Նիւլընտ Լսա՞ծ Է Վուտրօ Ուիլսընի Մասին
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Անցնող տարուան յուլիսին ԼՂՀ պաշտպանութեան ուժերը չէզոքացուցին ազրպէյճանական բանակին կողմէ խափանարարական հերթական փորձ մը, որուն ընթացքին գերի բռնեցին երկու ազերի բանակայիններ` Տիլհամ Ասկերով եւ Շահպազ Կուլիեւ: Նշեալները օրէնքին սահմանած կարգով դատուեցան Ստեփանակերտի մէջ: Ասկերով դատապարտուեցաւ ցմահ բանտարկութեան, իսկ Կուլիեւ` 22 տարուան: Մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալներէն Վիքթորիա Նիւլընտ Պաքու եւ Երեւան այցելութեան ընթացքին...

















