ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
1985-էն Խորհրդային Միութեան վերջին ղեկավար Միխայիլ Կորպաչովի առաջնորդութեամբ համամիութենական Համայնավար կուսակցութեան որդեգրած «Վերակառուցման եւ հրապարակայնութեան» քաղաքականութիւնը պատճառ դարձաւ, որ նախ ի յայտ գան խորհրդային համակարգի ընկերային-տնտեսական դրուածքին թերի կողմերը, երկրորդ` այդ համակարգին պատճառով տասնամեակներէ ի վեր ստեղծուած զանազան հարցերուն մասին մարդիկ աւելի ազատ սկսան գրել, խօսիլ եւ արտայայտուիլ: Այդ հարցերուն շարքին էին կենսոլորտի ապականումին հարցը, ազատութիւններու սահմանափակումներու պարագան, այլախոհութեան հարցը եւ այլն: Բայց ամէնէն կարեւորը այս հարցերուն մէջէն ազգային հարցն էր: Կարեւոր էր եւ միաժամանակ ցաւցնող, որովհետեւ հարցերու հրապարակայնացման լոյսին տակ ի յայտ եկաւ, թէ իր գոյութեան ամբողջ ժամանակաշրջանին խորհրդային համակարգը ինչպիսի՛ ձախաւեր քաղաքականութեամբ փորձած էր լուծում գտնել բաւական կնճռոտ ու բարդ ազգային-տարածքային հարցերուն` ամբողջ միութեան տարածքին:
Բնականաբար զգուշաւոր «հրապարակայնացում»-ի այդ մթնոլորտին մէջ ազգային-տարածքային առաջին հարցէն մէկը, որ պիտի ցցուէր խորհրդային ղեկավարութեան առջեւ, Լեռնային Ղարաբաղի հարցն էր, որ իր բռնկումի առաջին օրէն իսկ ազգային ինքնորոշման իրաւունքի հարց է: 1988-էն առաջ յաճախ խօսուած է շրջանի պատկանելիութեան վերատեսութեան ենթարկուելուն անհրաժեշտութեան մասին, 1960-ական թուականներու մամուլին մէջ մենք կը հանդիպինք տեղեկութիւններու` խորհրդային կեդրոնական ղեկավարութեան ուղղուած դիմումներու մասին, ուր յստակօրէն կը նշուի այն օրերու «Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզ»-ը խորհրդային Ազրպէյճանի կազմէն դուրս հանելու եւ խորհրդային Հայաստանին միացնելու մասին: 1 դեկտեմբեր 1987-ին նոյն պահանջով Խորհրդային Միութեան Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէին ղրկուած են ստորագրութիւններ, եւ ըստ կարգ մը աղբիւրներու խորհրդային բարձրագոյն ղեկավարութեան ուղարկուած այդ ստորագրութիւններուն քանակը հազարաւոր եղած է:
Ուրեմն փետրուար 1988-ն իր նախապատմութիւնը ունի: Փետրուարեան այդ համաժողովրդային պոռթկումը, թէ՛ Ստեփանակերտի եւ թէ՛ Երեւանի մէջ, պայքարի երկարաշունչ փորձերու կուտակման արդիւնք էր, բայց նաեւ հետեւանք էր այն բանին, որ հայ հասարակութեան մէջ ձեւաւորուած էր այլեւս այն համոզումը, որ վե՛րջ, այս հարցին շուրջ մեր ձայնը աւելի լսելի պէտք է դարձնենք: Որովհետեւ հակառակ անուանապէս «ինքնավար մարզ» մը ըլլալուն, Արցախի մէջ ինքնավարութեան նշոյլը անգամ չկար, այդտեղ շատ յաճախ կիրարկուած է ուղղակիօրէն հակահայկական քաղաքականութիւն, աւելի՛ն` նաեւ հետեւողական փորձ կատարուած է Արցախի եւ անոր շրջակայքի հայկական բնակավայրերուն ժողովրդագրական դիմագիծը փոխելու եւ ազրպէյճանականացնելու զանոնք: Ուրեմն արցախեան շարժումի առաջին նախաձեռնողները ունէին հիմնական մէկ մտասեւեռում, որն էր ամբողջութեամբ բացառել Արցախի ամբողջական նախիջեւանացումը եւ հայաթափումը, եւ հայաթափման արգիլումը անոնք կը տեսնէին Արցախի` Հայաստանին միացման ընդմէջէն, անշուշտ միշտ յարգելով գոյութիւն ունեցող խորհրդային սահմանադրութիւնը եւ օրէնսդրութիւնը:
