Անդրադարձ

«Բարեւեցէ՜ք Բոլոր Հայերուն»

Հեռակայ Զրոյց Ասմունքի Արքայ Յակոբ Կիւլոյեանի Հետ

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Մտածումի, զգացումի անսահման երկինք մըն է ասմունքի արուեստը, որ ասմուքելու տաղանդ ունեցողին առիթ կու տայ գրագէտին ներաշխարհը բաժնելու ուրիշներու հետ: ՅԱԿՈԲ ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ («Ազդակ», 27-8-2009) Երկրային կեանքիդ մէջ վստահաբար պիտի չհամարձակէի քեզ անուանել «արքայ», այդ ալ` ասմուքի, որովհետեւ նման բնորոշում պարզապէս վիրաւորանք մը պիտի ըլլար հանդէպ անձի մը, որուն կեանքը յագեցած է մարդկային վեհագոյն արժանիքներու գեղեցկութեամբ: Այլ խօսքով, կիւլոյեանական...

Պաշտօնապէս Կեանքի Կոչուեցաւ Ազգային  Միացեալ Վարժարանը Լիբանանահայութեան  Միտքի Ու Հոգիի Նորագոյն Դարբնոցը

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Բացումին Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

Երէկ երեկոյեան յոբելենական համերգին առիթով պատրաստուած գրքոյկին մէջ տեղադրած էինք նկար մը, ուր օրին, քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, իբրեւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Պուրճ Համուտի պատասխանատուներուն եւ պահակ տղոց ընկերակցութեամբ կը շրջագայէիք ռմբակոծումներու թիրախ դարձած հայկական թաղամասերը, իրազեկ դառնալու համար արձանագրուած մարդկային ու նիւթական կորուստներուն: Այսօր` իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալ, նոյն այդ թաղամասերու կողքին, մօտաւորապէս 30 տարիներ ետք, բացումը...

«Ֆոնեթոն-2016»-ը 1,34 Միլիոն Եւրօ Գոյացուց Ի Նպաստ «Հայաստան» Հիմնադրամին

«Ֆոնեթոն-2016»-ը 1,34 Միլիոն Եւրօ Գոյացուց Ի Նպաստ «Հայաստան» Հիմնադրամին

Նոյեմբեր 20-ին աւարտեցաւ Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ու Իրաքի աղէտեալ հայ բնակչութեան ի նպաստ` Ֆրանսայի «Հայաստան» հիմնադրամին կազմակերպած «Ֆոնեթոն-2016»-ը: Ըստ «Հայերն Այսօր»-ին, Փարիզի, Լիոնի, Թուլուզի եւ Մարսէյի հեռաձայնային կեդրոններէն մօտաւորապէս 700 կամաւորներ չորս օրերու ընթացքին հեռաձայնած են 46.000 ընտանիքներու եւ ընկերութիւններու. կարելի եղած է 4 երկիրներէ` Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն եւ Զուիցերիայէն հանգանակել մօտաւորապէս 1,34 միլիոն եւրոյի հասնող...

Համահայկական Կոչ.  «Դո՛ւ Ի՞նչ Ես Անում Ղարաբաղի Համար»

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Նոյեմբեր Գ.- Դուն Ի՞նչ Ըրած Ես Ղարաբաղի Համար

20-24 հոկտեմբերին Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Մարմինին աջակցութեամբ, տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովը` նուիրուած Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեակին: 24 հոկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ համաժողովի մասնակիցները որոշեցին համահայկական լրատուամիջոցներով սկսիլ «Դուն ի՞նչ ըրած ես Ղարաբաղի համար» խորագրեալ շարժում մը` ամբողջ աշխարհի հայութիւնը մասնակից դարձնելու ԼՂՀ-ի օգնութեան, ներդրումներու խթանումին, ԼՂՀ-ի...

