Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայերու Թալանուած Հարստութիւնը` Թրքական Հզօր Տնտեսութեան Հիմքը». Լեւոն Զեքի Ետալեան

February 28, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

22815_Levon-Zaki-Yedalian4Հայ-սուրիական գործարարներու խորհուրդի նախագահ, Սուրիոյ առեւտրական գրասենեակներու միութեան տնօրէն խորհուրդի անդամ, Հալէպի առեւտրական գրասենեակի տնօրէն խորհուրդի անդամ  Լեւոն Զեքի Ետալեան  «Ազդակ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին խօսեցաւ «Քաղաքականութեան ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութեան արաբական կեդրոն»-ին կողմէ հրատարակուած գիրքին մասին, որուն մէջ անդրադարձ կը կատարուի 1914-էն  սկսեալ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած  կրօնական եւ ցեղային զտումներուն` հայերու, ասորիներու եւ յոյներու նկատմամբ:

Լեւոն Զեքի Ետալեան յատուկ կերպով շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ, որ գիրքին մէջ նշուած է, թէ Անատոլուի մէջ  ապրող 10 միլիոն բնակիչներուն 5 միլիոնը հայեր էին, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը որոշում տուաւ Թուրքիան քրիստոնեաներէն մաքրելու: Գիրքին մէջ նշուած է, որ պատահածը գերազանցեց  թրքական մաքրագործումի եւ զտումի քաղաքականութեան նպատակակէտն իսկ, որովհետեւ շատ կարճ ժամանակուան ընթացքին Թուրքիոյ մէջ չմնաց ոչ իսլամ ոեւէ բնակիչ` իբրեւ հետեւանք ջարդերուն, ցեղասպանութեան եւ բռնագաղթին, մանաւանդ` դէպի Սուրիոյ անապատները:

Լեւոն Զեքի Ետալեան դատապարտեց այն իրողութիւնը, որ թուրքերը բռնագրաւած են ունեցուածքը իրենց հողերէն բռնագաղթուած հայերու, որոնք կը նկատուէին Թուրքիոյ հարուստ դասակարգը: Այսպիսով, Թուրքիան կրցաւ բարձրացնել իր տնտեսական մակարդակը` քրիստոնեաներու եւ յատկապէս հայ ժողովուրդի կալուածները բռնագրաւելով:

Գիրքին մէջ նշուած է, թէ թրքական ճարտարարուեստի մարզի արտադրողականութիւնը տարեկան 11,5 առ հարիւրով ընդարձակուեցաւ բռնագաղթի տարուածներու ինչքերու բռնագրաւումէն ետք, նաեւ անդրադարձ կատարուած է այն երեւոյթին, որ Պոլսոյ, Սեւ ծովու ու Միջերկրականի կողմերը գտնուող գործարաններուն 95-96 տոկոսը եղած էր հայերու եւ յոյներու սեփականութիւնը:

«Ճիհան» կայքին մէջ Նետիմ Քարայլին կը պնդէ, որ Թուրքիոյ մէջ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամները այսօր ժառանգորդներն են այն թուրքերուն, որոնք 1915-ին բռնագրաւեցին հայերու սեփականութիւնը, եւ այսօրուան Թուրքիոյ հարստութեան հիմքը այդ թալանուած սեփականութիւններն են:

Եզրափակելով իր խօսքը` Լեւոն Զեքի Ետալեան ըսաւ. «Հայկական հանճարը այս բացառիկ կարողութեան մէջ է` ոչինչէն ստեղծելու, կառուցելու եւ մահը յաղթահարելու»:

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ոտքի Ոսկորի Հարցեր» Նիւթով

Յաջորդը

Նոր Գիրք` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Արաբական Վկայութիւններուն Վերաբերող

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.