ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Շաբաթամուտին` Սարգիս տխրագին
Տուն վերադարձին սնանկ առանձին`
Աստուծմէ խնդրեց փող գտնել գետնէն,
Որով անգործ էր շաբթուան սկիզբէն,
Ինք այդ դրամով պիտ ապահովէր
Իր ընտանիքին սնունդ, զոր շատեր
Սարգիսին նման կ՛ուզեն ճաշակել,
Բայց ափսոս հարցը երազ էր անել:
Իսկ այդ գումարը գտնելու համար
Հարկ էր անձ մը, որ կորսնցնէ զայն
Բայց այս անձը մեր ճարպիկ, ջանասէր`
Ամբողջ շաբաթը վազած, յոգնած էր
Ու հիմա ուրախ ձեռքը գրպանին
Բռնած փողը չէր ձգեր անգին,
Կը քալէր շտապ տուն տանող ուղին:
Ինչ ըսէր Աստուած սնանկ Սարգիսին,
Թէպէտեւ հարցը լուրջ էր մարդկային:
Ան բացատրութիւն տուաւ Յակոբին,
Կարծիքը խնդրեց փշոտ հարցին մասին:
Սարգիս ետ քաշեց խօսքը տրտմագին,
Չտեսաւ փոսը ճամբուն եզերքին
Ու քայլափոխին ան ինկաւ գետին,
Քաշելով ցաւը թեքած իր քայլին`
Մոռցաւ խոցը կէզ իր ստամոքսին:
ԼԻԲԱՆԱՆ