Յարգելի Յիշատակ Մը

Յարգելի Յիշատակ Մը

ՊԵՏԻԿ Յիշողութեանս ալիքները զիս կը տանին Հալէպ, Քարէն Եփփէ Ճեմարան, հաւանաբար` 1959 թուին, երբ 15-16 տարեկան մեր պատանի հոգիներուն ամէնէն փոթորկոտ օրերը կ՛ապրէինք` շրջանցելով զանազան ճնշումներու եւ պոռթկումներու շարան մը: Ի մեծ ուրախութիւն մեզի, ընդհանուր հսկիչ Կարապետ Սապունճեանը դադար յայտարարեց եւ հրաւիրեց սրահ, ուր անծանօթ, «օտար» հիւր մը մեզի պիտի բանախօսէր: Երկսեռ շարքերով ու մեծ հետաքրքրութեամբ ուղղուեցանք «Մարտիկեան» սրահ, ուր...

ԼՕԽ-ի Մասնաճիւղային Աշխատանքներէն

ԼՕԽ-ի Մասնաճիւղային Աշխատանքներէն

Խաչքարի Զետեղման Հանդիսութիւն Երեքշաբթի, 1 նոյեմբեր 2016-ին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան նորընտիր եւ ընթացաւարտ կազմերու անդամներուն, «Կարինէ» մասնաճիւղի (Ամանոս) նորընտիր եւ ընթացաւարտ վարչական կազմերու, նախկին ատենապետներու, վաստակաշատ երէց ԼՕԽ-ականներու եւ Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեանի ներկայութեան, մասնաճիւղի հիմնադրութեան 60-ամեակին առիթով, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ խաչքարի զետեղման  հանդիսութիւն: Բացման խօսքը արտասանեց տոքթ. Սիրուն...

ԼՕԽ-ի 2017-ի Օրացոյցը` Լիբանանահայ Արուեստագիտուհիներու Դրոշմով

ԼՕԽ-ի 2017-ի Օրացոյցը` Լիբանանահայ Արուեստագիտուհիներու Դրոշմով

Արդէն հրապարակի վրայ է ԼՕԽ-ի 2017-ի օրացոյցը, որուն մէջ այս անգամ տեղ գտած են լիբանանահայ արուեստագիտուհիներուն ստեղծագործութիւններն ու գեղանկարները: Քարոզչական յանձնախումբին կողմէ կատարուած այս աւանդական նախաձեռնութեամբ ԼՕԽ-ը կը միտի 2017-ի օրացոյցին մէջ մեր արուեստագիտուհիները յարգել ու մեծարել, անոնց գործերը հայ թէ օտար ընտանիքներու տուներէն ներս ներկայութիւն դարձնել: Իւրաքանչիւր ամիս կը կրէ արուեստագիտուհիի մը դրոշմը, տեղադրուած գործերը ընտրուած են անոնց կողմէ:...

Նոր Էջ

Նոր Էջ

Ծառայութիւն: 2016` Ծառայութեան տարի: Ո՞վ լաւապէս կը ճանչնայ այս պարզ բառին խորքն ու իմաստը, եթէ ոչ` ԼՕԽ-ականը` Լիբանանահայ օգնութեան խաչին զինուորագրեալը: Աշնանամուտ է: Նոր թափ, նոր կեանք, նոր եռուզեռ է չորս դին: Մասնաճիւղեր, յանձնախումբեր կարծես նոր աւիշով թարմացած` լծուած են գործի: Ծառայութի՛ւն: Մեր պատմութեան խորերէն եկած` հայ կնոջ, հայ մօր առաքինութիւն: Իսկ ԼՕԽ-ականի` անքակտելի բարեմասնութիւն: Իրապէս սա ո՛չ գովեստ է,...

