Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յակոբ Օշականի Մահէն Անցեր Է 67 Տարի…

Փետրուար 27, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

22715_Hagop-OshaganՕրացոյցը կը նշէր փետրուար 17-ն, ու ես բնաւ չեմ մոռնար, որ ատիկա Յակոբ Օշականի մահուան թուականն է:

Յակոբ Օշական արեւմտահայ գրականութեան քրմապետն էր: Ան ապրեցաւ 65 տարի: Բեղուն եւ լեցո՛ւն տարիներ, որոնց ընթացքին ոչ միայն արտադրեց մեր հասակին բարձրութեան չափ իրարու վրայ դիզուած գրական այլազան գործեր, այլեւ լման քառասուն տարի ուսուցչութիւն ըրաւ` Պրուսայի հայաբնակ գիւղերէն սկսեալ մինչեւ Պոլիս, Գահիրէ, Կիպրոս եւ Երուսաղէմ: Մինչեւ իր վերջին շունչը գրեց եւ ուսուցանեց տեւաբար` արծարծ պահելով հայ գրականութեան օճախին կրակը ու խթանելով ստեղծագործութեան բոցը իր աշակերտներուն սրտին մէջ: Կ՛ըսուի, թէ հայ իրականութեան համբաւաւոր ուսուցիչներու փաղանգին մէջ (Ռեթէոս Պէրպէրեան, Լեւոն Շանթ եւ նմաններ) ո՛չ ոք իր աշակերտներուն շարքերէն այնքան գրողներ կրցած է կերտել կամ պատրաստել, որքան Օշական:

Յակոբ Օշակա՜ն… Հալէպի հայոց Ազգ. գերեզմանատան մէջ թաղուած մեծագոյն դէմքը:

1948-ին էր: Օշական, որ տարիներէ ի վեր հայ լեզու եւ գրականութիւն կը դասաւանդէր Երուսաղէմի  Ս. Յակոբեանց վանքի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ, Հալէպ եկած էր` խոյս տալով Պաղեստինի արաբ-հրեայ բախումներուն ստեղծած վտանգաւոր մթնոլորտէն: Հալէպցիք գուրգուրանքով շրջապատեր էին մեծանուն գրականագէտը, գեղեցիկ հանդէսով մը նշեր էին իր յոբելեանը, կարելիութիւններ ստեղծեր էին, որ ան միշտ հանգիստ եւ ուրախ զգայ ինքզինք այստեղ:

Ոչ ոք կրնար գուշակել սակայն, թէ Հալէպը պիտի դառնար Մեծ Հիւրին վերջին հանգստարանը:

Օշական, սրտի սուր տագնապի մը զոհ, իր աչքերը կը փակէր փետրուար 17-ի գիշերը, երթալ թաղուելու համար դանիացի անկրկնելի հայասէր ու բարերարուհի Քարէն Եփփէի շիրիմին ճի՛շդ քովը, Հալէպի հայոց Ազգ. գերեզմանատան մէջ:

Ամբողջ Հալէպը արցունք կը հոսեցնէր Օշականին համար (ասիկա այն Հալէպն էր, որ օր մը, ամօթալի՛ օր մը, «Հակակրանքի երեկոյ» մը սարքած էր նոյն Օշականին դէմ…): Քսան հազար յուղարկաւորներ թափօր կը կազմէին իր դագաղին ետեւէն: Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ դամբանականներ կը խօսէին Բերիոյ թեմի առաջնորդ Զարեհ սրբազան, Խորէն եպս. Բարոյեան (յանուն Կիլիկիոյ Գարեգին Յովսէփեանց կաթողիկոսին) եւ անուանի դաստիարակ Շահան Պէրպէրեան (Պէյրութէն): Իսկ գերեզմանատան մէջ կը դամբանախօսէին «Յառաջ»-ի խմբագիր Շաւարշ Միսաքեան (որ այդ օրերուն այցելութեամբ Հալէպ կը գտնուէր) եւ գրող ու բանաստեղծ Անդրանիկ Ծառուկեան: «Նայիրի» գրական ամսագիրը, որ այդ տարիներուն կը հրատարակուէր Հալէպ, իր ընթացիկ թիւը կը նուիրէր Օշականին` ողբալով անոր շիջումը առանձին մահազդով մըն ալ (տե՛ս լուսանկարը):

* * *

Օշականի մասին շատ բան գրուեցաւ անշուշտ իր մահէն ետք ալ: Հետաքրքրական յուշեր պատմեցին մանաւանդ իր աշակերտներէն անոնք, որոնք գրչի սպասաւորներ դարձան սփիւռքեան գաղութներու մէջ (Պօղոս Սնապեան, Օննիկ Սարգիսեան, Արամ Հայկազ եւ այլն, եւ այլն): Ճիշդ է, որ անոր մեծղի վէպերը («Մնացորդաց», «Ծակ պտուկը», «Հաճի Մուրատ» եւ այլն) չկարդացուեցան ընդհանրապէս, մնացին «անմատչելի», բայց ան միշտ ալ մնաց վաստակաշատ գրագէտի մը խորհրդանիշը` եկող-գացող սերունդներուն համար, որոնք առիթ չփախցուցին ոգեկոչելու զինք պարբերաբար, տարեդարձներու կամ տարելիցներու առթիւ:

Ձեռքի տակ ունիմ Պէյրութի «Բագին»-ին հին թիւերէն մէկը, ուր կը նկարագրուի Օշականի մահուան տասնամեակին առթիւ սարքուած սգահանդէս մը (1958, Պէյրութ, Ամերիկեան համալսարանի սրահը): Ձեռնարկին նախագահած է Կարօ Սասունի, ելոյթներ ունեցած են Պօղոս Սնապեան, Մուշեղ Իշխան եւ Եդուարդ Պօյաճեան:

Սնապեան բերած է հետեւեալ վկայութիւնը.

– Ուսուցչութիւնը  ճիշդ գրականութեան պէս կիրք մըն էր Օշականի մէջ: Չէր կրնար ապրիլ առանց գրելու: Չէր կրնար ապրիլ նաեւ առանց ուսուցանելու: Տխրութիւն մը կու գար վրան, երբ կը պակսէին ուսուցանելու առիթները: Կը տխրէր, երբ աշակերտները քիչնային: Կը տխրէր, երբ տօնական օրերը յաճախադէպ դառնային: Մինչ ուրիշ ուսուցիչներու համար փնտռուած օրեր էին արձակուրդի օրերը, ընդհակառակն, իրեն համար կը դառնային զայրոյթի պատճառներ: Կը պոռար, կը կանչէր, ու ճշդելէ ետք արձակուրդին պատճառ դարձած սուրբին սրբութեան աստիճանը` կ՛որոշէր իր ընելիքը: Եթէ երկրորդական սուրբ մըն էր, կը հաւաքէր տղաքը ու դաս կ՛ընէր…

Բանաստեղծ Մուշեղ Իշխան խօսած է գրաքննադատ Օշականի մասին` ի միջի այլոց կատարելով սա՛ հաստատումը.

– Օշական ձայն մըն էր մեր գրականութեան մէջ: Գուցէ` անապատին մէջ բարբառող մարգարէի մը ձայնը, բայց վերջապէս` հզօր ձայն մը, որ Տիրոջ շունչով ու դողով կը լեցնէր շրջապատը: Ամէն մարդ իր խօսքին կը սպասէր հաւատքով եւ երկիւղածութեամբ: Բոլորը հարց կու տային. «Տեսնենք, ի՞նչ պիտի ըսէ Օշական»:

Իսկ Եդ. Պօյաճեան սեւեռումի ենթարկելով վիպագիր Օշականը` ըսած է.

– Օշական մեզի բերաւ գաւառին խորը աճող կեանքեր, ողբերգութիւն, հոգի: Խոնարհ ու խոր  արարածներ: Բերաւ Տօգսանը, Տոպիճը, Պաղտոն, եւ ասոնց նման շատ ուրիշներ` որոնց ապրած կեանքը սուտ չէր, այլ` իրական, իրաւ ու եղերական: Սիրոյ, կիրքի, երազի ու խոր տառապանքի մթին կեանք մը: Նիկիոյ լիճին շուրջ հայկական գիւղ, հայկական բարք ու կեանք շինած այս գեղջուկ մարդիկը  գրական հասարակ կամ յաջող զարդապատկերներ չէին այլեւս, ունէին իրենց ուրոյն դէմքը, արիւնը, հոգին, միջավայրը: Նորութիւն էին, մորթէ անդին տեսնելու, կեանքին մակերեսէն վար, խորերը իջնելու յաջող փորձեր:

Խո՜ւնկ եւ թարմ ծաղիկներ` Օշական գիւղի Մեծ Սուրբին արժանաւոր ժառանգորդին ու «Համապատկեր»-ի տասը ծանրածանր հատորներու հեղինակին բարի յիշատակին առջեւ…

Հալէպ

 

Նախորդը

Կրակը

Յաջորդը

Իրավիճակը Հալէպի Մէջ. Ազիզիէ Շրջանը Հրթիռակոծման Թիրախ Դարձաւ. Յակոբ Գաբրիէլեան Զոհուեցաւ

RelatedPosts

Դամասկոսի Արաբական Լիկա Վերադարձը Մօտալուտ Կը Թուի
Անդրադարձ

Դամասկոսի Արաբական Լիկա Վերադարձը Մօտալուտ Կը Թուի

Մարտ 29, 2023
Ժամի Խեղկատակութիւնը
Անդրադարձ

Ժամի Խեղկատակութիւնը

Մարտ 29, 2023
Ընկեր Վազգէն Էթիեմեզեանը` Մտաւորական Գործիչը
Անդրադարձ

Ընկեր Վազգէն Էթիեմեզեանը` Մտաւորական Գործիչը

Մարտ 29, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In