ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հայ եկեղեցին տարին երկու անգամ կը տօնէ թարգմանիչներու տօնը: Անոնք են` Տօն սրբոց թարգմանչացն մերոց Սահակայ եւ Մեսրովբայ, որ կը տօնուի Հոգեգալստեան տօնի չորրորդ կիրակիին յաջորդող հինգշաբթի օրը, եւ Տօն սրբոց թարգմանչաց վարդապետացն մերոց, որ կը տօնուի Խաչվերացի չորրորդ կիրակիին յաջորդող շաբաթ օրը:
Թարգմանչաց տօնը կը խորհրդանշէ հայերէն գիրերու գիւտը, Աստուածաշունչի հայերէն առաջին թարգմանութիւնը, թարգմանչաց շարժումը եւ հայ դպրութեան սկզբնաւորումը: Կը տօնուի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ անոր աշակերտներուն` Եղիշէի, Մովսէս Խորենացիի եւ Դաւիթ Անյաղթի, ինչպէս նաեւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի եւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի յիշատակը:
Թարգմանչաց շարժման շնորհիւ ծաղկեցան հայ մտքի գագաթները, որոնցմէ է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի:
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի ստեղծագործութիւնը հայ գրականութեան պատմութեան մէջ բացառիկ ու անկրկնելի երեւոյթ է:
* * *
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի ծնած է Վասպուրականի Ռշտունիք գաւառին մէջ, 940-ական տարիներուն: Հայր Միքայէլ Չամչեան անոր ծննդեան թուական նշանակած է մօտաւորապէս 951 թուականը. «Ի թուին հայոց իբր Ն, այսինքն յամի Տեառն 951»: Այդ ենթադրական տարին այնուհետեւ շատեր ընդունած են իբրեւ հաստատուն թուական:
Նարեկացիի հայրը` Խոսրով Անձեւացի կնոջ վախճանումէն ետք Անանիա Մոկացի կաթողիկոսէն (946-968) Անձեւացեաց գաւառի եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր: Անոր որդիներն էին Սահակ, Յովհաննէս եւ կրտսերը` Գրիգոր:
Խոսրով Անձեւացի գրած է «Մեկնութիւն ժամակարգութեան» եւ «Մեկնութիւն խորհրդոյ սրբոյ պատարագին» աշխատութիւնները:
«Մեկնութիւն խորհրդոյ սրբոյ պատարագին» աշխատութեան յիշատակարանին մէջ Գրիգոր Նարեկացի իր հօր մասին կը գրէ. «Շնորհիւ Աստուծոյ եղեւ մեկնութիւն այսմ գրոց ի ձեռն Խոսրովայ Անձեւացեաց եպիսկոպոսի, յոյժ հետեւողի պատուիրանացն Աստուծոյ…: Արդ առաջին սուրբ գրոցս այսորիկ գծագրութիւն եղեւ ձեռամբ Սահակայ որդւոյ տեառն Խոսրովու, այս գրոցս մեկնողի ՅՂԹ թուականութեանս հայոց» (950 թուականին):
Յիշատակարանի արձանագրութեան համաձայն, Խոսրով Անձեւացի պատարագի խորհուրդի մեկնութեան տարին, 950-ին եպիսկոպոս էր, հետեւաբար Գրիգոր այդ թուականէն առաջ ծնած պէտք է ըլլար:
Գրիգոր մանուկ տարիքին իր եղբայրներուն հետ կապուած էր Նարեկայ վանքին հետ. անոնք կրթութիւն ստացան եւ դաստիարակուեցան վանահայր Անանիա Նարեկացիի մօտ, որ իրենց մօր մօրեղբայրն էր: Գրիգոր Նարեկացի կը գրէ. «Ես Գրիգոր` յետին վարժապետաց եւ կրտսեր բանասիրաց, որդի դստեր եղբօր Հօր Անանիայի հոգեզարդ եւ մտավարժ փիլիսոփայի եւ ըստ վարուց մաքրութեան կրօնից գովելոյ եւ հռչակելոյ»:
* * *
Նարեկայ վանքը կը գտնուէր Վասպուրականի Ռշտունեաց գաւառին մէջ, Վանայ ծովու հարաւային ափին մօտ, համանուն գիւղին գրեթէ կեդրոնը բարձրացող բլուրին գագաթը եւ պարսպապատ էր: Ժ. դարուն, Վասպուրականի Արծրունեաց թագաւորութեան ժամանակ վանքը հիմած են դաւանական հալածանքներու պատճառով Բիւզանդիայէն փախած հայ վանականները:
Գլխաւոր եկեղեցին Սուրբ Սանդուխտն էր, որ ունէր չորս խորան եւ ութանկիւն գմբէթ` բրգաձեւ կաթողիկէով: Հարաւային խորանին մէջ կը գտնուէր Սուրբ Սանդուխտի գերեզմանը:
Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կը գտնուէր Սուրբ Սանդուխտ եկեղեցւոյ հարաւային պատին կից, նոյն երկարութեամբ էր, միայն աւելի նեղ, նոյնպէս ութանկիւն գմբէթով եւ բրգաձեւ կաթողիկէով:
Թէ՛ Սուրբ Սանդուխտ եւ թէ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիները ունէին երեքական փոքրիկ պատուհաններ, իսկ գմբէթներուն վրայ` չորսական լուսամուտ:
Սուրբ Սանդուխտ եւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիներուն առջեւ ընդարձակ ժամատունն էր, ուրկէ դուռ մը կը բացուէր դէպի եկեղեցիները: Վեց փոքրիկ լուսամուտներ աղօտ լոյս կը սփռէին ժամատան մէջ, ուր խաչկալ կապուած էր եւ հոն կը կատարուէին ժամերգութիւնները:
Նարեկայ վանքը զարթօնք ապրեցաւ Անանիա Նարեկացիի վանահայրութեան տարիներուն: Վանքի դպրոցին մէջ կը դասաւանդէին եօթը ազատ արուեստներ` քերականութիւն, թուաբանութիւն, երկրաչափութիւն, երաժշտութիւն, աստղաբաշխութիւն, հռետորութիւն եւ աստուածաբանութիւն: Գրչութեան այս կեդրոնին մէջ կատարուած են պատարագի եւ ժամերգութեան մեկնութեան ընդօրինակութիւններ, գրուած են ձեռագիրներ:
* * *
Նարեկայ վանքին մէջ ուսում ստանալէ ետք եղբայրներէն երէցը` Սահակ հօր երկասիրութիւններուն ընդօրինակողը եղաւ, իսկ Յովհաննէս եւ Գրիգոր դարձան վանական եւ ստացան վարդապետի աստիճան:
Գրիգոր Նարեկացի մանկավարժական եւ գրական բեղուն գործունէութիւն ունեցաւ: Ապրեցաւ սրբակենցաղ ճգնաւորի վարքով, հոգեւոր ու մտաւոր տքնութեամբ կատարելագործելով միտքն ու հոգին:
Յայսմաւուրքին մէջ կը յիշուի, որ Գրիգոր Նարեկացի Նարեկայ վանքին մէջ եղած է «վարժապետ միանձանց ի սուրբ վարս եւ յաստուածային գիտութիւնս»: Ան ինքզինք կ՛անուանէ «յետին վարժապետաց եւ կրտսեր բանասիրաց»: «Զայլս խրատեմ եւ ես ինքն անփորձ եմ, միշտ ուսանիմ եւ երբեք ի ճշմարտութիւն գիտութեան ոչ հասանիմ» կ՛ըսէ ան համեստութեամբ:
Անանիա Նարեկացիի վախճանումէն (շուրջ 978-ին) ետք Գրիգորի եղբայր Յովհաննէս վարդապետ ընտրուեցաւ Նարեկայ վանքի վանահայր:
Իր հօր եւ ուսուցիչին նման, Գրիգոր Նարեկացի եւս ամբաստանուած է թոնդրակեցիներու աղանդին յարելու յանցանքով: Ան գրած է թուղթ մը, ուր դատապարտած է թոնդրակեցիները:
* * *
Կրօնաւորները խիստ ճգնաւորական կեանք կ՛ապրէին, կ՛առանձնանային, ջուրով, ցամաք հացով, խոտերով ու տերեւներով կը սնանէին, օրն ի բուն աղօթքով, խոկումով եւ գրական ստեղծագործութեամբ կը մտահայէին եւ իրենց մարմինը զրկանքներու կ՛ենթարկէին, որպէսզի զօրացնեն հոգին եւ Աստուծոյ կատարելութեան հասնին:
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի ճգնարանը կը գտնուէր Նարեկայ վանքէն եւ մօտակայ Փայխներ գիւղէն հիւսիս-արեւմուտք, լեռնալանջին, հիւսիսէն հարաւ երկարող ժայռերու կեդրոնական հատուածին մէջ: Դրախտային բանաստեղծական այս վայրը շրջապատուած է Ռշտունեաց եւ Մոկաց բարձրագագաթ լեռներով: Վարը, ընդարձակ դաշտին վրայ Նարեկայ վանքն էր եւ շուրջը գիւղին տուները, շրջապատուած կանաչագեղ պուրակներով եւ արտերով, եւ տեղ-տեղ` առուակներ եւ վտակներ:
Աղօթատեղիին առջեւ, դէպի հիւսիս սքանչելի տեսարան է: Կապուտակ լիճին մէջ կը ցցուին Առտէր եւ Աղթամար կղզիները: Լճափին, ձախին` Մոխրաբերդն է, աջին, ձորի մէջ` Փշաւանցը: Դէպի հիւսիս-արեւելք Արտոս լեռն է, որուն ստորոտին Ոստան աւանն է: Աւելի հեռուն Վանն է շրջակայ գիւղերով, Արտամետը` թաղուած պտղատու այգիներու մէջ եւ Վարագայ լեռը:
Աղօթատեղիէն քիչ հեռու, հարաւային կողմը, ժայռերու բարձունքէն ջրվէժ մը կը ժայթքէր:
Քարայրները դասաւորուած են իրարու վերեւ, կազմելով երեք յարկ:
Առաջին յարկը կազմուած է նախասրահէ եւ վիմափոր եկեղեցիէ: Երկրորդ յարկը բաղկացած է իրարու մէջ բացուող միջանցքէ, մեծ քառանկիւն սենեակէ (որուն յատակին թոնիրի նման փոս մը կայ եւ նախատեսուած էր խարոյկի համար), փոքր քառանկիւն սենեակէ (ուր հոր մը կայ, որ ջրամբար եղած է) եւ բազմանկիւն սենեակէ (որ հաւանաբար միայնակեացներու խոհանոց եղած է): Երկրորդ յարկէն հինգ քարէ աստիճանով կարելի է բարձրանալ երրորդ յարկ:
Երրորդ յարկը բաղկացած է իրարու մէջ դուռերով հաղորդակցող հնգանկիւն սենեակէ, քառանկիւն սենեակէ, եկեղեցիէ եւ Նարեկացիի ճգնարանէն:
* * *
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիէն մնացած են բաւական թիւով ստեղծագործութիւններ:
Գուրգէն Արծրունի իշխանին պատուէրով 977-ին գրած է «Մեկնութիւն երգոց երգոյն Սողոմոնի» աշխատութիւնը:
Մոկաց Ապարանից Սուրբ Խաչ վանքի նաւակատիքին առիթով, 983-ին, Ստեփանոս եպիսկոպոսի պատուէրով գրած է «Պատմութիւն Ապարանից Սուրբ Խաչին» աշխատութիւնը:
Նարեկացի գրած է ներբողներ, գանձեր եւ տաղեր: «Ներբող ի Սուրբ խաչն», «Ներբող ի Սուրբ Կոյսն», «Ներբող ի Սուրբ Առաքեալսն», «Ներբող ի Սուրբն Յակոբ Մծբնայ, Բան նուիրական գովեստի», «Գանձ ի Գալուստ Սուրբ Հոգւոյն», «Գանձ ի Սուրբ խաչն Աստուածընկալ», «Գանձ ի Սուրբ եկեղեցի», «Տաղ Ծննդեան», «Տաղ Յայտնութեան եւ Ջրօրհնեաց», «Տաղ Քաղցրիկ», «Տաղ Քառասնիցն», «Տաղ Ծաղկազարդի», «Տաղ Յարութեան», «Տաղ Համբարձման», «Տաղ Գալստեան Հոգւոյն Սրբոյ», «Տաղ Վարդավառին», «Տաղ Եկեղեցւոյ», «Տաղ Աստուածածնի», «Տաղ Վերացման Խաչի» եւ «Մեղեդի Յարութեան»:
Նարեկացիի գլուխ գործոցը «Մատեան ողբերգութեան»-ն է, «Նարեկ» աղօթագիրքը, զոր ան աւարտին հասցուցած է 1002-ին:
«Մատեան ողբերգութեան»-ը հայ միջնադարեան գրականութեան մտքի ամենամեծ արգասիքն է, մարդկութեան ստեղծած գեղարուեստական միտքի մեծագոյն արժէքներէն մէկը: Մատեանը բաղկացած է 95 գլուխներէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը սկսի «Ի խորոց սրտի խօսք ընդ Աստուծոյ» տողով: Հոգիի խորքէն բխած Աստուծոյ հետ զրոյցով ներկայացուած են մարդկութիւնը պարուրած վիշտերն ու ցաւերը, մաքրութեան ու կատարելութեան հասնելու ձգտումը եւ ապաշխարհութեան միջոցով Աստուծոյ միանալու ճանապարհը: «Նարեկ» նկատուած է հրաշագործ գիրք:
* * *
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի վախճանման տարին յայտնի չէ: Թաղուած է Նարեկայ վանքին մէջ: Գերեզմանին վրայ կառուցուած էր գմբէթազարդ մատուռ, որ կը գտնուէր Սուրբ Սանդուխտ եկեղեցւոյ արեւելեան պատին կից:
Նշենք նաեւ, որ վանքին ժամատան մէջ գտնուող խաչկալին առջեւ թաղուած էր Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի եղբայր Յովհաննէս վարդապետ, իսկ հարաւ-արեւելեան անկիւնին մէջ` Անանիա Նարեկացի:
Ամէն տարի աշնան ուխտաւորներ հոծ զանգուածներով կ՛երթային Նարեկայ վանք, ծնկաչոք կը համբուրէին Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի գերեզմանը, ապա կ՛ուղղուէին Սուրբին ճգնարանը եւ սրբազան երկիւղածութեամբ կը զննէին քարայրին խորհրդաւոր պատերը:
Նարեկայ վանքը աւերուեցաւ Մեծ Եղեռնի ժամանակ եւ յաջորդող տարիներուն: