Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

October 14, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 8 նոյեմբերին լիբանանահայ մշակութասէր հանրութիւնը  առիթը պիտի ունենայ ըմբոշխնելու հայ երաժշտութեան անկորնչելի գոհարներու հոյլ մը` կատարողութեամբ հայրենի տաղանդաշատ արուեստագէտ Ռազմիկ Բաղդասարեանի:

Համազգայինի Լիբանանի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան կողմէ կազմակերպուած այս մտերմիկ ընթրիքի երեկոն տեղի պիտի ունենայ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ եւ պիտի վայելէ հովանաւորութիւնը նախկին նախարար տէր եւ տիկին Վրէժ Սապունճեանի: Այս առիթով արժէ լիբանանահայութեան ներկայացնել արուեստագէտին անցած ուղին:

Ռազմիկ Բաղդասարեան` երգիչ, երգահան, խմբավար, աւարտած է Երեւանի պետական երաժշտանոցը երկու մասնագիտութեամբ` երգահան եւ խմբավար: Կանուխ տարիքէն աւարտած է նաեւ Ջիւանիի անուան աշուղական դպրոցը եւ Հրազդանի առաջին երաժշտական դպրոցը` իբրեւ դաշնակահար:

Ան իր ձայնային հմտութիւնները զարգացուցած է աշխարհահռչակ օփերայի երգիչ, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, պաս-պարիթոն Բարսեղ Թումանեանի մօտ:

Համերգներով հանդէս եկած է աշխարհի շատ նշանաւոր դահլիճներու մէջ, ինչպէս` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, Կոլոնի համերգասրահը (Columbus Theatre), Քառնեկի դահլիճ (Carnegie Hall) եւ այլն:

2001 թուականին` տասը տարեկանին, առաջին մենահամերգը կը ներկայացնէ Երեւանի «Մոսկուա» թատերասրահին մէջ, ուր Ռազմիկ Բաղդասարեանը ելոյթ կ՛ունենայ վաստակաշատ Սայաթ Նովայի անուան աշուղական նուագախումբին ընկերակցութեամբ: Համերգին ներկայ կը գտնուին` Օֆելիա Համբարձումեան, Սիլվա Կապուտիկեան, Թովմաս Պօղոսեան, Անահիտ Սահինեան, որոնք իրենց հիացմունքի խօսքը կը փոխանցեն:

2003-ին Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, դոկտոր-փրոֆեսէօր  Թովմաս Պօղոսեանի ջանքերով լոյս կը տեսնէ անոր առաջին ձայնասկաւառակը` «Մեր երգը» խորագիրով:

2012-ին ան կու տայ երկրորդ մենահամերգը` Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահին մէջ:

2012-2014 իր պարտքը կը համարէ զօրակոչուիլ հայկական բանակ ու երկու տարի ծառայել հայրենիքին:

2015 թուականէն, շուրջ ինը տարի, Հայաստանի Սենեկային պետական երգչախումբի մեներգիչը եղած է, որուն ծիրին մէջ համերգներով հանդէս եկած է` Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Շուէտի, Ամերիկայի, Արժանթինի եւ այլ բազմաթիւ երկիրներու մէջ:

2016-ին լոյս կը տեսնէ անոր երկրորդ ձայնասկաւառակը` «Դուն էն գլխէն» խորագիրով:

2018-ին կը հիմնէ «Harmony Records Armenia» ձայնագրատունը, ուր կը կատարէ գործիքաւորումներ` արդիական վերջին միջոցներով:

2022-ին տեղի կ՛ունենայ Ռազմիկ Բաղդասարեանին երրորդ մենահամերգը Ամերիկայի մէջ, ուր ան կ՛արժանանայ Քալիֆորնիոյ ծերակոյտին կողմէ տրուած պարգեւին:

2023-ին տեղի կ՛ունենայ արուեստագէտին չորրորդ մենահամերգը` դարձեալ Ամերիկայի մէջ, ուր ան կը ներկայացնէ նաեւ իր սաները, որոնք, հայրենիքէն հեռու ապրելով հանդերձ, իրենց ուսուցիչին շնորհիւ սկսած են հրաշալիօրէն երգել` Սայաթ Նովա, Կոմիտաս, Շերամ, Աշոտ:

Արժանացած է բազմաթիւ պարգեւներու` Լոս Անճելըսի եւ Կլենտէյլի քաղաքապետարաններուն, Քալիֆորնիոյ ծերակոյտի կողմէ:

Իբրեւ երգահան գրած է երաժշտական երկեր (սիմֆոնիկ պոէմ), դաշնամուրի գործեր, երգչախմբային ու ձայնային-երգեցողական (vocal) ստեղծագործութիւններ:

Էդուարդ Միրզոյեանի անուան երգահաններու մրցոյթին Ռազմիկ Բաղդասարեանի «Վահագնի ծնունդը» խմբերգը արժանացած է առաջին մրցանակին:

Այսօր Ռազմիկ Բաղդասարեանը կ՛ապրի եւ կը ստեղծագործէ հայրենիքին մէջ` հայ երգն ու մշակոյթը տարածելով համայն աշխարհին մէջ:

Ան կոչումի վերածած է մաքրամաքուր երաժշտութեամբ ու հայապահպան իղձով առաջնորդուելու աննահանջ երթը:

Ռազմիկ Բաղդասարեան ունի բազմաթիւ աշակերտներ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, զորս կը դաստիարակէ ազգային շունչով եւ վեհ իտէալներով:

Վստահ ենք, որ ներկաները հայ երաժշտութեան  յիշատակելի պահ մը պիտի անցընեն Համազգայինի ջերմ, մտերմիկ եւ ընտանեկան մթնոլորտին մէջ:

Բարի՛ վայելում բոլորին:

ՀԱՄԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆ

* Հետեւեալ կապերով կրնաք ծանօթանալ Ռազմիկ Բաղդասարեան տաղանդին. առաջինին մէջ՝ երբ 11 տարեկան էր, երկրորդին՝ երբ արդէն երիտասարդ է։

 

Նախորդը

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Յաջորդը

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.