Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (7). Տիրամայրն Ու Իր Որդին

Փետրուար 28, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ

11015373_904074466282469_13633491_nՀայեացքդ կանգ կ՛առնէ անցեալի սեւաշուք ստուերներէն մերկացած քարերուն սպիտակ փսփսուքներուն վրայ, կ՛անսաս «Խորհէ՛ եւ մտիր» քաղցր հրաւէրին, կը փորձես որսալ ներքին լոյսը հասարակ քարին տասնամեակներ շարունակ շունչ, ոգի եւ թռիչք պարգեւած խորհուրդին, վերանալ ու նոյնանալ այս քարեղէն շարականին կշռոյթներէն անհունացած հայուն հաւատքին արշալոյսին հետ եւ, ո՜վ զարմանք զարմանալի, յանկարծ կ՛անդրադառնաս, որ դպրեվանքը ժուժկալ ու ներամփոփ, թէկուզ հմայիչ պարզ կառոյց մը չէ, ուր դպրեվանեցիները կ՛ապրին, այլ հաւատքի լուսակերտ տաճար մը, որուն իւրաքանչիւր քարը տարիներ շարունակ ապրած է մէն մի դպրեվանեցիի սրտին խորը, կ՛ապրի այսօր նաեւ եւ վաղը, անկասկած, նոյն երկիւղածութեամբ ու միեւնոյն զօրութեամբ պիտի շարունակէ իր կեանքը: Յար եւ նման յաւերժական արժէքներուն` դպրեվանքը նախ եւ առաջ նոյնինքն կեանքն ու կեանքէն վեր բարձրացող կենարար աւիշ է հաւատքի եւ կնդրուկ ու լոյս համեստութեան, բայց եւ քերական հաւատարմութեան ու քաղցրահնչիւն ղօղանջ անմնացորդ նուիրումի:

Դպրեվանքը, ինչպէս հայ ժողովուրդի գոյերթը ուղենշած մեր բոլոր դպրեվանքերը, Տաթեւի համալսարանէն մինչեւ Հաղբատ ու Սանահին, Գանձասարի եւ Ամարասի դպրատուներէն մինչեւ Հռոմկլա ու Վարագայ վանք, Պիքֆայայի բարձունքն ի վեր արթուն հսկող դպրեվանքը նաեւ հոգեւոր հայրենիքն է հայուն եւ անշեղ կողմնացոյցը անոր նպատակասլաց գոյերթին: Պարզ ըսած` անցեալի պատմակերտ դասերուն եւ ներկայի նոյնքան ուսանելի փորձառութիւններուն լոյսով ապագան ընթերցելու ե՛ւ հրաւէր է, ե՛ւ ուղեցոյց, ե՛ւ ծառայական առաքելութիւն: Աւելի ճիշդ` «Տաճար հրաշագործ, վսեմ ձուլարան, ուր կապարն յոսկի եւ նիւթնյոգի դառնան»:

Այս բոլորն է դպրեվանքը եւ աւելին: Հաւատքի եւ հաւատարմութեան ամբողջական վկայութիւն մը ըլլալու կողքին, դպրեվանքը նաեւ տիեզերական երկխօսութիւն մըն է` Բացարձակ Ժամանակին յաւերժահունչ խորհուրդներով անհունացած: Եւ զարմանալի չէ, որ օրուան տարբեր ժամերուն, բնութիւնը նաեւ, իր կարգին, կը մասնակցի Արարիչին հետ ծովացող հոգեկան երկխօսութեան` մէկ առ մէկ քակելով հանգոյցները նշաններու լեզուին: Անձրեւին կաթիլները պահ մը կը հանգչին տերեւներուն վրայ եւ Հայ Եկեղեցւոյ երանաշնորհ հայրապետներուն ու պատառ մը ցամաք հացով եւ կում մը ջուրով մագաղաթը ծաղկած մեր ճգնաւորներուն լուսադէմքերը կ՛ուրուագծեն: Երկնային օրհնութիւններով մկրտուած ծառերը կանաչափայլ ուրարներով կը շողշողան եւ իբրեւ հեզ ու խոնարհ սարկաւագներ` կը մասնակցին տիեզերական յարափոփոխ պատարագին:

Արեւը կ՛եռայ խաղողի ողկոյզներուն մէջ: Տիրոջ արիւնը դուրս կը յորդի քարեղէն սկիհէն, եւ հաւատքին մաքրամաքուր նրբաններուն տակ ճմլուած ողկոյզները կ՛օրհներգեն փառքը լոյսին: Մանաւանդ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի նախօրեակին, երբ դպրեվանեցիներ ու հաւատացեալներ, հոգեւորականներ եւ ուխտաւորներ կ՛ընդելուզուին Ս. Աստուածածնայ վանքին տարբեր հմայք եւ անկրկնելի խորհուրդ խնկարկող հրեշտակային համերգին, մեղեդի առ մեղեդի ա՛լ աւելի կը քաղցրանան եւ ողջ բնութիւնը կը ցնծայ հաւատացեալներուն հետ, նոյնքան հոգեզմայլ երանութեամբ ու երկիւղած մասնակցութեամբ:

Ս. Աստուածածին վանքի համալիրին իւրայատուկ հմայք ու խորհուրդ պարգեւող 85-ամեայ դպրեվանքը, այս իսկ պատճառով, ո՛չ միայն «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բաբախուն սիրտն է», ինչպէս արդարօրէն ըսած են ու կը շարունակեն կրկնել, այլեւ` մէկ լուսաշառայլ փարոսը հայուն դարաւոր հաւատքին ու պերճախօս վկայութիւններէն մին Թորգոմեան տոհմի անսակարկ հաւատարմութեան: Հաւատարմութիւն` որ սերունդ առ սերունդ ծովանալով տասնամեակներ շարունակ մուտք գործեց մեր տուներէն ներս, հասաւ հայ տարագիր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, եղաւ յուշարար հայրենական գանձերու եւ պատարագիչ` քրիստոնէութեան համամարդկային սրբութիւններու:

Անցեալը` ներկային եւ ներկան` ապագայի բացարձակ ժամանակին մէջ կենսաւորած իւրայատուկ դարբնոց մը եղաւ դպրեվանքը, որուն գուրգուրանքին յանձնուած մատղաշ որդիները ցեղին, հաւատքի սալին վրայ կոփուելով` նկարագիր ու դիմագիծ կազմեցին, պողպատացան բարոյական ու հոգեմտաւոր հայատրոփ զօրութեամբ, լիացան հայաստանաբոյր արժէքներով եւ իրենց ստացած գիտութիւնն ու հայեցի ոգին, դաստիարակութիւնն ու տեսլականները վերադարձուցին իրենց ժողովուրդին` իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արժանաւոր աւանդապահներ: Տարին դպրեվանքը իրենց հետ` իբրեւ կոչում եւ առաքելութիւն, որպէս տանտէր ու ծառայ տարին մինչեւ հեռաւորագոյն հայագաղութները աշխարհի եւ արդարօրէն եղան մանրակերտ դպրեվանքեր:

Եւ որովհետեւ խնկարկեցին հայ եկեղեցւոյ ու դպրութեան, հայ ոգիին ու մեզ մեզացուցած մեր եկեղեցաշէն ու հայրենաշէն սուրբերուն օրհներգած սրբութիւններուն, մարդկային վեհ արժէքներուն ու մարդը Աստուծոյ մօտեցնող քրիստոսաւանդ վարդապետութիւններուն, դպրեվանքը մարմնաւորած քարը եղաւ հաց, եղաւ գինի, իսկ քարին անտեսանելի սրտէն արթնցող լոյսը եղաւ յաւերժափայլ ուխտագնացութիւն եւ բացաւ դռները «հողին տակէն դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբաներ»-ուն Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ:

Ո՜վ գիտէր, ճիշդ այս պատճառով Տիրամայրն ու իր Որդին, այս պարագային` մատուռն ու դպրեվանքը հիմա առաւելագոյն ուժգնութեամբ գրկած են զիրար: Անոնք ձայն կու տան նահատակաց յուշարձանին, որ հողէն երկինք կը սլանայ հրաշափառ, կ՛անցնի կեանքի եւ մահուան սահմաններէն ալ անդին եւ կ՛որոտայ 100-ամեայ ուխտը ցեղին: Աշխարհի չորս ծագերուն, Ծիծեռնակաբերդէն մինչեւ Անթիլիասի յուշարձան մատուռը, մինչեւ Տէր-Զօր ու այլուր: Մի՛շտ եւ ամէ՛ն օր: Ամէնուրեք եւ ամէ՛ն ժամ:

Ահա թէ ինչու, Ս. Աստուածածնայ մատրան եւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին միջեւ ամէն առաւօտ ա՛լ աւելի երիտասարդացող 85-ամեայ դպրեվանքը միայն քար ու շէնք չէ, պարզ թուական ու պատմութիւն չէ: Ան մէկ պերճախօս վկայութիւնն ու վկայաբերն է հայուն դարաւոր հաւատքին, հաւատարմութեան ու ծառայական ուխտին, որ չունի սահման եւ ոչ ալ վախճանակէտ: Ան անձնուէր եւ ամբողջական ծառայութեան հրաւէր է սրբազան, որուն կոչին ունկնդիր նորահաս սերունդներ պիտի շարունակեն յաջորդել իրարու, որպէսզի դպրեվանքին վրայ իրենց աչքի լոյսէն աւելի գուրգուրացած երանաշնորհ հիմնադիրները ցնծան իրենց երկնային խաղաղութեան մէջ, իսկ իրենց հայեացքները վարդահեղեղ ապագային սեւեռած պահանջատէր հայորդիներուն սրտերը հաւատքին ու վճռականութեան օրհնեալ կրակով վահանուին, հայ ժողովուրդի յաղթագնաց գոյերթը շարունակուի աւելի հաստատաքայլ, ա՛լ աւելի նպատակասլաց եւ դպրեվանքի զոյգ պահակներուն ողջագուրումը թագադրուի արդարութեան աստուածապարգեւ ծիածանով:

ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
Հայ գրականութեան դասախօս դպրեվանքէն ներս

Նախորդը

Նոր Գիրք` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Արաբական Վկայութիւններուն Վերաբերող

Յաջորդը

Խմբագրական «Ազատ Արցախ»-ի. Խոճալուի Ողբերգութիւնը. Ճշմարտութիւնը Եւ Սուտը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Հինգերորդ Շարասիւնը Եւ Ամբողջատիրական Դրսեւորումները

Մարտ 20, 2023
Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը
Անդրադարձ

Անդրադարձ. Իսրայէլեան Ռազմական Խարիսխէն 92 Թռիչքներ Կը Բացայայտեն Զինատեսակներու Արտածումը Դէպի Ազրպէյճան

Մարտ 20, 2023
Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով
Անդրադարձ

Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակ-ին Առիթով

Մարտ 18, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In