Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Պայքարի Վերանորոգում. Նոր Հորիզոն, Նոր Փուլ

Մարտ 6, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Այսօր 30 տարի անցած է արդէն արցախեան ազգային-ազատագրական պայքարի սկզբնաւորութենէն: Պայքար մը, որ պսակուեցաւ համաժողովրդային դիմադրութեամբ` բխած ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքէն: Սակայն այդ պայքարը այսօր տակաւին չէ աւարտած, այլ ընթացքի մէջ կը մնայ մինչեւ արցախեան հիմնահարցի արդար լուծում:

Յաճախ միջազգային գետնի վրայ կը տեսնենք, որ սկսած են ազգային ինքնորոշման նոր շարժումներ, ինչպէս` Քաթալոնիոյ, Սկովտիոյ եւ քրտական ազատագրական շարժումները, որոնց նպատակը նոյն արցախեան շարժումին նման անկախութիւն ձեռք բերելն է այլ պետութիւններէ: Մենք` հայերս, եւ յատկապէս արցախցիները, իբրեւ ազգային ինքնորոշման պայքարի ջահակիրներ, պէտք է ուշի-ուշով հետեւինք, համագործակցինք, դաշնակցինք ու զօրակցինք աշխարհի մէջ գտնուող բոլոր ազգային-ազատագրական շարժումներուն, որոնք կը համապատասխանեն մեր սկզբունքներուն, որոնք հիմնուած են ազգային ինքնորոշման եւ գերիշխանութեան գաղափարներուն վրայ:

Ցեղապաշտութիւնը, խուլիկանութիւնը եւ ռազմապաշտութիւնը բոլորն ալ հեռու են մեր պայքարի ասպարէզներէն, մեր նպատակն է անկախութիւնը եւ յաւիտենական խաղաղութիւնը: Այսօր մենք մէկ փուլ անցած ենք մեր պայքարէն: Ունինք պետութիւն մը, որ անկախ է, բայց չէ ճանչցուած միջազգային ընտանիքին կողմէ: Այդ պատճառով ալ իւրաքանչիւր ժողովուրդի ազգային ինքնորոշման շարժման յաղթանակ առիթ կ՛ընծայէ մեզի եւս բարձրացնելու մեր հարցը եւ միջազգային օրակարգի վրայ դնելու զայն:

Այստեղ պէտք է արդի դիտանկիւնէ նայիլ արցախեան շարժումին եւ կեանք տալ անոր` զայն վերանորոգելով եւ առաջնորդելով դէպի նոր հորիզոններ ու փուլեր, որոնք կը համապատասխանեն իրաւազուրկ ժողովուրդներու պահանջներուն: Արցախեան շարժումը բնաւ պէտք չէ ներկայացնել իբրեւ կրօնական եւ ազգայնական բնոյթի հակամարտութիւն, այլ միայն իբրեւ ազգային ինքնորոշման շարժում: Անկախութիւնը պէտք է ամուր պահուի` վերաբնակեցնելով Արցախը, դասեր քաղելով այլ ազգային-ազատագրական շարժումներու յետանկախութեան քաղաքականութիւններէն: Զարկ պէտք է տալ ընկերային եւ տնտեսական արդարութեան, կազմակերպել գիւղացիական միութիւններ, քաջալերել համագործակցական սեփականատիրութիւնները եւ հողի ու բնակարանի տիրացումը դարձնել իրաւունք բոլորին համար:

Եթէ այսօր Մհերները, Վիգէնները եւ իրենց գաղափարակից ընկերները ողջ ըլլային, պիտի աշխատէին հայկականացնել Սուրիոյ քրտական շրջանի ընկերային-տնտեսական համակարգը, որ հիմնուած է արմատական ժողովրդավարական վարչակարգի (ուղիղ ժողովրդավարութիւն), հողերու համագործակցական սեփականատիրութեան, գործարաններու բանուորական խորհուրդներու կազմակերպումի եւ սեռային հաւասարութեան վրայ:

Պայքարի ոճի արդիականացումով, ժամանակակից ազգային ինքնորոշման շարժումներու ճամբով քալելով եւ հետապնդման միջոցներուն մէջ նորութիւն բերելով է, որ արցախեան շարժումը յաջողութեամբ պիտի հասնի իր նպատակին` միջազգային ընտանիքին կողմէ ճանչցուելով իբրեւ անկախ պետութիւն եւ ի տարբերութիւն Ազրպէյճանին` գործելով ժողովրդավարութեան եւ մարդ անհատի լիիրաւ ազատագրութեան այլընտրանքի հիման վրայ:

 

Նախորդը

«Միացում». Պէտք Է Հին Կարգախօսին Տալ Նոր Բովանդակութիւն. Հրաչեայ Արզումանեան

Յաջորդը

Հարկաւոր Չարիքը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?