Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Հայուհիին «Օր»-ը

Մարտ 8, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Առիւծածին մայրեր…
… Պայքարի մէջ դու պիտի ունենաս քո մեծ
                                                    ու վճռական զինակիցը` հայ մայրը:
Ինչպիսի
 աստուածային հաճոյք մարտնչողի համար` լսել
                                                             խրախուսիչ ձայնը հայրենակրօն մօր: Ո՞վ չգիտի,
                                            թէ ազգային տագնապների օրերին, երբ
                                                           հայրենասիրաբար բաբախում է տառապող կնոջ
                                   սիրտը, կորած չէ դեռ ամէն յոյս:

                                                                                        ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ

Ամէն տարի մարտ ամսուան առաջին շաբաթը, յատկապէս` 8 մարտին, Կիներու միջազգային օրը կը յատկացուի կիներու իրավիճակին ու անոնց իրագործելիք տեսլականներուն նուիրուած ձեռնարկներու:

Իսկ այս տարի մարտ 2018-ը կը զուգադիպի 1988-ի արցախեան շարժման եւ գոյամարտի 30-ամեակին: Հայոց պատմութեան դասերը մեզի կը պատգամեն, որ պատմական Հայաստանի 10-րդ նահանգը նկատուած Արցախի նահանգը մէկէ աւելի առիթներով (Խամսայի մելիքութիւններէն մինչեւ Իսրայէլ Օրի, Դաւիթ Բէկ եւ այլն) պայքարած է օտար իշխանաւորներուն դէմ` ամրագրելու համար Արցախի ազգային ազատ ինքնորոշման իրաւունքը: Անկախաբար անցեալին ցուցաբերուած որոշ վերապահութիւններէն` 1988-ի արցախեան  գոյամարտին պոռթկումը համազգային, համահայկակա՛ն էր: Գոյամարտ, որ ինքնապաշտպանութեան ամէնէն ցայտուն ու հպարտառիթ էջն է արդի հայոց պատմութեան մէջ: Ինքնապաշտպանութեան գոյամարտ` փետրուար 1988-ին Ազրպէյճանի գլխաւոր քաղաքներէն Սումկայիթի, Պաքուի, ապա Մարաղայի եւ այլ շրջաններու մէջ ծաւալած  հակահայ բռնարարքներու մոլուցքին դէմ: Անկազմակերպ խուժան եւ ազրպէյճանական ներքին ապահովութեան ուժերու յատուկ ջոկատի անդամներ` ՕՄՕՆ-ականներ, խորհրդային տեղական թէ կեդրոնական պատասխանատուներու քիթին տակ, օր ցերեկով  խուժեցին եւ աւերեցին ու կողոպտեցին նշեալ վայրերու հայապատկան տուներն ու վաճառատուները` «Մա՛հ հայերուն» յոխորտալով, կացիններով  խողխողեցին հայածին մանուկները, բռնաբարեցին նորահարս հայուհիներն ու դեռատի աղջնակները: Կարճ խօսքով, 1988-1994 երկարած ազրպէյճանական վայրագութեանց մահասփիւռ գինարբուքին պատճառով օրին փախստական դարձաւ Ազրպէյճանի աւելի քան կէս միլիոն հաշուող հայութիւնը: Հարիւր հազարներով հայեր Ազրպէյճանէն փախչելով` ապաստանեցան Հայաստան, ուր առանց այդ ալ հայրենիքը կը տնքար 1988-ի երկրաշարժին պատճառած մարդկային թէ նիւթական կորուստներու ահաւոր քաոսի հեւքին տակ:

Աւելի՛ն. 1988-1994 երկարած վեցամեայ գոյամարտի բագինին զոհ գացին մօտ 6500 հայորդիներ(1): Պարտադրուած այս գոյամարտին իրենց կամաւոր մասնակցութիւնը բերին երկու հարիւր հայուհիներ (ըստ այլ աղբիւրներու` 300), որոնցմէ զոհուեցան քանի մը տասնեակներ: Ըստ տաղանդաւոր գրող, դերասանուհի եւ բեմադրիչ Աննա Պետրոսեանի, զոհուած հայուհիներուն թիւը կը գերազանցէ քառասունը:

Վեցամեայ այս գոյամարտին ու յատկապէս ազատամարտիկ հայուհիներու ապրած ոդիսականներուն եւ առնչակից մանրամասնութիւններուն մասին ցարդ շատ մելան հոսած է ու տակաւին կարելի է հատորներ գրել: Այդ հատորներէն թերեւս նորագոյնը կարելի է նկատել Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ փրոֆ. Էդիկ Մինասեանի գլխաւոր խմբագրութեամբ 2016-ին Երեւան լոյս տեսած «Հայ հերոսուհի կանայք» խորագրեալ 700 էջերով երախտաշատ ուսումնասիրութիւնը:

Ոչ հայ լրատուադաշտը, ինչպէս օրին, այնպէս եւ տակաւին մինչեւ օրս, պարբերաբար կ՛անդրադառնայ «Սեւ այգի»-ի` Արցախի դիմակալած պատուհասներուն ու անոր այժմու իրավիճակին, չմոռնալով յիշել 30-ամեայ պայքարին «այբուբեն»-ը (թէկուզ` սեղմ տողերու մէջ): Անոնցմէ կը բաւէ նշել, օրինակ, «Նեշընըլ Ճէոկրաֆիք»(2), «Ուաշինկթըն Փոսթ»(3), «Այրիշ Թայմզ»(4) եւ այլն: Այս եւ նմանօրինակ բազմաթիւ այլ թերթերու եւ լրատուամիջոցներու թղթակիցներ, հաղորդավարներ զարմանքով ու հիացմունքով կ՛անդրադառնան մայրաքաղաքներ Երեւանի թէ Ստեփանակերտի մէջ դեռատի տասնեակ հայուհիներու անդամակցութիւնը եւ հետեւումը զինուորական թէ սպայից վարժարաններու դասընթացքներուն:

Սփիւռքահայերուս մեծ մասը թէեւ ականատես չեղաւ ազրպէյճանական ՕՄՕՆ-ականներու վայրագութեանց ու չապրեցաւ հայրենի մեր քոյրերու եւ եղբայրներու կրած տառապանքը, սակայն թերթելով, կարդալով ու հետեւելով օրին հաղորդուած ու հրապարակուած լրատուութեանց` իրազեկ դարձանք, որ ահաւոր բան պատահած է Ազրպէյճանի հայաբնակ վայրերու եւ պատմական Հայաստանի 10-րդ նահանգը նկատուած Արցախի մէջ: Ահաւոր բան մը, որ հակառակ իր թուական ու աշխարհագրական տարբերութեանց, կը յիշեցնէր 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը` 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը, գործադրուած` օսմանցի թէ քեմալական թուրքին «կրտսեր եղբօր»` արիւնռուշտ ազրպէյճանցիին կողմէ:

Արցախեան գոյամարտի վեհագոյն պսակումը հանդիսացող ազատ, անկախ Արցախի 30-ամեայ փորձառութեան լոյսին տակ, այսօր, կարելի է անվարան հաստատել, որ հայութիւնը, համա՛յն հայութիւնը, հպարտառիթ նոյն սխրանքով տրամադիր է դիմակալելու ՕՄՕՆ-ականներու կամ անոնց մեծ թէ փոքր «եղբայրներու» մահասփիւռ յոխորտանքները:

