Սլաք. Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն Մէջ Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Հոկտեմբեր ամիսը` հայ մշակոյթի ամիսը, պէտք է դառնայ լոյսի եւ հոգեւոր հարստութեան տօն: Ան պէտք է համախմբէ մեր միտքն ու զգացումը` գեղարուեստի, գրականութեան, երաժշտութեան եւ թատրոնի շուրջ: Բայց ի՞նչ կը տեսնենք այսօր... Դատարկ աթոռներ` անշարժ վկաներ մեր անտարբերութեան: Շաբաթ երեկոյեան Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը նոր հնչեղութիւն տուաւ հայ բեմին` բեմադրելով խորիմաստ եւ գեղարուեստական ճաշակով կերտուած ներկայացում մը` «Մարդը...



















