Յաճախ մեր կեանքին մէջ կան այնպիսի երեւոյթներ եւ սովորութիւններ, առանց որոնց կարելի չէ ապրիլ կամ գործել: Ոմանք կրնան մտածել շնչառութեան, ուտելու, ջուր խմելու մասին: Մեր կարկինը եթէ քիչ մը լայն բանանք եւ դիտենք մեր առօրեան, պիտի տեսնենք, որ այդ սովորութիւններէն մէկն է նաեւ երթեւեկը կամ երթեւեկութիւնը: Բայց ինչպէ՞ս:
Նախ պէտք է լաւ հասկնալ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ երթեւեկ կամ երթեւեկել: Երթեւեկել` կը նշանակէ երթալ-գալ, երկու տեղերու միջեւ երթեւեկութիւն կատարել, փոխադրուիլ: Պատկերացնենք պահ մը, որ եթէ երթեւեկը չըլլար, արդեօք պիտի կարենայի՞նք որեւէ տեղ երթալ: Սովորաբար երբ երթեւեկ կ՛ըսենք, մեր միտքը կու գայ ինքնաշարժը կամ հանրակառքը, սակայն երբ աւելի հեռուէն կը նայինք` վերեւ նշուած բացատրութեան լոյսին տակ, մեր մտահորիզոնը կ՛ընդլայնի: Երթեւեկութիւն կարելի է կատարել օդանաւով թռչելով կամ նոյնիսկ քալելով, որովհետեւ երկուքն ալ նոյն նպատակին կը ծառայեն` տեղէ մը ուրիշ տեղ փոխադրուիլ:
Երբ երթեւեկել կ՛ըսենք, արդեօք երբեւէ մտածա՞ծ ենք, թէ ինչպէ՛ս կը տեսնենք մեր շուրջը, երբ կ՛օգտագործենք երթեւեկութեան միջոցներէն որեւէ մէկը:
Օդանաւով երթեւեկողը, եթէ առաւօտեան ժամերուն երթեւեկէ, կարելիութիւն կ՛ունենայ տեսնելու գեղեցիկ տեսարան մը` ծովու մակերեսը եւ շէնքերով լեցուն հատուած մը` բարձր կատարներով ու երդիքներով, կախում ունի, թէ ո՛ր երկրին վրայէն կ՛անցնի: Իսկ եթէ գիշերով կը թռչի, լուսաւորումէ եւ շողարձակումէ բացի ոչինչ կրնայ տեսնել: Անոր համար անտեսանելի եւ անհետաքրքրական են մթութեան մէջ գտնուող տարածքները, որովհետեւ այդքան բարձրութենէ երթեւեկողին համար միմիայն գրաւիչ եւ երեւցող տեսարանները կարեւոր կը նկատուին:
Օդանաւով երթեւեկողը չի մտածեր գետնի տարածքին ինքնաշարժով երթեւեկողին մասին, որովհետեւ թէ՛ իրմէ փոքր է եւ թէ՛ որեւէ կապ չունի անոր հետ, բայց անպայման նկատի պիտի առնէ օդը գտնուող այլ օդանաւերը, անոնց մեկնումի եւ վայրէջքի ժամերը, օդը գտնուած տարածքը եւ վայրկեանը, բայց նաեւ` հովի արագութիւնը: Ճիշդ է, որ ան չի հետաքրքրուիր գետնի տարածքին քալող իրմէ մանր եւ փոքր այլ մեքենաներով, բայց պարտաւոր է օդը գտնուող իւրաքանչիւր շարժում նկատի առնել, որպէսզի արկածի չհանդիպի:
Երբ հասնինք ծովափ, այնտեղ կը տեսնենք զանազան չափի, ձեւի եւ տարողութեամբ նաւեր: Երբ նաւով կ՛երթեւեկենք, կը վայելենք այնպիսի գեղեցիկ տեսարաններ, որոնք յատուկ են միայն նաւագնացներուն: Ծովափէն երեւցող հեռու տարածութիւնը այլեւս հեռու չէ, հորիզոնը շատ աւելի մօտեցած է, բաց է ու տարածուն: Արեւուն շողշողուն սկաւառակը աւելի մաքուր եւ յստակ է. թէեւ ան կը գտնուի նոյն հեռաւորութեան վրայ, սակայն նաւուն դիմաց պարզուած միակ լուսաւոր եւ ճառագայթող ներկայութիւնն է: Կարծէք աշխարհէն անջատուած` ազատութեան շունչը կը վայելէ: Երբ այնտեղ գտնուինք, քաղաքի խճողուածութենէն եւ աղմուկէն հեռու` կը զգանք հանդարտութիւնը, կը լսենք ալիքներու ձայնային նրբութիւնները, անոնց խաղ ու պարին հետ նաեւ մեր նաւն ալ կը խաղայ` իր ծանրութեան համեմատ: Ալիքներու խաղին հետ կը տեսնենք նաեւ ձկնիկներու պարը` կրկէսային տպաւորութիւն մը տալով մեզի:
Նաւը իր հորիզոնին վրայ ունի նաեւ բաց ու կապոյտ երկինքը, ուր կրնայ տեսնել երթեւեկող օդանաւերը` հաւանաբար երեւակայելով, որ օր մը ինք եւս կը կարողանայ նոյն արագութեամբ երթեւեկել ծովուն վրայ` աւելի շուտ հասնելու համար տեղ: Ան իր ազատութեան մէջ իսկ կաշկանդուած կը զգայ` երեւակայելով ու երազելով անկարելի իրականութիւններ:
Նաւով երթեւեկողը անջատուած է քաղաքէն, այդ պահուն կը մտածէ միայն իր երթեւեկութեան եւ հասնելիք վայրին մասին: Զինք չեն հետաքրքրեր նաւէն դուրս եղող անցուդարձերը:
Ճիշդ է, որ նաւը կ՛երթեւեկէ ազատ ու բաց ծովուն վրայ, բայց իւրաքանչիւր նաւ ունի իրեն համար նախատեսուած սահման մը, որմէ անդին չի կրնար անցնիլ. ունի սահմանափակումներ` ճշդուած ծովու օրէնքներով: Նաւուն համար ալիքներուն խաղ ու պարը հաճելի են, բայց մթութեան մէջ այդ խաղ ու պարը կը դառնան մահու եւ կենաց պարեր: Ծովուն վրայ ծփացող նաւը լաւ գիտէ, որ ծովը ունի իր հանդարտ, բայց նաեւ փոթորկոտ երեսը: Որքան նաւը հեռու գտնուի քաղաքէն, այնքան կը վայելէ հանդարտութիւնը, բայց նաեւ վտանգի պահուն նոյնքան հեռու կը մնան արտաքին որեւէ օգնութիւն եւ յոյս:
Օդանաւն ու նաւը սերտելով` չմոռնանք տեսնել նաեւ քաղաքի երթեւեկը: Արդեօք ինչպիսի՞ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի այնտեղ երթեւեկութիւն կատարողը:
(Շար. 1)



