Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիւլընտ Լսա՞ծ Է Վուտրօ Ուիլսընի Մասին

Մարտ 3, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Անցնող տարուան յուլիսին ԼՂՀ պաշտպանութեան ուժերը չէզոքացուցին ազրպէյճանական բանակին կողմէ խափանարարական հերթական փորձ մը, որուն ընթացքին գերի բռնեցին երկու ազերի բանակայիններ` Տիլհամ Ասկերով եւ Շահպազ Կուլիեւ: Նշեալները օրէնքին սահմանած կարգով դատուեցան Ստեփանակերտի մէջ:

Ասկերով դատապարտուեցաւ ցմահ բանտարկութեան, իսկ Կուլիեւ` 22 տարուան:

Մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալներէն Վիքթորիա Նիւլընտ Պաքու եւ Երեւան այցելութեան ընթացքին «փափաք» յայտնեց (քիչ մը հրամայելու պէս), որ նշեալ երկու բանտարկեալները վերադարձուին Ազրպէյճանին:

Իսկ այդ յայտարարութենէն քանի մը օր ետք, արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի «հիմնաւորեց» Նիւլընտի յայտարարութիւնը` ըսելով, որ նման քայլ մը «կը մեղմացնէ» երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը:

Նախ` քիչ մը յիշողութիւններ թարմացնենք: Նիւլընտ Օպամային նախորդող նոր պահպանողական վարչակարգին մէջ կարեւոր դիրք ունէր: Ամուսինը Ռապըրթ Քէյկընն է, նորպահպանողականութեան գաղափարախօսներէն ու թմբկահարներէն: Երբ տիկին Քլինթըն արտաքին գործոց նախարարութեան նշանակուեցաւ, ան Նիւլընտը նշանակեց Եւրոպայի հարցերով իր տեղակալը:

Եւրոպական քաղաքական ու դիւանագիտական շրջանակները Նիւլընտին հակակրելու ամէն պատճառ ունին, որովհետեւ Ուքրանիոյ նախագահ Եանուքովիչի վերջին շաբաթներուն Նիւլընտ Քիեւի մէջ ամերիկեան դեսպան Ճեֆրի Փայեթին հետ իր ունեցած հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին Եւրոպական միութեան հասցէին հայհոյալից (ճիշդ կարդացիք, հայհոյալից) արտայայտութիւն ունեցած էր:

Միջին Արեւելքի (Սուրիա, Իրաք), Հիւսիսային Ափրիկէի (Լիպիա), ինչպէս նաեւ կեդրոնական Եւրոպայի մէջ (Ուքրանիա) անդադար լարուածութիւններ հրահրող ու քաջալերող Մ. Նահանգներուն վարքագիծին հետեւողներուն համար քիչ մը զարմանալի է «լարուածութիւնը մեղմացնելու» այս մօտեցումը: Յանկարծ Ս. Հոգի՞ն իջած է արդեօք: Բնականաբար` ոչ:

Բոլորիս համար հասկնալի պէտք է ըլլայ իրականութիւն մը, որ Մ. Նահանգներ լարուածութիւններ կամ տագնապներ կը ստեղծեն այն պահուն ու այն վայրերուն մէջ, ուր իրեն համար նպաստաւոր է: Կրնայ նաեւ յանկարծ հրապարակ գալ «խաղաղարար»-ի կամ «միջնորդ»-ի դերով` դարձեալ մեկնելով իր շահերէն ու հաշիւներէն (թէ այդ հաշիւները ճի՞շդ են, թէ՞ սխալ` այդ ալ Քերիի ու Օպամայի խնդիրն է):

Այնպէս որ, եթէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ լարուածութեամբ մտահոգ էր, կրնար նոյն Նիւլընտի միջոցով ճնշում բանեցնել իր դաշնակից Ազրպէյճանի վրայ, որպէսզի վերջինս ետ կանգնէր սահմաններուն վրայ զինուորական մագլցումի իր քայլերէն:

Նիւլընտ երկու ազերի խափանարարները ազատ արձակելու իր կոչը ըրաւ Պաքու այցելութենէն ետք: Հետեւաբար կրնայ ըլլալ, որ Պաքուի մէջ իր ազերի խօսակիցները նման պահանջ մը դրած են իրեն ու ինք այս ձեւով կը փորձէ «գոհացնել» զանոնք: Այս վարքագիծը բնականաբար աժան դիւանագիտութիւն է եւ զուրկ` որեւէ լրջութենէ:

Մեզ անհանգստացնողը այն է, որ ամերիկեան դիւանագիտութիւնը անգամ մը եւս բացորոշ կերպով կ՛անտեսէ իրականութիւնները, որոնք երբեմն աղաղակող են: Օրինակ, Ջուղայի խաչքարերու օր ցերեկով քանդումի օրերուն, երբ Ուաշինկթըն ամէն ձեւի ծեքծեքումներով փորձեց «զսպուածութիւն» յորդորել «կողմերուն», լաւագոյն պարագային` պարզապէս «մտահոգութիւն» յայտնելով: Միայն այդքա՛ն: Տալիտան երգ մը ունէր, կը յիշէ՞ք, «Փարոլէ, փարոլէ, փարոլէ…»

Հիմա, այս պարագային, Ազրպէյճան խափանարարներ ուղարկած է դէպի հայկական կողմը, անոնք նոյնիսկ անմեղ քաղաքացիներ սպաննած են, եւ Նիւլընտ կոչ կ՛ուղղէ արարքին հեղինակները վերադարձնել` «լարուածութիւնը մեղմացնելու» նպատակով: Նիւլընտի մօտեցումը, ժողովրդային լեզուով, քիչ մը շատ «վրան բաց է»:

Նիւլընտ ներկայացուցիչն է այն երկրին, որուն նախագահը նուազ քան հարիւրամեակ մը առաջ (ապրիլ, 1920) ստանձնած էր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանագծումը կատարելու իրաւարարութիւնը: Նոյնինքն արտաքին գործոց նախարարութեան փորձագէտներն էին որոնք օրին այդ աշխատանքը մանրակրկիտ կերպով կատարած էին` նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի յանձնարարութեամբ:

Ուիլսընի իրաւարար վճիռը հրապարակուեցաւ 1920-ի նոյեմբերին: Այդ քարտէսին բնօրինակը, Ուիլսընի ստորագրութեամբ, կը գտնուի արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւներուն մէջ:

Օրինակ մըն ալ կը գտնուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան արխիւներուն մէջ, Պոսթըն:

Ինչո՞ւ մտանք այս մանրամասնութեան մէջ: Պարզապէս անգամ մը եւս յիշեցնելու, որ Արեւմուտքը եւ յատկապէս Մ. Նահանգներ, լուրջ պարտք ու պատասխանատուութիւն ունին Հայաստանի ու հայութեան նկատմամբ: Եւ այդ պարտքը կարելի չէ հատուցել խափանարարներ ազատ արձակելու եւ այդ ձեւով… «լարուածութիւնը մեղմացնելու» ուղղութեամբ կատարուող կոչերով:

Նիւլընտ ու իր «պոսերը» պէտք է լաւ գիտնան այս հանգամանքը:

Տիկինը վստահաբար լսած ու կարդացած է Ուիլսընի մասին: Կասկած չունինք: Բայց արդեօք լսա՞ծ է անոր իրաւարար վճիռին մասին:

Փետրուար 25, 2015

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (3 Մարտ 1965)

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Փետրուար Գ./2015. Սպասելով Յաջորդ Քայլին

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?