Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կրակը

Փետրուար 27, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Սովորութիւն դարձաւ, եւ ան ալ` լա՛ւ սովորութիւն: Ամէն անգամ, որ դրացիիս` Գրիշին տունը խորոված կամ «հաց» ուտելու հրաւիրուէինք, ընթրիքէն ետք ես ու ինք կամաց մը կը հեռանայինք ճաշասեղանէն ու կը նստէինք դուրսը, բակին մէջ իր հաստատած կրակարանին շուրջ եւ անխօս կը դիտիէնք կրակի բոցերու հետզհետէ մարող կարմիր անհամար աչքերը:

Կրակ ըսի: Բայց ես ո՜ւր, կրակը ո՛ւր:

Տարիներ առաջ, երբ տակաւին սկաուտ էի, լաւագոյն պարագային սկաուտական խարուկահանդէսի մաս կազմած էի եւ կամ ալ` պաշտօնապէս ներկայ գտնուած: Եւ տակաւին քիչ մըն ալ աւելի, այս կրակը յիշողութեանս կը բերէ Տեառնընդառաջն ու Վարդանանցը: Այսքան «կրակ» կամ «բոց»` այդ օրերու կեանքիս մէջ: Իսկ հիմա` Գրիշն ու իր կրակը, որոնք երբեք այսքան մօտէն չէի դիտած: Գրիշին բնապաշտ ըլլալը լաւ գիտէի, չէ՞ որ վերջին հաշուով իրարու տարիներու վրայ երկարող «լաւ» հարեւաններ ալ էինք, սակայն կրակի հանդէպ անոր այսքան մեծ եւ այսքան անհուն սէր ու համակրանք ունենալուն բոլորովին անծանօթ էի:

Մէկ խօսքով, ինծի համար ինք «կրակի» մեծագոյն սիրահարներէն էր: «Կրակապաշտ» մը: Այսպէս, երեկոները կամ գիշերները, ամրան կամ ձմրան ցուրտին եւ կամ նոյնիսկ թեթեւօրէն մաղուող անձրեւին տակ, դուրսը «պապիռոզ»` սիկարեթ մը ծխելու պատրուակով, ինք սովորութիւն դարձուցած էր հեռանալ ու այդ կրակին մօտ առանձնանալ: Ժամերով կը նստէր, ինքզինք հաւաքած ու միշտ աչքերը կեդրոնացնելով անոր բոցերուն` ագահօրէն կը դիտէր ու կը ծխէր:

Միայն Աստուած գիտէր, թէ ինչե՜ր կը մտածէր այդ վայրկեանին: Անպայմանօրէն այդ կրակ ըսուածը իր մէջ գաղտնիք մը ունենալու էր, կը մտածէի յաճախ` միամտօրէն: Ուստի, որպէսզի զինք առանձին չձգէի, ես ալ երբեմն անկոչ հիւրը կը դառնայի այդ տեսարանին:

Ինծի համար դրացի Գրիշ բնութեան մարդն էր: Ոչ մէկ կասկած: Անոր կը նախանձէր: Որովհետեւ ինք, որ քաջածանօթ մըն էր հայրենի իր ապրած շրջանի դաշտերուն, լեռներուն, ձորերուն, ժայռերուն եւ ծաղիկներուն ու նաեւ իբրեւ վարպետ որսորդ, նոյնիսկ թռչունները իրենց ձայներէն կը ճանչնար, կը պաշտէր բնութիւնը:

Ահա իր սիրոյ չափանիշը:

– Տե՛ս,- կ՛ըսէր` ցոյց տալով կրակի բոցերը` միեւնոյն ատեն ձայնին մէջ ներքին անհուն ուրախութիւն մըն ալ խառնելով,- տե՛ս, բնութիւնը որքա՜ն գեղեցիկ է: Լեռ, քար, ձոր, ամպ, ջուր, փոթորիկ եւ կրակ. ահա բնութիւնը: Ա՛ն է մնայունը. իսկ մենք ենք, որ պիտի երթանք, անոր համար է, որ կը նախանձիմ:

Ու կը զարմանայի: Իրաւունք ունէր:

Ամէն օր բնութիւն ըսուածը մեր աչքին տարբեր գեղեցկութեամբ կը ներկայանար: Շատերուս համար այս իրականութիւնը թերեւս աննկատելի էր, երբեմն ալ վայրի եւ սակայն` նոյնքան ալ սիրելի: Թէեւ ինծի համար բնութեան հանդէպ Գրիշին բացայայտ սէրը որոշ ժամանակ մը զարմանքի առարկայ դարձաւ, սակայն յետոյ, կամաց կամաց նոյն այդ սէրը վարակիչ դառնալով, սիրոյս եւ զարմանքիս հետ, էութիւնս ալ կլանեց:

Բայց զարմանալու բան չկար. ես զիս կը փորձէի համոզել. չէ՞ որ կրակն ալ բնութեան անբաժանելի մասն էր: Ու ամիսներ ետք կը զգայի, որ ես ալ, իր նման, նոյն այդ բնութեան անխօս սիրահարներէն մէկը դարձած էի անզգալաբար: Ես ալ` «կրակապաշտ» մը:

– Նայէ՛,- կ՛ըսէր յաճախ,- կրակն ալ իր հմայքը ունի. վայրի եւ խորհրդաւոր:

Ու այսպէս, առանց պաշտօնականութեան, անզգալաբար մեր բոլոր հանդիպումներուն, խորոված կամ գաւաթ մը թէյ, կամ սուրճ, կրակին շուրջ երկուքով ագահօրէն եւ երկար` սկսած էինք կրակը դիտել:

Գրիշ իրաւացի էր ու ճիշդ: Հոն` այդ կարմիր պլպլացող բոցերուն մէջ ամէն անգամ նոր ու անօրինակ գրաւչութեամբ մը կը կեդրոնանայի: Բոցերու բազմազան գոյներ ու փայտերու յանկարծակի ճարճատումներ ձեւ ու մարմին կը ստանային: Եւ կեանքը աւելի հրաշալի կը դառնար աչքիս: Ներքին հետաքրքրութեամբ մը խանդավառուած, նոր ու անժամանակ մտածումներով տաքցած, երբ չտեսի նման կը դիտէի այդ հրաշքի խորհուրդը, ան զիս դէպի տարբեր ու խոր երեւակայութեան մը կը յանձնէր: Ու մտովի կը գնահատէի մեր բոլոր այն մտաւորականները, որոնք կրակին նուիրած էին շատ յաճախ իրենց տողերը:

Եւ այսպէս, նոյն այդ կրակարանին շուրջ, աչքերս կեդրոնացուցած հետզհետէ մոխրացող փայտի կոճղերուն եւ անոնց նիհար ճիւղերուն` կը դիտէի գիշերէն վախցող, քիթ քիթի թխմուած այդ բոցերուն ազատ ու անկաշկանդ կայծկլտուքը:

Այդ վայրկեանին էր կարծես, որ ինծի համար ծանօթ եւ անծանօթ յիշատակներ յանկարծ վեր կ՛ելլէին, երգերու, աղօթքներու օղակներով, ու դէմքիս անուշ երջանկութիւն մը կը բերէին: Հին ու նոր դէմքեր կը հիւսուէին այդ բոցերուն մէջ: Դէմքեր` շատ յաճախ խօսուն, սիրալիր, թափանցիկ մարմիններով, մեղմ նայուածքներով եւ կայծկլտուն:

Խորհրդաւոր գաղտնիք մը կար այդ պլպլացող լոյսի խաղերուն մէջ, որուն համար երբեմն շունչս բռնած` երկարօրէն ականջ կը դնէի անոնց խշրտոցին:

Երեւակայութիւնս աշխարհս կը լեցնէր:

Վայրի, սակայն, այդ կրակարանով սահմանուած բնութեան այս մէկ տարրը երբեմն իր մտերիմ ներկայութեամբ հովերէն հալածուած ամպերու կը նմանէր: Դէպի ազատութիւն տենչացող, սուրացող կամ ինքնասպանութեամբ ինքզինք դէպի դուրս նետող կարմիր, կապոյտով խառն ու նարնջագոյնով ներկուած կայծկլտուքներ, բոցեր, մէկ խօսքով` կրակէ լոյսեր, որոնք հազիւ ծնած,  հազիւ իրենց ներկայութիւնը հաստատած, ցուրտէն պարտուած` անվերադարձ կ՛անհետանային, զիս ուրիշ աշխարհ կը փոխադրէին: Անիրական աշխարհ մը, որ ձիւնապատ լեռներու, քարքարուտ դաշտերու եւ կամ խորհրդաւոր երկինքներու փայլքը կը շնորհէր դիտողին:

Ու այսպէս, ժամեր ետք, այդ մարող բոցերը, այդ մանր աչքերով հազարաւոր լոյսերը, ցուրտէ դողացող այդ ճկուն մարմինները, երբ այլեւս կը ցնդէին, իրենց հետ կը տանէին նաեւ իրենց ներկայութեամբ ծնունդ առած երեւակայութիւնս, հին ու նոր սէրերուս թարմ ու լեղի յիշատակները, ծննդավայր Հալէպէս ժառանգ մնացած յուշերս ու երազներս, անօրինակ աշխարհներ թափանցող մտածումներս ու զիս կը վերադարձնէին իմ իրական աշխարհս:

Ու կը զգայի, որ ես ալ Գրիշին չափ եւ նոյնիսկ անկէ աւելի երջանիկ էի:

 

 

Նախորդը

Հայկ Վարդանի Ստեղծագործութիւնների Առաջին Ներկայացումը Փրակայում. Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Միջոցառումների Մեկնարկը Չեխիայում

Յաջորդը

Յակոբ Օշականի Մահէն Անցեր Է 67 Տարի…

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?