ:

Այդուհանդերձ, որքան հասակ առնէին այս սերունդի տղաքն ու աղջիկները, նոյնքան կ՛ամրապնդուէր իրենց մէջ յոյսը` գալիք օրերու, կամքը` տոկալու, մէկդի շպրտելով` յանձնուողական թէ վեհերոտի ամէն զգացում եւ տրամադրութիւն:

Խոստովանիլ է պէտք, որ պատերազմի սերունդ ըլլալով հանդերձ, մահն ու աւերը իրենց սեփական աչքերով ապրելու գնով անոնք դիմակայեցին, մնացին պատնէշի վրայ, հաւատարիմ` իրենց արեան կանչին ու դաստիարակութեան, այլապէս տէր ըլլալով իրենց ծնողքին, հարազատին ու անմիջական շրջապատին:

Քսանամեայ տարիքին հասած մեր սերունդը, անցնելով կրակի մկրտութեան փորձադաշտը, ճեղքելով դաժան տարիներու յորձանուտը կրցաւ պահպանել ինքզինք եւ չտարուեցաւ օրուան ապաբարոյ, ապազգային թէ քանդիչ սովորութիւններէն եւ յոռի երեւոյթներէն:

Փաստօրէն, որեւէ պատերազմական ժամանակաշրջան, սարսափի առընթեր, կ՛ունենայ նաեւ հասարակութիւն մը ներքնապէս ջլատելու, քանդելու փորձութիւն: Օրին, բոլորիս ծանօթ էր երիտասարդական տարիքի խարխափումները` ազդուած թմրեցուցիչի գործածութեան, սանձարձակ սեռայնութեան, կեղծ ու արտասովոր վերուելակերպի եւ ստապատիր մտածումներու ահաւոր հոսանքէն, որ տարածուած էր ամբողջ երկրի տարածքին:

 

 

Նախորդը

Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ

Յաջորդը

«Դուք` Հայերդ, Ուրիշ Էք…»

RelatedPosts

Հայկազեան Համալսարանը Կը Գուժէ Վաստակաշատ Կրթական Մշակ Դոկտ. Սոնա Մ. Ճէրէճեանի Մահը
Անդրադարձ

Իսկական Ղեկավարի Տիպարը` Սոնա Ճէրէճեան

September 26, 2026
Թանթ Մարոյին  (Մարօ Մինասեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Թանթ Մարոյին (Մարօ Մինասեանի Յիշատակին)

September 26, 2026
Տեսիլքի Եւ Առաքելութեան Հովիւ Վեր. Մովսէս Ճանպազեանի Յիշատակին
Անդրադարձ

Յարգանքի Տուրք՝ Վերապատուելի Մովսէս Պ. Ճանպազեանի Վախճանման 26-Ամեակին Առիթով

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.