Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջոցներ Որդեգրել` Թարգմանչաց Աւանդը Վառ Պահելու

October 11, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՕՍԷ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ

Աշխարհիս մէջ ներկայիս ընթացող հինգերորդ սերունդի «խառնածին» պատերազմները (ռազմականի կողքին` ինքնութեան խաթարման, քաղաքական, տնտեսական, տեղեկատուական եւ այլն) անկասկած շատ աւելի բարդ եւ խոցելի կը դարձնեն իւրաքանչիւր ազգի ինքնապաշտպանական ունակութիւնները: Այստեղ ազգային պաշտպանունակութիւնը կախեալ չէ սոսկ ազգային գաղափարախօսութիւն քարոզելէ, այլ` ազգի բոլոր կառոյցները գործնական գետնի վրայ զօրաշարժի ենթարկելէ, ինչպէս` կրթական, մշակութային, քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ այլ բնագաւառները աշխուժացնելով:

Ուստի իւրաքանչիւր ազգի համար, յատկապէս` հայրենազուրկ ազգերու,  վիճակը չափազանց զգայուն է, ինչպէս` հայերուս պարագային, ուր նուազագոյն սայթաքումն իսկ յղի է անկանխատեսելի ծանր հետեւանքներով:

Այս պայմաններու մէջ այսօրուան սփիւռքահայ երիտասարդին որդեգրած ապազգային քաղաքականութիւնը ամենեւին չի համապատասխաներ մեր ազգի ու հայրենիքի ազգային եւ համամարդկային իղձերուն ու ձգտումներուն:

Ապազգային եւ անհեռատես քաղաքականութիւնը ո’չ մէկ ձեւով կը նպաստէ ճգնաժամի յաղթահարման ու ազգային համերաշխութեան ամրապնդման: Այս բոլորը դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ է ազգային արժէքները դաւանող առողջ ուժերու համախմբում: Ազգային շահերը գերադասող ուժերու իւրաքանչիւր յապաղում ազգին համար ճակատագրական կրնայ ըլլալ: Քաղաքական-գաղափարական տարակարծութիւնները  մէկ կողմ ձգած` գալիք պայծառ օրերու փրկութեան սրբազան գործին լծուինք, քանզի դեռ ուշ չէ, քանզի դեռ կարելի է ազգը փրկել ուծացումէ:

Համաշխարհայնացման այսօրուան յորձանուտին մէջ ազգը կարիքը ունի իր լաւագոյն զաւակներուն` ժամ առաջ ազատելու ազգադաւ եւ ազգակործան  խաւարամիտ օտարամոլ մակաբոյծներէ, որոնք կ՛ապականեն ազգային  բոլոր հոգեւոր արժէքները եւ կը մոլորեցնեն լաւագոյն տարրը:

Արդ, արշաւի պէտք է սկսիլ` առաջին հերթին զօրաշարժի ենթարկելով բոլոր գերարդիական  միջոցները հայկականին ծառայեցնելով:

Երիտասարդներուն համար պարարտ հող պատրաստել` անկախ անոնց յարանուանական պատկանելիութենէն կամ կուսակցական թեքումէն:

Լուսաւորչական աշխատանք տանելու լաւագոյն եւ արդիւնաւէտ միջոցներէն կարեւորագոյնը` ստեղծել հայկական կեդրոն մը, ուր իւրաքանչիւր երիտասարդ ստանայ իրեն նախասիրած ճիւղի ուսումը` հայերէնով, որուն տրուի համապատասխան հաւաստագիր, որ ի զօրու է  ամէնուր, իսկ ուսումը ըլլայ անշուշտ անվճար դրութեամբ:

Ամէնէն էականը` ուսման աւարտին տուեալ երիտասարդին կեդրոնին կողմէ գործ հայթայթուի:

Ժամանակը կարող ենք ի նպաստ մեզի շրջել, եթէ միահամուռ ձեւով զօրաշարժի ենթարկենք ինքներս մեզ եւ մեր յոյսը դնենք բացառապէս մեր ազգի կամքին եւ ինքնագիտակցութեան վրայ:

Մարտահրաւէրները շատ են, բայց միաժամանակ` կամքը անսասան: Օրհասական պահուն իր մէջ ուժ գտած հայ ազգը ընդունակ է այսօր եւս համախմբուելու եւ ի հեճուկս համաշխարհայնացման յորձանուտին` յաղթահարել դժուարութիւնները եւ ընթանալ դէպի խաղաղ ափեր, դէպի մշտնջենաւորութիւն:

 

 

Նախորդը

Թարգմանչաց Տօն. Հայ Մշակոյթի Անկրկնելի Դէմք Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի

Յաջորդը

Թարգմանչաց Հայրերը Թող Չանիծեն Մեզ…

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.