Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարկաւոր Չարիքը

Մարտ 6, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն ու Ռուսիայէն կազմուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութիւնը սկսաւ գործել 14 փետրուար 1997-ին: Համանախագահութիւնը իր 21-ամեայ գործունէութեան ընթացքին Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին կամ Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ Ազրպէյճանի կողմէ 1994-1995-ի զինադուլի համաձայնութեան իւրաքանչիւր խախտումէն ետք իր հրապարակած յայտարարութիւններուն մէջ միշտ ալ յանցագործն ու զոհը դրած է ու կը դնէ նոյն նժարին վրայ: Բացառութիւն էր մայիս 2017-ի վերջաւորութեան հրապարակուած հաղորդագրութիւնը, որ ուշագրաւօրէն տարբեր էր իր նախորդներէն:

Համանախագահները նշեալ յայտարարութեան վերջին բաժինին մէջ թէեւ կը կրկնէին երկու կողմերը նոյն նժարին վրայ դնելու վատ սովորութիւնը, սակայն առաջին բաժինին մէջ անկէ շեղում մը արձանագրելով, առաջին անգամ ըլլալով յստակօրէն մատնացոյց կ՛ընէին նախայարձակ կողմը: «Տարբեր վստահելի աղբիւրներէ հաւաքուած տեղեկութեանց համաձայն, Ազրպէյճան 15 մայիսին շփման գիծին մէջ հրթիռ արձակած է` ոչնչացնելով ռազմական համակարգ: 16 մայիսի երեկոյեան եւ յաջորդ օրը հայկական զինեալ ուժերը պատասխանած են», նշուած էր յայտարարութեան մէջ:

Այդ յայտարարութենէն մէկ օր առաջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա վերոնշեալ զարգացումին անդրադառնալով իր կարգին այդ ողջունելի շեղումին համահունչ կերպով կը նշէր. «Տարբեր աղբիւրներէ ստացած մեր տեղեկութիւններուն համաձայն, իրավիճակը սրած է, երբ 15 մայիսին Ազրպէյճանի տարածքէն հարուածած են հակառակ կողմը գտնուող զինուորական համակարգեր: Միւս կողմը` բնականաբար արձագանգած է»:

Զինադուլի հսկողութեան մեքանիզմի բացակայութեան` զինադուլը խզող կողմին այդ յստակ նշումները այն տպաւորութիւնը ստեղծեցին, որ բան մը փոխուած է, եւ այդ մեքանիզմը, հակառակ 2016-ին Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ գոյացած համաձայնութիւններուն, թէեւ չէ կիրարկուած, սակայն, ըստ երեւոյթին, սկսած է գործել: Իրողութիւն մը, որ Արցախի հիմնահարցին լուծման մէջ յառաջընթացի նուազագոյն նշոյլն իսկ խափանող Ազրպէյճանի ոչ կառուցողական կեցուածքը շրջանցելու որոշումի մը գոյութեան տպաւորութիւնը կը ստեղծէր: Այդ յոյսի փոքր նշոյլը, սակայն շուտով չքացաւ եւ ամէն բան վերադարձաւ իր սովորական ու «բնականոն» հունին:

Իրողութեան մէջ մեծ տէրութիւնները միշտ ալ տեղեակ եղած են եւ ե՛ն, թէ ո՛վ կը խախտէ զինադուլը, անոնք ունին ատիկա ճշդելու միջոցները: Այլ խօսքով` զինադուլի հսկողութեան մեքանիզմ մը միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է, սակայն անոր կիրարկումն է, աւելի ճիշդ զայն կիրարկելու քաղաքական կամքն է որ կը բացակայի:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն նախայարձակն ու զոհը նոյն նժարին վրայ դնելու սովորամոլութեան վերածուած քաղաքականութիւնը «կանաչ լոյս» մըն է տրուած ռազմատենչ Ազրպէյճանի: Մինչեւ այն ատեն, որ Ազրպէյճանի գործած յանցանքին համար հայկական կողմը եւս կ՛այպանուի Պաքուի կողմէ զինադուլի խախտումները եւ ատոր իբրեւ հետեւանք կեանքերու կորուստը պիտի շարունակուին:

Այս բոլորէն կարելի է հետեւցնել, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութիւնը չարիք մըն է: Սակայն պէտք է նաեւ նկատի ունենալ հետեւեալը. նշեալ խմբակը իր գործունէութեամբ ահա 21 տարիներէ ի վեր յաջողած է պահպանել յաղթական կողմին ի նպաստ եղող սթաթիւս քոն, ինչ որ հայկական կողմին առիթ ընծայած է ամրապնդելու իրողական կացութիւնը եւ զայն դարձնելու անդառնալի: «Տիրապետութիւնը օրէնքին 9/10-րդն է», կը նշէ անգլերէն ասացուածքը. որքան աւելի ճշմարիտ է այդ խօսքը, երբ կը վերաբերի արդար իրաւունքին ու հայրենիքին:

Նշեալ տարիներուն ընթացքին ամրապնդուած է Արցախի պետականութիւնը, անոր ժողովրդավարական, ազրպէյճանականին ակներեւ հակապատկերը եղող բնոյթը խաւարին մէջ փայլող աստղի մը նման իր վրայ կը հրաւիրէ բոլորին ուշադրութիւնը: Աւելի՛ն, գոյացած է անկախութեան շունչով սնած ու անոր հովանիին տակ հասակ նետած սերունդ մը, որ ճի՛շդ է որ հին ու նոր վէրքեր ու ցաւեր ունի, սակայն ինքնավստահ ու վճռական կերպով կը նայի ապագային:

Մինչ հայուն համար Արցախը լուսաւոր, շօշափելի, կենդանի ու կենարար իրականութիւն մըն է, զայն ատենօք բռնագրաւած հորդաններու սերունդներուն համար` անիկա օրըստօրէ կը վերածուի հեռաւոր ու մշուշոտ յիշատակի մը:

Մինչ արդար դատերուն վրայ ժամանակին ունեցած ազդեցութիւնը չնչին է` անոր ազդեցութիւնը մահաբեր է անարդարին համար: Ազրպէյճանական իշխանութեանց բոլոր ջանքերը անկարող են կասեցնելու ժամանակի մաշեցնող ազդեցութիւնը, ահա թէ ինչու խեղդամահ եղողի մը կատաղութեամբ կը քննադատեն ու կը փորձեն տապալել Մինսքի խմբակի համանախագահութեան անհպելի ձեւաչափը եւ կանխարգիլել յիշողութեան արագահաս կորուստը:

Այո՛, Մինսքի խմբակի համանախագահութիւնը որոշ առումով թերեւս չարիք մըն է, սակայն հարկաւոր չարիք մըն է:

 

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Պայքարի Վերանորոգում. Նոր Հորիզոն, Նոր Փուլ

Յաջորդը

1988-ի Փետրուարեան Պոռթկումը Ժողովրդային Արդար Ցասումի Կուտակման Հետեւանք Էր

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?