Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Ազգի մը քաղաքականութիւնը ամբողջ մըն է` ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ: Ամէնէն տեսանելիները պատերազմներն են, միջազգային յարաբերութիւնները, զանազան ընտրութիւնները եւ տնտեսութիւնը:
Բայց ամէն օր չի խօսուիր մշակոյթի եւ ինքնութեան մասին, նկարագրային ADN-ի (molécule support de l’information génétique héréditaire), որ անձին եւ ազգին ինքնութեան ժառանգական ծինայինը լրացնող յատկութիւնն է մշակոյթը, բնորոշ իւրայատկութիւնները մշակոյթին մէջ կը գտնուին: Երբ ազգ մը հրաժարի կամ կորսնցնէ իր մշակոյթը եւ ինքնութիւնը, կը դադրի որպէս այդպիսին գոյութիւն ունենալէ, կը բազմացնէ ուրիշ ազգ մը:
Անդրանիկ հանրապետութիւնը երբ կը կազմաւորուէր, հակառակ անելանելի պայմաններու մէջ գտնուելուն, մինչ այդ գաւառական տարածք,աշխարհագրական բացատրութիւն դարձած երկրին մէջ կը հիմնուէր Հայաստանի համալսարանը: Այսօր որպէս սոսկ տեղեկութիւն կ’իմանանք, որ համալսարան չունէինք եւ ունեցանք:
Յանդուգն նախաձեռնութիւնը այսօր ալ մտածելու կը մղէ, քանի որ գործնապաշտներ կրնան այդ պերճանք համարել, երբ կային սովահար բազմութիւններ, համաճարակներ, թշնամին նստած էր սահմանին վրայ: Ի. դարու սեմին եւ մինչեւ այսօր ինչպէ՞ս կրնար ինքնութիւն պահել եւ զարգանալ ժողովուրդ մը, եթէ չունենար իր միտքի սեփական աղբիւրը եւ շարունակէր սնանիլ օտար եւ օտարացնող աղբիւրներէ:
Մեծ իմաստութեան կարիք չկայ տեսնելու համար, թէ ի՛նչ կը պատահի, երբ մարդիկ կը սնանին միայն օտար աղբիւրներէ ստացուածով:
Այդ սնունդի բացակայութեան պատճառով կորսուած են մեծ թիւով հայեր, որոնց մասին երբեմն կը խօսուի եւ կը գրուի, բայց կարծէք չենք անհանգստանար, ճակատագրապաշտութեամբ կ’ընդունինք կացութիւնը:
Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութիւնը կը փորձէր ապրիլ, տեւել, հայրենիք եւ ժողովուրդ պահել, երբ զինք անհետացնելու համար դաշնակցած էին ներքին եւ արտաքին ուժեր.թուրքերը, իր կայսրութիւնը վերահաստատելու միտող Ռուսիան եւ նոյնինքն Հայաստանի մէջ թափ առած համայնավար շարժումը: Յիշել 1920-ի մայիսեան խռովութիւնները, որոնք արդէն վատուժ երկիրը քիչ մը աւելի կը տկարացնէին: Բայց ապագայատես մարդիկ այդ պայմաններուն մէջ կը հիմնէին հայկական համալսարան, այսօր գործնապաշտ իմաստուններ պիտի ըսեն` երազապաշտութիւն, անիրատեսութիւն:
Միշտ պէտք է հարց տալ, թէ ինչպէ՛ս ազգ մը կրնայ տոկալ եւ տեւել ինքնուրոյնաբար:
Թուական մը, զոր հրապարակային ձեռնարկներով եւ հանդիսութիւններով չենք տօներ, զանգուած չենք հաւաքեր, Հայաստան եւ սփիւռքներ:
16 մայիս 1919:
Օրերը կու գան եւ կ’անցնին, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), ո՛չ պատարագ կը մատուցուի, ո՛չ ալ դպրոցները փակ կը մնան: Երեւան, Պէյրութ, Նիւ Եորք, Լոս Անճելըս, Փարիզ, եկեղեցիի մը բակը, գեղակառոյց սրահի մը մուտքին կանգնեցէք` եւ ձեռնարկ կազմակերպողներուն եւ հանդիսատեսներուն հարցուցէ՛ք, թէ ի՞նչ բան կը յիշեցնէ 16 մայիս 1919-ը: Նոյնը հարցումը կրնաք ուղղել բազմապատիկ եւ բազմապատկուող խորհրդաժաողովներու մասնակիցներուն, սփիւռք(ներ)ի վարչականներուն եւ նախագահներուն: Նման խոյզի մը թիւերը եւ տոկոսները եթէ հրապարակուին, ինքնաճանաչման ցուցանիշ կ’ունենանք:
16 մայիս 1919-ին անդրանիկ անկախ Հանրապետութեան կառավարութիւնը համալսարան ունենալու որոշում կայացուցած է: Լուսաւորութեան նախարար էր Նիկոլ Աղբալեան: Համալսարանի հանդիսաւոր բացումը եւ դասախօսութիւնները սկսած են 31 յունուար 1919-ին, Ալեքսանդրապոլի մէջ (խորհրդային շրջանին` Լենինական, այսօր` Գիւմրի): Ներկայ եղած են Հանրապետութեան ղեկավարներ, այդ առիթով ժամանած են հիւրեր:
Որպէս պատմական օր` պէտք է նշել, որ 1 փետրուար 1920-ին մեծ հայագէտ Ստեփան Մալխասեանցի դասախօսութեամբ իր երթը սկսած է համալսարանը:
Համալսարանը սկսած է գործել 262 ուսանողներով եւ32 դասախօսներով:
Տասը ամիս ետք պիտի հաստատուէին համայնավարական կարգերը, եւ հակառակ բացասականութիւններու` Հայաստանի համալսարանը պիտի շարունակուէր եւ ազգի հզօրացման նպաստ պիտի ըլլար, ազգային նկարագիր պիտի կերտուէր` գրականութեան, պատմութեան, լեզուաբանութեան եւ այլ ճիւղերու զարգացումով:
Անդրանիկ հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով ստեղծուած համալսարանը պատմական մանրուք չէ, մե՛ծ իրադարձութիւն է, բարձրագոյն ըմբռնումով քաղաքական յանդգնութի՛ւն:
Առանց իր համալսարանին` կրնա՞ք երեւակայել, թէ ի՛նչ կ’ըլլար Հայաստանի եւ հայու որակը: Հակառակ Կեդրոն-ի եւ տիրող միատարր գաղափարաբանութեան սովետամարդ ստեղծելու ճիգերուն` Հայաստանի համալսարանը հանդիսացաւ ինքնութիւն եւ հպարտութիւն կերտող հիմնական կառոյց եւ կը շարունակէ այդպէս ըլլալ:
Այսօր, նոյն պայծառատեսութեամբ, պէտք է մտածել եւ գործել մշակոյթով ինքնութիւն պահելու մասին, Հայաստան եւ սփիւռքներ:
Բայց Հայաստանի համալսարանը հեռուէն դիտուելու եւ սնապարծութիւն մշակելու առարկայ չէ, պէտք չէ ըլլայ: Ան կրնա՞յ համայն հայութեան համալսարան ըլլալ: Ինչո՞ւ Երեւանը պէտք չէ դառնայ միջազգային համալսարանական քաղաք: Հոն հանդիպածեմ հնդիկ, լաոսցի եւ այլ երկիրներէ եկած ուսանողներու: Եթէ սփիւռք(ներ)ի ծնողները եւ երիտասարդները համոզուին, որ հոն կարելի է մասնագիտական ուսում ստանալ, եւ տեղւոյն վրայ ստեղծուին ընդունելութեան-կեցութեան լաւ պայմաններ, հայ երիտասարդութիւնը ե՛ւ ուսում կը ստանայ ե՛ւ քիչ մը աւելի կը նուաճէ իր հայկական խորքը: Տեսնելու եւ կազմակերպելու խնդիր է: Ազգի հայացման ներդրում կ’ըլլայ այս նախաձեռնութիւնը, աւելի օգտակար, քան` Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ կառուցուող-կառուցուած մանր փառասիրութիւններու ծառայող մարմարեայ տպաւորիչ շէնքերը:
Այս սփիւռք(ներ)էն գալիք ուսանողութիւնը թաթխուելով երկրի լեզուին եւ մշակոյթին մէջ` կը դառնայ լեզուի պաշտպան, հայերէնով գիր-գրականութեան ընթերցող, եւ, ինչո՞ւ ոչ, ստեղծագործող: Այսինքն հարկ է շարունակել համալսարան ստեղծողներու հեռանկարային ներշնչումը:
Համալսարանի եւ համալսարանականներու հետ կը մտնենք ինքնաիրականացման եւ ազգային որակաւորման նոր ուղի: Մարդիկ յաճախ կ’աւաղեն, որ ընթերցող չկայ, հայերէն գրող չկայ, հայերէն գիրքը այլեւս չի մտներ հայոց տուները: Պատճառ կը համարեն` հեռատեսիլը, համակարգիչը, համացանցը: Ֆրանսացին եւ ամերիկացին ալ ունին հեռատեսիլ, համացանց, համակարգիչ, բայց այցելեցէ՛ք գրախանութները, նոյնիսկ` համեմատութիւններ ընելով, պիտի տեսնէք, որ մեր պարագային, անմիջականին հետամուտ նիւթապաշտութիւնը եւ որակի անկումը պատճառ են այդ նահանջին: Իսկ երեւակայեցէ՛ք պահ մը, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, եթէ հայածնունդ սերունդը, ոչ միայն Հայաստանի, անցնի հայկական համալսարանի բովէն, որ տարբեր է զանազան երկիրներու մէջ երբեմն գործող հայկական կոչուած ամպիոններէն, ուր ուսուցումը օտարաբարբառ է եւ ուսուցուած հայերէնը հազուադէպ պարագաներու` մշակոյթի գործիք:
Համայն հայութեան համար Հայաստանի համալսարանը կրնայ դառնալ ինքնուրոյնութեան, մշակոյթի եւ ընդհանրապէս միասնութեան հրաշագործ միջոց: Պէտք է կրկնել. տեսնելու եւ կազմակերպելու հարց է:
Հայաստանի պետութիւնը եւ հայկական սփիւռք(ներ)ի ղեկավարութիւնները անհրաժեշտ է, որ առաջնորդուին մշակութային մտածողութեամբ, որ վարչականէ եւ դիւանակալականէ, նիւթապաշտութենէ եւ աթոռապաշտութենէ տարբեր հզօրութիւն կ’ապահովէ ազգին: Դար մը առաջ այդպէս մտածած էին գաղթականներով լեցուն եւ սպառնալիքներու ենթակայ անդրանիկ անկախ հանրապետութեան վարիչները:
Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) ինչե՜ր կրնան իրականացնել, եթէ ունենան քիչ մը աւելի ինքնութեան նախանձախնդրութիւն եւ քիչ մը աւելի ազգային տեսիլք:
Ինչպէ՞ս չհիանալ Նիկոլ Աղբալեանի իմաստութեան, երբ ան կ’ըսէր, որ գաղափարը դրամ չունի, եւ դրամը գաղափար չունի:
Հարիւրամեակը պիտի յուշէ, Նիկոլ Աղբալեանի հետեւութեամբ, որ դրամը ազգային գաղափար ունենայ:
Մշակութային մտածողութեան զարգացման ուղղութեամբ պէտք է գործել, ինչպէս այդ ըրած են դար մը առաջ` այդ մտածողութիւնը հակադրելով ընդարմացածներու նահանջին, որ կը կարծէ դեռ շարունակութիւն ըլլալ:Ի՞նչ բանի, յայտնի չէ:
Բարձրորակ եւ բազմաբնոյթ մշակոյթը կը դառնա՞յ գոյութենական զէնքը հայուն, աստ եւ անդ:
10 յունուար 2018, Նուազի-լը-Կրան