ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ
Այսօր հայ իրականութիւնը բեւեռացած է: Մարդիկ կրնան հակափաստարկել, որ այսօր աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ հասարակութիւնները բեւեռացած են, եւ հայկական իրականութիւնը պէտք չէ անջատել աշխարհի մէջ տիրող համընդհանուր պատկերէն:
Ճիշդ է` արեւմտեան երկիրներուն մէջ հասարակութիւնները բեւեռացած են: Ներկայի բեւեռացումները աւանդական աջի ու ձախի գաղափարախօսութիւններու վրայ հիմնուած բեւեռացումներ չեն այլեւս, այլ, այսպէս կոչուած, էլիթիզմի եւ ամբոխավարութեան (populism), համաշխարհայնացած եւ զուտ ներազգային մօտեցումներու, ներառական (inclusive) եւ այլամերժ (exclusive) քաղաքականութիւններու (ներառեալ` գաղթականներու եւ փախստականներու), տնտեսական ու ֆինանսական գերազատական ու հաւասարակշռուած մօտեցումներու, անդրազգային եւ ներազգային գաղափարախօսութիւններու եւ այլն:
Ինչ կը վերաբերի հայութեան, հայ իրականութիւնը հիմնականին մէջ բեւեռացած է հասարակութիւն-իշխանութիւններ հարթակին վրայ եւ ո՛չ` վերոնշեալ գաղափարախօսութիւններու, քաղաքականութիւններու եւ մօտեցումներու: Մեր հանրային քննարկումներուն նիւթն ու թիրախը իշխանութիւններն են, եւ ո՛չ թէ` ժամանակակից գաղափարախօսութիւնները, համաշխարհային քաղաքակրթութեան մեր բերելիք նպաստները, մեր երկրի մրցունակութեան մակարդակի բարձրացումը, հզօրացումը, սրընթաց արագութեամբ զարգացող արհեստագիտութիւններու օգտագործումը եւ այլն:
Անցնող շաբաթներուն եւ ամիսներուն հայաստանեան իրականութեան մէջ արձանագրուած դէպքերը կրնան հաստատել այս փաստարկումը: Սկսած «քարթոֆիլ ուտելու» դէպքէն` մինչեւ Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ կիներ ծեծելու պատահարը, Հայաստանի նոր նախագահ ընտրելու գործընթացը ու վերջերս ալ Ասիա Խաչատրեանի Արցախի իրաւապահ մարմիններուն հետ ունեցած դէպքին բարձրացուցած հանրային վրդովմունքները, բողոքները, հայհոյանքներն ու անէծքները, թեր ու դէմ կարծիքները, հիմնաւորուած ու անհիմն քննարկումները, իշխանութեան արդարանալու ու չքմեղանալու փորձերը կու գան հաստատելու, որ սուր ու շատ վտանգաւոր բեւեռացում գոյութիւն ունի հայ հասարակութեան (հայաստանաբնակ ու սփիւռքաբնակ) եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն միջեւ, ինչ որ լրջօրէն կը խոչընդոտէ համազգային համերաշխութիւնը, անդորրութիւնն ու մանաւանդ` յառաջդիմութիւնը:
Աւելի պարզ. արձանագրուած դէպքերն ու հասարակութեան ցուցաբերած հակազդեցութիւնը կարելի է մեկնաբանել այնպէս, որ հանրութեան հաւատքի ու վստահութեան մակարդակը` իշխանութիւններուն միջոցով արդարութիւն հաստատելու, ժողովրդավարութիւն, օրէնքի գերակայութիւն եւ մարդու իրաւունքներ ամրագրելու, աղքատութիւնը նուազեցնելու, տնտեսութիւն բարելաւելու, ինչպէս նաեւ` բարօրութիւն ապահովելու, բաւականին նուազած է, եւ որեւէ յարաբերութեան մէջ, ուր փոխադարձ հաւատքն ու վստահութիւնը խախուտ է, այդ յարաբերութեան զարգացումն ու արդիւնաւէտութիւնը խիստ կասկածելի է:
Այս ծիրին մէջ, օրէ օր խորացող այս բեւեռացումին իբրեւ հետեւանք, արդարօրէն կատարուող բարեփոխումները, հատ ու կենտ իրականացած յաջողակ պատմութիւնները (success stories) եւ յուսադրող ծրագիրները (օրինակի համար` Եւրոմիութեան հետ համագործակցութեան համաձայնագիրը, տնտեսական տարեկան որոշակի աճը, առեւտրական ազատ գօտիի ստեղծումը, IT ոլորտի զարգացումը, զբօսաշրջիկներու թիւի տարեկան աճը, Ֆրանսախօս երկիրներու Հայաստանի մէջ կատարելիք համաժողովը եւ այլն) լուսանցքային կը մնան ու չեն արժանանար հանրային համապատասխան քննարկումի եւ արժեւորումի:
Պէտք է նշել նաեւ, թէ որքան ալ բացասական ու վտանգաւոր թուին Արեւմուտքի մէջ զարգացող բեւեռացումները, փաստօրէն արեւմտեան պետական աւագանիները մինչ այս պահը կը յաջողին հակակշռել զանոնք, որովհետեւ այս հասարակութիւններուն մէջ ժողովրդավարութեան, արդար ու թափանցիկ ընտրութիւններու ու օրէնքի գերակայութեան մակարդակները համեմատաբար բարձր են, եւ իշխանութիւններուն գոյատեւումը կախեալ է ընկերութիւններուն շնորհուած վստահութենէն (քուէներէն): Հայաստանի պարագային պէտք է ընդունիլ, որ կացութիւնը բնականաբար նոյնը չէ եւ դժուար է կռահել, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները որքա՛ն երկար պիտի կարենան հակակշռի տակ պահել խորացող այս բեւեռացումը: Առկայ բեւեռացումը հայութեան համար աւելի վտանգաւոր է` նկատի առնելով մեր երկրին մէջ տիրող ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան մակարդակները, սահմանադրական փոփոխութիւններով նախատեսուած յառաջիկայի համակարգային վերադասաւորումները, սահմանային ու տարածաշրջանային սպառնալիքները, պատերազմի ամէնօրեայ վտանգը, երկրին աղքատութեան տոկոսն ու չդանդաղացող արտագաղթը:
Հետեւաբար, այս գարնան հետ, պետական կառավարման խորհրդարանական ուղին որդեգրող Հայաստանի իշխանութիւնները, որպէս առաջնահերթ ու լրջագոյն մարտահրաւէր, պէտք է առկայ ընկերային բեւեռացումը համապատասխան քննարկումի ենթարկեն, երկարատեւ լուծումներ առաջարկեն ու գործադրեն:
Ժողովուրդին հետ երկխօսութեան կամուրջներ ստեղծելը առաջին քայլն է: Այդ քայլին յաջորդելու է ո՛չ թէ լոկ անձերու փոփոխութիւնը, այլ` պետական համակարգի արմատական հաստատութենականացումը, անպատժելիութեան վերացումը, դատական համակարգին բարելաւումը, տնտեսական միջին խաւի հզօրացումը, աղքատութեան տոկոսի եւ արտագաղթի նուազեցումը, մարդու տարրական իրաւունքներու անձեռնմխելիութիւնը, մենաշնորհներու դէմ պայքարը, արդար ու թափանցիկ ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ` հայրենադարձութեան ժամանակակից, գործնական, գրաւիչ ու արդիւնաւէտ ծրագրի գործադրումը:
Ժողովուրդը իր հաւատքն ու վստահութիւնը կը վերականգնէ իշխանութիւններուն նկատմամբ, երբ կը տեսնէ ու կը զգայ, թէ վերջինները կը գործեն որպէս ազգին ու պետութեան վերելքին նպաստող հանրային ծառայողներ եւ ո՛չ ուրիշ բան…
Վիեննա, 31 մարտ 2018


