Անդրադարձ

Դրաստամատ (ԴՐՕ)Կանայեան, 1884-1956. Յանդուգն եւ անվեհեր Ազատամարտիկի «հաստաբուն կաղնին»

Դրաստամատ (ԴՐՕ)Կանայեան, 1884-1956. Յանդուգն եւ անվեհեր Ազատամարտիկի «հաստաբուն կաղնին»

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Դրաստամատ (ԴՐՕ)Կանայեան Մարտ 8ի այս օրը, դաշնակցական մամուլը հայաշխարհին գուժեց, որ «Տապալեցաւ հաստաբուն կաղնին»։ Իր գործը անաւարտ թողած՝ հայոց աշխարհէն հեռացաւ յանդուգն եւ անվեհեր Ազատամարտիկի բացառիկ մարմնաւորումը՝ ԴՐՕ։ Իր կենդանութեան իսկ, ԴՐՕ առասպելական հերոսը դարձաւ հայ ժողովուրդին։ Իսկ մահէն ասդին, որքան ժամանակը թաւալի, այնքան աւելի կը պայծառանայ մարտունակ կերպարը Հայու Յանդգնութիւնն ու Խիզախութիւնը անկրկնելիօրէն մարմնաւորած «մրրկածին» Ազատամարտիկին։ Իր...

100 Տարի Անց` Դարձեալ Առաջինը Ըլլալու Մղումով (Կանանց Միջազգային Օրուան Առիթով)

100 Տարի Անց` Դարձեալ Առաջինը Ըլլալու Մղումով (Կանանց Միջազգային Օրուան Առիթով)

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ Այս տարուան մեր բոլոր ձեռնարկներուն գերիշխող թեման Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակն է, մեր պետականութեան վերականգնումը, հանրապետութիւն ստեղծելը եւ, մանաւանդ, մեր ազգի գոյութեան շարունակականութիւնը ապահովելը: Այնքան ուժեղ խորհուրդ ունի այս պատմադրոշմ իրադարձութիւնը, որ մեր հաւաքական բոլոր տեսակի նախաձեռնութիւնները անպայման կը ներշնչուին անկէ եւ անպայման խորհուրդներ, պատմական դասեր քաղելու առիթներ եւ առնչութիւններ կը ստեղծեն: Եւ որովհետեւ Կիներու միջազգային օրուան նշումն է...

Տեսակէտ.  Մէկ «Մարտ 8»-ով Գարուն Չի Գար

Տեսակէտ. Մէկ «Մարտ 8»-ով Գարուն Չի Գար

 Կիներու Ներկայացուածութեան Չափը Այդքան Ալ Չնչին Չէ Ստորեւ տրուած սիւնակով Արեւիկ ստորագրութեամբ «Մէկ «մարտ 8»-ով գարուն չի գար» խորագիրով յօդուածին առ ի լրացում կ՛ուզենք նշել հետեւեալը: Կը բաժնենք յօդուածագիրին միտքերը առ այն, որ տակաւին կիներու իրաւունքներու ձեռքբերման համար պայքարը երկար ճամբայ ունի կտրելիք մեր հայկական հասարակութեան մէջ` հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին, սակայն կ՛ուզենք նաեւ մատնանշել, որ շնորհիւ անցնող ժամանակաշրջանին կիներու...

Կիներու Միջազգային Օրուան  Առիթով.  Հայուհիին  «Օր»-ը

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Հայուհիին «Օր»-ը

ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Առիւծածին մայրեր... ... Պայքարի մէջ դու պիտի ունենաս քո մեծ                                                     ու վճռական զինակիցը` հայ մայրը: Ինչպիսի  աստուածային հաճոյք մարտնչողի համար` լսել                                                              խրախուսիչ ձայնը հայրենակրօն մօր: Ո՞վ չգիտի,                                             թէ ազգային տագնապների օրերին, երբ                                                            հայրենասիրաբար բաբախում է տառապող կնոջ                                    սիրտը, կորած չէ դեռ ամէն յոյս:                                                                                         ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ Ամէն տարի մարտ ամսուան առաջին շաբաթը, յատկապէս`...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Տեսակէտ. Պոլսահայութիւնը Աւելին Կը Սպասէ

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ 20-23 փետրուար տեղի ունեցաւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը` Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին նախագահութեամբ: Ժողովէն ետք Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը յայտարարութիւն մը հրապարակեց Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընտրութեան վերաբերող նորագոյն զարգացումներուն շուրջ*: Կ՛արժէ կեդրոնանալ յայտարարութեան մէջ տեղ գտած հետեւեալ երկու կէտերուն վրայ. Առաջին. յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Մեր ակնկալութիւնն է թրքական իշխանութիւններէն, որ ընդառաջեն հայոց պատրիարքի ընտրութիւններու կազմակերպման...

Նշմար.  Ուշացումով Որդեգրուած  Ճիշդ Որոշում Մը

Նշմար. Ուշացումով Որդեգրուած Ճիշդ Որոշում Մը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Արաբական «Էմ.Պի.Սի.Կրուփ» մեծ մետիախումբը յայտարարեց, թէ որոշած է դադրեցնել թրքական պատկերասփիւռային ֆիլմաշարերու սփռումը: «Էմ.Պի.Սի.»-ի բանբեր Մազեն Հայեք յայտնեց. «Որոշումը որդեգրուեցաւ իբրեւ արդիւնք արաբական կեցուածքի` թրքական նուրբ ուժին վերաբերեալ որեւէ բան սփռելէ եւ զայն արաբական տուներուն մէջ տարածելէ դադրելու, որովհետեւ Թուրքիա կ՛որդեգրէ միջոցներ, որոնք չեն համապատասխաներ արաբական շրջանին եւ արաբական հայրենիքին միութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան շահերուն»: Ողջունելի եւ ճիշդ...

Նամականի

Անդրադարձ. 1918-ի Մայիսեան Դրուագներ Գ.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Էջմիածինէն վերադարձիս, շարք մը անմիջական աշխատանքներէ ետք, պահանջ զգացի բնակարանիս մէջ քիչ մը հանգստանալու: Սակայն քիչ ետք ուժեղ զանգահարութիւնը (հեռաձայն- Յ.Չ.) արթնցուց զիս: Գնդապետ Զատիկեանն էր, որ շտապ կը կանչէր զիս հրամանատարութիւն: Ան արդէն կառքը ուղարկած էր: Հրամանատարութեան մէջ իմացայ, որ Արամ փաշայի դէմ մահափորձ կը պատրաստուի: Հրամայեցի կանչել իմ տեղեկատուներս` Գրիշան եւ Կարոն, ըսին, թէ անոնք եկած...

Արցախեան Շարժման 30-ամեակին Առիթով Հրատարակուած «Ազդակ» – «Ապառաժ» Միացեալ Թիւին Բովանդակութիւնը

Սրտիս Ու Մտքիս Մէջ Դրոշմուած Արցախեան Պատկերներ (Զ.)

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Ազատամարտիկներու Դոփիւնները Կը Յամենան Տակաւին - Այդ կողմերէն թշնամին մնայուն կերպով կը փորձէր քանդել այս եկեղեցին, սակայն աստուածային զօրութիւն մը ամպի նման պարուրած էր զայն, եւ արձակուող հրթիռները չկրցան վար առնել անոր վեհանիստ գմբէթը, այլ միայն փոքր վնասներ կրեց անիկա: Մեր ազատամարտիկներն ալ հոս էին, անոնք եւս արգիլեցին ամէն տեսակի ոտնձգութիւն, թումբ կանգնեցան  թշնամիին դիմաց, որ նոյնիսկ չկրցաւ...

Արցախեան Շարժման 30-ամեակին Առիթով Հրատարակուած «Ազդակ» – «Ապառաժ» Միացեալ Թիւին Բովանդակութիւնը

1988-ի Փետրուարեան Պոռթկումը Ժողովրդային Արդար Ցասումի Կուտակման Հետեւանք Էր

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ 1985-էն Խորհրդային Միութեան վերջին ղեկավար Միխայիլ Կորպաչովի առաջնորդութեամբ համամիութենական Համայնավար կուսակցութեան որդեգրած «Վերակառուցման եւ հրապարակայնութեան» քաղաքականութիւնը պատճառ դարձաւ, որ նախ ի յայտ գան խորհրդային համակարգի ընկերային-տնտեսական դրուածքին թերի կողմերը, երկրորդ` այդ համակարգին պատճառով տասնամեակներէ ի վեր ստեղծուած զանազան հարցերուն մասին մարդիկ աւելի ազատ սկսան գրել, խօսիլ եւ արտայայտուիլ: Այդ հարցերուն շարքին էին կենսոլորտի ապականումին հարցը, ազատութիւններու սահմանափակումներու պարագան,...

Արցախեան Շարժման 30-ամեակին Առիթով Հրատարակուած «Ազդակ» – «Ապառաժ» Միացեալ Թիւին Բովանդակութիւնը

Հարկաւոր Չարիքը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն ու Ռուսիայէն կազմուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութիւնը սկսաւ գործել 14 փետրուար 1997-ին: Համանախագահութիւնը իր 21-ամեայ գործունէութեան ընթացքին Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին կամ Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ Ազրպէյճանի կողմէ 1994-1995-ի զինադուլի համաձայնութեան իւրաքանչիւր խախտումէն ետք իր հրապարակած յայտարարութիւններուն մէջ միշտ ալ յանցագործն ու զոհը դրած է ու կը դնէ նոյն նժարին վրայ: Բացառութիւն էր մայիս 2017-ի վերջաւորութեան հրապարակուած...

Արցախեան Շարժման 30-ամեակին Առիթով Հրատարակուած «Ազդակ» – «Ապառաժ» Միացեալ Թիւին Բովանդակութիւնը

Տեսակէտ. Պայքարի Վերանորոգում. Նոր Հորիզոն, Նոր Փուլ

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Այսօր 30 տարի անցած է արդէն արցախեան ազգային-ազատագրական պայքարի սկզբնաւորութենէն: Պայքար մը, որ պսակուեցաւ համաժողովրդային դիմադրութեամբ` բխած ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքէն: Սակայն այդ պայքարը այսօր տակաւին չէ աւարտած, այլ ընթացքի մէջ կը մնայ մինչեւ արցախեան հիմնահարցի արդար լուծում: Յաճախ միջազգային գետնի վրայ կը տեսնենք, որ սկսած են ազգային ինքնորոշման նոր շարժումներ, ինչպէս` Քաթալոնիոյ, Սկովտիոյ եւ քրտական ազատագրական շարժումները,...

Արցախեան Շարժման 30-ամեակին Առիթով Հրատարակուած «Ազդակ» – «Ապառաժ» Միացեալ Թիւին Բովանդակութիւնը

«Միացում». Պէտք Է Հին Կարգախօսին Տալ Նոր Բովանդակութիւն. Հրաչեայ Արզումանեան

Արցախեան շարժման 30-ամեակի կապակցութեամբ «Ապառաժ»-ը զրուցել է Ստեփանակերտի «Աշխարհ» ռազմավարական հետազօտութիւնների կեդրոնի տնօրէն, ռազմական եւ ազգային անվտանգութեան խնդիրների փորձագէտ, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի խորհրդական Հրաչեայ Արզումանեանի հետ: Հ.- Ինչպէ՞ս էք գնահատում Արցախեան շարժումը հայ ժողովրդի իտէալների իրականացման տեսանկիւնից: Պ.- Մենք պէտք է հասկանանք, որ այն, ինչ տեղի է ունեցել 1988 թուականին` արտայայտուելով «միացում» կարգախօսով, ունի շատ խոր արմատներ: Արցախեան...

Արխիւային Ռազմավարութիւն

Գրախօսական. Եըլտըզի Պոմպան

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ 21 յուլիս 1905. սաստիկ թնդիւն մը կը ցնցէ ամբողջ Պոլիսը, երբ ռումբ մը կը պայթի Սուլթանական Եըլտըզ պալատի յարակից մզկիթին դիմաց, ուր կը գտնուէր Օսմանեան կայսրութեան սուլթանը` Ապտիւլ Համիտ Բ.ը, ուրբաթ օրուան Սելամլըքի պահուն (ծիսակարգ դարձած սուլթանին աղօթքի արարողութիւնը): Պայթիւնը, որ պատմութեան մէջ կը յիշուի որպէս «Եըլտըզի պոմպան» կամ Դաշնակցութեան պատմագրութեան մէջ` «Նժոյգ գործողութիւնը», վրիպած էր իր բուն...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Կատակը Մէկդի. Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հէ՜յ, ժողովո՛ւրդ. Սպիտակ տունի հանճարե՜ղ պետին ուղեղը նորագոյն փայլատակում մը ունեցած է Ֆլորիտայի մէկ դպրոցին մէջ «անհաւասարակշիռ»-ի մը գործած նորագոյն ոճիրին լոյսին տակ: Նախագահը գտած է նման արիւնահեղութեանց վերջ տալու ամէնէն կարճ ճամբան. զինել... ուսուցիչները: Սխալ չհասկնաք,  ինչպէս ըրին «սուտ լուրեր տարածող» մամլոյ աղբիւրներ. նախագահը չ՛առաջարկեր, որ բոլոր ուսուցիչները զինուին, եւ դպրոցները վերածուին զօրանոցի տարբերակներու, այլ կ՛ուզէ զինել...

Լա՛ւ Որ Բանտարկուեր Է Վարդան Պետրոսեանը…

Լա՛ւ Որ Բանտարկուեր Է Վարդան Պետրոսեանը…

ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Վերնագիրը բնականաբար պիտի ցնցէ ընթերցողը, ընդվզում, թերեւս նոյնիսկ զայրոյթ յառաջացնէ անոր մօտ: Բայց թոյլ տուէք հիմնաւորեմ վերնագիրի ընտրութիւնը: Անոնք, որոնք ներկայ գտնուեցան Վարդան Պետրոսեանի «Իմ կիսատ թողած երգը» մենաներկայացման, վստահաբար վայրկեանուան մը համար իրենց միտքէն այս տողը ըսին: Իսկ ես ամբողջ ելոյթի ընթացքին նոյն տողին մասին էր, որ կը մտածէի: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ, եթէ Վարդանը չբանտարկուէր, մենք առիթը պիտի...

Վըժիկը

Վըժիկը

ՎԱՀԷ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Լիլիթը տարիներ առաջ  էր աւարտել Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժանմունքը եւ, մայրաքաղաքում հաստատուել ցանկացող շատ օրիորդների նման, դէմ չէր լինի, եթէ իր բախտը եւս դասաւորուէր Երեւանում, այդուհանդերձ, պատանեկան տարիներից իրեն սիրող համագիւղացի երիտասարդի սիրտը չգտաւ ուրիշ ոչ մէկի մէջ, ընտրեց նրան իր կեանքի ընկեր եւ հաստատուեց Ջաւախքի իրենց հայրենի գիւղում: Երեւանեան մշակութային եւ հասարակական բուռն կեանքով ապրած Լիլիթի...

Հայերէնախօսութեան Ձախողութիւնը Եւ Վերականգնումի Ուղիներ

100-ամեակը Դիմաւորել . Հարիւրամեակին Պիտի Քննե՞նք Մշակոյթի Եւ Ինքնութեան Մոռցուող Խնդիրները

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ազգի մը քաղաքականութիւնը ամբողջ մըն է` ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ: Ամէնէն տեսանելիները պատերազմներն են, միջազգային յարաբերութիւնները, զանազան ընտրութիւնները եւ տնտեսութիւնը: Բայց ամէն օր չի խօսուիր մշակոյթի եւ ինքնութեան մասին, նկարագրային ADN-ի (molécule support de l'information génétique héréditaire), որ անձին եւ ազգին ինքնութեան ժառանգական ծինայինը լրացնող յատկութիւնն է մշակոյթը, բնորոշ իւրայատկութիւնները մշակոյթին մէջ կը գտնուին: Երբ ազգ մը...

Խմորո՞ւմ Մը Կը Պատրաստուի

Ղարաբաղեան Շարժումի 30-ամեակ

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Եզրակացութիւն. 1) Հայկական հողերու ազատագրութեան դատը միշտ եղած է համայն հայութեան քաղաքական ու անզիջելի գերագոյն նպատակը: Ահա թէ ինչո՛ւ համայնավար վարչակարգի խստագոյն պայմաններուն տակ իսկ հայ ժողովուրդը երբեք չդադրեցաւ ղարաբաղեան հարցը արծարծելէ եւ պահանջելէ, որ Ստալինի ապօրէն կարգադրութիւնը սրբագրուի: 2) Ղարաբաղեան շարժումը սկզբնական օրերուն հաւատաց Կորպաչովի վերակառուցման լոզունգին եւ ուզեց ժողովրդավար ու օրինական  կարգով սրբագրել ստալինեան ապօրինութիւնը: Սակայն...

Ուխտի Ճանապարհներ. Այց` Մեսրոպ Մաշտոցի Դամբարան

Ուխտի Ճանապարհներ. Այց` Մեսրոպ Մաշտոցի Դամբարան

ԴՈԿՏ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ Հայրենիք այցելողիս համար ամենատեսարժան պատմական վայրերէն էր Օշական գիւղը, որուն եկեղեցիի խորանին տակ առյաւէտ կը հանգչի մեր ժողովուրդի ինքնութիւնն ու գոյատեւումը ապահովող տառերու գիւտարար Մեսրոպ Մաշտոցը: Նախնական կրթութեան վերջին տարիներուն մեր ազգային վարժարանի կրօնի ուսուցչուհին պատմած էր, որ Նոյ  նահապետն ու անոր ընտանիքը, երբ Մասիսի գագաթէն կ՛իջնեն, կը տեսնեն Օշականը` ջուրէն ազատած եւ կը բացագանչեն. «Օշական», որ...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Էրտողան Սպառնալիք Է Աշխարհի Համար. Պէտք Է Կանգնեցնել Զայն, Քանի Տակաւին Ուշ Չէ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը մեծ սպառնալիք դարձած է իր սեփական ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ` շատերու համար: Վերջին տարիներու անոր գործողութիւններն ու յայտարարութիւնները պէտք է լրջօրէն անհանգստացնեն անոր դրացիներն ու ամբողջ աշխարհը: Միջազգային հանրութեան կողմէ անտեսուած վերջին բռնակալը ցեղասպան դահիճ Ատոլֆ Հիթլերն էր, որ սանձազերծեց Բ. Համաշխարհային պատերազմը` ներխուժելով տասնեակ երկիրներ...

Page 552 of 806 1 … 551 552 553 … 806

Արխիւներ