Փաստօրէն, արցախեան գոյամարտի բագինին իրենց գերագոյն զոհաբերութեամբ մատաղ դարձած հայորդիներուն արիւնը խիստ թանկ ու սուրբ է հայ ժողովուրդին համար: Նոյնքան սուրբ ու նուիրական է աւելի քան քառասուն հայուհիներու անձնդիր, անձնուրաց, գերագոյն զոհաբերութիւնը` արցախեան գոյամարտի բագինին: Աննա Պետրոսեանի եօթը հատորներէ բաղկացած «Վկայագիրք»-ի «Կանայք եւ պատերազմը» խորագրեալ յօդուածին մէջ նշուած` Նաիրա Սահակեանէն (որ իր երկու փոքրիկ երեխաները տատիկի խնամքին ձգած, միաժամանակ գթութեան քոյր, հետախոյզ-զինուոր ու անվրէպ նշանառու, Երեւան ծնած ու 9 մարտ 1993-ին, Սարսանգէն դէպի Կուսապատի բարձունքները իր խոյանքի պահուն նահատակուած էր) մինչեւ փրոֆ. Էդիկ Մինասեանի «Հայ հերոսուհի կանայք» խորագրեալ հատորին մէջ նշուած, 29 յուլիս 1992-ին Քաշաթաղի մէջ նահատակուած Աղաւնի Տէր Ստեփանեանի թիրախն ու պատգամը նոյնն են: Այդ պատգամը հերոսուհի Աղաւնիի` իր ծնողքին գրած վերջին նամակի հետեւեալ տողերուն մէջ կը խտանայ, կ՛արտացոլայ.

«Անկարող եմ ես չկռուել,
Երբ տեսնում եմ կռուողներին,
Անկարող եմ հանգիստ նստել,
Նայել լացող մեր մայրերին,
Դրա համար պէտք է կռուեմ,
Թէկուզ մարտում ինքս էլ ընկնեմ»:

Այլ խօսքով, հայ ազատամարտիկներու թիրախն էր` ապահովել ու ամրապնդել հայրենի բնօրրանին խաղաղութիւնը, անդորրութիւնը, պաշտպանել հայու մարդկային տարրական իրաւունքը` ազատ ու անկախ, իբրեւ լիիրաւ քաղաքացի ապրելու իրաւունքը: Իրաւունք, որուն հայկական հաւաքական, միասնական դրսեւորումն էր Արցախի ազգային ինքնորոշման իրաւունքի իրագործումը:

Ի վերջոյ ի՞նչ էր եւ ի՞նչ է կիներու ազատագրական պայքարի, կամ, այսպէս կոչուած, «ֆեմինիզմ»-ի գլխաւոր, հիմնական թիրախն ու տեսլականը, եթէ ոչ` կիներու մարդկօրէ՛ն, խաղաղ ապրելու, իր սեփական տան մէջ ազատ ու հանգիստ ապրելու, իր դէմ բանեցուող բռնարարքները սանձելու իրաւունքը:

Հայու ազգային ինքնորոշման իրաւունքին եւ արժանապատուութեան ու իր բնօրրանին վրայ ազատօրէ՛ն ապրելու հրամայականը կարմիր գիծ է, որուն շուքին տակ առժամաբար կ՛առկախուին, բայց երբեք չեն մոռցուիր ներազգային ճակատի պահանջները` քուէարկութեան, աշխատավարձի արդար ու հաւասար հատուցման, ընտանեկան բռնարարքի վերացման եւ կնոջ հզօրացման առնչակից քայլերը:

Ամէն տարի մարտ ամսուան սկիզբը կը մեկնարկեն Կիներու միջազգային օրուան յատուկ ձեռնարկները: Իսկ հայուհին Արցախի, Հայաստանի թէ աշխարհասփիւռ գաղութներու մէջ կը նշէ եւ կը տօնէ իր արցախեան գոյամարտի յաղթանակի «Օր»-ը, առանց որուն` կարելի չէ հետապնդել  կնոջ հզօրացման տեսլականով առաջադրուած վերոնշեալ պահանջները:

Փաստօրէն, երբ հայուհին իր զինակից ազատամարտիկ տղամարդուն կողքին իր սխրագործութիւններով  հաւասարապէս արժանացաւ զինուորական, ղեկավար, բարձրագոյն աստիճաններու եւ պաշտօններու, դարձաւ գնդապետ ու հրամանատար, երբ ան հայ ազատամարտիկին, մերօրեայ ֆետայիներու` Կորիւններու, Գէորգ Չաւուշներու, Սերոբ Աղբիւրներու յաջորդներու` Բեկորի, Կարօտի, Վարդան Դուշմանի, Թաթուլ Կրպէեանի եւ անոնց նմաններու հետ կողք-կողքի ճակատեցաւ յանուն իր փոքր (սեփական) ընտանիքին ու մեծ ընտանիքին (հայ ժողովուրդին) ապահովութեան, խաղաղութեան, պայքարեցաւ յանուն իր փոքր ու մեծ ընտանիքներուն դէմ կիրարկուող բռնարարքներու սանձումին ու վերացման, հետեւեցաւ զինավարժութեան եւ պայքարեցաւ յանուն կնոջ հզօրացման, ան արդէն գործնապէս վերացուց կնոջ ու տղամարդուն միջեւ տարբերութիւնն ու խտրականութիւնը  եւ ազգային ոգիի նոյն սխրանքով վանեց թշնամին:

Աշխարհասփիւռ հայուհիներու յաղթանակի այս «Օր»-ուան առիթով լաւագոյն մաղթանք պիտի ըլլայ կարմիր վարդ մը զետեղել գերագոյն զոհաբերութեան վեհագոյն առաքելութիւնը ընտրած նահատակ հայուհիներու պանթէոնին եւ երախտաշատ ակնածանքով  խոնարհիլ այդ գոյամարտէն վերապրած, վիրաւոր թէ հաշմանդամ հայուհիներուն առջեւ:

Փոխադարձաբար, լաւագոյն մաղթանք պիտի ըլլայ նաեւ շնորհակալ ու երախտապարտ ըլլալ բոլոր անոնց, որոնք իրենց նիւթական, մարտական, մտաւորական թէ քաղաքական-դիւանագիտական նախաձեռնութիւններով նպաստեցին արցախեան գոյամարտի արդար եզրայանգումին` Արցախի անկախութեան: Բոլոր անոնց, որոնք հայ ու յատկապէս օտար հանրային կարծիքի ուշադրութեան յանձնեցին հայութեան «ցաւ»-ը, արցախեան գոյամարտի ծալքերը:

Այս իմաստով կարելի չէ չյիշել, ջահակիր հայուհիներու կողքին, նաեւ հայ ժողովուրդի բարեկամ, հայութեան պահանջներուն զօրակից պարոնուհի Քարոլայն Քոքսը, պուլկարացի լրագրող Ցվեթանա Փասքալեւան եւ անոնց նման վեհոգի, ազնիւ տիկինները:

———————-

(1) «Ղարաբաղեան ազատագրական պատերազմ», 1988-1994, հանրագիտարան, Երեւան, 2004, գլխ. խմբագիր` Հ. Մ. Այվազեան:
(2) These Teens Are Fighting a War Older Than They Are, Daniel Stone, Emanuele Amighetti  https://www.nationalgeographic.com, Jan. 2018.
(3) These photos show new female fighters in a decades-old conflict,https://www.washingtonpost.com/news/in-sight/wp/2017/03/23/these-photos-show-the-first-female-fighters-in-a-decades-old-conflict/?utm_term=.82b7a8ce562e, 23 March, 2017.
(4) Armenian and Azeri women seek inspiration in peace process, Daniel McLaughlin,  www.irishtimes.com  April 23, 2015.

Նախորդը

Տեսակէտ. Պոլսահայութիւնը Աւելին Կը Սպասէ

Յաջորդը

Տեսակէտ. Մէկ «Մարտ 8»-ով Գարուն Չի Գար

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?