ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Եզրակացութիւն.
1) Հայկական հողերու ազատագրութեան դատը միշտ եղած է համայն հայութեան քաղաքական ու անզիջելի գերագոյն նպատակը: Ահա թէ ինչո՛ւ համայնավար վարչակարգի խստագոյն պայմաններուն տակ իսկ հայ ժողովուրդը երբեք չդադրեցաւ ղարաբաղեան հարցը արծարծելէ եւ պահանջելէ, որ Ստալինի ապօրէն կարգադրութիւնը սրբագրուի:
2) Ղարաբաղեան շարժումը սկզբնական օրերուն հաւատաց Կորպաչովի վերակառուցման լոզունգին եւ ուզեց ժողովրդավար ու օրինական կարգով սրբագրել ստալինեան ապօրինութիւնը: Սակայն յաջորդող դէպքերը անդրադարձնել տուին, որ պէտք է ապաւինիլ սեփական ուժերուն: Կազմակեպուեցաւ, ստեղծեց պետութիւն ու բանակ եւ իրեն պարտադրուած պատերազմին մէջ արձանագրեց յառաջխաղացք ու յաղթանակ: Իսկ քաղաքական ու դիւանագիտական ճակատի վրայ յաջողեցաւ ունենալ ինքնուրոյն վարքագիծ եւ գէթ մինչեւ հիմա թոյլ չտուաւ, որ Ղարաբաղի խնդիրը խաղաքարտ դառնայ ուրիշ հաշիւներու կամ շահերու:
3) Ղարաբաղի հարցը քանի մը առիթներով օրակարգի հարց դարձաւ ՄԱԿ-ի մէջ, որ իր կարգին անոր կարգաւորումն ու լուծումը վստահեցաւ Եւրոպայի ապահովութեան ու համագործակցութեան կազմակեպութեան (ԵԱՀԿ): Մինչեւ հիմա բանակցութիւնները կը կատարուին անոր միջնորդութեամբ: Հայ քաղաքական ղեկավարութիւնը ցարդ աչալուրջ է, որ պարտադրուած պատերազմի ճակատներուն վրայ շահուած փառաւոր յաղթանակը անփառունակ չկորսուի դիւանագիտական խաղերու ու խարդաւանանքներու պատճառով:
4) Իրողապէս գոյութիւն ունի եւ ինքզինք հաստատած է Արցախի պետութիւնը, որ ստեղծուած է ժողովրդային հանրաքուէով, սակայն անիկա տակաւին ճանաչումի չէ արժանացած միջազգային հանրութեան կողմէ:
5) Երկու պետութիւն ունենալու գաղափարը անհարազատ է հայ քաղաքական մտքին համար: Սակայն նկատի առած ազգերու ինքնորոշման միջազգային իրաւունքը եւ սահմաններու անփոփոխելիութեան մասին միջազգային համաձայնագիրները` ուրոյն պետութիւն ունենալու տարբերակը հնարաւոր լաւագոյն միջոցը կը համարուի Արցախի դատին համար, երբ մանաւանդ ծանօթ նախընթացը կայ, որ Խ.Միութեան եւ Եուկոսլաւիոյ տարանջատումով, զանոնք բաղկացնող ազգային միաւորները մէկը միւսին ետեւէն անկախութիւն հռչակեցին եւ ճանաչումի արժանացան:
Արցախի շրջակայքը. (յաւելուած)
Լաչինի անցքը. Գորիսէն անդին, Լաչինի անցքէն ետք Արցախն է: Ճամբուն վրայ կը գտնուի Ծիծեռնավանքը, կառուցուած` 5-րդ դարուն: Ուրիշներու կարգին կայ նաեւ Վարազկոմ եկեղեցին (9-11 դար), որ աւերակ վիճակի մէջ իսկ սքանչելի նմուշ մըն է հայկական ճարտարապետութեան: Արցախի հարիւրաւոր հին եկեղեցիներն ու վանքերը, ինչպէս նաեւ հազարաւոր յուշարձանները արդէն խօսուն վկաներն են շրջանի հայապատկանութեան:
