Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էջերն Անմահութեան. Կարօտ Մկրտչեան

Հոկտեմբեր 13, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԷՐՈՒԺ ԽԱՆՃԻՀԱՆԵԱՆ

 «Էջերն անմահութեան» յօդուածներու շարք մըն է, որ կ՛անմահացնէ յանուն հայրենիքի գաղափարին իրենց կեանքը զոհած մեր նուիրեալները: Անոնք իւրաքանչիւրիս կը փոխանցեն առկախ կտակ մը եւ կը դառնան ներշնչարան` իւրաքանչիւր օր հայօրէն ապրելու ու պայքարելու յանուն այդ կտակի ամբողջացման:

Եռանդուն, տաղանդաւոր, խելայեղ քաջասիրտ, հմայիչ, ինքնվաստահ եւ ունակ առաջնորդ, գթասիրտ ու ընկերասէր,  ըմբշամարտիկ, մեքենաշէն-ճարտարապետ, սասունցի, արցախեան ազատամարտիկ, ՀՅԴ Պռօշեան ջոկատի հրամանատար, Ճամպազի արծիւը` Կարօտ Մկրտչեան, ծնած է 19 փետրուար 1964-ին, Գամիշլի, Սուրիա:

Կարօտին ընտանիքը կը պատկանի Գէորգ Չաւուշի տոհմին: Սասունի կոտորածներու ժամանակ անոր մեծ հայրը` Մովսէսը, կը մեկնի Տիգրանակերտ, ուր կ՛ամուսնանայ եւ կը կազմէ իր ընտանիքը: Աւելի ուշ, երբ թուրքին վայրագութիւնը կը հասնի Տիգրանակերտ, անոնք կը գաղթեն եւ ապաստան կը գտնեն Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը:

Յետ Համաշխարհային Բ. պատերազմին կը սկսի հայրենադարձութեան ալիքը: Այդ ժամամակ Մկրտչեաններու ընտանիքը կը սպասէր իրենց երթին` դէպի հայրենիք, երբ կը ծնի իրենց նոր զաւակը: Անոնք այդ նորածին զաւակին մէջ կը տեսնեն  հայրենիքի հանդէպ իրենց ունեցած սէրը, տենչանքն ու կարօտը եւ զայն կ՛անուանեն ԿԱՐՕՏ:

1965-ին Մկրտչեաններու ընտանիքը կը ներգաղթէ Հայաստան եւ կը հաստատուին Պռօշեանի գիւղը` իրենց յիշողութեան մէջ ընդմիշտ պահելով անմոռաց Սասունը:

Պռօշեանի մէջ հայրենասիրական դաստիարակութեամբ, Սասունի երգերով ու առասպելներով հասակ կ՛առնէ Կարօտը: Այս ընթացքին է, որ առաջին անգամ կը հանդիպի «ընկերութիւն» ըսուած խորհրդաւոր բառին եւ ամբողջ սրտով կը կապուի ու կ՛ընկերանայ իր ապագայ զինակից ընկերներուն` Պետրոս Ղեւոնդեանի եւ Հրաչ Մուրատեանի հետ:

Կարօտ, որուն անունը կորսուած հայրենիքի ցաւն ու յիշողութիւնը կը մարմնաւորէ, եւ որուն ընտանիքը կը պատկանի Սասունի հերոսներու տոհմին, այդ տոհմային յիշողութիւնը անոր կը պարտադրէր ըլլալ հզօր, խիզախ, միշտ պատրաստ թէ՛ մտքով եւ թէ՛ մարմնով: Ան գիտէր, որ հայրենիքի պաշտպանութեան ուղին իրեն կը սպասէ. անոր աշխարհայեացքը այն էր, թէ հայ տղամարդը պէտք է հմուտ զինուորական ըլլայ եւ տիրապետէ զէնքին ու մարտարուեստին:

Կարօտ պահանջկոտ էր իր սեփական անձին նկատմամբ` միշտ ցանկալով լաւագոյնը: Ան իր դպրոցական եւ համալսարանական տարիներուն փայլուն ուսանողներէն էր ու դարձաւ մեքենաշինութեան ճարտարապետ: Ըմբշամարտերու ժամանակ խիզախ մարտնչող էր, իսկ զինուորական ծառայութեան տարիներուն կը ստանայ բազմաթիւ պարգեւներ եւ կը վերադառնայ տասնապետի կոչումով:

1988-ին կը սկսի արցախեան պահանջատիրութիւնը: Այդ ժամանակ, երբ հազարաւոր հայ երիտասարդներ եւ ուսանողներ զբաղած էին հանրահաւաքներով եւ «ՄԻԱՑՈՒՄ»-ի կանչերով, Կարօտ գիտէր, որ Արցախը պէտք է ինքնապաշտպանութեան պատրաստուի: Սասունցին իր պատմութեան ընթացքին թոյլ չէ տուած, որ թշնամին ոտք դնէ իր տունը: Կարօտ իր երակներուն մէջ կը զգար սասունցիի եւ Չաւուշի պատրաստակամութիւնն ու վճռակամութիւնը` ընդդէմ բռնատէր թուրքին: Ան չէր ուզեր կրկին տեսնել 1915-ի Ցեղասպանութեան օրերը…

1989-ին, հայրենիքը ոչ թէ բառերով, այլ գործով սիրող յանձնառուները` Կարօտն ու իր պռօշեանցի հինգ ընկերները` Պետրոս Ղեւոնդեան, Հրաչ Մուրատեան, Անդրանիկ Յովակիմեան, Արմէն Գալստեան եւ Վարդգէս Մուրատեան, կը մեկնին Արցախի Հադրութի շրջան, ուր կը մասնակցին Գիւրաթաղ եւ Ուխտաձոր գիւղերուն ինքնապաշտպանութեան մարտերուն եւ կը ստանան իրենց առաջին մարտական մկրտութիւնը:

Ռազմադաշտ երթալէ առաջ Կարօտին հայրը կը հարցնէ. «Առանց զէնքի` ո՞նց էս գնում Ղարաբաղ»:

Կարօտին պատասխանը կ՛ըլլայ. «Հայրի՛կ, փետով լինի, կացինով լինի, թէ որսորդական հրացանով… միեւնոյնն է, հայր, մենք յաղթելու ենք, թշնամու ոտքը հայի տուն չի մտնի, բայց հայի ոտքը պէտք է թշնամու տանը լինի»:

10 մայիս 1990-ին Կարօտ եւ իր 19 զինակից ընկերները կը հիմնեն ՀՅԴ Պռօշեանի մարտական ջոկատը` երդուելով, որ մինչեւ վերջին շունչ պիտի ծառայեն հայրենիքի ազատագրութեան դատին: Ջոկատի հրամանատարը կ՛ընտրուի Կարօտ Մկրտչեան, իսկ տեղակալը` Պետօ Ղեւոնդեան:

Պռօշեանի ջոկատը իր դիւցազնական դրոշմը կը ձգէ Տաւուշի, Հադրութի, Քաշաթաղի, Քարվաճառի, Շահումեանի, Մարտակերտի, Ասկերանի, Գետաշէնի եւ այլ շրջաններու ինքնապաշտպանական եւ ազատագրական մարտերուն:

«Եթէ ինծի տաք Կարօտի ու Պետոյի ջոկատներուն նման մէկ ջոկատ եւս,  ես անպայմանօրէն կ՛ազատագրեմ Գետաշէնն ու Մարտունաշէնը, ապա կը մտածենք միւս գիւղերի մասին» Շ. Մեղրեան

Արցախի ազատագրութեան մարտերուն Պռօշեանի ջոկատը ո՛չ մէկ դադար, ո՛չ մէկ հանգիստ, ո՛չ մէկ երկիւղ ունեցաւ: Ան դարձաւ ամենամարտունակ եւ պահանջուած ջոկատներէն մէկը, իսկ անոր հրամանատարը` Կարօտը` իսկական առասպել: Ան առաջինն էր, որ կը մտնէր կռուի դաշտ եւ վերջինը, որ դուրս կու գար` իր ետին ձգելով ոչ մէկ վիրաւոր, ոչ մէկ զոհուած ընկեր: Կարօտին ներկայութեամբ մահն ու պարտութիւնը բացառուած էին:

Ան որպէս ազատամարտիկ, հրամանատար ու ընկեր` անփոխարինելի էր: Ուր որ Կարօտը գլխաւորած  է մարտը, յաղթանակ տարած է: Ան կռուած է առասպելներու կողքին` Աշոտ Ղուլեան, Պետրոս Ղեւոնդեան, Թաթուլ Կրպէեան, Շահէն Մեղրեան եւ Մհեր Յարութիւնեան:

1990-ին աշնան Պռօշեանի ջոկատը կը մեկնի հիւսիսային Արցախի Շ. Մեղրեանի հրամանատարութեան տակ գտնուող Շահումեանի շրջանը: Հոն Կարօտը, Հրաչն ու Պետոն, տիրապետած ըլլալով ըմբշամարտի, զէնքի ու մարտարուեստի հնարքներուն, կը սկսին մարզել տեղացի ուժերը` անոնցմէ կազմակերպելով շրջանի ինքնապաշտպանութեան խումբեր:

Ապրիլ 1991-ին խորհրդային բանակն ու Ազրպէյճանի ՕՄՕՆ զօրքերը  շրջափակման կ՛ենթարկեն  Գետաշէնն ու Մարտունաշէնը եւ կը սկսին «Օղակ» գործողութեան:   Հրամայական էր պռօշեանցի նորօրեայ ֆետայիներու ներկայութիւնը: Ուստի անոնք կը մեկնին դէպի Գետաշէն` միանալով Թաթուլ Կրպէեանի հրամանատարութեան տակ գործող խումբերուն, ուր Կարօտին հրամանատարութեան տակ կը սկսին գործել Պռօշեանի, Արաբոյի եւ Հրազդանի ջոկատները, որոնց վստահուած էր Մարտունաշէնի պաշտպանութիւնը:

Ապրիլ 30-ին կը սկսի լայնածաւալ եւ անհաւասար ուժերու մարտը: Թշնամին կ՛օգտագործէ մեծաքանակ հրասայլեր եւ ռազմական ուղղաթիռներ: Թէժ ու երկար մարտերէ ետք, թշնամին տեսնելով հայու վճռակամութիւնը, ուղղաթիռի մը ճամբով բարձրախօսներով յանձնուելու կոչ կ՛ուղղէ տեղւոյն ինքնապաշտպանութեան զօրքերուն: Սակայն Կարօտը` Սասունի հպարտ զաւակը, առանց երկմտանքի, հաստատ իր դրական պատասխանը կու տայ գնդացիրի կրակահերթով: Թշնամին, նպատակ ունենալով տեղահանել գիւղի բնակչութիւնը, կը սկսի ռմբակոծել հայաբնակ տուները, ապա անհաւասար մարտերէ եւ Թաթուլի ու անոր զինակիցներու նահատակութենէն ետք կ՛իյնան Գետաշէնն ու Մարտունաշէնը:

Մարտերը սկսելէ առաջ Կարօտ գիւղացիները կը յորդորէ, որ լքեն իրենց տուները` խոստանալով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն գիւղը պահելու համար: Մարտերու աւարտին գիւղապետին կինը կը համբուրէ Կարօտին ձեռքը` ըսելով, թէ ինք չէր պատկերացներ, որ անոնք թշնամիին ծանր հարուածներ պիտի հասցնեն եւ տէր ըլլան իրենց խոստումին:

Կարօտ հմայիչ հրամանատար էր, ան իր շուրջինները ոգեկոչելու կախարդական հմայք ունէր: Անոր նուիրուածութիւնը, հայրենասիրութիւնն ու հերոսութիւնը խօսուն էին ժողովուրդին մօտ, ամէնուրեք սիրուած էր ժողովուրդին կողմէ: Ժողովուրդին մէջ անոր ներկայութիւնը հաւատք եւ յոյս կը ներշնչէր` այն համոզումով, որ որեւէ ազերի ուժ չի կրնար յաղթահարել այն ինքնապաշտպանութիւնը, ուր Կարօտը կար:

Մարտական շրջանակին մէջ յարգուած էր ոչ միայն իբրեւ հրամանատար, այլ նաեւ` իբրեւ մարդ ու ընկեր: Հրաչ Մուրատեանի խօսքերով, Կարօտ շատ պարզ, բոլորին հետ հաղորդակցելող տղայ մըն էր: Ան շատ կը սիրէր երեխաները, եւ երբ փողոցէն անցնէր, բակի բոլոր երեխաները իր մօտ կը վազէին, իսկ ինքն ալ` անոնց մօտ: Արցախի մէջ գտնուած բոլոր վայրերուն մէջ, ուր կային նաեւ մանուկներ, զանոնք մարզած է ըմբշամարտով, սորվեցուցած Սասնոյ պարն ու եարխուշտան, իսկ կարեւորագոյնը` անոնց սորվեցուցած է ազգային հայրենասիրական երգեր: Կարօտ շատ յաճախ արժեւորած է իր երգը, քան իր վարած կռիւները` շեշտելով, որ երգը հայրենասիրութիւն դաստիարակելու եւ ոգեւորելու գլխաւոր միջոցներէն մէկն է:

1992-ին, Ասկերանի Փառուխ գիւղի պաշտպանական մարտերէն ետք, մարտիկները կէս կատակ կը խօսին, թէ որո՛ւ կատարածը պիտի գնահատուի եւ պարգեւատրուի: Կարօտին պատասխանը կ՛ըլլայ.

«Մեր դիմաց տակաւին շատ գործ կայ… կանուխ է մտածել այդպիսի բաներու մասին, մենք պէտք է ազատագրենք ամբողջ Արցախը: Իսկ ով որ կ՛ուզէ թող իրեն իյնան պարգեւները, միայն թէ մեր Արցախը տեսնենք ազատագրուած»:

Կարօտին մղած մարտերուն` յաճախ անհաւասար ու հերոսական, կէսին կէսն իսկ բաւարար էին պատերազմի դաշտին վրայ ոեւէ զինուորի կուրծքը շքանշաններով զարդարելու եւ անմահացնելու: Ահա այսպիսի հրամանատար էր Կարօտը, իսկականը արտայայտիչը` «Չի երազում ո՛չ անուն, ո՛չ ոսկի, ո՛չ գանձ»-ին, որուն մեծագոյն զէնքը իր գաղափարական հզօրութիւնն էր:

Մայիս 1992-ին հերթը կը հասնի Շուշիի ազատագրութեան, որուն պռօշեանցի տղաքը կ՛երազէին մասնակցիլ, սակայն Շ. Մեղրեանի անձնական խնդրանքով կը գործուղուին Շահումեան: Կամաւորներ էին… բայց նաեւ` կարգապահ եւ օրինակելի զինուորներ. պէտք էր ենթարկուէին հրահանգներուն: 3 մայիսին ուղղաթիռով կը վերադառնան Շահումեան, ուր Կարօտ իր զինակիցներուն տխրութիւնը կը մեղմացնէ` ըսելով.

«Տարբերութիւն չկայ, թող մեր ընկերները ազատագրեն Շուշին, իսկ մենք` Գետաշէնն ու Մարտունաշէնը»:

Շուշիի ազատագրութենէն ետք ԼՂՀ նախատեսած էր Գետաշէնի եւ Մարտունաշէնի ազատագրութիւնը: Ժամը հասաւ պռօշեանցի տղոց Թաթուլի եւ Սիմոն Աչիգկէօզեանի առկախ կտակներու վճռումին: Անոնք պատրաստ կը սպասէին յարձակման հրահանգին: Ազրպէյճան նոյնպէս յարձակման կը պատրաստուէր. Կարօտ քարտէսին նայելով` կը նշմարէ, թէ վտանգը մեծ է, եւ Շահէնին կ՛առաջարկէ, որ ամէնէն արագ միջոցին դիմեն յարձակման` այն համոզումով, որ յարձակումի ուշացումը համազօր է մահուան:

«Մինչեւ Գետաշէնն ու Մարտունաշէնը չազատագրենք, ես Ղարաբաղէն տուն չեմ վերադառնար»:

Յունիս 13-ին Ազրպէյճան կը սկսի յարձակումի Շահումեանի տարածքին, ուր կը գտնուէին քանի մը հարիւր խիզախ հայ մարտիկներ` ընդդէմ հազարաւոր ազերիներու, վարձկաններու, ռուսական զէնքերու, հրասայլերու, մարտական ինքնաթիռներու եւ ուղղաթիռներու:

Պռօշեանի տղաքը կը դիմադրէին Ճամպազի բարձունքէն, սակայն ռազմամթերքի սպառելուն վտանգի դէմ հանդիպման Կարօտ կը մեկնի Շահումեան` ապահովելու տղոց փամփուշտը եւ ստանալու հետագայ հրահանգները:

Երբ Կարօտ կը վերադառնայ, իր դիմաց կը տեսնէ պատկերներ 1915-ի Ցեղասպանութենէն: Տեղացի բնակչութիւնը տեղահանուած էր, հայ մարտիկները գերակշռող ուժերու ճնշման տակ  կը սկսին նահանջել, իսկ Պռօշեանի ջոկատն ալ ստիպուած էր յանձնել Ճամպազի դիրքը` իր ետին ձգելով իրենց նահատակ ընկերներու երկու դիակները:

«Շահումեանէն ետք Ղարաբաղի դարպասը բաց է: Ոչ մէկ պարագայի ազրպէյճանցիները պէտք չէ տիրեն մեր դիրքերուն եւ ամրապնդուին: Եթէ այսօր թշնամիին յանձնենք Շահումեանը, ապա վաղը կը յանձնենք Հայաստանը»:

Կարօտ չկարողացաւ հաշտուիլ այս իրականութեան հետ: Ան Շահումեանի ինքնապաշտպանութեան շտապող այլ ջոկատի գլուխը անցած` շանթի պէս կը սկսի հարուածել թշնամին: Այդ պահուն Կարօտին մարտի ընկերը` Ֆելիքսը, կը պատմէ, թէ Կարօտ սեւեռուն հայեացքով կը սկսի նայիլ դէպի Ճամպազի յենակէտի ուղղութեամբ: Կարօտին նման նուիրեալ զինուորի մը համար այլընտրանք չկար: Ան անպայման պէտք էր փորձէր բարձրանալ եւ ազատագրէր իրենց դիրքը կամ ալ անձամբ համոզուէր պարտութեամբ: Վճռական, կը սկսի մինակը բարձրանալ, իր ընկերներէն Պետոն` վիրաւորուած, կը գտնուէր Վարդգէսին հետ պաշարուած քարայրի մը մէջ: Հրաչը կը գտնուէր բաւական հեռու ու կը լսէր միմիայն Կարօտին ձայնը` «Ամէն գնով պէտք է ետ ազատագրենք դիրքերը», իսկ Ֆելիքսը կը փորձէր հասնիլ Կարօտին, բայց իրենց միջեւ տարածքը կամաց-կամաց կը կրկնապատկուէր, կը մնայ Մուշեղը, որուն կը հանդիպի ճամբուն վրայ:

Անոնք կը շարունակեն մագլցիլ ու բարձրանալ, երբ յանկարծ թշնամիին հետեւակը կը փակէ անոնց ճամբան ու դարձեալ կը սկսի անհաւասար մարտը: Երբ կը սպառին Մուշեղի փամփուշտները, Կարօտի թելադրանքով ան կը սկսի նահանջել. նահանջի պահուն ան կը վիրաւորուի թշնամիին գնդակներէն:

Կարօտի մարտական ընկերները կը վկայեն, որ Կարօտ գերի կը դառնայ միմիայն այն ատեն, եթէ վիրաւոր կամ անգիտակից էր: Կարօտ, տակաւին իրականութեան հետ անհաշտ, վճռական քայլերով նոր փորձ մը կ՛ընէ դէպի Ճամպազի գագաթը, ուր մնացած էին իր մարտական ընկերներու` Գառնիկի ու Ալիկի դիակները: Ան չտեսաւ պարտութիւնը: Կը սկսի անհաւասար ու հերոսական նոր մարտը,  ուր Կարօտին հարուածները կը զանազանուին իր գնդացիրի թիրախաւորուած կրակահերթով` ընդդէմ թշնամիի հարիւրաւոր կրակոցներու, ապա 15 վայրկեան ետք կը տիրէ քար լռութիւն, եւ անհետ կը կորսուի Կարօտը:

Արցախի մէջ օր մը Կարօտին զինակիցները կը մատնանշեն, թէ Կարօտ իր վերնաշապիկին մէջ պահած է Գ. Չաւուշի նկարը, եւ անոնք Կարօտին կ՛ըսեն, թէ օր մը, երբ Կարօտ զոհուի, Արցախի մէջ պէտք է  շապիկներուն վրայ Կարօտին նկարը տպեն: Կարօտին պատասխանը կ՛ըլլայ.

«Թշնամիին գնդակը ինձ երբեք չի կպչիր»:

Գ. Չաուշը, Կարօտին ազգակիցն ու տիպարն էր. աւելի՛ն, որքան կապուած էին  Մկրտչեաններու ու Չաւուշի ճակատագիրները: Կարօտ, Չաւուշի նման, կը սիրէր բարձունքները եւ կը բարձրանար իր լեռնաշխարհը: Անոր եղբայրը` Ղուկաս կոչուած էր ի յիշատակ իրենց մեծ հօր եղբօր, որ Սասունի ինքնապաշտպանութեան մարտերէն ետք Կարօտին նման կը դառնայ անհետ կորսուած: Չաւուշ ունէր Գալէն` իր անբաժան ու հաւատարիմ ընկերը, իսկ Կարօտը` Պետոն ու Հրաչը, որ Կարօտի անհետանալէն ետք իր տունը պահեց երկու ազերի գերի այն յոյսով, որ երբ Ազրպէյճան գերիներուն ցանկը յայտարարէ, ան զանոնք փոխարինէ իր անգին եղբօր` Կարօտին հետ: Հրաչ` հաւատարիմ մնալով Կարօտի խօսքին` «Ձեռք չբարձրացնէք, վիրաւոր զինուորը կը դադրի թշնամի ըլլալէ, ան գերի է», ան աւելի քան երկու տարի իր քսակէն ծախսեց եւ հոգաց թշնամի գերիներուն:

«Պիտի երթամ Ղարաբաղ ու յաղթանակած վերադառնամ»:

12 յունիս 1992-ին Ճամպազի արծիւը` Կարօտ Մկրտչեան, անցաւ «Էջերն անմահութեան»: Անոր հաւատքը` յեղափոխական դիմադրութիւն ու նուիրում ժողովրդական դատին, ահա այն նշանաբանը որուն մշտեռանդ հետեւեցաւ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին եւ դարձաւ հերոս` թշնամիի դիմաց, հերոս ալ մնաց մահուան հանդէպ:

Տարիներ շարունակ Ճամպազի արծիւը կը թռչէր ազատ Արցախի մէջ` սպասելով Գետաշէնի, Մարունաշէնի ու Շահումեանի ամբողջական ազատագրութեան: Այսօր ան կը թռչի բռնագրաւուած Արցախի մէջ, որուն խաղաղ երկինքը` ժխոր, ոսկեայ ու դալար դաշտերն ու անտառները` մոխրացած, անբիծ ու զուլալ գետերը` արիւնալի, իսկ նահատակներու սուրբ արեամբ շաղախուած հողը` պղծուած: Բայց եւ անյպէս, ան վճռական կը սպասէ մեր վերադարձին ու Արցախի վերաազատագրութեան:  Եւ երբ վերադառնանք, այդ ժամանակ ակնյայտ պիտի գայ վիթխարի ու յաղթանդամ ձիաւոր մը, եւ Արցախի բարձունքներէն իջնելով` առաջինը պիտի մտնէ կռուի դաշտ եւ մեր կողքին իր ազատատենչ գնդակներով զարկ պիտի տայ եւ անէացնէ թշնամիին: Իսկ երբ ժամը հասնի ու վերստին ազատագրուի ամբողջ Արցախը, այն ժամանակ Ճամպազի արծիւը պիտի հանգչի Մռաւի լանջին, եւ պիտի յայտնուի Կարօտը…

 

 

 

 

Նախորդը

Կոմիտասի Բիւրեղեայ Ձայնը Լռեց. Լռութիւնը Դարձաւ Երգ, Դարձաւ Պատարագ Ու Աղօթք

Յաջորդը

Քալիֆորնիոյ Prop 50-ը Եւ Անկէ Անդին

RelatedPosts

Քալիֆորնիոյ Prop 50-ը Եւ Անկէ Անդին
Անդրադարձ

Քալիֆորնիոյ Prop 50-ը Եւ Անկէ Անդին

Հոկտեմբեր 13, 2025
Գիր Երախտագիտութեան Եւ Գնահատանքի
Անդրադարձ

Կոմիտասի Բիւրեղեայ Ձայնը Լռեց. Լռութիւնը Դարձաւ Երգ, Դարձաւ Պատարագ Ու Աղօթք

Հոկտեմբեր 13, 2025
Որպէսզի Չդառնանք Գոյատեւելու Դատապարտուած Անգոյ Հաւաքականութիւն
Անդրադարձ

Որպէսզի Չդառնանք Գոյատեւելու Դատապարտուած Անգոյ Հաւաքականութիւն

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?