Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Որպէսզի Ծաղկի Արցախը

March 2, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Հեռաձայնային կապով Շողիկն է խօսողը.

– Վաղը իրիկուն բարեկամներով հանդիպում մը ունինք տանս մէջ, դուն ալ եկուր, կը տեսնուինք:

Ատենօք Շողիկին հետ յաճախակի հանդիպումներ կ՛ունենայինք Համազգայինի ակումբներուն եւ իր տան մէջ: Մշակութասէր աղջիկ է, լաւ պաշտօն մը ունի հաստատութեան մը մէջ: Հիւրասէր եւ միշտ յարգալիր տրամադրութիւն արտայայտող` ամէնուն հանդէպ: Շողիկ իր հրաւէրին կ՛աւելցնէ նաեւ քանի մը անուններ, որոնք բարեկամուհիներս են, Օգնութեան խաչի ընկերուհիներ:

– Ես կու գամ ժամը  5:00-ին ձեզ կը բերեմ իմ տունս:

Ճիշդ ժամը 5:00-ին Շողիկ ներկայ է մեր դրան առջեւ: Օրը անձրեւոտ է եւ ցուրտ, ոչինչ, կարեւորը միասնաբար հաճելի երեկոյ մը անցընելն է: Շողիկ գիտէ ընկերային մթնոլորտ ջերմացնելը, մասնաւորաբար` իր աւանդական հիւրասիրութեամբ:

Հիւրասրահին մէջ երկու հայուհիներ, ինծի անծանօթ, մէկը քանատահայ, իսկ միւսը` Պուրճ Համուտէն: Արմիկին եւ Իսկուկին հետ ներկայ էինք:

Հազիւ 5 վայրկեան անցած` ներս կը մտնէ նոր հիւրը, որ ծանօթ էր ներկաներուն: Ան բարեւեց եւ ոտքի վրայ սկսաւ խօսիլ իր կատարած եւ կատարելիք աշխատանքներուն մասին` ձեռային գործերու վերաբերեալ: Արագ-արագ բացատրութիւններ կու տար, որոնցմէ ոչինչ կը հասկնայի: Կարծես ինքնախօսութիւն մը կը կատարէր «Ղարաբաղ, Արցախ, Կովսական, Արցախի կիներ» բառերով: Նոր հիւրը կը նստի` շարունակելով իր բանաձեւումները, կատարուելիք գործունէութեան մասին, որուն օգտակար պիտի ըլլային ներկաները: Իւրաքանչիւրս ակնդէտ կը հետեւէինք Մարալի խօսքերուն, թէ ինչպէ՛ս մեր մասնակցութիւնը պիտի բերէինք այս աշխատանքային ծրագրին: Այս պարագային կարեւոր էր հայկական ասեղնագործեր գիտնալը: Հետս եկած երկու ընկերուհիները կրնային գոհացնել Մարալին առաջարկները իրենց ձեռնհասութեամբ, ինչ կը վերաբերէր ձեռային աշխատանքներու եւ կարուձեւի:

Շողիկ տանտիրուհիի իր հիւրասիրութիւնը կը կատարէր: Ներկաներէն ոչ ոք հարցում կ՛ուղղէր տակաւին: Մարալին ներկայացումը ձեւաւորուած չէր, երեկոն պիտի երկարէր: Մտիկ կ՛ընէինք բարի աշակերտներու նման, մտքով կը փոխադրուէինք Արցախ, կարծես կը տեսնէինք քաջասիրտ հայուհիները իրենց վարուցանով, կաթնատնտեսութեամբ:

Մարալ մանրամասնութիւններ կը փոխանցէ մեզի:

– Արցախի կիներուն համար է, գիտէք, անոնք ձմրան ցուրտին 4 – 5 ամիսներ փակուած կը մնան տան մէջ, հետեւաբար յարմար գտանք հայկական ձեռագործներ սորվեցնել, իրենց գործուած նախշերը Պէյրութ բերել, վաճառել` եկամուտ գոյացնելու համար Արցախի ժողովուրդին:

Անակնկալ այս հանդիպումէն Երեւան կու գայ, որ Մարալը եւ Շողիկը ամառնային իրենց արձակուրդի շաբաթներուն կ՛երթան Ղարաբաղ եւ ասեղնագործներ կը սորվեցնեն տեղւոյն շնորհալի հայուհիներուն:

Անցնող աշնան Պուրճ Համուտի մէջ կազմակերպուած փառատօնին վաճառուեցաւ արցախցի կիներու իրագործած ձեռագործները` որոշ եկամուտ մը ապահովելով:

Զրոյցի ընթացքին Շողիկ բերաւ ջուրի շիշ մը, որուն վրայ անցուած էր ձեռային աշխատանք «հագուստ» մը: Ինք հիւսած էր զայն, եւ կը թելադրէ նմանօրինակ գործեր եւս սորվեցնել վաճառքի համար: Յարմար նկատուեցաւ նաեւ ձեռային աշխատանքով բանուած էջադիրի մը պատրաստութիւնը: Ներկաներէն ոմանք կարծիքներ արտայայտեցին իբրեւ նորութիւն:

Զրոյցը կը շարունակուէր, նոյն ատեն` ստեղծագործական կարծիքներու փոխանակումով: Բացի ինձմէ, 8 ներկաներ  օգտակար կարծիքներ կը փոխանակէին: Ես ոչինչ ունէի ըսելիք, որովհետեւ անտեղեակ էի հայկական ձեռագործներու արուեստէն: Ոչինչ կրնայի թելադրել, լուռ կը հետեւէի փոխանակուած տեսակէտներուն, թէ ինչպէ՛ս օգտակար պիտի ըլլային Արցախի ժողովուրդին:

Հիւրասիրութիւնը կը շարունակուէր հայկական ոճով: Վերջին հաշուով Շողիկին տունն էինք:

Նախորդը

Լոս Անճելըս Չեղեալ Համարեց 845 Հազար Տոլարի Պայմանագիրը Թուրքիոյ Վարձու Լոպիական Ընկերութեան Հետ

Յաջորդը

Վարձքը Կատար

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.