Խմբագրական.   Քաղաքական Եւ Ազգային Պայմաններով  Կայացած Անհրաժեշտ Կառոյցը

Խմբագրական. Քաղաքական Եւ Ազգային Պայմաններով Կայացած Անհրաժեշտ Կառոյցը

Միջինարեւելեան երկիրներու եւ այնտեղ գոյութիւն ունեցող կազմակերպ աւանդական գաղութներու ապագային նկատմամբ յուսահատական ալիքներ կը փչեն, որոշ իմաստներով հասկնալիօրէն: Հասկնալին բնականաբար կապուած է զինուորական այն լայնածաւալ եւ աշխարհաքաղաքական բնոյթի իրադարձութիւններուն, որոնց հետեւանքով կը ստեղծուին հսկայական ճգնաժամեր եւ անոնցմէ բխած ապահովական, մարդասիրական, արտահոսքի, մինչեւ ցեղային զտումներու արհաւիրքային կացութիւններ: Իրապաշտ ըլլալու համար ճիշդ է այն, որ փակուղիէն դուրս գալու լոյսի նշոյլները չեն երեւար...

Անցեալի Տխուր Պատմութիւն Մը` Լեւոն Գարմէնի.  Ծննդեան 100-Ամեակին Եւ Մահուան 50-Ամեակին Առիթով

Անցեալի Տխուր Պատմութիւն Մը` Լեւոն Գարմէնի. Ծննդեան 100-Ամեակին Եւ Մահուան 50-Ամեակին Առիթով

ՊԱՐՈՅՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ 1966-ը եղաւ տխուր ու ցաւալի զուգադիպութիւններու տարի մը, թէեւ տարին սկսած էր ուրախ տրամադրութիւններով լի, նոր յոյսերու ու ծրագիրներու իրականացման խանդավառութեամբ մը: Հայ գրականութեան մեծագոյն դէմքերէն, սքանչելի գիւղագիր, Համաստեղի ծննդեան 70 եւ գրական գործունէութեան 50-ամեակն էր 1966-ը: Տարին հռչակուած է յոբելենական տարի: Յոբելենական հանդիսութիւնները պատշաճ ձեւով կազմակերպելու համար կազմուեցան մասնաւոր յանձնախումբեր ի սփիւռս աշխարհի բոլոր կեդրոններուն մէջ: Բոլորին...

«Լրագրողները Օգնում Են Պետութիւն Ու Հերոսներ Կերտել».   Արմէն Հարէեան

«Լրագրողները Օգնում Են Պետութիւն Ու Հերոսներ Կերտել». Արմէն Հարէեան

ԼՂՀ մայրաքաղաք Արցախում կայացած Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագրով Լրագրողների 8-րդ համահայկական համաժողովի ժամանակ ամերիկահայ լրագրող, հրապարակախօս Արմէն Հարէեանն անդրադարձել է խօսքի ազատութեանն ու պետականակերտման, մարդակերտման գործում լրագրողական պատասխանատուութեան խնդիրներին: «լրագրողները քարոզիչներ են ու շարժում են մարդկային միտքը: Այն ամէնը, ինչ որ մենք խօսում ենք մարդկանց հետ, գաղափարներ են, որոնք քարոզի ձեւով հասնում են մեր մերձաւորին...

«Ազդակ»-ի Առաջին Կուսակցական Խմբագիրը Իր Մնայուն Տեղը Ունեցաւ Խմբագրատան Մէջ

«Ազդակ»-ի Առաջին Կուսակցական Խմբագիրը Իր Մնայուն Տեղը Ունեցաւ Խմբագրատան Մէջ

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ Նախ կ՛ուզեմ ողջունել բոլորիդ ներկայութիւնը այստեղ եւ յատկապէս յիշել իրաքահայութեան առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանը, Իրաքահայութեան Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Սարգիս Չոլաքեանը, եւ վարչութեան անդամներ Կարապետ Գալուստեանը եւ Սարգիս Գոթունեանը, ինչպէս նաեւ Աւագ սրբազանին օգնականը Վահէ Աւետիսեան, որոնք յատկապէս այստեղ են ներկայ գտնուելու  «Ազդակ»-ի առաջին կուսակցական խմբագիր Լեւոն Գարմէնի անունով խմբագրասենեակի բացման թէեւ անպաշտօն, բայց մտերիմ այս հանդիպումին: Խմբագրասենեակին անուանակոչումը...

Լեւոն Գարմէնի Բնութագրած  Պատը (Մահուան 50-Ամեակի Առթիւ)

Լեւոն Գարմէնի Բնութագրած Պատը (Մահուան 50-Ամեակի Առթիւ)

ԱՒԱԳ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ Առաջնորդ Իրաքի Հայոց Թեմին Սա պահուն, նուիրական պարտականութեամբ մը մէկտեղուած ենք այստեղ: Պարտականութիւն, որ մեզ կը տանի կէս դար դէպի ետ, անգամ մը եւս հանդիպելու վաղամեռիկ խմբագիր Լեւոն Գարմէնին (Լեւոն Ստեփանեան) եւ մեր արժանի յարգանքի տուրքը մատուցելու իրեն «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրասենեակներէն մէկը մկրտելով իր անուամբ:  Արդարեւ, «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէնութեան առաջարկով եւ Իրաքի Հայոց թեմի  նիւթական աջակցութեամբ, այդ...

Մարդ Իր Երկրային Կեանքին Մէջ Կ՛ապրի Այնքան, Որքան` Իր Անունը

Մարդ Իր Երկրային Կեանքին Մէջ Կ՛ապրի Այնքան, Որքան` Իր Անունը

ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱԴՊԻՐ ՍԱՐԳԻՍ ԳՈԹՈՒՆԵԱՆ Երախտապարտութեան գիտակցութիւնը մարդը բնորոշող ազնիւ տարրերէն մէկն է, իսկ արժանիքները ճանչնալն ու մեծարելը` յատուկ առաւելութիւն է: Ժողովուրդի մը գոյատեւման հիմնաքարը կը հանդիսանայ մշակոյթը, ան կը շարունակէ գոյատեւել, երբ կ՛ունենայ գիտակցութիւնը յարգելու եւ մեծարելու իր ռահվիրաները: Հետեւաբար ազգային, մշակութային գետնի վրայ երկարամեայ ծառայութիւն ունեցող վաստակաշատ անձեր պատուելը անհրաժեշտութիւն մըն է, յատկապէս դաստիարակչական հեռանկարով,...

Խմբագրական.   Շրջել Ազդեցութեան Գօտիներու  Տարրալուծարային Իրավիճակը

Խմբագրական. Շրջել Ազդեցութեան Գօտիներու Տարրալուծարային Իրավիճակը

Լիբանանի Անկախութեան տօնին նշումը համեմատաբար աւելի գօտեպնդիչ եւ յուսադրիչ պայմաններու մէջ կը կայանայ: Նախագահական աթոռի թափուր մնալը լիբանանեան պետութիւնն ու հասարակութիւնը զրկած էին նաեւ ա՛յս տօնը համալիբանանեան տարողութեամբ նշելու տարրական պարտաւորութենէն եւ իրաւունքէն: Հիմա, նորընտիր նախագահով եւ նոր նշանակուած վարչապետով, բայց տակաւին չկազմուած կառավարութեամբ, լիբանանեան պետական համակարգը կը դիմաւորէ լիբանանեան բանակի շքերթը: Միայն այնտեղ չէ, որ Անկախութեան օրուան հիմնական տօնակատարութիւնը...

1943-2016` Լիբանան Անկախութեան Եւ Իրականութեան Միջեւ  (Անկախութեան Տօնին Առիթով)

1943-2016` Լիբանան Անկախութեան Եւ Իրականութեան Միջեւ (Անկախութեան Տօնին Առիթով)

Պատրաստեց ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Իր անկախութեան 73 տարիներուն ընթացքին Լիբանան ապրած է ու դիմագրաւած` շրջանային տագնապներ, քաղաքացիական պատերազմներ, համայնքային բախումներ եւ յարանուանական լարուածութիւն, որոնք իրենք զիրենք ցարդ կը պարտադրեն: 73 տարիներուն ընթացքին լիբանանցիները իսկական անկախութիւն մը չեն ապրած կամ` զգացած: Պշարա Խուրի ֆրանսացի զինուորներուն Լիբանանէն հեռացումէն ետք Համաշխարհային Ա. պատերազմէն եւ Լիբանանէն ու արաբական այլ շրջաններէ Օսմանեան կայսրութեան հեռացումէն ետք, Ֆրանսա...

Աւելի Քան Կրթական Համալիր Մը

Աւելի Քան Կրթական Համալիր Մը

Չորեքշաբթի օր կը կատարուի բացումը Ազգային միացեալ վարժարանի կրթական համալիրին: Ազգային միացեալ վարժարանը աշակերտութեան դիմաց իր դռները կը բանայ 2017-2018 կրթական տարեշրջանին: Մէկ տարի առաջ աւարտած դպրոցական համալիրին բացումը կատարելը կ՛ենթադրէ արդէն յառաջիկայ կրթական տարեշրջանին համար թէ՛ վարչական, եւ թէ՛ ակադեմական առումներով լուրջ նախապատրաստութիւն: Այս մակարդակի, այս տարողութեան կրթական համալիրի մը ծրագիրի իրականացումը աւելի՛ն է, քան վարժարան մը: Հակառակ դժուարին...

Տարօրինակ Եւ Զարմանազան «Հրաշք»-ներու Երկիրը  (Լիբանանի Անկախութեան Օրուան Առիթով)

Տարօրինակ Եւ Զարմանազան «Հրաշք»-ներու Երկիրը (Լիբանանի Անկախութեան Օրուան Առիթով)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Կը թուի, թէ իր անկախութեան հռչակումէն (1943) ի վեր, մայրիներու երկրի` Լիբանանի իւրաքանչիւր օրը եղած է յոյսի եւ լոյսի հեքիաթային աշխարհ մը, որով ան կը տարբերի իր շրջապատի երկիրներէն եւ ժողովուրդներէն: Հաւանաբար հարց տրուի, թէ ինչպէ՞ս կարելի է հեքիաթային յորջորջել երկիր մը, որ ունի դարերու կեանք, ապրած է այլազան քաղաքակրթութիւններու արանքին, իր մորթին վրայ շիկացած են գաղութարարներու վայրագ...

… Միւսներուն Կը Մնայ Հետեւիլ Վատիկանէն Լսուած Պատգամին

Հազար Դրամը Անշո՛ւշտ Պէտք Է Տալ

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Յոյն գիտնական Արքիմետեսի կը վերագրուի այն խօսքը, որ` «Տուէք ինծի յենելու տեղ մը, եւ ես աշխարհը կրնամ տեղէն շարժել»: Ինչո՞ւ  յիշեցի 8-րդ դասարանիս գիտութեան դասի ընթացքին լսած այս դրուագը: Վերջին շաբաթներուն մամուլի եւ ընկերային ցանցերու մէջ քննարկումներու եւ վէճերու ականատես եղանք: Նիւթը` Հայաստանի կառավարութիւնը կ՛առաջադրէ աշխատավարձ ստացող իւրաքանչիւր բնակիչէ ամսական 1000 դրամ գանձել եւ հաւաքուած գումարէն յատկացումներ կատարել...

Ներթափանցման Փորձի Ատեն Վիրաւորուած Հոգեւորականը Վիրահատուած Է

Գործնական Առաջարկ

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Հայոց բանակի նահատակ եւ հաշմանդամ զինուորներու ընտանիքներուն աջակցելու հիմնադրամին օրինագիծը առաջին ընթերցումով հաստատուեցաւ, բայց կը թուի, որ տակաւին հնարաւորութիւն կայ զայն բարեփոխման ենթարկելու: Իշխանութեան գլուխ կանգնած ՀՀԿ-ի ղեկավարներէն Վահրամ Բաղդասարեանը երէկ ակնարկած է պարտադրելու բաժինը օրինագիծէն հանելու մասին` զայն փոխարինելով կամաւոր նուիրատուութեան բանաձեւումով: Այդ պարագային, Ազգային ժողովին կողմէ հաստատման հարցը անիմաստ կը դառնայ: Կասկած չկայ, որ պետութեան հնարաւորութիւններէն...

Page 659 of 806 1 … 658 659 660 … 806

Արխիւներ