Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կոմիտասի Բիւրեղեայ Ձայնը Լռեց. Լռութիւնը Դարձաւ Երգ, Դարձաւ Պատարագ Ու Աղօթք

Կոմիտաս Վարդապետի Մահուան 90-Ամեակին

Հոկտեմբեր 13, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Հոկտեմբեր ամիսը կը յատկանշուի իբրեւ թարգմանիչներու եւ հայոց մշակոյթի ամիս:

Հոկտեմբերը հոգեցունց եւ խոկալու առիթ մըն է մշակութասէր հայերուս համար, անիկա կը զուգադիպի նաեւ Կոմիտաս վարդապետի մահուան 90-րդ տարելիցին:

Անհատապէս եւ հաւաքաբար կը խոնարհինք Կոմիտաս վարդապետի անմահ յիշատակին առջեւ` ի նշան երախտագիտութեան, գոհունակութեան, յարգանքի եւ հաւատքի: Անոր թողած ժառանգութիւնը անմար կտակ ու կրակ է մեր ազգային մշակոյթին մէջ:

Կոմիտաս ծնած է 1869-թուականին անատոլիական փոքրիկ քաղաք Քիւթահիոյ մէջ, ուր հայ բառը դեռ աղօտ լոյսի նման կը պահէր իր գոյութիւնը: Փոքրիկն Սողոմոն մանկութեան տարիներէն որբ մնաց. մէկ տարեկան հասակին կորսնցուց մայրը, իսկ տասը տարեկանին` հայրը: Շրջանի առաջնորդը, աստուածային նախախնամութեամբ, փոքրիկն Սողոմոնը ընտրեց եւ առաջնորդեց դէպի Էջմիածին` Գէորգեան ճեմարան, ուր ան կանգնեցաւ իր մշուշապատ ճակատագիրին դէմ յանդիման:

Կոմիտաս վարդապետ այսպէս կը գրէ իր ինքնակենսագրութեան մէջ. «1881 թուին մեր վիճակի առաջնորդը` Գէորգ վարդապետ Դերձակեանը պէտք է գնար Սուրբ Էջմիածին եպիսկոպոս ձեռնադրուելու: Գէորգ Դ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը հրամանագրել էր, որ առաջնորդը հետը բերէ եւ մի որբ աշակերտելու, իր Էջմիածնում հիմնած Մայր Աթոռի Գէորգեան ճեմարանի համար: Քսան որբի միջից վիճակն ինձ ընկաւ եւ առաջնորդը ինձ Ս. Էջմիածին բերաւ»:

Հոն էր, որ սրբութեան եւ գիտութեան տաճարի պատերուն ներքեւ արթնցաւ Կոմիտասի հոգւոյն մէջ աստուածատուր տաղանդը` նախ հայ գիւղացիի պարզ երգին մէջ, ապա` եկեղեցական շարականներուն:

Գէորգ Դ. վեհափառ հայրապետին առջեւ Սողոմոնի ունեցած առաջին ելոյթը խոր զգացումներ յառաջացուց:

Վեհափառին արցունքները կը գլորէին երկար եւ ճերմակ մօրուքին վրայէն ու կը թաքնուէին անոր փիլոնի ծալքերուն մէջ, եւ կարծէք այդ օրէն արդէն ճշդուեցաւ, որ իր ուղին, աստուածային նախախնամութեամբ, պիտի տանի զինք դէպի համաշխարհային բարձունքներ ու յաւերժութիւն:

Կոմիտաս սակայն միշտ չէ, որ ինքզինք լիովին ուրախ զգացած էր Էջմիածնի շրջափակին մէջ: Ան գիտէր, որ իր ապագան այլ տեղ էր: Իր իսկական դաշտը բացուեցաւ այն ատեն, երբ ան դուրս եկաւ Էջմիածնի շրջապատէն:

Անոր ուսումնական ցանկութիւնն ու տենչը, ծրագիրներն ու առաքելութիւնը նաեւ մեծապէս քաջալերուեցան բարերար Ալեքսանդր Մանթաշեանի մեկենասութեամբ ու հովանաւորութեամբ: Կոմիտաս երաժշտական իր ուսումը կատարելագործեց Պերլինի Ֆրիտրիխ-Վիլհեմ համալսարանի փիլիսոփայական բաժանմունքին մէջ եւ ընթացքը աւարտեց պատուոյ յիշատակութեամբ:

Իր աստուածատուր տաղանդով ու անսասան նուիրումով Կոմիտաս վարդապետ շրջեցաւ գիւղէ գիւղ, հաւաքեց ու փրկեց մեր գեղջկական երգերը, մաքրեց զանոնք ժամանակի փոշիէն եւ փոխանցեց զանոնք իբրեւ հոգեւոր պատգամ ու կտակ: Անոր երաժշտութիւնը դարձաւ հայ ազգի հնչող դիմագիծը` թէ՛ ուրախութեան եւ թէ՛ ցասումի պահուն: Երբ բառերը չէին բաւեր արտայայտելու մեր ապրումները, Կոմիտասը դարձաւ մշակոյթի մեր հաւաքական ջինջ ձայնը:

Կոմիտաս վարդապետ ամէնուրեք կազմեց մեծաթիւ երգչախումբեր ու պատուաբեր ելոյթներ ունեցաւ` Փարիզի, Ցիւրիխի, Լոզանի, Ժընեւի, Պոլսոյ, Թիֆլիսի, Պաքուի, Երեւանի եւ Էջմիածնի միջազգային ու հայկական բեմերու վրայ: Այս ելոյթները փառքով պսակուեցան, եւ հայ երգը հնչեց նոյնիսկ օտարազգիներու կողմէ աշխարհի տարածքին:

Արդէն իննսուն տարի անցած է այն օրեն, երբ վեհանուն Կոմիտասը առյաւէտ ննջեց: Բայց անոր բիւրեղեայ ձայնը լռեց միայն ֆիզիքապէս. լռութիւնը դարձաւ երգ, դարձաւ պատարագ ու աղօթք, դարձաւ տառապանք` փառապանծ յոյսով: Կոմիտաս երգեց ոչ միայն իր ժամանակներու, այլ բոլոր սերունդներու համար` մեզի, մեր զաւակներուն եւ յառաջիկայ սերունդներուն:

Հայ մշակոյթին մէջ քիչ են անունները, որոնք կը բարձրանան անհատականութենէ վեր, կը ճեղքեն ժամանակի սահմանները` հասնելու անհունին: Այդ անուններէն մէկն է Կոմիտաս վարդապետը` Սողոմոն Սողոմոնեան, որուն հանճարը վերածուեցաւ ազգային յուշարձանի, իսկ երաժշտութիւնը` մեր ինքնութեան ներքին ձայնին:

Կոմիտասի երգերը` «Կռունկ», «Չինար ես», «Անուշաւան», «Գարուն ա», «Երկինքն ամպել է», «Շողեր ջան», «Քելէ-քելէ», «Լոռուայ գիւղը» եւ բազմաթիւ ուրիշներ կը հոսին մեր ազգային գիտակցութեան մէջ` մաքուր, պարզ եւ խորիմաստ, միաժամանակ` ողբերգական ու շքեղ:

Այնուամենայնիւ, Կոմիտասի ճակատագիրը չունեցաւ իր ստեղծագործութիւններուն ներդաշնակ ընթացքը: 1915-ի Ցեղասպանութեան ահաւոր փոթորիկը խորտակեց անոր հոգեկան ներաշխարհը: Ձերբակալուեցաւ, աքսորուեցաւ, փրկուեցաւ կոտորածէն, բայց չփրկուեցաւ ներսի հոգեկան փլուզումէն: Փարիզի «Villejuif» հոգեբուժարան-հիւանդանոցին մէջ ապրեցաւ մենութեան եւ լռութեան մէջ մինչեւ իր յաւիտենական ննջումը` 19 հոկտեմբեր 1935-ին, եւ վերջապէս, 1936-ին անոր անշնչացած մարմինը հայրենիք վերադառնալով` ան դարձաւ «անլռելի զանգակատուն» ու ղօղանջ եւ յուշարձան` հայոց մշակոյթի յաւերժութեան:

Անմահանուն Կոմիտասը չէ մեռած եւ երբեք չի մեռնիր: Ան կը շարունակէ ընդմիշտ ապրիլ մեր եկեղեցիներու շարականներուն, մեր կրթական օճախներու դասարաններուն մէջ, մշակոյթի բեմերուն, մեր մանուկներու ու չափահասներու շուրթերուն վրայ:

Այո՛, Կոմիտաս վարդապետ հայ հոգեւոր եւ մշակութային ինքնութեան մարգարէ մըն էր բառին բովանդակ իմաստով:

Այսօր, երբ մեր հայրենիքն ու հայութիւնը կը դիմագրաւեն բազմազան ճնշումներ ու մարտահրաւէրներ, Կոմիտասի անունը կը յիշեցնէ, թէ մեր ուժը շեշտակիօրէն մեր պատմութեան ու փառապանծ մշակոյթին մէջ է: Մեր երգը, մեր լեզուն, մեր աւանդութիւնները պէտք է պաշտպանել այն նուիրումով, ինչպէս անմահանուն Կոմիտասը պաշտպանեց ու փրկեց զանոնք իր ժամանակներուն:

Այո՛, Կոմիտաս վարդապետը միայն անցեալ չէ, ան մեր ներկան է եւ ապագան: Եթէ ազգ մը ունի Կոմիտաս, ապա այդ ազգը ունի նաեւ յաւերժ ապրելու իմաստ:

Թորոնթօ

 

Նախորդը

Որպէսզի Չդառնանք Գոյատեւելու Դատապարտուած Անգոյ Հաւաքականութիւն

Յաջորդը

Էջերն Անմահութեան. Կարօտ Մկրտչեան

RelatedPosts

Քալիֆորնիոյ Prop 50-ը Եւ Անկէ Անդին
Անդրադարձ

Քալիֆորնիոյ Prop 50-ը Եւ Անկէ Անդին

Հոկտեմբեր 13, 2025
Էջերն Անմահութեան.  Կարօտ Մկրտչեան
Անդրադարձ

Էջերն Անմահութեան. Կարօտ Մկրտչեան

Հոկտեմբեր 13, 2025
Որպէսզի Չդառնանք Գոյատեւելու Դատապարտուած Անգոյ Հաւաքականութիւն
Անդրադարձ

Որպէսզի Չդառնանք Գոյատեւելու Դատապարտուած Անգոյ Հաւաքականութիւն

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?