Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հոկտեմբերի երրորդ շաբաթավերջին ուշագրաւ զուգադիպութիւն մը արձանագրուեցաւ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, նաեւ` այլուր: Հրապարակային բողոքի մեծ ցոյցեր եւ հաւաքներ տեղի ունեցան իրերանման դրդապատճառներով: Եթէ ուզենք հասարակ յայտարար մը գտնել, անշուշտ որ կրնանք. ցոյցարարները կը մերժէին իշխանաւորին կամայական, հակաժողովրդավարական եւ մենատիրական արարքները, բռնի ուժի անհամաչափ կիրարկումը: «Ո՛չ Թագաւորներու» Միացեալ Նահանգներու աւելի քան 2500 (ըստ կարգ մը տեղեկութիւններու` 2700)...



















