Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Մենք` հայերս, մեծապէս կը հպարտանանք մեր մշակութային եւ արուեստի աւանդով: Կը սիրենք պարծենալ, որ ժողովուրդ մըն ենք, որ կը գնահատէ արուեստը. կը հրճուինք` կրկնելով, որ մենք բանաստեղծներու, երաժիշտներու եւ մտաւորականներու ազգ ենք, որ` թատրոնը մեր արեան մէջ է…

Չէ՞ որ Տիգրան Մեծը վեհաշուք թատրոն մը կառուցած է Տիգրանակերտի մէջ` դեռ այն ատեն, երբ Հռոմի մէջ նոյնիսկ թատերական մշակոյթ չկար: Չէ՞ որ Արտաւազդ Բ. գահաժառանգը յունական ողբերգութիւններ գրած է: Չէ՞ որ Վենետիկի մէջ Մխիթարեանները հայերէնի թարգմանած են Մոլիերի ու Շէյքսփիրի գլուխգործոցները:

Այո՛, այո՛, կրնանք մէջբերել պատմական նուաճումները: Բայց, եկէք, պահ մը վերադառնանք ներկային ու քննենք Երեւանի մէջ թատրոն, օփերա կամ այլ ներկայացում մը դիտելու այսօրուան իրականութիւնը:

Սկսիմ ենթադրութեամբ մը. եթէ անցեալի մեր հայ մեծ թատերագիրներն ու բեմադրիչները կարենային տեսնել այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ բեմին միւս կողմը, անոնք պիտի վերագրէին իրենց ողբերգութիւնները` ներառելով ժամանակակից հայկական թատրոնի հանդիսատեսի իրական կատակերգութիւնը:

Սա միայն միանգամեայ յուսախաբութիւն մը չէ. շուրջ տարի մը առաջ Դիմատետրի մէջ գրառում մը ըրած էի ճիշդ այս խնդրին մասին, որ յառաջացուց մեկնաբանութիւններու տարափ մը. մարդոց մեծ մասը համաձայնեցաւ, մինչդեռ ուրիշներ փորձեցին արդարացնել վարքագիծը` պնդելով, որ ատիկա պարզապէս մշակոյթին մաս կը կազմէ:

Բայց իսկապէ՞ս այդպէս է. պէ՞տք է որ այդպէս ըլլայ: Եթէ ամբողջ ներկայացման ընթացքին հեռաձայնազանգերով, խօսակցութիւններով եւ անվերջ ելլել-իջնելով խանգարելը դարձած է մեր արուեստը «գնահատելու» ձեւը, ապա կը կարծեմ` ժամանակն է վերանայելու, թէ ի՛նչ կը նշանակէ յարգել արուեստը:

Օրինակ բերեմ իմ` վերջերս դիտած թատերական ներկայացումը, որուն հեղինակն է սիրելի ընկերներէս մէկը: Յուզիչ գործ մը` այժմ կորսուած հայրենիքի մը մասին, գեղեցկօրէն զարդարուած հայրենական բարբառով եւ աւանդոյթներով: Սկզբունքով այս ներկայացումը դիտելը պէտք էր յուզիչ, զգացմունքային փորձառութիւն մը ըլլար, սակայն ան դարձաւ մեր որոշ հայրենակիցներու` արուեստը «գնահատելու» կործանարար ձեւի ցուցադրութիւն մը: Մէկ խօսքով` խայտառակութիւն. անդադար խօսակցութիւններ, ծիծաղի պատահական պայթիւններ եւ հեռաձայնի զանգեր, որոնք կ՛ընդմիջէին լռութիւնը, ինչպէս` հարուածային գործիքներու անփորձ ու անտեղի կատարում մը: Հաշուեցի 25 զանգ. այո՛, ընկերներով հեռաձայնազանգերու եւ պատգամներու «տնկ»-ոցներ հաշուելը խաղ դարձուցած ենք (25-ը համեմատաբար լաւ էր. Գիւմրիի մէջ ներկայացման մը ժամանակ իմ ընկերս ու ես հաշուեցինք 47, թէեւ, արդար ըլլամ եւ ըսեմ, որ այդ ներկայացումը շատ աւելի երկար էր):

Եւ, օ՜, հեռաձայնի փայլող պաստառները. անարգութեան լուսաւոր փարոսներ, որոնք կը լուսաւորէին մութը, մինչ հանդիսատեսները կը ստուգէին իրենց պատգամները, կը թերթէին իրենց Ինսթակրամի էջերը եւ, ամէնէն «տպաւորիչ»-ը, աղջնակ մը ուղիղ եթերով կը հեռարձակէր ներկայացումը: Այո՛, Դիմատետրի կամ Ինսթակրամի մէկ անկիւնին մէջ գոյութիւն ունի թատերական գործի մը ակամայ-յառաջապահական տարբերակ մը, որ յագեցած է դեռահասի մը դողացող նկարահանումով, որ կը փաստագրէ մշակոյթը` միաժամանակ զայն ամբողջութեամբ անտեսելով:

Անշուշտ ոչ մէկ ներկայացում ամբողջական պիտի ըլլար առանց պատանի-աշակերտ հանդիսատեսներու, որոնք հաւաքուած են ինչ-որ ուսուցողական պտոյտով: Թէեւ տեսականօրէն սա ազնիւ ճիգ մըն է` յաջորդ սերունդին ներկայացնելու կատարողական արուեստները, սակայն գործնականին մէջ ճիշդ հակառակն է: Այս երեխաները, ճնշուած իրենց ուղեկցողներուն մեղմ խնդրանքներէն, անվրդով կը խօսակցին, կը ծիծաղին եւ կը տեղաշարժին իրենց նստատեղերուն մէջ այնպիսի անհանգստութեամբ մը, որ սովորաբար կը պատահի երկարատեւ թռիչքներու ընթացքին: Սպասաւորները, հերոսաբար փորձելով կարգ հաստատել, «շը՜շ» կ՛ընեն եւ յուսահատօրէն ձեռքերը կը թափահարեն, ու ի վերջոյ, կ՛ընդունին պարտութիւնը:

Եւ եկէ՛ք, չմոռնա՛նք անբացատրելի շարժումներուն մասին. մարդիկ ներս ու դուրս կ՛ելլեն, կարծես թատրոնը կայարան մ՛ըլլար, այլ ոչ թէ` ներկայացման վայր մը: Ոմանք կ՛անհետանան երկար ժամանակով, կը վերադառնան կարեւոր տեսարանի մը ընթացքին: Ուրիշներ բարձրաձայն, երկարատեւ վիճաբանութիւններ կը սկսին նստատեղերու բաշխման շուրջ, կարծես թուագրուած նստատեղերը պարզապէս առաջարկ մը ըլլային, այլ ոչ թէ` կանոն մը: Այս վերջին ներկայացման ժամանակ ամբողջական կռիւ մը ծագեցաւ` սպասաւորներուն եւ խումբ մը հանդիսատեսներու միջեւ, որոնք կը փորձէին հասկնալ, թէ ո՛ւր պէտք էր նստէին: Կարեւոր չէր, որ շարքին կէսը պարապ էր. բնականաբար այս «ճգնաժամը» լուծելու համար անհրաժեշտ էր միացնել հեռաձայնի լապտերը:

Եւ այս բոլորէն` անվերջ խօսակցութիւններէն, ընդմիջումներէն, անարգանքներէն ետք, մենք կը հասնինք հանդիսաւոր եզրակացութեան: Այն պահուն, երբ ներկայացումը կ՛աւարտի, մենք ականատես կ՛ըլլանք զարմանալի փոխակերպումի մը. խորհրդային ոճի միալար ծափը կը սկսի եւ գրեթէ անխուսափելիօրէն կը հետեւի յոտնկայս ողջոյնը: Նոյն հանդիսատեսը, որ ամբողջ ներկայացումին ընթացքին թատերասրահը դարձուցած էր սպասասրահի մը, յանկարծ խորապէս կը յուզուի ու չի կրնար զսպել իր հիացմունքը: Ծաղկեփունջեր կը տրուին կատարողներուն (բայց միայն իգական սեռին, անշուշտ, ինչպէս աւանդութիւնը կը պահանջէ), եւ ամէն ինչ հրաշալի է:

Եւ հոս է իրական անհեթեթութիւնը: Մենք մեզ համոզած ենք, որ մշակոյթի նկատմամբ մեր յարգանքը անկասկած է ու ամբողջական: Բայց յարգանքը ոչ թէ ներկայանալու եւ ճիշդ պահերուն ծափ զարնելու մասին է, այլ` ներկայութեան պահուն ուշադրութեան եւ գիտակցութեան մասին: Ես ո՛չ մշակութային մասնագէտ եմ, ո՛չ ալ կ՛ըսեմ այս բոլորը որպէս մէկը, որ տեղափոխուած է արտասահմանէն` գիտելիքներ փոխանցելու համար: Այս բոլորը կ՛ըսեմ ո՛չ թէ ապացուցելու, թէ այլուր ամէն ինչ «աւելի լաւ» է: Սա պարզապէս հարցում մըն է, թէ արդեօք մենք` որպէս ժողովուրդ, որ այդքան կը հպարտանայ իր արուեստի աւանդով, այսօր կը պահպանե՞նք զայն գործնականին մէջ:

Համեմատեցէք ասիկա Պրոտուէյի հետ, ուր խիստ կանոնները կ՛ապահովեն ներկայացումներու անխափան ընթացքը. կամ` Թորոնթոյի հետ, ուրկէ ես եկած եմ (եւ որ, ի դէպ, աշխարհի մեծագոյն թատերական կեդրոններէն մէկը ունի. գրաւի կու գամ` դուք ատիկա չէիք գիտեր): Մարդոց անփութօրէն խօսակցելու կամ ներկայացման մէջտեղը հեռաձայններու մէջ թերթելու գաղափարը աներեւակայելի պիտի ըլլար երկու վայրերուն մէջ ալ: Ուշացողներուն կ՛արգիլուի մտնել մինչեւ ընդմիջում, եւ հանդիսատեսէն կ՛ակնկալուի բացարձակ ուշադրութիւն դարձնել այն ներկայացումին, որուն համար անոնք վճարած են:

Պատկերացուցէք Պրոտուէյի թատրոնի սպասաւորին սարսափը, եթէ «Glengarry Glen Ross»-ի ներկայացումին մէջտեղը ներկայ մը սկսէր «ԹիքԹոք»-ը թերթել: Եւ, սակայն, Երեւանի մէջ մենք կ՛ընդունինք այս վարքագիծը որպէս անխուսափելի, կարծես ատիկա պարզապէս մեր տեղական թատրոնի մշակոյթին «հմայքին» մաս կը կազմէ:

Եթէ մենք իսկապէս կը սիրենք եւ կը յարգենք արուեստը, թերեւս ժամանակն է, որ սկսինք ապացուցել ատիկա ո՛չ միայն ներկայ ըլլալով, այլ` վարուելով հանդիսատեսի մը պէս, որ արժանի է այն ներկայացումներուն, զորս կը պնդենք, թէ կը գնահատենք: Կամ, թերեւս, ժամանակն է, որ դադրինք մեզ կոչելէ արուեստն ու թատրոնը գնահատող ազգ եւ պարզապէս ընդունինք, որ 2025 թուականին Wi-Fi-ի լաւ կապը աւելի գրաւիչ է, քան` որեւէ բան, որ տեղի կ՛ունենայ բեմահարթակին վրայ:

Եթէ միակ ճամբան, որով մենք կը շփուինք արուեստին հետ, անարգանք, անտարբերութիւն եւ չափազանցուած յոտնկայս ծափողջոյններն են (որոնք աւելի շատ կը ծառայեն որպէս ինքնագովութիւն, քան` իսկական գնահատանք), ապա, հաւանաբար, մենք ընդհանրապէս մշակոյթին արժանի չենք:

 

 

 

Նախորդը

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?