Համադրեց` ՅԱՍՄԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ-ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Ա.- Պատմական
Ասեղնագործութիւնը ժողովուրդի մը մշակութային ժառանգութեան ցայտող աղբիւրն է, որուն ճամբով կը պատմուի ժողովուրդի մը աւանդութիւններուն, սովորութիւններուն, առասպելներուն մասին, ինչպէս նաեւ հոն կը հաստատուի անոր տաղանդն ու հնարամտութիւնը:
Ասեղնագործութիւնը կ՛ընդգրկէ տարբեր կարատեսակներ եւ ժանեակագործութիւն: Դժուար եղած է ծագումին ճշդումը, առարկային տարիքը, փոխհարստացումը, պատճառ` ժողովուրդներուն երկրէ երկիր գաղթը: Շատ հինէն եկած արհեստ մըն է, բայց միշտ նոր, կիրարկուած աշխարհի տարածքին, Արեւելքէն-Արեւմուտք, հիւսիսէն-հարաւ: Իւրաքանչիւր երկիր մշակած է իր ուրոյն ասեղնագործութեան տեսակը` ներշնչուելով բնութենէն եւ գործածելով տեղայնական հումքեր:
Հայ ժողովուրդը, հակառակ ռազմիկ, հողագործ, խաշնարած, հանքագործ ըլլալուն, եղած է ստեղծագործող բոլոր բնագաւառներուն մէջ եւ զարգացուցած իր մշակոյթը:
Ասեղնագործութիւնը վերապահուած էր մասնաւորապէս իգական սեռին, նոյնիսկ իշխաններու կիներ, թագուհիներ ու անոնց դստերքը ստեղծագործած են այդ մարզին մէջ: Անոնց տրամադրութեան տակ դրուած են ասեղնագործութեան անհրաժեշտ նիւթեր: Անոնք ասեղնագործած են տարբեր դիպակներուն (շատ նուրբ կերպաս) վրայ` օգտագործելով բուրդ, մետաքս, բամպակ, ոսկեթել, արծաթաթել թելեր եւ այլն:
Գրիգոր Գանձակեցիի վկայութեամբ, Արզու Խաթունը իր աղջիկներուն հետ միասին Ս. խորանի սեղանին ձեռագործած են ծածկոց մը Ս. Փրկիչին պատկերով, այնքան բնական, որ տեսնողները սքանչացած են եւ փառք տուած Աստուծոյ, այսպիսի իշխանուհի ունենալնուն: Ձեռագործած են նաեւ Հաղբատի, Մակարա, Դադէ վանքերուն համար ծածկոցներ, ուր պատկերուած են Քրիստոսի կեանքէն բաժիններ: Կ՛արժէ յիշել նաեւ Խորիշանը` Զաքարէ եւ Իւան Զաքարեաններու քոյրը եւ Ջալալ իշխանին մայրը, որ ամուսնոյն մահէն ետք հաստատուած է Երուսաղէմ եւ ձեռագործելով կրցած է իր ապրուստը շահիլ:
Հայաստան աշխարհի ամբողջ տարածքին իգական սեռը կը զբաղէր ասեղնագործութեամբ եւ ձեռագործով, մանաւանդ այն շրջանին, երբ հայ կինը կորսնցուցած էր իր երբեմնի ազատութիւնը, արտաքին ճնշումներու եւ մանաւանդ իսլամ մշակոյթի ազդեցութեան տակ: Իր հոգեկան բաւարարութիւնը գտաւ ձեռարուեստի աշխատանքներուն մէջ, զարդարեց եկեղեցիները եւ հոգեւորականներուն տարազները` ստեղծագործական արուեստով, օգտագործելով քարեր, ուլունքներ, մետաքս եւ այլ թելեր` կարելով եւ նախշելով շուրջառ, խոյր, վակաս, ուրար, փորուրար շապիկ, խաչվառ եւ այլն. ձեռագործուած աւետարանիչներու պատկերներով:
Սովորութիւն էր, որ աղջիկներ, փոքր տարիքէն պատրաստէին իրենց օժիտը` կարելով եւ նախշելով թանկարժէք թելերով եւ կամ տնային բամպակով ու բուրդով հագուստներ, սպիտակեղէն, օձիքներ, գիշերանոցներ, անձեռոցիկներ, բարձի երես, սփռոց, ծածկոց ու վարագոյր: Անշուշտ ժանեակագործութիւնը միշտ ներկայ եղած է աւելի նուրբ օձիքներու եւ ծածկոցներու աշխատանքներուն մէջ:
Շատ հինէն մեզի հասած են Անի քաղաքէն հետեւեալ ասեղնագործ իրերը ա.- դամբարանէ մը աղջնակի մը հագուստի կտորներ, ուր կ՛երեւին բարձր մակարդակի աշխատանք, բ. Գրիգոր Լուսաւորիչի խաչվառը` մէկ երեսը կը ներկայացնէ Լուսաւորիչի նկարը, մէկ կողմ Տրդատ թագաւորը, միւս կողմ Ս. Հռիփսիմէն, իսկ միւս երեսը` Քրիստոսը, մետաքսէ կտորի վրայ, բամպակէ եւ մետաքս թելերով: Շատ նուրբ աշխատանք մը, որ պահուած է Էջմիածնի գանձատան մէջ:
Բ.- Հայկական Ասեղնագործութեան Տարածումը
Հայկական ասեղնագործական նշանաւոր կեդրոններէն յիշենք քանի մը հատը. Անին, Վասպուրական, Տարօնը (Պատմական Հայաստան), Կիլիկիոյ տարածքի գաւառներէն` Մարաշ, Ուրֆա, Այնթապ եւն, Թիֆլիս, Պոլիս, Երեւան եւ այլուր: Քաղաքական դէպքերը, մանաւանդ 1915-ի Եղեռնը, գաղթը, թալանը, աւերը, հրդեհները պատճառ եղան, հայ մշակոյթի արժէքներուն կողքին, ասեղնագործական արժէքներու ոչնչացման:
1910-ին Ուրֆայի գորգի գործատան մէջ կ՛աշխատէր գերմանացի պաշտօնեայ մը Պրիւնօ Էքար անունով, որ հիացած Ուրֆայի ասեղնագործութեան վրայ, հայ նկարիչներուն կը պատուիրէ նկարել նախշերը եւ կազմել անոնցմով ալպոմ մը: Ա. Համաշխարհային պատերազմը կը վերջանայ Պրիւնօ կը վերադառնայ Գերմանիա, բայց իր հայ կինը` Սաթենիկ Պէզիկեան կը հրաժարի հետը երթալէն, նոյնիսկ անոր կ՛արգիլէ այդ ընդօրինակութիւնները հետը տանիլ: Սաթենիկ վերամուսնանալով հայ երիտասարդի մը հետ, Հայաստան կը տանի Ուրֆայի ասեղնագործութենէն 230 նախագիծեր եւ կը նուիրէ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին:
1895-ի ջարդերէն ետք, Ուրֆայի Ամերիկեան որբանոցի տնօրէնուհին` Կորինա Շատըգը, որբուհիներու ձեռքի աշխատանքը կը ղրկէ անուանի հայագէտ Յովհաննէս Լեփսիուսի, որ իր կարգին Ուրֆայի մէջ կը հիմնէ աշխատանոց-որբանոց մը, որուն տնօրէնուհի կը նշանակէ Քարէն Եփփէ դանիացի միսիոնարուհին: Նոյն օրերուն Այնթապ կը գտնուէին գերմանացի բժիշկ Շեֆըրտ եւ իր կինը, որոնք հայկական ձեռագործները կը ղրկեն Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպա` մտածելով հայ ժողովուրդին նիւթական եւ հոգեւոր մշակոյթի պահպանման մասին, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհին ցոյց տալու հայ ժողովուրդին աշխատասէր, ստեղծագործող եւ տաղանդաւոր նկարագրի տէր ըլլալը եւ գոյատեւելու նպատակին հասնիլը:
Հետագային, 1915-ի Եղեռնէն ետք, շնորհիւ բարեսէր եւ ժրաջան միսիոնարուհիներուն, Քարէն Եփփէ, Մարիա Ճեքըպսըն, քոյր Ժենեւիա Քաթիւեանին, որբանոցներուն մէջ, Հալէպ, Պէյրութ, Յունաստան, քաջալերեցին հայկական ձեռագործներու աշխատանքը` կորուստէ փրկելով հայկական ասեղնագործութիւնը եւ այլ արհեստներ, ստացուած աշխատանքը ղրկեցին Եւրոպա, Ամերիկա գթասիրական եւ ազգասիրական նպատակով տոգորուած, տէր կանգնելով հայկական արժէքներուն:
Քոյր Ժենեւիան Յունաստանի Վաթի-Սամսոն քաղաքը գտնուած ատեն, հաւաքած է զանազան վայրերէն որբուհիներ, ձեռագործած են հայկական զարդանախշեր, Այնթապի հիւսուածներու նախշերէն քանի մը օրինակներու հաւաքածոյ: Լիոնի մէջ իր մահէն ետք իր գործակիցը եւ օգնականը Լէյլա Գարակէօզեան այս բոլորը նուիրած է Վենետիկի Ս. Ղազար Մխիթարեան Միաբանութեան թանգարանին:
Գ.- Հայկական Ասեղնագործական Տեսակներուն Բնագաւառները
Հայկական ասեղնագործական տեսակներուն բնագաւառները կը բաժնուին երեք գլխաւոր մասերու` աշխարհիկ, կրօնական (եկեղեցական) եւ թագաւորական:
Ժողովուրդի ընկերային դասակարգը. գիւղացին, կ՛ասեղնագործէր տունը պատրաստուած հասարակ կտաւի կամ չիթի վրայ, մինչ հարուստ դասակարգը կ՛ասեղնագործէր մետաքս, ատլազ, թաւիշ կտորներու վրայ` ոսկեթելերով, ուլունքներով, մետաքսաթել մարգարիտներով, ուլունքներով բարդ ու նուրբ նախշերով:
Պատկերագրութիւնը բաժնուած էր չորս գլխաւոր մասերու:- Բուսական, կենդանական, երկրաչափական եւ երկնային մարմիններու բովանդակութիւններով.- Բուսական նախշերն են.- Նուռ – նռնենի, խաղողի հատիկներ, ողկոյզ, կեռասենի, շուշանի նախշեր, որոնք խորհրդանիշ էին արգասաբերութեան:
– Կենդանական նախշերու սիրամարգը, սոխակը, ծիծեռնակը, աղաւնին խորհրդանիշ էին գեղեցկութեան հայրենաբաղձութեան, շինարարութեան, խաղաղութեան: Դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը, հակառակ կրած տառապանքներուն, հալածանքներուն, պահած է իր մշակոյթը, փափաքած է ազատ հայրենիք ունենալ, խաղաղութեան մէջ ապրիլ եւ շինած է եւ երգած է:
– Երկրաչափական զարդերու ընդհանրապէս եղած են ճարտարապետական կառոյցներու համար, վանքեր, խաչքարեր, գերեզմանաքարեր, նպատակը եղած է մեռելներու յիշատակը անմահացնել:
Հայկական ասեղնագործութեան մէջ մտած են խորհրդանշանները, որոնք շատ հինէն հասած են բարձրաւանդակներու միջոցով:
Յիշենք անոնցմէ քանի մը հատը.
Կենաց ծառը.- Բոլոր ժողովուրդներու կողմէ պաշտուած է ծառը, իւրաքանչիւրը ունեցած է իրեն յատուկ ծառը: Հայերը կը պաշտէին սօսի եւ բարտի ծառերը:
Զոյգերու խորհրդանիշ.- Երկնքի եւ երկրի զուգաւորումն է, զիրար ամբողջացնող եւ կեանքը ծնո՛ղ աստուածութիւն:
Արեւի խորհրդանշանը.- Ութ թեւանի ապրիմ-մեռնիմի տեսքը ունի եւ գոյութիւն ունի հայկական մշակոյթի բոլոր բնագաւառներուն մէջ:
Անմահութեան խորհրդանշանը.- որ Տ նշանն է իրարու մէջ ագուցուած է եւ տուած է պտտող անիւի իմաստը, որ կը նշանակէ Տէր, այսինքն յաւիտենականութիւն:
Ասեղնագործութեան մաս կազմած են նաեւ հայկական նշանագիրները, որոնք կը ձեռագործուին լիցք կարով:
Դ.- Կարի Տեսակներ
Ընդհանրապէս օգտագործուած կարերը եղած են հետեւեալները.
Հարթակար, օղակակար, շղթայակար, լիցքակար, հանգուցային կար, թելքաշ կար, կոթասեղ եւ այլն, նաեւ եւրոպական կարիքէն` քրոշէն, ռեքոքոն, ափլիքը կը գործածէին ասեղը, հլունը, մաքուքը: Յատուկ գրուած կամ չգրուած կանոններ չկային, ձգուած էր ասեղնագործուհիին գեղագիտական ճաշակին:
Իւրաքանչիւր գաւառ ունէր իր յատուկ կարը, ձեռագործուած տարազը: Տղամարդոց տօնական հագուստները կը նախշէին նշաձեւ զարդարանքներով: Տարիներու ընթացքին, կենցաղային փոփոխութեան հետ, փոխուեցան նաեւ կերպասներու տեսակները: Հիմնական կարատեսակը մնաց պահպանուած:
Այնքան բազմազան էր ասեղնագործական արուեստը, որ աշխարհագրական տարածքներուն անուններով բացուեցան ստեղծագործական դպրոցներ, որոնցմէ նշանաւորներն էին` Այնթապի կար, Մարաշի կար, Սվազի կար եւ այլն: Այս դպրոցները բնորոշող գեղարուեստական ընտիր իրեր պահպանուած են Էջմիածնի գանձատունը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թանգարանը, Վենետիկի Ս. Ղազար եւ Վիեննայի Մխիթարեաններու միաբանութիւններու մօտ, Պոլսոյ Երուսաղէմի պատրիարքարան, Նոր Ջուղայի Ամենափրկիչ վանքը, Հալէպի Զարեհեան գանձատունը, Տիթրոյիթի Ալեք եւ Մարի Մանուկեաններու թանգարանը, Երեւանի հաւաքածոներու թանգարաններուն մէջ: Առանձին օրինակներ կը գտնուին Վարշաւիոյ, Պուտափեշտի եւ այլ քաղաքներու աշխարհահռչակ թանգարաններուն մէջ:
Հակիրճ ձեւով ներկայացնենք կարգ մը կարեր.
– Այնթապի կար
Այնթապի բնակիչները շատ լաւ արհեստաւորներ եւ վաճառականներ էին: Կը զբաղէին գորգագործութեամբ, կարպետագործութեամբ, ինչպէս նաեւ ասեղնագործութեամբ: Կ՛ասեղնագործէին թաշկինակներ, սփռոցներ, անձեռոցիկներ, գլխաշորեր, հագուստի զանազան հատուածներ, «օյա» անունով ժանեակներ: Կարեւորը կտաւը ըլլայ թափանցիկ, ուրկէ կարելի ըլլայ ուղղահայեաց գիծերով թելեր քաշել, ապա ձեռագործել կերկահին վրայ: Պէտք էր երկու կողմերը իրարու նման ըլլային: Կարը կը կրէր հայկական ճերմակ գործ-անունը, որովհետեւ ընդհանրապէս կը գործածէին ճերմակ կերպաս:
– Մարաշի կար
Երկու տեսակ կարեր ունի: Հարթակարը` կոթասեղ կամ Զէյթունի կար եւ հիւսածոյ կար, որ յատուկ է միայն Մարաշին:
Նախ թաւիշ կտորին վրայ նշուած գծագրութիւնը կը դրոշմեն, ապա չորս շարքերով, աջէն ձախ կարերը կ՛ասեղնագործեն գծուած նախշերը: Ընդհանրապէս կ՛օգտագործեն կարմիր, կապոյտ, երկնագոյն եւ ճերմակ գոյներով բամպակէ, բուրդէ, մետաքսէ եւ թոյլ ոլորուած թելեր:
– Ուրֆայի կար
Ուրֆայի հայերը նշանաւոր կտաւագործներ, դրոշմատպողներ եւ ասեղնագործներ էին:
Ուրֆայի կարը լիցք կը կոչուի, ընդհանրապէս բնութիւնը բնորոշող նկարներ են եւ գործածուած մեղմ գոյնի թելեր, հաւանաբար բնակիչներուն նկարագիրին եւ ճաշակին համընկած: Ուրֆայի գործերը մեծ շուկայ գտած են քիչ մը ամէն տեղ, շնորհիւ Հալէպի աշխատանոց-որբանոցի եւ միսիոնարներու ջանքերուն:
– Սվազի գործ
Սվազի կարը ունի խաչասեղ լիցք եւ հարթակար: Կը գործածեն ճերմակ կամ բնական գոյնի կտաւ, որոնց ծակտիկները կարելի ըլլայ հաշուել, քանի որ համրանքի վրայ հիմնուած է, եւ երկու երեսները պէտք է ըլլան նման:
– Վանի կար
Երկու տեսակ կար ունի.
ա.- Երեք թելերով կ՛աշխատցուի, գործող թելը սեղմելով կը ստացուին ցանցի նախշեր, ապա շուրջը` ոսկեթել հարթակար:
բ.- Շղթայակարը, որ շատ փոքր եւ խիտ շարքերով գոյնզգոյն մետաքսէ թելերով կ՛աշխատին:
– Քիլիսի կար
Կ՛ընտրեն երկու տարբեր գոյնի կերպասներ: Մէկուն վրայ կը գծեն նախընտրած նախշը եւ որոշ գիծերը կը կտրեն: Երկրորդ կտորը կը տեղադրեն կտրուած գիծերուն համեմատ եւ կողքակարով կ՛ամրացնեն կտորին վրայ կտրուած գծանկարներու հետեւողութեամբ:
– Պոլսոյ կար
Շքեղ հարթակարն ու ուռուցիկ կարը, որ կը կոչուի նաեւ «գազազ» կար: Այս երկու կարերը կը զուգադրուին վերադիր կարին հետ, օգտագործելով ոսկեթել, արծաթաթել երբեմն մարգարիտը: Այս կարով ասեղնագործուած Ս. խորանի վարագոյր մը եւ խոյր մը պահպանուած են Էջմիածնի գանձարանին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի թանգարանին մէջ:
– Սեբաստիայի կար
Կը կոչուի թարսկար: Թափանցիկ կտորի վրայ թարս կողմէն լիցք կարով ասեղնագործուած է մետաքսաթելով, այնպէս մը, որ ուղիղ երեսը կը ստանայ իսկական զարդանախշը:
Յիշուած կարերէն բացի, Հայաստանի զանազան գաւառներ ունեցած են յատուկ կարեր, որոնք ընդհանրապէս օգտագործած են ծիսական (եկեղեցական առարկաներ) ձեռագործելու համար, ինչպէս` սկիհի ծածկոց, Ս. խորանի վարագոյր, ուրարներ եւ այլն, Քրիստոսի, առաքեալներու եւ աւետարանիչներու պատկերներով նախշուած:
Չմոռնանք Մուսա Լերան եւ Քեսապի նուրբ եւ գեղեցիկ օրինակներով ձեռագործուած ասեղնագործութիւնը, ժանեակագործութիւնը, մաքուքի գործեր, զորս մինչեւ օրս, այնճարցիները կը շարունակեն հիւսել, ձեռագործել. թուանշաններ, տարուան թիւը, հայկական նշանագիրներ եւ բանաստեղծական քառեակներ ու այսպէս սերունդէ սերունդ փոխանցելով պահպանուած կ՛ըլլան իրենց ստեղծագործութիւնը տարբեր գաղթավայրերու տարածքին:
Ե.- Հայկական Ասեղնագործութիւնը Այսօր
Ահաւասիկ, հայկական կարերը դարերու ընթացքին պահպանուած են շնորհիւ ընտանեկան անդամներուն սերունդէ սերունդ փոխանցումով: Այդ փոխանցումը հետապնդած են ընդհանրապէս Սուրիոյ (Հալէպ) եւ Լիբանանի (Պէյրութ) գաղթօճախները:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին, երբ տնտեսական վիճակը բաւական վատ էր, գործարանները դպրոցները, փակ էին, ԼՕԽ-ի օրուան Շրջանային վարչութեան գեղեցիկ գաղափարը յղացաւ, իր շուրջ հաւաքել կիներ, օրիորդներ սորվեցնելու հայկական ասեղնագործութիւնը, հրաւիրելով կիներ, որոնք քաջածանօթ էին հայկական կարերու: Երբ աշխատողներու թիւը բարձրացաւ, ԼՕԽ-ը յաջողեցաւ աշխատանոց մը բանալ, եւ լաւ կազմակերպուած աշխատեցան ու ստացան իրենց աշխատանքի արդար վարձատրութիւնը:
ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի գործունէութիւնը կը հետապնդէ երեք նպատակներ:
– Պահպանել եւ տարածել հայկական ասեղնագործութիւնը,
– Գործ հայթայթել կարիքաւոր իգական սեռին,
– Եկամուտ ապահովել, նպաստ բերել ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան գործունէութեան բարեսիրական կարիքներուն:
Աւելի ուշ, աշխատանքի ձեւը կը փոխուի արտադրութեան քանակը կը բարձրանայ, կարիքը կը զգացուի խանութի մը, ցուցադրելու համար գեղեցիկ արտադրութիւնները: Շնորհիւ բարեսէր մարդոց, խանութ կը գնուի Պուրճ Համուտի շրջանի հայահոծ կեդրոնին մէջ, կը կազմուի ձեռարուեստի յանձնախումբ մը, աշխատանքները աւելի յառաջ տանելու: Կը կազմակերպուի ցուցահանդէսներ, զորս մինչեւ օրս կը շարունակուի ու պիտի շարունակուի` հիացմունք պատճառելով հայ թէ օտար այցելուներուն, որոնք կը գնահատեն ու կը քաջալերեն ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ձեռարուեստը: Նոյնիսկ հայ կամ օտար արուեստագէտներ, երբ այցելեն ցուցասրահ, սքանչացումով եւ զարմանքով կը դիտեն ու կը գնահատեն աշխատանքին սէրը դէպի հայկական կարերը` ասեղնագործութեան հրաշալիքները, յուզելով զիրենք, նախանձելի գործունէութեան համար:
Օգտագործուած աղբիւր`
ԼՕԽ-ի Հայկական Ասեղնագործութիւն գիրքէն
21, նոյեմբեր, 2016
Պէյրութ