Շուշի. Կառուցուած է մեծազանգուած ժայռի մը վրայ: Իր բարձր դիրքով ազերիներուն զինուորական ամէնէն զօրաւոր կեդրոնն էր, ուրկէ անխնայ կը ռմբակոծուէին հայկական գիւղերն ու քաղաքները: Ներքեւը կայ Քարինտակ կոչուող գիւղը, որ ռմբակոծուելուն պատճառով մեծաթիւ զոհեր տուաւ պատերազմի ընթացքին: Շուշիի հերոսական ազատագրումը ճակատագրական եղաւ պատերազմի ելքին մէջ` ի նպաստ հայկական կողմին: Գրեթէ միակ քաղաքն էր, որուն բնակչութիւնը խառն էր ազերիներէ ու հայերէ բաղկացած: Նախապէս Ազրպէյճան յատուկ ծրագիրով ճիգ տարած էր, որ քաղաքը բնակուի ազերիներով` անոր զինուորական անառիկ դիրքէն օգտուելու համար, երբ պատերազմական վիճակ ստեղծուէր… Գլխաւոր եկեղեցին Ղազանչեցոց եկեղեցին է, կառուցուած` 19-րդ դարու երկրորդ կէսին:
Ստեփանակերտ (Ասկերան). Արցախի մայրաքաղաքը: Յարաբերաբար` նոր քաղաք մը, եւ զայն շրջապատող բարձունքին կը գտնուի յուշարձան մը` «Մենք մեր լեռներն ենք» խորհրդանիշ բացատրութեամբ: Աւելի ծանօթ` «Մամիկն ու պապիկը» անունով: Ստեփանակերտէն 15 քմ հեռաւորութեան վրայ կայ Ասկերան բերդը:
Գանձասար. Կոչուած է Գանձասար վանքին անունով: Լերան մը գագաթին կը գտնուի Կաչաղակաբերդի աւերակները: Հոն են նաեւ Ս.Գէորգի վանքը (16-րդ դար) եւ Ս. Յովհաննու Մկրտիչ եկեղեցին, տեղացիները կը հաւատան, որ անոր տակ թաղուած է Յովհ. Մկրտիչի գլուխը:
Մարտունի. Քաղաքը ունի մշակութային կեդրոն, որ կը կոչուի օփերա, քանի որ Երեւանի օփերայի կառոյցին շատ կը նմանի:
Շրջանին մէջ կայ 4 եկեղեցիներու համալիր մը, կառուցուած` 5-13-րդ դարերուն: Մօտակայքը կը գտնուի 2000 տարեկան ծառ մը, որ կը կոչուի Սխտորաշէն:
Հադրութ. Անտառապատ լեռներով` գեղեցիկ շրջան մը: Հոն կը գտնուի Կչավանքը, (13-րդ դար), որ սքանչելի տեսարան ունի եւ կը նկատուի Արցախի գաղտնիքները պահող: Կառուցուած է «Շա՜տ, շա՜տ գէշ ժամանակներուն, երբ մոնկոլները ամէն ինչ կը քանդէին…»:
Մարտակերտ. Ռազմական կարեւոր ու ջրառատ շրջան մը: Նշանաւոր է անառիկ դիրքով Ջրաբերդը, որուն յիշատակութիւնը կայ 7-րդ դարէն: Հոնկէ կ՛երեւայ «Երից մանկաց» վանքը` հիանալի տեսարանով ու ճարտարապետութեամբ, կառուցուած` 17-րդ դարու վերջաւորութեան: Ներկայիս կարելի չէ այս շրջանը այցելել` զինուորական գօտի ըլլալուն պատճառով:
Ծանօթութիւն. Արցախին մաս կը կազմէ նաեւ Շահումեանի շրջանը, որ պատերազմի առաջին օրերուն վայրագ յարձակումներու ենթարկուեցաւ ազերիներէն: Անմեղ բնակչութիւնը բազմաթիւ զոհեր տալով` փախուստի դիմեց ու գաղթական դարձաւ: Շահումեանը ազերիներու գրաւման տակ է:
Արցախը հարուստ է պատմական բազմաթիւ յուշարձաններով, եկեղեցի-մատուռներով, խաչքարերով, բերդերով, գերեզմանատուներով եւ այնպիսի արձանագրութիւններով, որոնք ամէնէն կասկածամիտ մարդն ալ կը համոզեն, որ շրջանը անբաժանելի մասը կազմած է Հայաստանին: Մեր վերի թուածները շատ աննշան, հազիւ թէ չնչին գաղափար մը կու տան գոյութիւն ունեցող յուշարձաններու մասին: Դարերու ընթացքին, բացի հողամշակութենէն, Արցախի մէջ զարգացած են ճարտարապետութիւնը եւ գորգագործութիւնը, որոնք կը շարունակուին մինչեւ այսօր:
Վերջաբան. Ներկայիս Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները զիրար կ’ամբողջացնեն եւ պայմանաւորուած են իրարմով` միեւնոյն արմատէն ծնած-աճած երկու ծառերու նման: Ապագային համար սակայն, անխուսափելի է երկուքին միաւորումը:
(Շար. 5 եւ վերջ)
Աթէնք, 18 փետր. 2018