ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ
Այնպիսի պահու մը, երբ հայ ազգը պահանջատիրութեան կրակով կ՛եռար եւ Արցախի` մայր Հայաստանին միացման պահանջով բազմահազար հայորդիներ ողողած էին Երեւանի եւ Ստեփանակերտի փողոցները, անդին համաթուրանական վարակը կը մոլեգնէր Ազրպէյճանի մէջ` մասնաւորապէս թիրախ դարձնելով հայաշատ կեդրոնները: Խորհրդային Ազրպէյճանի Հանրապետութեան մէջ 27 տարի առաջ այդ հայաշատ կեդրոններէն մէկն էր նաեւ մայրաքաղաք Պաքուի մօտիկ ճարտարարուեստական Սումկայիթ քաղաքը, ուր մեծ թիւով հայ ընտանիքներ հաստատուած էին` իրենց ստեղծարար աշխատանքով իրենց ապրուստը վաստկելու համար:
27 տարի առաջ ազրպէյճանական Սումկայիթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ կրկնութիւնը 100 տարի առաջուան բեմագրութեան: Աւելի փոքր ու սեղմ տարողութեամբ, սակայն միեւնոյն մեթոտներով ամբոխը կատարեց իր եղեռնագործութիւնը, ճիշդ նման` պատմութեան տեւողութեան թուրք տարրի կատարած բոլոր արիւնալի ոճիրներուն:
Մանրամասն վաւերագրուած է, թէ ո՛վ եւ ի՛նչ դերակատարութիւն ունէր այդ եղեռնագործութեան մէջ: Սումկայիթի ջարդերը այնպիսի ոճիր մըն էին, որոնք ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն հովանաւորուած էին ու քաջալերուած ատենի Խորհրդային Ազրպէյճանի Համայնավար կուսակցութեան շրջանային եւ հանրապետական բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ: Եղեռնագործութիւնը կատարուած էր խորհրդային կեդրոնի կատարեալ լռութեան պայմաններուն մէջ եւ միայն որոշ ժամանակ անց կեդրոնը անհրաժեշտ գտած էր միջամտել` կասեցնելու համար խժդժութիւնները եւ զանգուածային անկարգութիւնները:
Այդ զանգուածային անկարգութիւնները ուղղակիօրէն նպատակ ունէին իր սաղմին մէջ խեղդել ղարաբաղեան ազատագրական շարժումը: Բնականաբար ազրպէյճանական ամբոխները իրենց նպատակին չկրցան հասնիլ, որովհետեւ հայութեան մտածողութեան մէջ հետզհետէ աւելի խարսխուեցաւ այն գաղափարը, որ հայ ու թրքացեղ ազրպէյճանցի չեն կրնար կողք-կողքի խաղաղ համակեցութեամբ ապրիլ, այնքան ատեն որ երկուքն ալ կը կրեն տարբեր քաղաքակրթական որակներ ու նպատակներ: Առաւել եւս, վերջնականապէս վարկաբեկուած էր այլեւս խորհրդային ժամանակաշրջանի «եղբայրութեան» կեղծ կարգախօսը: 70 տարի շարունակ քարոզեցին ազգերու միջեւ «եղբայրութիւն» ու «համերաշխութիւն»` ազգային արդար պահանջները թաղելու գնով, չգիտակցելով անշուշտ, որ իրական «եղբայրութիւն» ու «համերաշխութիւն» կարելի է հաստատել այն ժամանակ միայն, երբ կը լուծուին ազգային հարցերը պատմական արդարութեան հիմքին վրայ:
Սումկայիթի եղեռնագործութեան 27-ամեակը այս տարի կը նշենք այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ մեծ չափով զգալի է հայ-ազրպէյճանական տագնապի վերասրացումը` Հայաստանի սահմանին եւ Ղարաբաղ-Ազրպէյճան շփման գիծին երկայնքին ներթափանցման եւ հետախուզական գործողութիւններուն բազմացումով: Կտրուկ կերպով աւելցած են ազրպէյճանական կողմէն զինադադարի դրութեան խախտման դէպքերը, ինչ որ լաւ ազդանշան չի կրնար նկատուիլ հայ-ազրպէյճանական տագնապի լուծման ճիգերուն ծիրին մէջ: Այսպիսի մթնոլորտի մէջ հայութեան ուրիշ բան չի մնար, բացի բոլորանուէր զօրակցութիւն արտայայտել հայոց բանակին ու հայ զինուորներուն նկատմամբ, որոնք այս օրերուն իրենց աչքի լոյսին պէս կը պաշտպանեն հայոց արեւելից կողմանց սահմանները: Հայկական զինեալ ուժերը այսօր կը նկատուին այն երաշխիքները, որոնցմով կը բացառուի, վերջնականապէս կը բացառուի Սումկայիթի, Պաքուի եւ ազրպէյճանական այլ վայրերու մէջ տեղի ունեցած եղեռնագործութիւններուն կրկնութիւնը:
Երբ կը խօսինք Սումկայիթի եղեռնագործութեան եւ անոր նման ոճիրներու կրկնութիւնը ամէն գնով բացառելու ու կանխարգիլելու մասին, վստահաբար նաեւ կ՛ակնարկենք տակաւին ուշացող այն իրաւական ու քաղաքական գնահատականներուն, որոնք դէպքերուն մասին պէտք էր տրուէին տակաւին 27 տարի առաջ: Այն ժամանակ բարձրագոյն իշխանութիւններուն հովանաւորութեամբ կոճկուեցաւ եւ դարակը նետուեցաւ հարցը: Ոճրային արարքներուն մասնակիցներէն ոմանք միայն խորհրդանշական դատավարութեան ենթարկուեցան` քիչ ետք յայտնուելու համար ազատութեան մէջ: Իրաւական եւ քաղաքական գնահատական տալու հարցին վրայ շեշտը դնելով` մենք անհրաժեշտաբար կ՛ընդգծենք արդարութեան վերահաստատման հրամայականը:
Եւ Սումկայիթի զոհերուն համար արդարութեան հաստատումը անհրաժեշտութիւն է, որքան ալ որ ժամանակը անցնի…