Ահա այս մթնոլորտին մէջ է, որ պէտք է դիտարկենք այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ 1988-ի սկզբնաւորութեան: Նորագոյն ժամանակներու հայ ազգային մտածողութեան, ազգային գաղափարախօսութեան, վերջ ի վերջոյ ազգայնականութեան ձեւաւորման առումով այդ ժամանակաշրջանի հռետորաբանութիւնը իրաւամբ կարելի է նկատել բարձրակէտ մը: Անիկա բարձրակէտ էր ո՛չ միայն հայ ազգային երազ մը իրականացած տեսնելու եւ բռնախլուած հայկական տարածք մը վերստին հայկական պատկանելիութեամբ տեսնելու առումով, այլ նաեւ հայրենահայութիւնը հասարակարգէ հասարակարգ անցընելու, դէպի անկախութիւն ճամբան բանալու առումով:
Ինչ որ տեղի ունեցաւ փետրուարեան այդ քանի մը օրուան ժամանակաշրջանին գլխապտոյտ պատճառող երեւոյթ է: 13 փետրուարին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցան զանգուածային ցոյցեր միացման պահանջով: 20 փետրուարին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզ»-ի ժողովրդական պատգամաւորներու խորհուրդի արտակարգ նիստը, որուն ընթացքին որոշուեցաւ «դիմել Ազրպէյճանական եւ Հայկական խորհրդային հանրապետութիւններու Գերագոյն խորհուրդներուն, որպէսզի անոնց միջնորդութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը Ազրպէյճանական խորհրդային հանրապետութեան կազմէն Հայկական խորհրդային հանրապետութեան կազմին վերադարձուի»: Եւ այս պատմական որոշումը եղաւ այն կայծը, որ նոյն օրը մէկ միլիոն հայորդի Երեւանի մէջ ցոյցի իջնէ ի զօրակցութիւն մայր Հայաստանի հետ միացման Ստեփանակերտի պահանջին:
Հետագայ իրադարձութիւնները ծանօթ են արդէն: Անշուշտ խաղաղ ցոյցերը, քաղաքակիրթ միջոցներով հարցը լուծելու բոլոր փորձերը պիտի հանդիպէին ազրպէյճանական կողմի բիրտ հակազդեցութեան: Այդ հակազդեցութիւնը իր ամբողջ բրտութեամբ շուտով ինքզինք զգացուց Սումկայիթի, Պաքուի եւ Ազրպէյճանի այլ հայաբնակ տարածքներու մէջ կազմակերպուած զանգուածային ջարդերու եւ հայաթափումի միջոցով: Բայց հակառակ ասոր երբեք արցախեան ազգային ինքնորոշման պայքարին կրակը չմարեցաւ: Այո՛, սկզբնական ժամանակաշրջանին «Միացում» կարգախօսով ընթացաւ արցախեան շարժումը, բայց յետոյ երբ խաղաղ փուլը անցաւ, եւ ստիպողաբար շարժումը թեւակոխեց զինեալ ազատագրական պայքարի ժամանակաշրջան, անհրաժեշտ էր որ նաեւ մարտավարական փոփոխութիւն կատարուի արցախեան շարժումի մօտեցումներուն մէջ եւ որդեգրուի անկախ հանրապետութեան ստեղծման եւ կայացման ուղին` իբրեւ միջոցներէն մէկը այդ նոյն ազգային ինքնորոշման սկզբունքին, որուն հիման վրայ ալ շարժումը սկիզբ առած էր 30 տարի առաջ:
Այսօր կը նշենք այդ 30-ամեակը, եւ մեր մտքին մէջ անգամ մը եւս կ՛ուրուագծուի փետրուարեան այդ օրուան ծովածաւալ բազմութիւնը Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ: Մեր միտքէն ժապաւէնի պէս կ՛անցնին արցախեան ազատագրական պայքարի սխրանքները: Անգամ մը եւս կ՛ամրապնդենք մեր մէջ այն համոզումը, որ արցախեան հարցին հայանպաստ լուծումը Հայ դատի համընդհանուր պայքարին առաջնահերթ փուլերէն մէկն է` օր մը իրապէս մայր Հայաստանը եւ Արցախը մէկ, միացեալ տեսնելու վճռակամութեամբ: