Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրակնօրեայ Մտորումներ. Ազատութի՜ւն… Արդեօք Ո՞ւր Կը Ծախեն Քեզ

Նոյեմբեր 11, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

20 հոկտեմբեր 2025 թուականը վստահաբար չի մոռցուիր: Զարմացած եմ: Կը դիտեմ Դիմատետրը… կը դիտեմ տեղեկատուական աղբիւրները եւ անոնց անհաւատալի տեսարաններն ու ակամայ ցաւելով կը փակեմ աչքերս:

«Երեւանն է խօսում»… բայց անշուշտ, ոչ նախկին ուրախութեամբ:

… Կարճ ժամանակ մը առաջ Էջմիածնի վանքի շրջապատն էր լեցուն անթիւ ոստիկաններով, իսկ այսօր` Գիւմրի քաղաքի համայնքապետարանի շէնքն ու հրապարակն է արհեստական պատերազմի դաշտ: Ո՞վ որո՛ւ դէմ, չեմ հարցներ… Հայ ոստիկանն է հայու դէմ: Ան երէկ հոգեւորականներու դէմ էր, առջի օր` բարերարի դէմ, այսօր` համայնքապետի դէմ: Հաւատա՞նք… Եւ սա կ՛երեւի «Սկիզբն է երկանց»…

Բայց այս որքա՜ն ոստիկանական ուժ ունինք եղեր… վստա՛հ եմ, ասիկա իշխանութիւններու կողմէ ցուցադրութիւն էր` վախցնելու թուրքն ու ազերին, հասկցնելու, թէ մենք մեր ուզած ժամանակ հազարաւոր ոստիկան կը հանենք ձեր դէմ եւ կը հարուածենք ձեր ուժը: Կեցցէ՛ հայ արի ոստիկանը:

Թէեւ գրառումէս ետք զարմացայ մէկ բանի. միայն մէկ անձ` Գիւմրիի քաղաքապետ ձերբակալելու համար ինչո՞ւ հրապարակ նետած են այսքան շատ ոստիկաններ… Արդեօ՞ք մե՜ծ, շա՜տ մեծ ոճրագործ է ան, կամ` մե՜ծ տեռորիստ: Ինչ որ ալ ըլլան հանգամանքները, պայմանները եւ արդիւնքները, մէկ բան յստակ է եղեր. մեր երկրին մէջ կայ եղեր` ժողովրդավարութիւն, որուն ծանօթ չէինք ցարդ…

Իսկ հիմա ինչպէ՞ս չգովեմ հայ ոստիկանը, հայ ոստիկանապետը, երբ ոստիկաններ քաջաբար կը զգետնեն իրենց հայ եղբայրները… նոյնիսկ` իգական սեռի ներկայացուցիչները: Կեցցե՛ս,  քաջ ոստիկան, որքան հզօր ես դուն հայու դիմաց, որքան զօրաւոր ես դուն հայ հաւատացեալ հոգեւորականի դիմաց, որքան հուժկու ես հայ կնոջ դիմաց…

Այս պահուն աշխարհ կը դիտէ Երեւանը: Կը դիտէ Գիւմրին: Եւրոպան, որ ժողովրդավարութեան ջատագով է, կը դիտէ Հայաստանի անցուդարձերը եւ կ՛ուրախանայ… կը խնդայ գաղտնօրէն… չէ՞ որ իրենց դաստիարակութեան արդիւնքն է այն ամէն ինչը, որ կը կատարուի օր ցերեկով:

Պահ մը կը մտածեմ. արդեօ՞ք Հայաստանի մէջ կը կրկնուի Թուրքիոյ օրինակը, երբ հոն ձերբակալեցին` Պոլսոյ քաղաքապետը, ընդդիմադիրները, իշխանութեան հակառակորդները, փաստաբանները, մամուլի գործիչները կամ լրագրողները, շատ համարձակ խօսող ազատամիտ մարդիկը անգամ: Թուրքիոյ «բարի» օրինակը յանկարծ չժառանգենք: Չթրքանանք…

Այս գրելով հանդերձ, չեմ գիտեր թէեւ, թէ Հայաստանի մէջ մինչեւ օրս քանի՞ քաղաքական բանտարկեալ կայ բանտերու մէջ, քանի՞ հոգեւորական կայ, քանի՞ իշխանական ուժը քննադատող մարդ կայ: Մէկ բան յստակ է, որ մինչեւ 2026 թուականի ընտրութիւններ դատարկ  բանտախուց պիտի չմնայ… անոնք բոլորն ալ պիտի ունենան իրենց յարմար բնակիչները…

Ներկայ իշխանութիւնները յանցաւոր չեն անշուշտ… նախկիններն են յանցաւոր, որոնք բանտ ու բանտախուց շինած են: Իսկ ներկայ իշխանութիւնները պարզապէս չեն ուզեր զանոնք դատարկ ու անգործածելի ձգել… Լա՞նք, թէ՞ խնդանք: Արդեօք սա չնաշխարհիկ ժողովրդավարութեան նոր «մոտե՞լ» է:  Է՜… արաբները կ՛ըսեն` «Աշխարհ կլոր անիւ է»: Այո՛, կեանքի նաւակը կը յառաջանայ եւ` շատ արագ: Մեծագոյն կայսրութիւններ, իշխանութիւններ, բռնապետութիւններ, նոյնիսկ թագաւորութիւններ  փուլ եկած են… երբեմն նոյնիսկ վայրկեաններու մէջ, կարծուածէն արագ:

Մենք շատ մօտիկ անցեալի տեսանք` Միջին Արեւելքը, «Արաբական գարուն»-ը, գունաւոր յեղափոխութիւնները. տեսանք Իրաքը եւ անոր հզօր նախագահ Սատտամը, տեսանք Լիպիոյ նախագահ Քազզաֆին, տեսանք Եգիպտոսի նախագահ Մուպարաքը, տեսանք Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը… Այլ խօսքով, քաղաքական դաշտը միշտ ալ յղի է անակնկալներով:

Չուրախանանք… Միջին Արեւելքի երկնակամարէն չհեռացան գորշ ամպերը, եւ ամէն վայրկեան կը սպասուի կարկուտ:

 

 

Նախորդը

115 Անհատներու Դեղորայքի Բաշխում ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս

Յաջորդը

Քարվաճառի Վերջին Գիշերը. Կորցրած Տան Ու Հայրենիքի Չփակուող Վէրքը

RelatedPosts

Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Անդրադարձ

Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի

Նոյեմբեր 12, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Երանելի Օրերու Սպասումով…

Նոյեմբեր 12, 2025
Վարանգաթաղի Բարձունքի Արծիւներուն (Քրիս Յարութիւնեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Վարանգաթաղի Բարձունքի Արծիւներուն (Քրիս Յարութիւնեանի Յիշատակին)

Նոյեմբեր 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?