Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրախօսական. Եըլտըզի Պոմպան

Մարտ 6, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ

21 յուլիս 1905. սաստիկ թնդիւն մը կը ցնցէ ամբողջ Պոլիսը, երբ ռումբ մը կը պայթի Սուլթանական Եըլտըզ պալատի յարակից մզկիթին դիմաց, ուր կը գտնուէր Օսմանեան կայսրութեան սուլթանը` Ապտիւլ Համիտ Բ.ը, ուրբաթ օրուան Սելամլըքի պահուն (ծիսակարգ դարձած սուլթանին աղօթքի արարողութիւնը): Պայթիւնը, որ պատմութեան մէջ կը յիշուի որպէս «Եըլտըզի պոմպան» կամ Դաշնակցութեան պատմագրութեան մէջ` «Նժոյգ գործողութիւնը», վրիպած էր իր բուն թիրախէն` սուլթանէն, սպաննելով 26 եւ վիրաւորելով քանի մը տասնեակ ուրիշներ: Համիտեան մենատիրական կայսրութեան եւ յատկապէս մայրաքաղաք Պոլսոյ մէջ ինչպէ՞ս կը կազմակերպուէր այսպիսի յանդուգն գործողութիւն մը: Որո՞նք էին այս դրուագին հիմնական դերակատարները եւ ի՞նչ դրդապատճառներէ մեկնած կը մասնակցէին աննախադէպ այս արարքին: Քաղաքական ի՞նչ հետեւանքներ ունեցաւ սուլթանին դէմ այս մահափորձը եւ միջպետական յարաբերութիւններու մէջ ինչ փոփոխութիւններ յառաջացուց: Ահա քանի մը հարցեր, որոնք առանցքը կը կազմեն նոր գիտաշխատութեան մը` «To Kill a Sultan: A Transnational History of the Attempt on Abdelhamid (1905)» (Palgrave Macmillan, 2018), որ հրատարակուած է այս տարեսկիզբին եւ խմբագրուած է Էտհեմ Էլտեմի, Հուսին Ալլուլի եւ Հենք տը Սմայէլի կողմէ:

Գիրքը, որ կազմուած է ութ հիմնական գլուխներէ եւ գրուած` տարբեր պատմաբաններու կողմէ, մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւն մըն է, որ կը վերլուծէ սուլթան Համիտի դէմ կատարուած այս մահափորձը` իր բազմակողմանի երեսներով փորձելով պատմագիտական մեկնաբանութիւններ տալ այն հարցադրումներուն, որոնք ցարդ մնացած էին անպատասխան: Ինչպէս վերնագիրը կը վկայէ, սոյն աշխատութիւնը առաջին հերթին փորձ մըն է սուլթանին մահափորձը տեղադրելու աւելի լայն պարունակի մը մէջ եւ զայն դիտարկելու որպէս ազգայինի (national) եւ անդրազգայինի (transnational) պատմական համադրում: Միջպետական եւ միջկազմակերպական յարաբերութիւններու լոյսին տակ է, որ գիրքին ներածականին մէջ երեք խմբագիրները կ՛ուրուագծեն հատորին ընդհանուր կառոյցը` ներկայացնելով տարբեր մօտեցումները, որոնք որդեգրուած են աշխատութեան ընթացքին: Երկար ներածութեամբ մը խմբագիրները կը բացատրեն, թէ ինչո՛ւ Եըլտըզի մահափորձը ցարդ լիարժէք գնահատումը չէ գտած օսմանեան պատմագրութեան մէջ. պատճառներէն հիմնականը, անշուշտ, այն պարզ իրողութիւնն է, որ մահափորձը ձախողեցաւ` դատապարտելով դէպքը պատմութեան փոշոտ էջերուն:

Վերաբանալով մոռցուած այս անցեալը` գիրքին հիմնական նպատակը ոչ միայն այս դէպքին խորքային վերլուծումն է, այլ նաեւ բացայայտումը` որոշ կապակցութիւններու միջպետական ազդակներու եւ պատմական զուգահեռ գործընթացներու, որոնք պատմագրական նորանոր մօտեցումներով հանրութեան կը հրամցուին այստեղ: Հետեւաբար, սոյն գիրքը սկզբնակէտ առնելով յուլիս 1905-ին կատարուած դէպքը, ոստում մը կը կատարէ «մանրա-պատմութենէն» (micro-history) դէպի «համաշխարհային պատմութիւն» (global history), ուր կը յստականան տարբեր դերակատարներու միջեւ գոյացած յարաբերութիւններն ու անոնց ծաւալը` զանոնք տեղադրելով համաշխարհայինի եւ տեղայինի խաչմերուկներուն վրայ, աստիճանաբար ճանապարհը հարթելով դէպի «խաչաձեւ պատմութեան» (Histoire croisée) ամբողջական ներկայացում: Այս առաքելութիւնը իրականացնելու միտումով խմբագիրները ժողոված են պատմաբաններու խումբ մը, որուն անդամները իրենց մասնագիտութիւնը ի սպաս դրած են` ուսումնասիրելու օսմաներէն, հայերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ այլ լեզուներով զանազան փաստաթուղթեր, որոնց քննարկումը միայն կը նպաստէ դէպքին ամբողջական մեկնաբանութեան եւ վերլուծութեան: Յիշարժան է նաեւ, որ այս խումբին պատմաբանները կու գան տարբեր մասնագիտութիւններէ, ինչպիսիք են` միջազգային օրէնսդրութիւն, դիւանագիտական պատմութիւն հասարակական կամ մշակութային պատմութիւն ու շնորհիւ իրենց կատարած միջգիտակարգային (interdisciplinary) աշխատանքին` ընթերցողին առջեւ կը պարզեն ուշ օսմանեան պատմութեան այս դրուագի բազմաշերտ կողմերը` իրենց խորութեամբ:

Ներկայացնելէ ետք իրենց առաքելութիւնը, խմբագիրները կը շարունակեն ներածականը` ընդհանուր ակնարկ մը նետելով 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդի առաջին տասնամեակին տիրող աշխարհաքաղաքական եւ օսմանեան կացութեան: Անոնք Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ կազմակերպուած այս գործողութիւնը կը դիտարկեն իր լայն միջավայրին մէջ` զուգահեռներ գծելով Եւրոպայի եւ Ռուսական կայսրութեան մէջ մինչ այդ արմատացած անիշխանական (anarchist) եւ յեղափոխական (ընկերվարական, մարքսիստական) խմբակներու եւ օսմանեան հողատարածքներու վրայ 1890-ականներէն թափ առած յեղափոխական խմորումներու միջեւ: Օրինակներ բերելով տարբեր ահաբեկչական գործողութիւններէ, ինչպէս` Ռուսիոյ ցար Ալեքսանտր Բ.-ի (1881), Իտալիոյ թագաւոր Ումպերթօ Ա.-ի (1900) եւ Ամերիկայի նախագահ Ուիլիըմ Մքինլիյի (1901) սպանութիւնները, խմբագիրները հայ յեղափոխական կուսակցութիւններու օսմանեան գործունէութիւնը կը վերլուծեն 20-րդ դարասկիզբը յատկանշող քաղաքական ահաբեկչութեանց (political violence) ընդհանուր պարունակին մէջ: Հետեւաբար տարածաշրջանային յեղափոխական խմբաւորումներու արմատականացման ընդհանուր ծիրին մէջ է որ պէտք է հասկնալ եւ վերլուծել Եըլտըզի մահափորձն ու անոր նախորդող դէպքերու շարքը: Ինչպէս էր պարագան եւրոպական միւս պետութիւններուն կամ պետական մարմիններուն, որոնք թիրախ կը դառնային նմանատիպ յարձակումներու, Եըլտըզի մահափորձը ցոյց կու տար օսմանեան եւ համիտեան վարչակարգի ապահովական բացթողումները եւ յեղափոխական գործողութեանց կարողականութիւնը` օգտագործելու զանոնք հարուածելու համար տուեալ թիրախը:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որպէս հիմնական դերակատար եւ կազմակերպիչ «Նժոյգ» գործողութեան, բնականաբար պիտի կազմէր գիրքին երկրորդ գլուխը (ներածականէն ետք): Հեղինակը` Կայծ Մինասեան, օգտագործելով արխիւային հարուստ նիւթեր, կը նկարագրէ 1899-էն ետք ընթացք առնող դաշնակցական գործունէութիւնը, ինչպէս` «Փոթորիկ» դրամահաւաքը, որ պիտի ֆինանսաւորէր «Նժոյգ»-ի կազմակերպումը, Քրիստափոր Միքայէլեանի գլխաւորութեամբ ցուցական մարմինի մը կազմութիւնը, որուն հիմնական աշխատանքը պիտի ըլլար ծրագրել սուլթան Համիտի դէմ կատարուելիք մահափորձը` իբրեւ պատժական եւ վրէժխնդրական արարք 1894-1896 թուականներու համիտեան կոտորածներուն: Մինասեան ընթերցողին նաեւ կը ներկայացնէ, թէ ինչպէ՛ս պելճիքացի անիշխանական Էտուար Ժորիս, որ հետագային պիտի ձերբակալուէր եւ դատուէր գործողութեան մեղսակից ըլլալու յանցանքով, սերտ կապեր մշակելով Ցուցական մարմինի անդամ Վռամշապուհ Քենտիրեանի հետ` յաջողած էր մաս կազմել սոյն խմբակին եւ գործօն դերակատարութիւն ունենալ սուլթանի մահափորձի կազմակերպական աշխատանքներուն մէջ:

Մինասեան ժամանակագրական ձեւով կ՛ուսումնասիրէ «Նժոյգ» գործողութեան տարբեր փուլերն ու հանդիպած խոչընդոտները, ինչպէս` Քրիստափորի եւ Վռամշապուհի վաղաժամ մահը Պուլկարիոյ Վիտոշ լերան լանջերուն, օսմանեան ոստիկանութեան խիստ հսկողութիւնը եւ դէպքի ձախողութենէն ետք կուսակցական պատկան մարմիններու կեցուածքն ու վրդովմունքը, որ յանգեցուց Սաֆոյի կուսակցութենէն արտաքսման` իբրեւ Ցուցական մարմինի գլխաւոր պատասխանատու (1907 ՀՅԴ 4-րդ Ընդհանուր ժողովին): Այս առումով, Դաշնակցութեան արխիւները, որոնց վրայ հիմնուած է Մինասեանի գիտաշխատութիւնը, ոչ միայն հարուստ նիւթեր կը պարունակեն` հետեւելու «Նժոյգ» գործողութեան պարբերականացման (periodization), այլ կը մղեն նաեւ քննական պատմաբանը` կատարելու նոր հարցադրումներ: Մինասեան կ՛ամփոփէ եւ կ՛եզրափակէ իր աշխատութիւնը` տալով նորանոր հարցումներ, որոնցմէ են պուլկարական եւ ռուսական պետութիւններուն գործողութենէն տեղեկացուածութեան հարցը, կամ Քրիստափորի եւ Վռամշապուհ Քենտիրեանի կեանքերը խլող ռումբին խափանարարման հաւանականութիւնը:

Ի՞նչ գործ ունէր պելճիքացի Ժորիսը Ցուցական մարմինին մէջ եւ ինչպէ՞ս յայտնուեցաւ «Նժոյգ» գործողութեան պատրաստութեան աշխատանքներուն մէջ: Ահա՛ հետաքրքրական հարցում մը, որուն Մարթին Վան Կինտըրախթըր կը փորձէ պատասխանել գիրքին երրորդ գլուխին մէջ, որ յատկացուած է Էտուար Ժորիսի հոգեմտաւոր աշխարհին եւ յեղափոխական գործունէութեան վերլուծութեան:

Էտուար Ժորիս

Գործողութենէն մէկ օր անց Ժորիս կը ձերբակալուէր օսմանեան ոստիկանութեան կողմէ` որպէս գլխաւոր կասկածելի: Խուզարկութեան ընթացքին ոստիկանութիւնը անոր յարկաբաժինէն կը յայտնաբերէ ատրճանակներ, պայթուցիկ նիւթեր եւ յեղափոխական թերթեր: Անոր ձերբակալութիւնը պատճառ պիտի դառնար, որ «Նժոյգ»-ի ցանցը բացայայտուի եւ դատավարութիւնը եւրոպական մամուլին մէջ ստանայ «Ժորիսի գործը» (L՛affaire Joris) խորագիրը:

Օգտագործելով պելճիքական պետական փաստաթուղթերու եւ Ժորիսի կողմէ գրուած նամակներու հաւաքածոյ մը` Վան Կինտըրախթըր Ժորիսի մասնակցութիւնը կը բացատրէ եւրոպական եւ յատկապէս պելճիքական յեղափոխական-անիշխանական կազմակերպութիւններու գործունէութեանց լոյսին տակ: Նկարագրելով Պելճիքայի մէջ Ժորիսի անդամակցութիւնը անիշխանական եւ ձախակողմեան խմբաւորումներու` Վան Կինտըրախթըր կը վերլուծէ Ժորիսի յօդուածները եւրոպական մամուլին մէջ, ուր ան պիտի գրէր նաեւ Հայկական հարցին մասին: Աշխատանքի եւ շատ հաւանաբար արկածախնդրութեան փնտռտուքով Ժորիս 1903-ին կը հասնէր Պոլիս, ուր ան պիտի ծանօթանար Վռամշապուհ Քենտիրեանի հետ` որպէս «Սինկըր» հաստատութեան մէջ աշխատող իրեն աշխատակից եւ սենեկակից: Քենտիրեան, իր կարգին, յաջողած էր Ժորիսի հետաքրքրութիւնը արթնցնել Հայկական հարցին շուրջ ու նաեւ համոզել Քրիստափորն ու Ցուցական մարմինի ընկերները, որ Ժորիսի անդամակցութիւնը ռազմավարական շահեր պիտի բերէր գործին` տրուած ըլլալով Ժորիսի Պելճիքայի քաղաքացիութիւնն ու անոր յարաբերութիւնները եւրոպական շրջանակներու ու մամուլին հետ: Իբրեւ անիշխանական գործիչ` Ժորիս կը հաւատար, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու փրկութիւնը պէտք էր գար միայն դուրսէն, տրուած ըլլալով, որ աշխատաւորական դասակարգը կը պակսէր եւ, հետեւաբար, յեղափոխութիւնը չէր կրնար կայսրութեան ներսէն պայթիլ: Ինչպէս Վան Կինտըրախթըր կը վերլուծէ, Ժորիս հասած էր այն համոզումին, որ միայն քաղաքական ահաբեկչութեան միջոցով է, որ օսմանեան հասարակական կարգը կրնար փոխուիլ: Քենտիրեանի մահը, ըստ Վան Կինտըրախթըրի, անկիւնադարձային էր Ժորիսի համար եւ եկաւ աւելիով խորացնելու անոր համոզումները Հայկական հարցին լուծման ճանապարհին քաղաքական ահաբեկչութեան անհրաժեշտութեան մասին: Վան Կինտըրախթըրի վերլուծումը ոչ միայն պատմագիտական է, այլ նաեւ կ՛ընդգրկէ հոգեբանական որոշ մօտեցումներ, որոնց շնորհիւ հեղինակը կրցած է վերարտադրել Ժորիսի քաղաքական հայեացքներն ու մտաւոր աշխարհը:

Համիտեան գաղտնի ոստիկանութեան ընդարձակ ցանցը, շնորհիւ Ժորիսի ձերբակալութեան եւ մանրակրկիտ հետաքննութեան, կրցած էր բացայայտել «Նժոյգ» գործողութեան բոլոր մանրամասնութիւններն ու մասնակից անդամները: Գիրքին չորրորդ գլուխին մէջ Թոյկուն Ալթընթաշ կ՛ուսումնասիրէ համիտեան վարչակարգի եւ ոստիկանութեան հակազդեցութիւնն ու բացուած հետաքննութիւնը: Ալթընթաշ օգտագործելով օսմանեան ոստիկանական եւ պալատական արխիւները` կը վերարտադրէ հետաքննութեան ամբողջ գործընթացը եւ ընթերցողին կը ներկայացնէ օսմանեան պետական տեսակէտը եւ ահաբեկչութեան պետական հասկացողութիւնը:

Հեղինակը ոստիկանական գործողութիւնները կը դիտարկէ որպէս համիտեան վարչակարգի պատերազմը անիշխանական հոսանքներու դէմ, որ արդէն սկսած էր 1880-ական թուականներէն, երբ ամբողջ ժողովուրդներ եւ յատկապէս հայերը կը բնութագրուէին որպէս ապահովական սպառնալիքներ: Հետեւաբար, այս տրամաբանութենէն մեկնած, ամբողջ համայնքը ապահովական սպառնալիք մըն էր, մինչեւ որ անոնք իրենց հաւատարմութեամբ ապացուցէին հակառակը:

Ալթընթաշ դիպուկ կերպով կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս 20-րդ դարու արդիականացումը նաեւ կը նշանակէր ժողովուրդները վերահսկելու եւ դասելու նոր մօտեցումներ եւ գործիքներ, որոնք կը բարձրացնէին պետութեան կարողականութիւնը` թափանցելու ժողովուրդին ամէնէն ցած եւ ցարդ անտեսանելի մնացած խաւերէն ներս անգամ: Ահա նման նոր արհեստագիտական եւ արդիական գործիքներն էին, որոնց շնորհիւ օսմանեան ոստիկանութիւնը կարողացաւ բացայայտել Ժորիսի մեղսակցութիւնը, թաքնուած միւս ռումբերն ու կուսակցական զինանոցները, ինչպէս նաեւ` ձերբակալել տասնեակ ուրիշ հայ եւ յոյն յեղափոխականներ, որոնք առնչուած էին «Նժոյգ»-ի զանազան աշխատանքներուն հետ: Սուլթանի ահաբեկումը ձախողած էր, բայց ոստիկանութիւնը յաջողած էր կազմաքանդել Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ մէջ դաշնակցական ցանցը` գործնական հսկայական խոչընդոտներու եւ վնասներու առջեւ դնելով կուսակցութիւնը: Պէտք է նաեւ յիշել, որ օսմանեան պետութիւնը համագործակցութեան մէջ էր եւրոպական միւս միապետական վարչակարգերուն հետ, որոնք 1898-ի Հռոմի համաժողովին մէջ որոշած էին անիշխանական հոսանքներու պայքարին դէմ միասնական քայլերու ձեռնարկել:

Ալթընթաշի աշխատութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս պայթումէն ընդամէնը քանի մը օր ետք համիտեան վարչակարգը կրցած էր իրավիճակը իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ առնել` քաղաքը դարձնելով ոստիկանական բոյնի մը, ինչպէս նաեւ գերատեսչութիւն բանեցնելով լուրերու շրջանառութեան վրայ` կիրարկելով գրաքննական խիստ միջոցներ: Հակառակ անոր որ մասնակիցներէն շատեր մահապատիժի դատապարտուած էին, ներառեալ` Ժորիսը եւ կինը, որ արդէն լքած էր Պոլիսը գործողութենէն առաջ, պելճիքացի յեղափոխականը սուլթան Համիտի կողմէ շնորհուած համաներումով մը ազատ արձակուեցաւ դեկտեմբեր 1907-ին, ձերբակալութենէն մօտաւորապէս երկու տարի ետք: Թէ ի՛նչ պայմաններու մէջ էր, որ սուլթանը համաձայնեցաւ ահաբեկչական նման արարքի մը հեղինակը ներել, կը մնայ պատմական առեղծուած մը, որուն պատասխանը տակաւին կը մնայ վարկածական (speculative), ինչպէս Ալթընթաշ կ՛ընդգծէ իր աշխատութեան եզրափակիչ մասին մէջ: Արդեօք սուլթանին կողմէ ձեռնարկուածը որոշ խա՞ղ մըն էր, որ կը միտէր սեպ մը խրել յեղափոխական հոսանքներուն միջեւ, թէ պելճիքական դիւանագիտութեան ճնշումներու արդիւնք էր. դժուար է սպառիչ պատասխան մը գտնել:

(Շար. 1)

Նախորդը

Կատակը Մէկդի. Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Յաջորդը

«Հայ-Թուրքական Արձանագրութիւնների Չեղարկումը Բոլորիս Յաղթանակն է, Մեր Երկրին Յաղթանակն է» Հաստատեց Հրանդ Մարգարեան

RelatedPosts

Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Անդրադարձ

Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի

Նոյեմբեր 12, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Երանելի Օրերու Սպասումով…

Նոյեմբեր 12, 2025
Վարանգաթաղի Բարձունքի Արծիւներուն (Քրիս Յարութիւնեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Վարանգաթաղի Բարձունքի Արծիւներուն (Քրիս Յարութիւնեանի Յիշատակին)

Նոյեմբեր 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?