ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Էջմիածինէն վերադարձիս, շարք մը անմիջական աշխատանքներէ ետք, պահանջ զգացի բնակարանիս մէջ քիչ մը հանգստանալու: Սակայն քիչ ետք ուժեղ զանգահարութիւնը (հեռաձայն- Յ.Չ.) արթնցուց զիս:
Գնդապետ Զատիկեանն էր, որ շտապ կը կանչէր զիս հրամանատարութիւն: Ան արդէն կառքը ուղարկած էր: Հրամանատարութեան մէջ իմացայ, որ Արամ փաշայի դէմ մահափորձ կը պատրաստուի: Հրամայեցի կանչել իմ տեղեկատուներս` Գրիշան եւ Կարոն, ըսին, թէ անոնք եկած են արդէն: Հարցուցի անոնց, թէ ի՞նչ կար:


«Տեղեկութիւն ունինք, որ Նորքի մէջ Թոփալ Յակոբը խումբ մը մարդիկ հաւաքած է եւ զանոնք կը գրգռէ Արամ փաշայի եւ Երեւանի հրամանատարին դէմ` ըսելով, որ Արամը եւ Շահխաթունին գնուած են թուրքերէն եւ կ՛ուզեն պատերազմը շարունակել ի նպաստ թուրքերուն»:
«Ո՞վ է Թոփալ Յակոբը: Նորքի մէջ ի՞նչ կը խօսին իր մասին»:
«Ան դասալիք զինուոր մըն է եւ այդ պատճառով արդէն մէկ անգամ ձերբակալուած է»:
«Կրնա՞ք գտնել կառապան Վանոն»:
Շուտով զայն բերին հրամանատարութիւն: Երբ սենեակս մտաւ, նախ զայն չճանչցայ, որովհետեւ կպցուած պեխեր ունէր (ծպտուած- Յ.Չ.) եւ բոլորովին փոխուած էր:
«Ի՞նչ գիտես Թոփալ Յակոբի մասին»:
«Այսօր Թոփալ Յակոբը, քանի մը հարիւր հոգի հաւաքած, պիտի գայ քանդելու հրամանատարութիւնը եւ ձերբակալելու բոլոր վարիչները: Կ՛երեւի, որ բաւական դրամ ձեռք ձգած է, բայց յայտնի չէ, թէ ուրկէ՞: Ան թուղթ կը խաղայ (բախտախաղ- Յ.Չ.), սոսկալի ամբարտաւան դարձած է»:
Պատուիրեցի հսկել անոր վրայ, բայց դեռ չձերբակալել, իսկ երբ Երեւանին մօտենայ, իմացնել զիս. երեք տեղեկատուներս մեկնեցան:
Զինուորական կայանէն կանչել տուի գնդացիրներու հրամանատար Գէորգեանին: Մինչ այդ ամէն ինչ պատմեցի գնդապետ Զատիկեանին: Թէեւ ի՛նքը կանչած էր զիս տեղեկատուներու պահանջին վրայ, բայց տեղեակ չէր, թէ բանը ինչո՛ւմն էր: Անոր հրամայեցի իրեն հետ առնել երկու ընտրեալ սպայ եւ անոնց հետ պահուըտիլ Ազգային խորհուրդի շէնքին մէջ:


Գէորգեանը եկաւ: Ես միշտ գոհ էի` տեսնելով այդ կարգապահ լաւ սպային: Բանին էութիւնը բացատրելէս ետք անոր հրամայեցի, որ իր գնդացիրներու խումբին հետ երթայ Ազգային խորհուրդ, ուր պիտի ըլլայ Զատիկեանը իր մարդոց հետ: «Երբ տեսնէք, որ ամբոխը կը յառաջանայ դէպի Ազգային խորհուրդ, (անոնցմէ) կը պահանջէք հեռանալ եւ ցրուիլ: Եթէ չհնազանդին, առաջնորդները կը ձերբակալէք: Երբ պատշգամին տեսնէք իմ սպիտակ թաշկինակը, միայն այն ժամանակ կը կրակէք», ըսի:
Քիչ ետք գացի Ազգային խորհուրդ, ուր նախագահը, Խորէն սրբազանը, (Մուրատբէկեան, Երեւանի թեմակալ առաջնորդ, հետագային կաթողիկոս- Յ.Չ.) կը խորհրդակցէր Արամի, Իսահակեանի եւ ուրիշներու հետ: Մահափորձի մասին ամէն ինչ յայտնեցի անոնց:
Արամը յայտնեց, որ Թոփալ Յակոբը (ՀՅ) Դաշնակցութենէն վտարուած է դասալքութեան եւ զանազան գողութիւններու պատճառով: Ան հրամայեց, որ զայն ձերբակալեմ եւ գնդակահարել տամ: Խորէն սրբազանը ըսաւ, որ մինչեւ օրս մենք արիւն չենք թափած մեր կռուողներու շարքերուն մէջ, որ` լաւ կ՛ըլլայ ուրիշ միջոց խորհիլ: Ազգային խորհուրդի անդամ Իսահակեանը դժգոհութեամբ պատասխանեց.
