Արցախեան Վերածնունդը` Լուսանկարիչ Ռոպերթ Կարապետեանի Ոսպնեակի Ետին
Հազիւ երկու շաբաթ առաջ «Հայրենիք»-ի խմբագրութիւնը ե-նամակի միջոցով ստացաւ նկարներու շարք մը: Հասցէն կը պատկանէր հանրածանօթ լուսանկարիչ Ռոպերթ Կարապետեանի, որ երկար ժամանակէ ի վեր հաստատուած է Նիւ Եորք: Քիչ անց նոյնինքն Ռոպերթն էր, որ ընկալուչին ետին կը զրուցէր: Ի յայտ եկած էր, թէ աչքի վիրահատութեան ենթարկուած էր վեթերան լուսանկարիչը, հարազատներու միջոցով ղրկած էր այս «տեսողական գանձ»-ը, որ 1988-ի արցախեան վերածնունդի...


















