ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
– ԳԷՈՐԳ ՔԷՐԷՍԹԷՃԵԱՆ.- Մագրի գիւղին «Սասուն» մարմնամարզական միութեան հիմնադիրներէն եւ ֆութպոլիստ նշանաւոր յետսապահ. զոհ գացած է Մեծ եղեռնի պատերազմին:
– ԱՒԵՏԻՍ ԱՅՃԵԱՆ.- Զարգացած եւ ուսեալ երիտասարդ մը: Ծնած է 1892-ին, Արաբկիր: Նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը ստացած է Խարբերդի ֆրանսական քոլեճին մէջ, որմէ ետք անցած է Կ. Պոլիս եւ աւարտած` օսմանեան համալսարանի ուսողութեան ճիւղը, 1914-ին: Հակառակ արաբկիրցի ըլլալուն` սատարած էր Խարբերդի մարզական շարժման եւ Պոլսոյ մէջ մաս կազմած էր «Տորք» մարմնակրթական միութեան: Ան Պիթլիսի մէջ բնակութիւն հաստատելով` իբրեւ ուսուցիչ կ՛աշխատէր թրքական վարժարանի մէջ: Նահատակուած է 1915-ին, տեղահանութեան:
– ԶԱՐՄԱՅՐ-ՊՕՂՈՍ ԱՅՃԵԱՆ.- Ծնած է մարտ 1897-ին, Սկիւտար, Իճատիէ: Նախնական կրթութիւն ստացած է թաղի ազգային վարժարանին մէջ, աւարտելէ ետք յաճախած է Նոր Դպրոց, ուրկէ շրջանաւարտ ելած է 1914-ին` իբրեւ վարժարանին առաջին եւ յաջողագոյն շրջանաւարտներէն մէկը: Ուշիմ, աշխատասէր, պարտաճանաչ, քաղաքավար, ազնիւ սիրտ ու հոգի կը կրէր եւ առաքինութիւններու մարմնացումն էր: Սիրած ու յարգած է իր ընկերներն ու դաստիարակները: Վարժարանին մէջ մասնաւոր յատկութիւն ցոյց տուած է գեղարուեստի եւ մարմնակրթանքի: Երկար ատեն մաս կազմած է Կոմիտաս վարդապետի երգչախումբին եւ իբրեւ սիրողական նկարիչ` արտադրած է լաւ նկարներ:
Պօղոս Այճեան եղած է Շաւարշ Քրիսեանի աշակերտներէն, մեծ դերակատար` Նոր Դպրոցի եւ այլ դպրոցներու մէջ սկաուտական շարժման տարածման մէջ: Մասնակցած է նաեւ «Տորք» մարմնակրթական միութեան:
Համաշխարհային պատերազմի առաջին տարին պաշտօնավարած է իբրեւ ուսուցիչ Նոր Դպրոցի մէջ: Ապա թրքական բանակին մէջ ծառայած է իբրեւ թարգման եւ մինչեւ Ռումանիոյ լեռները մեկնեցաւ ծառայելու: 1917-ին ան վերադարձաւ ֆիզիքապէս քայքայուած ու այլեւս չկարողացաւ վերագտնել իր առողջ կազմը` յաւիտենապէս բաժնուելով իր սիրելիներէն:
– ՂԱԶԱՐՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ.- Սանասարեան վարժարանի շրջանաւարտ, Չմշկածագի մերձակայ Ուչպեկի գիւղի վարժարանի մարզանքի ուսուցիչ:
– ԳԷՈՐԳ ԹԵՐՃԻՄԱՆԵԱՆ.- Առաջին Հայկական Ողիմպիական խաղերու կազմակերպիչներէն:
– ՊՕՂՈՍ ԶԵՆԷԵԱՆ.- Սկաուտական շարժման ներկայացուցիչներէն:
– ԽԱՉԻԿ.- Վանեցի, հայկական բանակի մաքրամաքուր զինուորներէն, ընկերներուն կողմէ Առիւծ մակդիրը ստացած: Նշանաւոր ֆութպոլիստ էր, զոհ գնաց հայ եւ թուրք պատերազմին:
Վերոնշեալ անուններէն զատ կ՛արժէ նշել, որ բնականաբար կան նահատակուած բազմաթիւ մարզիկներ, որոնց անունները դժբախտաբար անհասանելի եղած են մեզի: Օրինակ, Սեբաստիոյ «Պարթեւ» ակումբի 1900-ականներու թեթեւ աթլեթի մարզիկներուն մեծ մասը զոհ դարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան, կամ` Այնթապի «Համազասպ» ֆութպոլի խումբի անդամներ, որոնք նոյնպէս իրենց այն ընկերներուն ճակատագիրը ունեցան եւ զոհ գացին Մեծ եղեռնին:
1914-1918 Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ստեղծուած աւանդութիւնները Մեծ եղեռնի պատճառով ընդհատուած են, սակայն Մուտրոսի զինադադարէն ետք, 1918 նոյեմբեր 1-ին ստեղծուած է Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը (ՀՄԸՄ), որուն հիմնադիրները եղած են` Գրիգոր եւ Լեւոն Յակոբեան եղբայրները, Տիգրան Խոյեանը, Հայկ Ճիզմեճեանը, Վահրամ Ս. Փափազեանը, Տիգրան Խոյեանը, Քարլօ Շահինեանը, Յակոբ Ճ. Սիրունին, Բիւզանդ Կէօզիւպէօյիւքեանը եւ Գրիգոր Մերճանոֆը. վերոյիշեալները կազմեցին առաջին խարիսխը` իբրեւ կեդրոնական վարչութիւն, քանի մը բացականեր կցելով իրենց, ինչպէս` Յ. Հինդլեանը, Ժ. Խորասանճեանը եւ այլն: Միութեան նպատակը զինադադարէն ետք վերադարձող հայութեան, յատկապէս երիտասարդութեան եւ որբերու համախմբումն էր: Տպագիր օրկանը «Հայ սկաուտ» հանդէսն էր (խմբագիր` Կարօ Ուշագլեան):
Տեղին է նշել, որ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը իր ստեղծման առաջին օրն իսկ արդէն զօրաշարժի ենթարկած էր իր շարքերը` խնամելու համար հազարաւոր հայ փոքրիկ որբեր: Ղալաթիոյ (Կալաթա) եկեղեցւոյ շրջափակին եւ Սկիւտարի մէջ անոնք հիմնեցին ԱՌԱՋԻՆ ՁՐԻ ԴԵՂԱՐԱՆԸ եւ ՇԱՐԺՈՒՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԸ, ՀՄԸՄ-ականներ այդ աշխատանքին համար լծուած են եւ ամէն ջանք ի սպաս դրուած` այդ գործի յաջողութեան: Երկու ամսուան ընթացքին 1500 գաղթական հիւանդներ խնամուած են: ՀՄԸՄ-ի առաջին Կեդրոնական վարչութեան առաջին տեղեկագիրը 1 նոյեմբեր 1918-էն 1 հոկտեմբեր 1919 ժամանակաշրջանը կ՛ընդգրկէ: Որբահաւաքի եւ խնամատարութեան աշխատանքի համար առաջին իրագործումը եղած է, երբ 1920-ին Ս. Զատկուան տօնին առիթով, Պոլսոյ թաղերը ողողուած էին տարազաւոր ՀՄԸՄ-ական «ՆՈՐ ԲՈՂԲՈՋՆԵՐ»-ը: Օրուան բաժնուած քոքարթներու վերտառութիւնն էր` «ՅԻՇԵՆՔ ՄԵՐ ՈՐԲԵՐԸ»: Հայ ժողովուրդը յիշեց իր որբերը եւ իր կարելին ըրաւ:
ՀՄԸՄ վերականգնեց աւանդոյթը եւ 1919-1922 կազմակերպեց Հայկական Ողիմպիական խաղեր: Այսօր ՀՄԸՄ-ը աշխարհի տարածքին ունի 100-է աւելի մասնաճիւղեր:
Վերջապէս, Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին, հայ մարզիկներէ բացի, բնաջնջումի եւ կորուստի մատնուեցան բազմաթիւ հայկական մարզական ակումբներ, մարզական ընկերութիւններ, մարզական կառոյցներ, մարզական հանդէսներ, խմբագրատուներ, մարզադաշտեր եւ այլն: Կողոպտուեցան եւ իւրացուեցան առաջնակարգ մարզիկներու ախոյեանական արժէքաւոր շքանշանները, մետալները, բաժակները ու վաւերաթուղթերը, նաեւ` մարզական սարքաւորումները:
Թրքական բռնակալութեան ցեղասպանական քաղաքականութիւնը, ինչպէս քաջ գիտենք, ընդգրկեց Օսմանեան կայսրութեան բոլոր հայաբնակ վայրերը: Հետեւաբար նաեւ հազարաւոր հայ մարզիկներու բնաջնջումը իրագործուեցաւ թէ՛ իրենց բնակած վայրերուն մէջ, թէ՛ բռնագաղթի ճանապարհներուն եւ թէ՛ աքսորավայրերու մէջ, Միջագետքի անապատներուն մէջ, յատկապէս` Տէր Զօր, Ռաս Ուլ Այն, Մարկատէ, Շատտատէ: Մազապուրծ փրկուածները բնակութիւն հաստատած են տարբեր երկիրներու մէջ:
Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին նահատակուած կամ այդ ճամբուն վրայ այլ-այլ պատճառներէ մահացած մարզիկներու թուային պատկեր մը յայտնաբերելու համար թուաբանական նոյնիսկ պարզ հաշիւ մը կրնայ երեւան հանել անոց թիւը մօտաւորապէս: Այսպէս, օրինակ, հայկական շուրջ 100 մարզական ակումբներ երբ կը գործէին ամբողջ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին եւ այդ ակումբներէն ամէն մէկը եթէ 20 մարզիկ ունենար (տրուած թիւէն աւելին կար) արդէն ընդհանուր գումարը կ՛ընէ 2000. սակայն մեր ուսումնասիրութենէն ի յայտ կու գար, որ թիւը ասկէ մեծ էր եւ անոնց կէսէն աւելին ստոյգ նահատակուած է, բայց անոնց անունները, ափսո՜ս, անգտանելի են մեզի:
* * *
Վերջաբան
«Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին նահատակուած եւ մահացած հայ մարզիկները» ուսումնասիրական այս աշխատանքը եզրակացնելով` կ՛ընդգծենք, որ երիտթուրքերուն կազմակերպած դժոխային սպանդի զոհեր դարձան արեւմտահայ մարզիկները նաեւ, որոնք ոչ միայն մեծ աւանդ ունին հայ ժողովուրդի հարուստ մարզաշխարհին մէջ, այլեւ վիթխարի ծառայութիւններ մատուցած էին Թուրքիոյ մարզական աշխարհի զարգացումին:
Մեր ուսումնասիրութիւնը կատարելագործելու համար թէեւ հետազօտական մեծ աշխատանք տարինք` պրպտելով բազմաթիւ փաստաթուղթեր, լուսանկարներ, մարզական պարբերականներ եւ այլ անտիպ աղբիւրներ, ինչպէս նաեւ` Մեծ եղեռնէն վերապրողներու կարեւորագոյն վկայութիւններ, որ երեւան հանենք բազմաթիւ նահատակ մարզիկներու անուններ, սակայն դժբախտաբար կարելի չեղաւ մարզիկներու անհատական կենսագրութիւններու առումով աւելի ամբողջական անուանացանկ մը երեւան յայտնաբերել արխիւներու չգոյութեան պատճառով:
Մեր կարգին, կրցանք աչքէ անցընել նահատակ երեւելի եւ կամ այլ անձնաւորութիւններու կենսագրութիւնները, որոնք թուղթին յանձնուած էին վերապրողներու կամ հետագային անոնց պարագաներուն կամ հարազատներուն կողմէ` իբրեւ զոհ ու ականատես Մեծ եղեռնին, որ թուղթին յանձնուած է բորենակերպ թուրքերու կատարած լրբութիւններն ու ոճրագործութիւնները:
Այս ուսումնասիրական աշխատանքը եզրակացնելով` պէտք է ըսել, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ մարզական աշխարհի մեծ ջատագով Շաւարշ Քրիսեանն ու անոր հայ ընկերակիցները 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին թուրքերը բոլորն ալ անխնայ եւ անխտիր սպաննեցին: Այսպէս վարձատրած են երախտամոռ օսմանները, նաեւ հայ ականաւոր մարզիկները:
Արդարեւ, թուրքը 1.5 միլիոն զոհ խլած է հայ ժողովուրդի զաւակներէն, ու մինչեւ այսօր կը մերժէ խոստովանիլ իր ոճիրը եւ հատուցում կատարել զոհին:
Հայոց ցեղասպանութիւնը ըլլալով Հայ դատի մէկ բաղադրիչ օղակը, հետեւաբար, Հայ դատի պայքարը ամէնօրեայ ապրում է, հայօրէն ապրելու, հայօրէն գործելու ու կամք պահանջող հաւատք: Ուստի, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով «Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին նահատակուած եւ մահացած հայ մարզիկները» աշխատութիւնը թող պահանջատիրութեան մէկ օղակը սեպուի, իսկ միւս կողմէ` սրբադասուած նահատակներու, այս պարագային նահատակ, թաղուած ու անթաղ, անուանի թէ անանուն մարզիկ սուրբերու շիրիմներուն թող ծաղկեպսակ ըլլայ:
Մենք կը շարունակենք աշխատիլ յանուն ճշմարտութեան, յիշողութեան եւ արդարութեան:
(Շար. 3 եւ վերջ)
Օգտագործուած Աղբիւրներ
– «Արեւելք» օրաթերթ, 1949-1963, Հալէպ:
– «Գեղարդ Սուրիահայ Տարեգիրք» (նուիրուած սուրիահայ գաղութի մարմնամարզական շարժումին), Դ. գիրք, 1991, Հալէպ:
– Դեմոյեան Հայկ, «Հայկական սպորտը եւ մարմնակրթութիւնը Օսմանեան կայսրութիւնում», ալպոմ մագրութիւն, 2009, Երեւան:
– Թէոդիկ, «Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան», Բ. տպագրութիւն, ապրիլ 24, 1985:
– Հայ մտաւորականներու ձերբակալութիւնը եւ Այաշի բանտը, Պէյրութ, Տպ. Տօնիկեան, 1969:
-«Հայ սկաուտ» կիսամեայ հանդէս, – 1919-1922, 1929-1930, 1934-1935, Կ. Պոլիս, Փարիզ:
– ՀՄԸՄ-ի առաջին կեդրոնական վարչութեան առաջին տեղեկագիրը, 1 նոյեմբեր 1918-էն-1 հոկտեմբեր 1919:
– Դեմոյեան Հայկ, «Հայկական սպորտը եւ մարմնակրթութիւնը Օսմանեան կայսրութիւնում», 2011, Երեւան:
– Պալաքեան Գրիգորիս ծ. վրդ., «Հայ գողգոթան. դրուագներ հայ մարտիրոսագրութենէն», Բ. հատոր, Բ. տպագրութիւն, «Պերլինէն դէպի Տէր Զօր», Պէյրութ. 1977:
– «Պատմութիւն Այնթապի ՀՅ դաշնակցութեան» (1898-1922), Պարսումեան Յ. Գէորգ, տպագրութիւն Տիգրիս, 1957, Հալէպ:
– «Մարզիկ» մարզական ամսաթերթ, 1980 փետրուարէն մինչեւ օրս, Պէյրութ:
– «Մարմնամարզ» հանդէս, 1911-1914, Կ. Պոլիս:
– Սարգիսեան Յակոբ, «Հայկաշէն տարեգիրք», Ա. տարի, 1922, Կ. Պոլիս:
Հինգերորդ Ողիմպիական խաղերը Սթոքհոլմի մէջ, աջէն երկրորդը` Օսմանեան կայսրութեան թեթեւ աթլեթի խումբի անդամ, վազորղ Վահրամ Փափազեանն է:
A most needed, relevant and revealing series of 3 articles for which the author should be highly appreciated and applauded.