Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրանիկ (Օզանեան, 1866-1927) Ամենայն Հայոց Անպարտելի՛ Մարտիկը

Մարտ 2, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

andranik-ozanyan-25-2-2015Փետրուար 25-ին հայ ժողովուրդը նշեց ծննդեան տարեդարձը հայոց պատմութեան ամէնէն փառահեղ դէմքերէն Անդրանիկի:

Քաջ, խիզախ եւ անպարտելի հերոսներ միշտ ալ ունեցած է մեր ժողովուրդը: Բոլորն ալ իրենց անզուգական տեղը ունին հայոց ազգային-հաւաքական յիշողութեան մէջ: Իր ազգային հերոսներէն իւրաքանչիւրին մէջ հայ ժողովուրդը խտացուցած է հաւաքական իր ուժին, կամքին եւ հոգեկերտուածքին ամենաբիւրեղ ստորոգելիները:

Ազգային հերոսներու հայկական համաստեղութեան մէջ է, ահա՛, որ իր փայլուն եւ բարձրադիր տեղը կը գրաւէ Անդրանիկ` իրաւամբ մարմնաւորելով Ամենայն Հայոց անպարտելի ՄԱՐՏԻԿը:

Դաշնակցութեան մէջ կազմաւորուած ու դաշնակցականօրէն իր հասակը բարձրացուցած ՄԱՐՏԻԿ էր Անդրանիկ, որ նոյնինքն Դաշնակցութեան կամքով կենդանի առասպելի վերածուեցաւ դեռ 1890-ականներու վերջերուն, երբ Սասնոյ լեռներուն վրայ իր առաջին քայլերը կը նետէր ֆետայական շարժման արիւնոտ ճանապարհին: Այդպէ՛ս էր, որ Առաքելոց վանքի կռուով հերոսացած ու Աղբիւր Սերոբի գլխատման վրէժը լուծած ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ Անդրանիկը արժանապէս ազգային հերոսի պատուանդանին բարձրացուեցաւ դեռ Սասնոյ Բ. ապստամբութեան օրերուն: Կը բաւէ թերթատել Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի այդ շրջանի համարները, հաստատելու համար, որ Աւետիս Ահարոնեանի, Աւետիք Իսահակեանի եւ Սիամանթոյի շունչով ինչպէ՛ս «սաւառնող արծիւ» հռչակուեցաւ եւ հայ յեղափոխականի մարտունակութեան խորհրդանիշ դարձաւ Անդրանիկ.-

Իբրեւ արծիւ սաւառնում ես լեռ ու ժայռ,
Թնդացնում ես երկինք-գետին տենչավառ,
Սուրբ անունդ պիտի յիշուի դարէդար,
Հսկայ լերինք քեզ ապաստան Անդրանիկ:

Եւ որքան դիպուկ ու իրաւացի է ազգային հերոսին տրուած այն արժեւորումը, որուն համաձայն, Անդրանիկ իր անունին կապեց մեծ գործեր, երբ Դաշնակցութեան մէջ կը գտնուէր եւ դաշնակցականօրէ՛ն կը ղեկավարէր հայ ժողովուրդին ազգային ազատագրութեան օրհասական կռիւները:

Դաշնակցութիւնը երբեք չփորձեց կուսակցականացնել Անդրանիկը, այլ իր մարտական աւանդներուն առաւելագոյն մարմնաւորումը տեսնելով Անդրանիկի մէջ` ազգային հերոսի փառքով հայ ժողովուրդին յանձնեց իր ծոցին մէջ սնուցած կենդանի առասպելը:

1866-ի փետրուար 25-ի այս օրը, Շապին Գարահիսարի մէջ, համեստ ատաղձագործ Թօրիկ Էմմիի (Թորոս Օզանեանի) յարկին տակ ծնաւ Անդրանիկ Օզանեան: Ունեցաւ համեստ ծագում, ապրեցաւ պարզ հայու կեանքով, ուզեց արդար վաստակով ապահովել իր օրաւուր հացը, բայց շարունակաբար դէմ յանդիման գտնուեցաւ թրքական բռնատիրութեան եւ կեղեքումին, հայակուլ խորշակին ու թրքամոլ խաւարամտութեան:

Հազիւ երիտասարդ էր, 18 տարեկան, երբ հայոց աւանդական օրէնքով ամուսնացաւ, բայց դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու իր կինն ու նորածինը եւ, այնուհետեւ, ամբողջովին նուիրուեցաւ իր ազգի ու հայրենիքի ազատագրութեան պայքարին:

Հայոց յեղափոխական զարթօնքը վարակած էր նաեւ Շապին Գարահիսարի հայութիւնը, եւ Անդրանիկ փարեցաւ տեղւոյն Վռամշապուհ քահանայի (որ հետագային պիտի դառնար Փարիզի հայոց առաջնորդ) կազմած յեղափոխական գաղտնի խմբակին: Մատնութեան մը պատճառով խմբակը գաղտնազերծուեցաւ, իսկ անդամները ձերբակալուեցան:

Երիտասարդ Անդրանիկ կարճատեւ բանտարկութենէ ետք ազատ արձակուեցաւ, անցաւ Պոլիս, ուր ատաղձագործի աշխատանքով իր կեանքը կ՛ապահովէր եւ, միաժամանակ, պանդուխտ հայ երիտասարդներու մօտ, ազգային-յեղափոխական շունչով ինքնակազմակերպման աշխատանք կը ծաւալէր:

1892-ին անդամագրուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Այդպէ՛ս մասնակցեցաւ 1895-ի Պապը Ալիի մեծ ցոյցին, որուն անփառունակ վախճանէն ետք անցաւ Կովկաս: Երկիր մտնելու եւ յեղափոխական բուն գործին նուիրուելու կրակով կ՛այրէր նաեւ Անդրանիկ, որ 1896-ի յուլիսին, պարսկական սահմանէն Վան անցնող Վազգէնի եւ Գուրգէնի խումբին հետ, իբրեւ պարզ զինուոր մտաւ Երկիր, հասաւ Սասուն եւ այնուհետեւ իր ճակատագիրը կապեց Տարօն աշխարհին:

Շատ կարճ ժամանակի մէջ հաստատուեցաւ Անդրանիկի հռչակը` իբրեւ քաջ ֆետայի, խիզախ մարտիկ եւ յանդուգն ռազմիկ, որ թէ՛ կազմակերպական բնատուր տաղանդ ունէր, թէ՛ ռազմական վտանգաւոր պահերը դիմագրաւելու բացառիկ ընդունակութիւն:

Իսկ ժողովուրդի զաւակի իր նկարագրով, ընկերային բնաւորութեամբ եւ պարզութեամբ Անդրանիկ անմիջապէս դարձաւ սասունցի թէ Հայաստան աշխարհի տարբեր շրջաններէն Սասուն փութացած հայ յեղափոխականներու սիրելին ու վստահելին:

Սերոբ Աղբիւրի մատնութենէն եւ անարգ գլխատումէն ետք Անդրանիկ իր ընկերներով լուծեց Սերոբի վրէժը, գլխատեց Պշարա Խալիլը եւ, այնուհետեւ, Սասնոյ յեղափոխական կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ` Վահանի, Հրայր Դժոխքի, Գուրգէնի, Գէորգ Չաւուշի եւ անուանի հայ ֆետայիներու կողքին, Անդրանիկ մեծ ներդրում ունեցաւ:

Սասնոյ երկրորդ` 1904-ի ապստամբութեան ժամանակ Անդրանիկ ընտրուեցաւ զինուորական ընդհանուր հրամանատար եւ ամբողջապէս արդարացուց իրեն հանդէպ ցուցաբերուած վստահութիւնը: Ոչ միայն հրաշքներ գործեց կռիւներու ընթացքին, այլեւ մեծ ռազմագէտի հնարամտութեամբ ղեկավարեց ֆետայիներու Սասունէն հեռացումը դէպի Վան եւ պարսկական սահման: Այդ նահանջին որոշումը կայացուցած էին ՀՅԴ Տարօնի եւ Վասպուրականի կազմակերպութեանց մարտական ղեկավարները, Աղթամար կղզիին վրայ իրենց ունեցած մեծ խորհրդակցութեան ժամանակ:

Այնուհետեւ, հայ ժողովուրդի աստանդական կեանքին բաժնեկիցը դարձաւ Անդրանիկ եւ ո՛ւր որ ալ գնաց` Եգիպտոս, Ժընեւ թէ Պուլկարիա, ամէնուր Անդրանիկ արժանաւորապէս տէր կանգնեցաւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման մարտական ղեկավարի` դաշնակցական հայդուկապետի իր կոչումին:

Իբրեւ այդպիսին, մասնակցեցաւ ՀՅԴ 4-րդ Ընդհանուր ժողովին եւ մեծ ներդրում ունեցաւ հայ ազատագրական շարժումը արեւմտահայու եւ արեւելահայու պառակտումէն փրկելու եւ Դաշնակցութիւնը աւելիով միակամ ու հզօր վերականգնելու դժուարին գործին յաջողութեամբ պսակումին մէջ:

Անդրանիկ ղեկավար մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Պուլկարիոյ մէջ ՀՅԴ Զինուորական վարժարանի ստեղծման ու կազմակերպման մէջ` Ռոստոմի կողքին:

1908-ի օսմանեան սահմանադրութեան նկատմամբ թերահաւատութեան դրօշ պարզող առաջին դաշնակցականներէն եղաւ Անդրանիկ, որ ի տես Իթթիհատի հետ Դաշնակցութեան սկզբնական գործակցութեան` նաեւ հրապարակաւ ու ցուցադրականօրէն Դաշնակցութենէն հեռացաւ, բայց միայն ժամանակաւորապէս, որովհետեւ երբ 1912-1913 Պալքանեան պատերազմին Դաշնակցութիւնը դիմեց իր հայդուկապետին, Անդրանիկ անվերապահօրէն լծուեցաւ հայկական գունդի կազմութեան` պուլկարներու կողքին պատերազմի դաշտ իջնելու եւ անվիճելի զօրահրամանատարի իր կարողութիւնները վերջնականապէս նուիրագործելու համար:

Այնուհետեւ, փայլուն զօրահրամանատարի ասպարէզ մը եղաւ Անդրանիկի կեանքը: Դաշնակցութեան հետ գաղափարական իր պորտակապը անխզելի պահելով հանդերձ,  Անդրանիկի մէջ զօրահրամանատար գործիչը շարունակ բախման մէջ եղաւ դաշնակցական կազմակերպական գործիչին հետ. հակադրուեցաւ օրուան մարմիններու քաղաքական որոշումներուն եւ կազմակերպական տնօրինումներուն. Ընդհանրապէս թերահաւատութեամբ եւ վերապահութեամբ մօտեցաւ Թիֆլիս կեդրոնացած ղեկավարութեան քայլերուն եւ կարգադրութիւններուն: Բայց երբ ՀՅԴ Բիւրոն պաշտօնապէս դիմեց Անդրանիկին, որպէսզի իր ղեկավար դերը ստանձնէ 1915-ին հայ կամաւորական շարժման կազմակերպման մէջ, Անդրանիկ անվարան ընդառաջեց եւ ստանձնեց կամաւորական Ա. գունդի հրամանատարութիւնը:

Մեծ զօրավարի փայլուն գործունէութեան մասին վկայող ժամանակաշրջան մը եղան մինչեւ 1920 թուականը եւ Հայաստանէն Անդրանիկի վերջնական հեռացումը երկարող տարիները: Անդրանիկ իր անունին կապեց մնայուն ոգորումներու յաղթարշաւ մը` ռազմադաշտերուն վրայ: Յատկապէս Դիլմանի ճակատամարտը պատմական նշանակութեամբ դափնեպսակ կազմեց Անդրանիկ Զօրավարի զինուորական կեանքին մէջ` դաշնակցական ֆետային եւ հայոց ազգային հերոսը արժանացնելով ցարական բանակի սպայակոյտին բարձրագոյն գնահատանքին:

Բայց 1917-ի պոլշեւիկեան յեղափոխութեամբ սկսած ռուս-թրքական ռազմաճակատի ընդհանուր փլուզումը իր ծանրագոյն անդրադարձը ունեցաւ ինչպէս Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի, նոյնպէս եւ Անդրանիկի ազգանուէր գործունէութեան վրայ: Յատկապէս Կարնոյ մէջ իր ռազմական ձախողութենէն եւ քաղաքի պարպումէն ետք, Անդրանիկ մատնուեցաւ ներքին անդոհանքի, որ շարունակուեցաւ մինչեւ իր մահը` հակասութիւններու, ինքնահաստատման եւ ինքնաժխտումի ծանր պահեր ստեղծելով աննման Անդրանիկի կեանքի վերջալոյսին:

Բնաւ չընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումը. Հայաստանի անկախ պետականութեան ստեղծումը «թուրքերու նուէրը» հռչակողներէն եղաւ. նոյնիսկ Երեւանի վրայ յարձակելու սպառնալիք ալ ըրաւ… Բայց մինչեւ Հայաստանէն վերջնական հեռացումը, որ ի դէպ, Դաշնակիցներու` անգլիական բանակի հրամանատարութեան ցուցմունքով կատարուեցաւ, Անդրանիկ իր կամաւորներով փութաց հոն, ուր թրքական վտանգ կար: Զանգեզուրը, իբրեւ այդպիսին, հանդիսացաւ թրքական զօրքի դէմ հայոց պաշտպանութեան վերջին ռազմաճակատը Անդրանիկի երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին:

Արտասահման անցնելով` Անդրանիկ ամբողջապէս շրջապատուեցաւ հայ ունեւոր եւ պահպանողական խաւին կողմէ: Պօղոս Նուպար փաշայի կնքահայրութեամբ ամուսնացաւ ալ: Գրեց եւ խօսեցաւ Դաշնակցութեան դէմ, որ սակայն երբեք հանդէս չեկաւ իր զաւկին դէմ, ընդհակառա՛կն, միայն հասկացողութեամբ ու ներողամտութեամբ նայեցաւ անոր ներքին տուայտանքին, որովհետեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան անողոք ճակատագրին հարազատ ու դառնագոյն ցոլացումն էր Անդրանիկի կեանքի վերջալոյսին վրայ իշխող այդ ամբողջ անդոհանքը:

Ինչպէս որ ատենին Սիամանթօ մարգարէաշունչ իր տողերով խտացուցած էր Անդրանիկի պատգամը, հայ ժողովուրդի մարտական ղեկավարը իր կեանքին վերջին տարիները անցուց մէկ ու միակ տառապանքով.

Խօսեցաւ ինծի ան եւ իր բառերը իրարու ետեւէ եւ կարգ առ կարգ

Խիստ էին եւ քաղցր եւ ճշմարիտ եւ քինախոյզ եւ առնական…

«Ոտքի՛ կեցիր այն ատեն, եղբայրացի՛ր խումբերուս ու մրրկուէ՛ անոնց հետ,

Որովհետեւ գիտցիր որ այս զոհաբերումի, ընդվզումի եւ յոյսի օրերուն

Մեր ամէն մէկուն համար անկողնի մէջ հոգի տալը վատութիւնն է վատութիւններուն…

61 տարեկան էր դաշնակցական ֆետային, հայոց զօրավարն ու ազգային հերոսը, երբ 31 օգոստոս 1927-ին առյաւէտ փակեց իր աչքերը: Ֆրեզնոյի ցուրտ հողէն` Անդրանիկի աճիւնները փոխադրուեցան Փարիզ եւ ազգային մեծ շուքով ամփոփուեցան Փեր Լաշեզի գերեզմանատունը:

Հակառակ հայրենիքի մէջ թաղուելու Անդրանիկի կտակին` ատենին Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնները չուզեցին կատարել անկրկնելի հայուն կտակը եւ միայն 2000-ին, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան օրով, Անդրանիկ իր արժանի տեղն ու վերջնական հանգիստը գտաւ Եռաբլուրի մէջ:

Թշնամի փամփուշտը բնաւ չկրցաւ հասնիլ Անդրանիկին: Հերոսաբար վերապրեցաւ ամէն կարգի ճակատումներէն: Գործեց` իբրեւ ֆետայի հերոսի եւ հանճարեղ զօրավարի առասպել: Յաւերժացաւ` իր մարմնաւորած նոր ժամանակներու հայ դիւցազունի անկորնչելի աւանդով:

Ծննդեան իր տարեդարձը նորահաս մեր սերունդներուն համար ուխտի վերանորոգման առիթի մը վերածելու առաջադրութեամբ` ահա՛ փունջ մը Անդրանիկի պատգամներէն.

– Մարդ կրնայ հարիւր տուն ունենալ, բայց միայն մէկ օճախ:

– Հոգս չէ մահս, այլ գործս, որ կիսատ մնաց:

– Ամէն հայ եթէ միմիայն իրեն համար ապրելու մասին չմտածէր, մեր աղէտներուն մեծ մասը պակաս կ՛ըլլար:

– Ես կեանքիս մէջ երբեք չեմ ձգտած անձնական երջանկութեան ու բարօրութեան: Ես մշտապէս ձգտեր եմ միայն մէկ բանի եւ պայքարած եմ միայն մէկ բանի` իմ հարազատ ժողովուրդիս ազատութեան եւ բարօրութեան համար: Ես չեմ փնտռեր իմ վաստակիս գնահատականը եւ կը փափաքիմ միայն այն, որ երջանիկ ըլլայ այն ժողովուրդը, որուն ես ծառայած եմ ամբողջ կեանքիս ընթացքին:

– Ամէն օր ձեր գլուխը բարձին դնելէ եւ քնանալէ առաջ յիշեցէք, թէ այդ օրը ի՛նչ էք ըրած ձեր ազգին համար:

– Իմ կուսակցութիւնն իմ ազգն է:

– Իմ ազգը ճնշուածներու ազգն է:

 

 

 

Նախորդը

«Ներող Եղիր, Զօրավա՛ր, Գինով Ենք»

Յաջորդը

Հայաստանում Ամէն Օր Սպառւում Է 600 Հազար Տոլարի Թուրքական Ապրանք

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.  Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –
Անդրադարձ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

Մարտ 31, 2023
Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.    Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 31, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան
Անդրադարձ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In