Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղի Փորձերը Հասան Իրենց Աւարտին Եւ Այսօր Կը Սկսին Ներկայացումները

Հոկտեմբեր 10, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 9 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի «Մարդը Աթլանթիսէն» թատերախաղին վերջին փորձը` ներկայութեամբ քուլիսային ու վարչական աշխատանքներ իրականացնող թատրոնի սպասաւորներուն: Թատերախաղի բեմադրիչն է Յակոբ Տէր Ղուկասեանը, իսկ հեղինակը` Վաչէ Ատրունին: Տեւողութիւն` մէկ ժամ եւ 15 վայրկեան:

«Մարդը Աթլանթիսէն» թատերախաղը «աղբանոց»-ին մէջ ապրող մարդոց երազներու եւ ձգտումներու պատկերներու հոգեհարազատ ներկայացումն է, նաեւ` այդ մթնոլորտին մէջ կեանքի տարբեր փորձառութիւններու ու փորձութիւններու ենթարկուած անհատներու հաւաքական մօտեցումը: Ֆիզիքական արկածի ենթարկուողի, բարոյական հարցեր ունեցած «տաղանդաւոր» դերասանուհիի, մարզիկ-մարդասպանի, խենթ գիտնականի եւ մանկամարդ իշխանուհիի հոգեկան ապրումներու, անցեալի վիշտերով եւ ապագայի երազներով ապրելու տարօրինակ եւ խառն զգացումներու համադրումն է, ուր կ՛երեւի մարդ արարածին ամէնէն դժուարին պայմաններուն մէջ աղբերէն դուրս գալու կամքը, որ միշտ չէ, որ կ՛արդիւնաւորուի…

Թատերախաղի խորիմաստ եւ երբեմն բարդ քննարկումներուն ու երեւակայական զարգացումներուն մէջ կը յառաջանան այնպիսի պատկերներ, որոնք «անլրջութեան» մէջ շատ լուրջ են, եւ որոնք տարբեր իրավիճակներ կը մարմնաւորեն: Թատերախաղին մէջ մէկ կողմէն ակներեւ է աղբանոցին մէջ մարդու իրաւազրկուած վիճակը, ընդհանրական իմաստով աղբային պատկերը, մինչ այլ կողմէ բացայայտ է մարդու ապրելու եւ գոյատեւելու կամքը:

Յայտնենք, որ այսօր` 10 հոկտեմբեր 2025-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի «Մարդը Աթլանթիսէն» թատերախաղին առաջին ներկայացումը, որ յատկացուած է լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներուն: Նոյն օրը գիշերը տեղի կ՛ունենայ առաջին երեկոյթը, իսկ յաջորդող երկու օրերուն` վաղը եւ միւս օրը` 11 եւ 12 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին կը շարունակուին ներկայացումները:

———–

Դերասանները Կը  Խօսին

 

– Թովմաս (Խաչիկ-Հրակ Տէմիրճեան) մրցանակակիր գիտնականը:
«Էլ Տորատոն, մարդոցմէ, քարտէսներէն, աշխարհէն մոռցուած վայր մըն է»:

– Սոլոման (Ժան Պէքէրէճեան)` Աթլանթիսի քաղաքացին:
«Աթլանթիս: Հոն պէտք է երթամ, որովհետեւ ես Աթլանթիսի քաղաքացի եմ: Հոն մէկը ինծի կը սպասէ… երեւի»:

– Պուզիկ (Անի Պարիկեան)` մանկամարդ իշխանուհին:
«Երբ Թովմասը այդ բանը գտնէ, ես նոյնպէս կրնամ թռչիլ: Ես շատ կ՛ուզեմ քաղաքը դիտել վերէն»:

– Քլարա (Դալար Արսլանեան)` սիրուած ու տաղանդաւոր դերասանուհին:
«Ժամանակին ես գեղեցիկ էի ու ինք` Օլիվիէն հետապնդեց զիս: Դուք ոչինչ կը հասկնաք, չա՛ր բարեկամ: Բարեւեցէք ձեր տիկնոջ»:

– Թովմաս (Զաւէն Պաաքլինի)` խենթ գիտնականը:
«Լռեցէ՛ք վերջապէս, անիծեա՛լ մարդիկ: Չէ՞ք հասկնար, որ գիտնականը կ՛աշխատի: Դուք, դուք աղբ ու կղկղանք արտադրողներ… չէ՞ք տեսներ, որ գիտնականը կ՛աշխատի»:

– Փասքալ (Մելիք Պետրոսեան)` յայտնի մարդասպանը:
«Տունը մեր սրտերուն մէջ է: Մեզի հետ կը ճամբորդէ ու մեզի հետ ալ կը մեռնի»:

Նախորդը

Բաներ, Բաներ, Բանը` Իմաստ…

Յաջորդը

Ռոնալտօ. «Ինչո՞ւ Չշարունակել…»

RelatedPosts

Քալիֆորնիոյ Prop 50-ը Եւ Անկէ Անդին
Անդրադարձ

Քալիֆորնիոյ Prop 50-ը Եւ Անկէ Անդին

Հոկտեմբեր 13, 2025
Էջերն Անմահութեան.  Կարօտ Մկրտչեան
Անդրադարձ

Էջերն Անմահութեան. Կարօտ Մկրտչեան

Հոկտեմբեր 13, 2025
Գիր Երախտագիտութեան Եւ Գնահատանքի
Անդրադարձ

Կոմիտասի Բիւրեղեայ Ձայնը Լռեց. Լռութիւնը Դարձաւ Երգ, Դարձաւ Պատարագ Ու Աղօթք

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?