«Գիտէ՞ք, սրբազա՛ն հայր, որ այդ Թոփալ Յակոբը ի՜նչ վատ դեր կը խաղայ: Ան լուրեր կը տարածէ, որ Արամը ամուսնացեր է թուրք կնոջ մը հետ, որ` թուրքերէն դրամ ստացեր է եւ այլն: Գիտնալով, որ Արամը երէ՛կ միայն լիազօր ըլլալու պատասխանատուութիւնը ստանձնեց, կը շտապէ անոր կեանքին վերջ տալ»:
Այս խորհրդակցութիւններուն ընթացքին ամբոխին մէջէն կը լսուէին ձայներ.
«Կորսուի՛ Արամ փաշան, կորսուի՛ հրամանատարը»:
Արամը շատ հանդարտ կը մնար: Ան կանչեց իր պահակը եւ հրամայեց, որ մնայ Ազգային խորհուրդի դրան առջեւ` ամբոխին կոչերը չլսել ձեւացնելով:
Ես գացի պատշգամ, որուն երկաթեայ շրջապատը դեռ չէր շինուած: Ազգային խորհուրդի շէնքը, որ վնասուած էր պատերազմի սկիզբին, դեռ նորոգուած չէր պէտք եղած կերպով: Հայեացք նետեցի շրջապատին վրայ եւ տեսայ հազարապետ Գէորգեանը, որ օգտուելով շէնքին չնորոգուած վիճակէն` կարողացեր էր լաւ կերպով թաքցնել իր խումբը: Անոնք փողոցէն չէին երեւեր, սակայն ես զանոնք վերէն կը տեսնէի: Տեսայ նոյնպէս Զատիկեանը, որ կը կատարէր իր պարտականութիւնը:


Վերադարձայ Ազգային խորհուրդի սրահը, ուր Արամը կ՛ըսէր. «Այս միջոցին, երբ Սարդարապատի մէջ հայոց համար մահու եւ կենաց հարց դրուած է, ուր հայ արիւնը կը հոսի, անթոյլատրելի է, որ դասալիք մը այդպիսի խայտառակութիւններ ընէ: Ես սպառնալիքէն չեմ վախնար: Բայց երբ հայ ժողովուրդի ճակատագիրի մասին է հարցը, ես կը պահանջեմ ամէնէն խիստ պատիժը»:
Բոլորը ծափահարեցին: Այդ միջոցին սպասարկութեան սանդուխի վրայէն շատ աղմկալի ժխոր լսուեցաւ: Արամը ինծի նայեցաւ: Ես ժպտելով պատասխանեցի, որ անոնք իմ մարդիկն էին: Գացի սանդուխի մօտ եւ տեսայ, որ Զատիկեանը եւ Պետրովը ձերբակալած էին Թոփալ Յակոբի մարդոցմէ մի քանին եւ զանոնք կը նետէին խորհուրդի մառաններուն մէջ:
Բաւական մեծ էր ձերբակալուածներուն թիւը: Անոնք կու լային եւ կը զղջային` ըսելով, որ խաբուած էին: Զատիկեանը կ՛ըսէր, որ անոնք իրենց յոռի վարմունքով անսահման վնաս կրնան հասցնել հայրենիքին, եւ որ` գնդակահարութենէ ազատուելու միջոցը ճակատ երթալն է:
Այդ պահուն ներս մտաւ փաստաբան Ենգիպարեանը` դողդողալով եւ ըսաւ, որ դուրսը կը կռուին: Հանդարտ կերպով անոր ըսի. «Մեր մարդիկը արդէն առաջուընէ պէտք եղած դիրքերը գրաւած էին եւ անկարելի էր, որ ամբոխը կարենայ յառաջանալ մինչեւ Ազգային խորհուրդին դուռը»: Արամ համակրանքով եւ ժպիտով ինծի նայեցաւ:

Աղմուկը աւելի սաստկացաւ: Արամը կ՛ուզէր պատշգամ ելլել եւ խօսիլ ամբոխին: Անոր թոյլ չտուին: Ես անոր խորհուրդ տուի դեռ չերեւալ եւ ըսի, որ պր. Իսահակեանը պատշգամ ելլէ եւ յայտնէ, որ Թոփալ Յակոբը դաւաճանին մէկն է եւ ազգը բնաւ պիտի չներէ զայն: Բայց երբ ան պատշգամ ելաւ, ամբոխը իր աղմուկով փորձեց արգիլել զայն խօսելու:
Թոփալ Յակոբը կ՛ըսէր, որ բոլոր կուսակցութիւնները դաւաճաններ են եւ կը պահանջէր, որ Արամը եւ Շահխաթունին յանձնուէին: Այդ միջոցին Խորէն սրբազանը երեւցաւ պատշգամին վրայ: Զայն տեսնելով` ամբոխը մէկ վայրկեան լռեց, բայց անմիջապէս նորէն սկսաւ գոռալ, թէ` «Մենք կրօնաւորներու պէտք չունինք»: Կը կրկնէին. «Անմիջապէս մեզի յանձնեցէ՛ք Արամը, պիտի կախենք զայն»:
