ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Ապրիլ 2-ին` Զատկուան յաջորդող օրը, նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ դարձեալ շաբաթավերջը անցուցած էր Ֆլորիտայի իր զեխ պանդոկներէն մէկուն մէջ, այս անգամ` ինքզինք շրջապատած խումբ մը ծայրայեղ ազգայնականներով, աւետիս մը ծանուցելու փոխարէն` գուժեց «ՏԱՔԱ» կամ «Երազողներ» անունով մկրտուած եւ իրենց ծնողներուն հետ ապօրինի միջոցներով Միացեալ Նահանգներ մուտք գործած երեխաներուն ժամանակաւոր կեցութեան իրաւունք տուող օրէնքին «մահը»` անհիմն կերպով պնդելով, որ այդ «մահուան» պատճառը դեմոկրատներու անհոգութիւնն է:
Դիւրագրգիռ նախագահին անտեղի զայրոյթը այս անգամ յառաջացուցած էր իր նեղ աշխարհին մէջ չափազանցուած կերպով տարածուած այն լուրը, որ աշխարհի ամենաաղքատ երկիրներէն մէկէն` Հոնտուրասէն, խումբ մը գաղթականներ ճամբայ ելած են եւ Մեքսիքայէն անցնելով` ապաստանեալի իրաւունք պիտի խնդրեն աշխարհի ամենահարուստ երկրէն` Միացեալ Նահանգներէն:
Յիշեցնենք, որ նախորդ նախագահ Պարաք Օպաման, չկարենալով իր իւրաքանչիւր քայլին ընդդիմացող Քոնկրեսին հետ համաձայնութիւն մը գոյացնել, «ՏԱՔԱ»-ն հաստատած էր նախագահական հրամանագիրով մը, որուն շնորհիւ` իբրեւ երեխայ Միացեալ Նահանգներ ժամանած գաղթականները կեցութեան եւ այլ ժամանակաւոր իրաւասութիւններու արժանացած էին: Սակայն անցեալ սեպտեմբերին այժմ «ՏԱՔԱ»-ով մտահոգ նոյնինքն Թրա՛մփն էր, որ ջնջեց այդ օրէնքը, սակայն «մարդասիրական» մղումներով մինչեւ մարտ ժամանակ տուաւ Քոնկրեսին, որ անոր նման նոր օրէնք մը գոյացնէ` համոզուած ըլլալով սակայն, որ նման համաձայնութիւն մը անհաւանական է: Բայց, երբ ի զարմանս Թրամփի, կարգ մը հանրապետական ու դեմոկրատ քոնկրեսականներ համաձայնութեան մը նախագիծը կրցան գոյացնել, նախագահը կտրուկ կերպով միջամտեց եւ ձախողութեան մատնեց համաձայնութիւնը` իր իսկակա՛ն գոյնը ցոյց տալով:
Անշուշտ վաղն իսկ, Թրամփը, որ խոստումներ յարգելու սկզբունքին հանդէպ ոչ մէկ յարգանք ունի, կրնայ իր կեցուածքը փոխել եւ «ՏԱՔԱ»-ն ծախել իբրեւ երկրի «ազգային ապահովութեան երաշխիք», եթէ իր շահերը այդպէս պահանջեն. բայց Քոնկրեսը անոր պէտք չէ սպասէ: Տակաւին առիթը կայ փրկելու այս օրէնքը` թրամփեան գոյժը աւետիսի մը վերածելով, քանի դեռ անիկա ողջ կը մնայ` շնորհիւ երկրի դատական համակարգին կողմէ Թրամփի որոշումին գործադրութիւնը ժամանակաւորապէս սառեցնելու մասին տրուած վճիռին:
Յստակ է, որ միայն ծայրայեղ ազգայնամոլներն են, որոնք կ՛ընդդիմանան այս օրէնքի մարդասիրական պարզ նպատակին, որն է` չպատժել անոնք, որոնք յանցանք չեն գործած:


