ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Ազատամարտիկներու Դոփիւնները Կը Յամենան Տակաւին
– Այդ կողմերէն թշնամին մնայուն կերպով կը փորձէր քանդել այս եկեղեցին, սակայն աստուածային զօրութիւն մը ամպի նման պարուրած էր զայն, եւ արձակուող հրթիռները չկրցան վար առնել անոր վեհանիստ գմբէթը, այլ միայն փոքր վնասներ կրեց անիկա: Մեր ազատամարտիկներն ալ հոս էին, անոնք եւս արգիլեցին ամէն տեսակի ոտնձգութիւն, թումբ կանգնեցան թշնամիին դիմաց, որ նոյնիսկ չկրցաւ մօտենալ համալիրի սահմաններուն…
Մեզ հայ ճարտարապետութեան հանճարեղ միտքի ու վարպետութեան վառ օրինակներէն հանդիսացող Գանձասարի վանական համալիր տանող արցախցի վարորդին ցուցամատին հետեւելով կը նայիմ հեռուն` դրախտային բնութեան կողմը, ուր կանաչ գոյնը կը լեցնէ ամբողջ տեսադաշտդ, եւ որուն ետին, ոչ շատ հեռուները, կը գտնուի Արցախը դժոխքի վերածելու տենչով տոգորուած ազերին: Անոր պատմածին շարունակութիւնը այլեւս չի դպչիր ականջիս, այլ կը շոգիանայ` բախելով իմ էութիւնս պարուրած այն ամպին, որ զիս փոխադրած է արցախեան ազատագրական պայքարի օրեր, երբ զանգի հոգեթով ղօղանջներուն փոխարէն` կը հնչէին պայթիւնները ռումբերուն, խունկի քուլաներուն փոխարէն` վառօդի ծուխը կը բարձրանար, շարականերուն մեղեդին իր տեղը զիջած էր ազատամարտիկներու կանչերուն` խրոխտ մնալու, անզիջող ըլլալու, չյուսալքուելու, այլ` պայքարելու, կռուելու, մարտնչելու:
Պայքար ու զոհաբերութիւն` յանուն արցախեան իւրաքանչիւր թիզ հողի, յանուն Հայաստանի եւ սփիւռքի, ի սէր համայն հայութեան, որուն համար այս հողը սրբութիւն է, որուն համար պայքարը, թէկուզ` տարբեր ձեւերով, համատարած է ու միասնական, ի խնդիր ապագայ սերունդներուն, որոնք պիտի հպարտանան արձանագրուած յաղթանակներով, պիտի ըլլան տէրը նուաճումներուն, պիտի ներշնչուին ու լիցքաւորուին արեամբ եւ զոհողութեամբ ձեռք բերուած այս հողին վրայ, որպէսզի շարունակեն հայօրէն ապրիլ` ո՛ւր ալ գտնուին, աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ հանգրուանեն` երազելով վերադառնալ կրկին, այդ հողին զօրութիւնը զգալ նորէն, նահատակ ազատամարտիկներուն ուժով լիցքաւորուիլ դարձեալ:
Գանձասարի ճարտարապետական համալիրին` հայ ժողովուրդի հազարամեայ հարուստ ճարտարապետական ժառանգութեան իսկապէս ամէնէն հոյակերտ գանձերէն մէկուն շրջափակի հաստաբուն ծառին տակ նստած` կը լսեմ բարձրագոռ ուխտը հայ ազատամարտիկներուն, որոնք եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ հաղորդուելէ ետք միասնաբար կը վերանորոգեն իրենց հաւատարմութեան ու նահատակուելու պատրաստակամութեան ուխտը, ականջներուս մէջ կը թնդան անոնց դոփիւնները, երբ կը վազեն տարբեր ուղղութիւններով` շրջապատելու համալիրը, պահապան հրեշտակներ ըլլալու այս հրաշալի եւ թանկարժէք կառոյցին` Արցախի ազգային ճարտարապետութեան գլուխ գործոցին, 1240-ին օծուած Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ, որուն երդիքին տակ գիր, դպրութիւն, մատենագիտութիւն, պատմութիւն կերտուեցաւ եւ արձանագրուեցաւ: Բնականաբար այդ օրերուն խաչին կողքին զէնք վերցուցած են նաեւ հոգեւորականները, որոնց համաձայն, խաչը` օրհնութեան, զէնքը` պաշտպանութեան: Բոլորը պատրաստ էին իրենց կեանքի գնով պաշտպանելու այս արժէքը, ինչպէս` իրենց ընկերները ամբողջ Արցախի տարածքին, քաջ գիտնալով, որ յաղթանակը իրենցն է, որովհետեւ պայքարը արդար է:
Եկեղեցւոյ, պարիսպներուն, համալիրին գեղեցկութիւնը աննկարագրելի կը թուի ըլլալ, կլանուած կը զգամ ու կը նայիմ երկինք. որքան մօտ ենք անսահման կապոյտին, կարծես գմբէթի խաչը դպած ըլլայ անոր, եւ այդ մօտիկութիւնը աւելի խորհուրդ կը հաղորդէ վանքին, որուն դռնէն դուրս կու գայ զոյգ մը` այդ պահուն այդ եկեղեցւոյ մէջ ամուսնացած: Ու կը շարունակեմ մտածել, որ այդ երիտասարդները օրին եղած են մանուկներ, պատերազմ տեսած են, թերեւս հայր կամ եղբայր կորսնցուցած են, իսկ այսօր եկած են ամուսնութիւն կնքելու եւ նահատակներուն անունները կրող նոր սերունդի զաւակներ ծնելու: Յուզուած եմ, սակայն յուզումս կը շեշտուի, երբ ընկերներէս մէկը ինծի մօտենալով` կը պատմէ, թէ զոյգը խնդրած էր, որ ինք ըլլար խաչեղբայրը` իբրեւ սփիւռքահայուն հետ իսկական եղբայրութեան արտայայտութիւն: Խորհուրդ ու պատգամ… Պահուան ծնունդ ինքնաբուխ քայլ մը, որ կը գլէ կ՛անցնի ամէն տեսակի կոչ ու քարոզ, սփիւռքահայն ու արցախցին իրարու կամրջելու հրաւէր: Արդարեւ, անոնք միացած են վաղուց, այն օրերէն, երբ արցախեան ազատագրական պայքարը մնայուն ներկայութիւն դարձաւ սփիւռքահայուն կեանքին մէջ, երբ մեր դպրոցներուն մէջ ամէնօրեայ դրութեամբ մեծէն մինչեւ ամէնէն փոքր աշակերտները լուրեր կը սպասէին Արցախէն, հոն մղուող նուիրեալ պատերազմէն, մեր հերոսներուն արձանագրած նուաճումներէն, երբ մեր թերթերուն ու ձայնասփիւռի կայաններուն լրատուութեան կիզակէտն էր արցախեան շարժման վերաբերող իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն:
Այդպիսով ալ տակաւին դպրոցական գրասեղաններուն ետին Արցախը դուրս եկաւ մեր պատմութեան գիրքերուն էջերէն, ստացաւ միս ու ոսկոր, դարձաւ մեր առաւօտեան աղօթքներուն յաջորդող ներկայութիւն մը հարազատ, որուն մասին ուսուցիչները եւ պատասխանատուները կը խօսէին յաճախ, իւրաքանչիւր աշակերտ իր գիրքին մէկ անկիւնը գծեց իր պատկերացուցած Արցախը, ազատամարտիկը, աւելի փոքրերը սպիտակ թուղթին վրայ Արցախի մէջ ընթացող կռիւներուն մասին գծելու պարտականութիւն ստացան ու գծեցին, ներկեցին, ստեղծեցին պատկերներ, ուր բարձր էր հայուն յաղթանակին դրօշակը, ուր ոտքի կոխան դարձած էր թշնամին, իսկ մեր հերոսները իրենց զէնքերը բարձրացուցած էին երկինք` իրենց տիրութիւնը յայտարարելով արցախեան հողերուն:
Աւելի ուշ մեզի` Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի աշակերտներուս պիտի հաղորդուէր, որ մեր գրասեղաններուն ետին նստած, մեր կանգնած շրջափակին մէջ ինք եւս կանգնած ու խաղացած երիտասարդ մըն ալ իր կեանքը զոհած էր յանուն Արցախին: Որքան հպարտալի էր այդ օրը, որքան տպաւորիչ էր դէմքերը յատկապէս երկրորդական դասարաններու աշակերտներուն, տղոց ու աղջիկներուն, որոնց համար Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան յայտարարութիւնը կարծէք նաեւ հրաւէր էր` անոր ընտրած ճիշդ ուղիէն ընթանալու: Հպարտ էինք եւ այդ օրերուն չէինք կրնար ըմբռնել, թէ ինչո՛ւ արցունք կար մեր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն աչքերուն մէջ, չէինք կրնար հասկնալ, որ տակաւին երէկ իրենց առօրեային մէջ տեղ գրաւած Մհերին կեանքը ընդհատուեցաւ արդէն, ու բաժանումը յաւերժական էր… Հպարտութեան եւ կսկիծի արցունք, սակայն շուտով անհետացող` փայլքով փոխարինուող:
– Եկո՛ւր, քեզի ցոյց տամ այն պարիսպը, ուր առ այսօր պահպանուած է արցախեան պատերազմի հետքերէն մէկը` պարիսպին մէջ խրած ու չպայթած արկը:
Մեր ընկերակիցն է դարձեալ, որ կը հրաւիրէ զիս վերադառնալու Գանձասարի շրջափակ, ուր, ի՜նչ լաւ, զբօսաշրջիկներու խճողումը նկատելի է արդէն: Կը քալենք միասին ու կը տեսնենք անոր ըսած արկը` պատին մէջ, նման է վէրքի մը, որուն ամբողջական սպիացումը կրնայ մոռացութեան դուռ բանալ, հանգստութիւն եւ թերեւս թուլութիւն պատճառել:
– Ասիկա պահուած է դիտումնաւոր կերպով` իբրեւ յիշեցում եւ յուշարար, որ թշնամին տակաւին լեռներուն ետին է, իսկ մենք պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք անոր նենգութիւններուն: Հսկայ պարիսպին մէջ գրեթէ աննշան հետք մը` առ երեւոյթ, սակայն աւելի քան ազդու եւ ցնցիչ դրոշմ` համայն հայութեան մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ գամուած. պատերազմը տակաւին չէ վերջացած, հակառակ պայծառ կապոյտին տակ տարածուած անծայրածիր կանաչին, հակառակ արցախեան բնական առօրեային եւ սիրտ լեցնող գեղեցկութեան` սպառնալիքը տակաւին սահմանին միւս կողմն է:
– Պէտք է ըլլանք զգաստ…
Շարունակութիւնը չեմ լսեր, այլ կրկին ականջս կը լեցնեն ազատամարտիկներուն դոփիւնները, որոնք երբեք պէտք չէ լռեն, որոնք միայն այս տարածքին մէջ չէ, որ կը պրկեն ջիղերս, այլ արցախեան հողին վրայ ամէնուր` հայաստանեան-արցախեան սահմանակէտէն
մինչեւ Շուշի, մինչեւ Մարտակերտ ու Մատաղիս, մինչեւ հոն, ուր ազատամարտիկի ոտք դպած է, մինչեւ հոն, ուր արցախցի գիւղացին կռնակը կքած` հողին հետ կը զրուցէ, մինչեւ հոն, ուր հայ մանուկներ, անտեսելով արձակազէնները, մաքուր գոգնոցներով եւ իրենց պարտէզի ծաղիկները սեղմած` դպրոց կ՛ուղղուին ամէն օր…
Թանկարժէք ես, Արցա՛խ, քու հողիդ վրայ ոտք դնողները կը գրաւես աննկարագրելի զօրութեամբ, զանոնք կը կապես անբացատրելի ուժով, կը ներշնչես ու կը հզօրացնես այցելուներդ, կը լիացնես հոգին քու սահմանդ անցնող իւրաքանչիւր սփիւռքահայու, որ կը դառնայ մոլին` արեամբ ոռոգուած հողիդ, անուշահամ ջուրիդ, բիւրեղ օդիդ, յաղթանակներուդ ականատես երկինքիդ ու ազատամարտիկներուն դոփիւններուն` ուժ, հաւատք, պարտք եւ պատգամ փոխանցող…
«Ազատ ու անկախ Արցախ,
Քո տուն-ամրոցը կերտեցինք,
Պատմութիւնը մեր երկրի
Մեր սուրբ արեամբ մենք սերտեցինք»: