Հայկական Ասեղնագործութիւնն Ու Հայուհին
ԼԻԶԱ ՔԷԼԷՇԵԱՆ-ԹԻՒՄՊԷՐԵԱՆ Աչքերը պէտք է գեղեցկութիւն ըմպեն, որպէսզի սնունդ տան հոգիին եւ յագեցնեն անոր ծարաւը: Որքան հաճելի եւ ուրախալի է տեսնել քու իսկ աշխատած ձեռագործդ` զայն աւարտելէ ետք, որքան հպարտութեամբ կը լեցուի հոգիդ տեսնելով քու կարած ու նաշխած կտորդ: Մինչեւ 21-րդ դարու սկիզբը հայ տունը զարդարուած կ՛ըլլար տանտիկնոջ կողմէ բանուած նուրբ ասեղնագործերով, երբ կը պատրաստէր օժիտը եւ անոնց դրած կ՛ըլլար...















