Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Լիազօրուած Եւ Ֆինանսաւորուած Ցեղային Զտումներ

Փետրուար 27, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Mideast Egypt Islamic StateՀիւսիսային Սուրիոյ մէջ ասորի համայնքին նկատմամբ իրականացուած առեւանգումի, բռնութեան եւ բռնագաղթի գործողութիւնները կը թարմացնեն հիւսիսային Իրաքի մէջ յատկապէս եզիտիներուն եւ ընդհանրապէս ասորի համայնքի տարբեր դաւանական խումբերուն դէմ գործադրուած պատկերներու յիշողութիւնը:

Ցեղային զտումի ամէնէն բարացուցական ժամանակակից օրինակներն են այս բոլորը, որոնք տեղի կ՛ունենան ահաբեկչութեան դէմ իբրեւ թէ աննահանջ պատերազմ յայտարարած միջազգային ընտանիքին երեւութապէս եւ յայտարարողական մակարդակի վրայ դատապարտանքի, ըստ էութեան քաղաքական կրաւորականութեան փաստերուն դիմաց:

Տարածաշրջանային իրողական սահմանագծումներու ծառայող միջոցներ են այս բոլորը, եւ խորքին մէջ Իսլամական պետութիւն խմբաւորումը կը շարունակէ իբրեւ ամէնէն ազդեցիկ գործիքը իրականացնել աշխարհաքաղաքական կեդրոններու մէջ որոշուող ծրագիրը:

Յստակ է, որ առաջադրանք-յանձնարարական դրուած է Միջին Արեւելքի ապաքրիստոնէացման օրակարգը: Այն ինչ որ պատահեցաւ Իրաքի մէջ, այն ինչ որ կը պատահի Սուրիոյ մէջ, այն ինչ որ տակաւին Եգիպտոսի ղպտի ազգաբնակչութեան նկատմամբ կը կատարուի այդ առաջադրանքի տրամաբանութեան պարունակին մէջ կարելի է դիտարկել:

Զուգահեռ, ժողովուրդները խուճապահարութեան մատնելը որդեգրուած է իբրեւ միջոց յաւելեալ թափ տալու տարածաշրջանի քրիստոնէաթափման քաղաքականութեան: Այս գործընթացներուն դէմ միջազգային ընտանիքին առած քայլերը ոչ միայն սահմանափակ են, այլեւ հետզհետէ կը համոզեն, որ տարածաշրջանի դիմափոխման եւ երկիրներու սահմանափոխման այս եղելոյթին ընդհանուր համաձայնութիւն տրուած է:

Հաւաքական գլխատումներու, ողջակիզումներու, զանգուածային գնդակահարումներու եւ գազանային վայրագութիւններու խուճապահարութիւնը տեղահանուող եւ հալածուող ազգաբնակչութիւններուն մօտ կը մթագնէ իրենց բնօրրաններուն կառչած մնալու հեռանկարները եւ փախստականի ու գաղթականի կարգավիճակները կը զարգացնէ շատ արագ կշռոյթներով:

Այստեղ աւելի համոզիչ կը դառնայ աշխարհաքաղաքական ծրագիրի առկայութիւնը: Նոյն դատապարտող, բայց գետնի վրայ հակազդելու առումով կրաւորականութեամբ յատկանշուող պետութիւնները իրենց դռները լայն կը բանան եւ գաղթականներու համար յատուկ դիւրութիւններ կ՛ընձեռեն տեղահանուողներուն եւ տեղահանման վտանգին տակ գտնուող ժողովուրդներուն համար: Տակաւի՛ն. եթէ հաւաստի նկատենք Իսլամական պետութեան ռազմական օժանդակութիւն փոխադրող բրիտանական օդանաւերու վարկածը, արդէն կրաւորականութեան տեսութենէն աւելին անցած կ՛ըլլանք:

Շարժառիթներու, միտումներու եւ ընթացքներու մասին մեկնաբանութիւններն ու վերլուծումները կրնան տարատեսակ ըլլալ: Փաստը կը մնայ փաստ, որ տարածաշրջանին մէջ տեղի կ՛ունենան իրողական սահմանագծումներ, տեղահանութիւններ, խուճապահար գործողութիւններով բռնագաղթի նոր ալիքներու մակընթացութիւններ:

Սուրիական տարածքի վրայ Անգարայի իրականացուցած վերջին գործողութիւնը խօսուն ձեւով կ՛ընդգծէ Իսլամական պետութիւն-Անգարա արդէն իսկ զարգացած համագործակցութեան փաստը: նորօրեայ ահաբեկչական  ալիքի բարձրացման մէջ Անգարայի պատասխանատուութիւնը մատնացոյց չընելու միջազգային մօտեցումը պարզապէս յաւելեալ համոզող նախադրեալ է իսլամութեան անունին տակ աշխարհաքաղաքական օրակարգի իրականացման գործին լծուած խմբաւորումներուն ուղղակի-անուղղակի պատուէր կատարելու իրականութեան:

Հայկական ոսպնեակը շատ զուգահեռներ կրնայ տեսնել ու ցոյց տալ 100 տարի առաջ մեր ժողովուրդին դէմ իրականացուած ցեղասապանութեան, տեղահանութեան եւ այսօր միեւնոյն պետութեան կողմէ լիազօրուած եւ ֆինանսաւորուած խմբաւորումներուն կողմէ իրագործուող տարածքներու ցեղային զտումներու, բռնագաղթերու եւ ժողովուրդներու տեղահանութիւններուն միջեւ:

«Ա.»

Նախորդը

Վարդանեան. «Ընդդիմութիւն Ըսելով` Իրենք Ո՞վ Նկատի Ունին»

Յաջորդը

Լուքաս Պիշթչեք 6 Շաբաթով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?