Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Մէկ «Մարտ 8»-ով Գարուն Չի Գար

Մարտ 8, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
 Կիներու Ներկայացուածութեան Չափը Այդքան Ալ Չնչին Չէ

Ստորեւ տրուած սիւնակով Արեւիկ ստորագրութեամբ «Մէկ «մարտ 8»-ով գարուն չի գար» խորագիրով յօդուածին առ ի լրացում կ՛ուզենք նշել հետեւեալը: Կը բաժնենք յօդուածագիրին միտքերը առ այն, որ տակաւին կիներու իրաւունքներու ձեռքբերման համար պայքարը երկար ճամբայ ունի կտրելիք մեր հայկական հասարակութեան մէջ` հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին, սակայն կ՛ուզենք նաեւ մատնանշել, որ շնորհիւ անցնող ժամանակաշրջանին կիներու ինքնապարտադրանքին, կրթական բնագաւառին մէջ ունեցած յաջողութիւններուն, կամքին եւ հայկական կազմակերպութիւններուն կողմէ քաջալերանքին` կիները հետզհետէ աւելի զգալի դերակատարութիւն կը ստանձնեն հասարակական, տնտեսական եւ քաղաքական մակարդակներու վրայ:

Կիներու ներկայացուածութեան չափը ներկայիս այդքան ալ չնչին չէ հայկական հասարակական կեանքին մէջ: Կը բաւէ պահ մը նայիլ հայկական կրթական բնագաւառին կամ մամուլի ոլորտին, որոնք անմիջականօրէն կապ ունին հասարակական կարծիք ձեւաւորելու եւ վաղուան ազատ մարդը կերտելու առաքելութիւններուն հետ, համոզուելու համար, որ կիները` իգական սեռի ներկայացուցիչները այդտեղ գերակշռող ներկայութիւն են:

Ինչ կը վերաբերի ընդհանրապէս հասարակական եւ քաղաքական ներկայացուածութեան հարցին, մանաւանդ` գաղութային մակարդակի վրայ, անցնող քանի մը տարիներուն ընթացքին կիներու մասնակցութիւնը անհամեմատ աճ արձանագրած է: Բազմաթիւ կիներ, մանաւանդ` ՀՅԴ-ի առաջադրանքով, վերջին քանի մը տարիներուն կրցած են հասնիլ Հայաստանի եւ լիբանանեան պետական բարձրաստիճան պաշտօններու` իրենց ներդրումը ունենալով երկու երկիրներու զարգացման աշխատանքին մէջ, միեւնոյն ժամանակ ալ արտացոլացնելով հայ կնոջ ճառագայթող ներկայութիւնը:

Ասիկա չի նշանակեր անշուշտ, որ բաւարար է այս աշխատանքը կիներու դերին ուժ տալու իմաստով, բայց նաեւ պէտք է դրականը տեսնել այս բոլորին ընդմէջէն եւ շարունակել աշխատանքը խորացնել` ամբողջական իրաւահաւասարութեան համար:

ԽՄԲ.     

Ահա եկաւ «մարտ 8»-ը… թերթին մէջ քանի մը յօդուած, ընկերային ցանցերու վրայ քանի մը տեղադրում, մատի վրայ հաշուուող քանի մը հոգի մեր հայկական շրջանակէն կը մասնակցին կիներու իրաւունքներ եւ հաւասարութիւն պահանջող տեղական շարժումներու (ցոյց, առցանց քարոզարշաւ…), եւ նիւթը նորէն կը փակուի (բացի` այդ փոքրիկ խմբակին համար, որ կը շարունակէ բարձրաձայնել սեռային հիմք ունեցող անարդարութիւններու դէմ եւ գենդերային հաւասարութեան ի նպաստ):

Մարտ 8-էն անդին այս նիւթը կը դառնայ ոչ առաջնահերթ, անտեսուած եւ, այդպիսով, կարծես անոր գոյութիւնը, ուրացուած: Գաղութի եւ ազգի ղեկավար պաշտօններու վրայ եղող տղամարդիկ մերթ ընդ մերթ կը յիշեն հայ կնոջ դերը տան մէջ հայկական շունչ փոխանցելու եւ հայ զաւակներ դաստիարակելու գործին մէջ` առանց անդրադառնալու որեւէ այլ գործունէութեան, որ հայ կին մը կրնայ ունենալ` անուղղակիօրէն ամրապնդելով այն գաղափարը, թէ՛ կինը մայր է, եւ կնոջ դերակատարութիւնը տան մէջ է, ընտանիքի մակարդակին վրայ:

Հաւանաբար այս յօդուածին կողքին լոյս տեսած յօդուածներէն մաս մըն ալ այդ շունչը կը պարունակէ (գոնէ նախորդ տարիներուն այդպէս եղած է): Երբեմն ալ 1918-ի հանրապետութեան օրինակը բերելով, երբ կիները քուէարկելու իրաւունք ունեցած են, ոմանք կը փորձեն հանրութիւնը համոզել, որ միշտ ալ եղած ենք հայ կիներու իրաւունքները պաշտպանող եւ ոչ մէկ ձեւով զիջած ենք անկէ…

Կ՛արժէ հարց տալ` ինչպէ՞ս արդեօք… 11 հոգիէ բաղկացած մարմիններու մէջ մէ՞կ կին ներառելով, ան ալ ընդհանրապէս որպէսզի տղամարդոց խօսածները գրի առնէ որպէս քարտուղա՞ր… թէ՞ գոհանալով, որ կիներուն յանձնուած է ամբողջ միութիւն մը, որ ինքնին իր բնոյթով եղած է կնոջ աւանդական դերին ցոլացումը: Նախ անդրադառնանք, որ 1918-ի քուէարկութեան իրաւունքը բաւարար ազդակ մը չէ ըսելու համար, որ այդ օրերուն ընկերային կեանքին մէջ կիները պէտք եղած ազատութիւնը եւ իրաւունքները կը վայելէին եւ ուրեմն, ատով բաւարարուելու: Բացի այդ, նոյնիսկ ներկայի՛ս կիները մեր հասարակական կեանքին մէջ չունին այն տեղը, որ արդարօրէն պէտք է ունենան, եւ չեն վայելեր ամբողջական իրաւունքներ:

Ղեկավար մարմիններու մէջ կիներու թիւը մատի վրայ կը հաշուուի. փոխանակ քաջալերելու խօսուն, գործօն, առաջնորդի կարողականութիւն ունեցող կիները` կը շարունակուի շեշտը դրուիլ «ընտանիքի մայր» ըլլալու դերին վրայ. երբ առաջարկուի կիներու իրաւունքներով որեւէ աշխատանք տանիլ, կը մերժուի, քանի որ «առաջնահերթ» չէ… Կ՛ապրինք երկրի մը մէջ, ուր կինը քաղաքացիութիւն փոխանցելու իրաւունք չունի, ուր կինը որեւէ ատեն կրնայ ոտնձգութեան ենթարկուիլ, ուր մանկահաս աղջիկ մը բռնաբարողը չի դատուիր, եթէ անոր հետ ամուսնանայ… ունինք հայրիշխանական հիմքերու վրայ գրուած Ազգային սահմանադրութիւն մը, որ կը շարունակէ մնալ միակ վաւերական փաստաթուղթը ազգային դատաստանական խորհուրդին մէջ… Այս բոլորին դիմաց ո՞ւր է ճիգը որեւէ փոփոխութիւն կատարելու, որպէսզի իրապէ՛ս կարենանք ըսել, որ ոչ մէկ ձեւով կը զիջինք կիներու իրաւունքները պաշտպանելէ:

Հայկական կամ օտար մամուլի մէջ լոյս տեսած տարբեր յօդուածներ եւ աշխատութիւններ բազմիցս բացատրած են, թէ ինչո՛ւ կարեւոր է գենդերային հաւասարութիւնը, եւ թէ ինչո՛ւ միայն օրինական իրաւունքները բաւարար չեն այդ հաւասարութիւնը ստեղծելու եւ պահելու. յաճախ բացատրուած է, թէ ինչպէս ընկերային գետնի վրայ մտածելակերպի եւ վարուելակերպի փոփոխութիւնը առաջնահերթութի՛ւն է որեւէ ընկերային դատ առջեւ տանելու աշխատանքին մէջ: Այս բոլորը կրկնելու կարիքը չկայ: Կ՛արժէ միայն շեշտել մէկ բան. անհեթեթ է հայուն իրաւունքը պաշտպանել մէկ կողմէն, միւս կողմէն` անտեսել կնոջ իրաւունքը, որովհետեւ թէ՛ հայուն, թէ՛ կնոջ արժէքները իրենց մա՛րդ ըլլալուն մէջ են:

Եթէ կը հաւատանք, որ հայը պէտք է ունենայ ուրիշ ազգերու հետ համահաւասար իրաւունքներ, ապա ուրեմն, բնականաբար, նաեւ կը հաւատանք, որ կինը պէտք է ունենայ համահաւասար իրաւունքներ տղամարդուն հետ: Հետեւաբար ժամանակն է, որ այլեւս անդրադառնանք, որ կիները իրենց արդար տեղը չունին մեր հայկական հասարակական կեանքին մէջ, եւ գիտակցօրէն աշխատինք զանոնք ներառելու այդ կեանքին մէջ: Ձեւերը շատ են եւ դիւրին, պարզապէս կ՛ենթադրեն վստահութիւն կիներու հանդէպ` որպէս լիարժէ՛ք անհատներ, եւ ուշադրութիւն ու փոքր ճիգ` կարգ մը աւանդութիւններ փոխելու: Ահա` փոփոխութեան տանող կարգ մը գործնական քայլերու առաջարկներ. աւելի մեծ թիւով կիներ ընտրել ժողովներու ներկայացուցիչներ, մարմիններու եւ ժողովներու ատենապետութիւնը (եւ ոչ միայն` քարտուղարութիւնը) յանձնել նաեւ կիներու, աւելի մեծ թիւով կիներ ներառել քաղաքական կամ ազգային յանձնառու եւ պատասխանատու մարմիններու մէջ, ընտրել կիներ` որպէս ձեռնարկներու բանախօսներ, դասախօսներ եւ այլն. եւ վերջապէս այս օրերու դիպուկ առաջարկ մը` ունենալ կին երեսփոխանական թեկնածուներ:

ԱՐԵՒԻԿ

Նախորդը

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Հայուհիին «Օր»-ը

Յաջորդը

100 Տարի Անց` Դարձեալ Առաջինը Ըլլալու Մղումով (Կանանց Միջազգային Օրուան Առիթով)

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?