Ես ետ քշեցի սրբազանը եւ իր տեղն անցայ: Ամբոխը սկսաւ գոռալ. «Վա՛ր իջիր, քու մորթդ պիտի քերթենք»:
«Շա՛ն որդիք, անմիջապէս բոլորդ ալ գացէ՛ք ճակատ: Եթէ դուք մէկ հայու արիւն թափէք, ձեզմէ ոչ մէկը այստեղէն ողջ չի վերադառնար: Բացէք ձեր աչքերը եւ տեսէք, որ գնդացիրներով շրջապատուած էք»:
Այս խօսքիս վրայ ամբոխը լռեց, բայց Թոփալ Յակոբը դարձեալ խօսեցաւ` ըսելով, որ սուտ են այս բոլորը, եւ որ` ամբողջ բանակը իր կողքին է: Ամբոխը նորէն քաջալերուեցաւ եւ սկսաւ շարունակել իր աղմուկը:
Ես սոսկումով նկատեցի, որ Արամը իմ կողքիս էր: Ան սովորութիւն ունէր քիթը բռնել լուրջ խնդիրի մը ժամանակ: Իր այդ շարժումը կատարելէն ետք, սկսաւ խօսիլ, միեւնոյն ժամանակ նկատեցի, որ Արամին պահակը Թոփալ Յակոբի կողքին էր: «Ձերբակալեցէ՛ք անմիջապէս այդ դաւաճան Թոփալ Յակոբը, որ արդէն զինուորական դասալիք է: Իսկ դուք բոլորդ պէտք է զինուորական կեդրոն երթաք` անմիջապէս ճակատ ուղարկուելու համար: Դուք ձե՛ր կողմէ ձերբակալեցէք ձեր պետին»:
Թոփալ Յակոբ պատասխանեց. «Դո՛ւն գնա ճակատ: Հրամանատարը կ՛ուզէ մեզ սարսափեցնել գնդացիրներու մասին խօսելով: Բայց ես ունիմ մաուզերներ: Ձեզի հինգ վայրկեան կու տամ, որպէսզի յանձնուիք: Թէ ոչ` ընելիքս գիտեմ: Դուք բոլորդ թուրքերուն ծախուած էք»:
Արամը պաղարիւնութեամբ ըսաւ. «Միայն հի՞նգ վայրկեան»:
Ամբոխը պատասխանեց. «Այո՛, միայն հինգ վայրկեան»:
Արամը շատ հանդարտ կերպով եւ բոլորովին իր անձին տէրը` նշան տուաւ իր պահակին` ըսելով. «Գէո՛րգ, անմիջապէս»:
Իսկոյն Գէորգը հանեց հրազէնը եւ կրակեց Թոփալ Յակոբին վրայ, որ գետին ինկաւ մեռած:
Բոլոր ամբոխավարները գոչեցին. «Կեցցէ՛ Արամ փաշան»: Ամբոխը ուզեց ցրուիլ, բայց Զատիկեանը իր ամբողջ խումբով անմիջապէս պաշարեց զանոնք եւ զինուորական կեդրոն փոխադրեց:
Սրահ մտայ եւ, մօտենալով Խորէն սրբազանին` յարգալիր ըսի, որ ապստամբութիւնը վերջացած է` շնորհիւ Արամի պաղարիւնութեան եւ հանդարտութեան, թէ` ամբողջ խումբը կանխաւ շրջապատուած էր զինուորներով, եւ թէ` անոնք բոլորը կը տարուին զինուորական կեդրոն:
Արամը մօտենալով` ողջագուրեց զիս եւ ըսաւ սրբազանին, որ ապստամբութիւնը վերջ գտաւ շնորհիւ մեր հրամանատար Շահխաթունիի նախօրօք ձեռք առած միջոցներուն:
Շահխաթունիի այս յուշագրութիւնը լոյս կը սփռէ Սարդարապատի ճակատամարտի նախօրեակին եւ ընթացքին Երեւանի առօրեային մասին, յատկապէս` Սուրէնեանց կաթողիկոսին պատգամը, զինուորներուն եւ ժողովուրդին հասցնելու Արամին համաձայնութեամբ իր նախաձեռնութիւնը` Էջմիածնի մէջ իսկ տպելով պատգամը, վեհափառին հետ տեսակցութենէն անմիջապէս ետք:
Իսկ նողկալի «Թոփալ Յակոբները» միշտ ներկայութիւն եղած են մեր պատմութեան մէջ. մինչեւ օրերս անոնք կը գործեն` փորձելով պառակտումի սերմեր ցանել հասարակութեան մէջ, զանազան տեսակի դիմակներ հագած, ինչպիսիք են այժմու աղանդները, որոնք «խաղաղասիրութեան» պիտակին տակ կը քարոզեն չծառայել հայոց բանակին:
10 փետրուար 2018
(Շար. 3 եւ վերջ)
(1) (https://hy.wikipedia.org/wiki/Արշաւիր_Շահխաթունի)
(2) «Արամը», հրատարակութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան, 1969, տպարան Համազգային էջ 508-521: