Գրած եմ քանիցս, որ Սեւանն ու ազրպէյճանցիներու վերադարձը Հայաստանի սահմաններէն ներս հարցեր են, որոնք բանակցային սեղանին վրայ տեղ չեն կրնար ունենալ: Պիտի գիտնանք, որ այդ հարցերու ընդգրկումը վիճելիներու ոլորտին մէջ Հայաստանի վերջնական մահն է եւ այն պա՛հը, երբ խօսակցութիւնը կանգ կ՛առնէ, եւ ազգը կը մտնէ վերջին առճակատման զօրաշարժերու փուլ: Հետեւաբար հայկական կողմի պատասխանը Ալիեւի բարբանջանքներուն եւ առհասարակ աշխարհակարգի տէրերուն պիտի ըլլայ շատ կարճ` GET LOST! (Կամ, ի հարկին, անոր թրքերէն հանրածանօթ համազօրը):
Պատկերը ներկայիս հետեւեալն է: Իրական բանակցային գործընթացը այսօր տեղի կ՛ունենայ Ուաշինկթընի, Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ միայն: Ամօթալի եւ անընդունելի կարգավիճա՛կ մը` Հայաստանի համար: Սկզբունքով, Երեւանը հոն է, բայց իրողապէս (de facto) դուրս դրուած է բանակցային գործընթացէն: Ամերիկայի դիւանագէտներուն ճիգն է (ինչպէս շեշտեր էի 29 հոկտեմբեր, 2025 թուակիր յօդուածիս մէջ) գտնել «Միջանցք»-ի մէկ տարբերակ, որ մէկ կողմէ կը գոհացնէ թուրքեւազրպէյճանական կողմը եւ, միւս կողմէ, կ՛ապահովէ Ամերիկայի իրական հակակշիռը «Թրամփի Ճանապարհ»-ին վրայ: Պարզ խօսքով, այսօր բանակցութիւնները կ՛ընթանան առանց հայկական խաղաքարտի ընդգրկման, եւ անշուշտ` Հայաստանի վեհապետական իրաւունքներու հաշուոյն:
Իրերու հոլովոյթի այս համատեքստին մէջ է, որ պէտք է հասկնալ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւնները: Յիշեալ յայտարարութիւնները բնականաբար ունին նուազագոյնի եւ առաւելագոյնի երկակի եզրեր: Անոնք առնուազն կը ծառայեն որպէս բանակցային խաղաքարտեր` թրքական կողմի պահանջները աւելի սուղ դիրքերու բարձրացնելու նպատակով, բայց նաեւ կը ծառայեն որպէս թաքուն սպառնալիք` բանակցային գործընթացը դէպի փակուղի առաջնորդելու: Ի վերջոյ նաեւ թուրքեւազրպէյճանական կողմի վախճանական առաջադրութեա՛մբ` Ամերիկայի դիրքերը «Միջանցք»-ին վրայ թուլցնելու, զանոնք «ձեւական»-ացնելու եւ «Միջացք»-ը (Ամերիկայի իսկ օրհնութեամբ) թրքացնելու: Յամենայն դէպս` նպատակ ունենալով մխրճելու գործընթացը նոր ճահիճի մը մէջ` պարտաւորեցնելով Ամերիկան` Հայաստանը աւելի եւս հրելու թուրքեւազրպէյճանական կողմի նկատմամբ վասալական դիրքերու վրայ: Ուաշինկթընի մէջ այս կացութեան կու տան lose-lose proposition յորջորջումը: Կատարեալ պարտութիւն` որեւէ չափորոշիչո՛վ: Իրավիճա՛կ, որ անպայման պէտք է մերժուի Հայաստանի կողմէ` առանց այլեւայլի եւ ընդփոյթ:
Այս ճահիճէն դուրս գալու միակ ձեւը Հայաստանի կողմէ խաղատախտակը շուռ տալու խիզախ ռազմավարութիւնն է: Ճի՛շդ է` Հայաստանի դիրքերը ներկայիս նսեմացուած են խաղասեղանին վրայ, բայց հայկական կողմը տակաւին ունի մէկ կարեւոր խաղաքարտ, զոր պիտի գիտնայ գործածել: Ան կրնայ գործածել զայն, պայմանաւ որ կարողանայ գործել ԻՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈԼՈՐ ՈՒԺԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Ի ՄԻ ԲԵՐԵԼՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ: Խաղաքա՛րտ, որ դեռ ի վիճակի է Ամերիկայի դիրքերը արագօրէն զգայնացնելու: Զայն զգաստացնելու: Անոր յիշեցնելու, որ «Թրամփի Ճանապարհ»-ի լինելիութիւնը, ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՐԹԻՆ, կախուած է Հայաստանի տրամադրութիւններէն:
ՊԱՐԶ ԽՕՍՔՈՎ, ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻ ԱՅՍ ՇՆԱԿԱՆ ԿԷՏԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՊԻՏԻ ՑՈՒՑԱԲԵՐԷ ԽԱՂԷՆ ԴՈՒՐՍ ՔԱԼԵԼՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՂ ԿԱՄՔ…
Ասիկա միակ ուղին է, որով Հայաստանը կը վերահաստատէ իր ինքնութիւնը բանակցային գործընթացին մէջ եւ իր կարմիր գիծերէն հեռու կը քշէ գործընթացի բոլոր շնագայլերը:
Բնականաբար խիզախութեան այս քաղաքականութիւնը ունի իր վտանգները Հայաստանի համար: Եւ Հայաստանը անպայման պատրաստ պիտի ըլլայ այդ վտանգները դիմագրաւելու` քաջ գիտնալով, որ ասոնք առողջ վտանգներն են` իր լինելիութեան պայքարին, բաղդատած այն անառողջ եւ անպատիւ վտանգներուն, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի ան այսօր փաշինեանական համակարգի յանցագործ քաղաքականութեամբ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ ԴՈՒՐՍ ՊԻՏԻ ՔԱԼԷ ՆԵՐԿԱՅ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԷՆ` ՊԱՀԱՆՋԵԼՈՎ, ՈՐ ՈՐԵՒԷ ԱՅԼ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵՆԷ ԱՌԱՋ (ԵՒ ՈՐԵՒԷ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈՐՊԷՍ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆ) ԹՈՒՐՔԵՒԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ ԸՆԴՈՒՆԻ ՍՏՈՐԱԳՐԵԼ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆՕՐԷՆ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐՈՒԱԾ ՈՉ ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ՈՒԽՏԱԳԻՐ (non-aggression pact) ՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ:
Յստակ պէտք է ըլլայ բոլորին, որ մենք երկիր չենք ունենար` առանց քաղաքական եւ յեղափոխական ողնայարի: Մենք երկիր չենք ունենար, առանց մեր երկրի ամէն մէկ թիզ հողին համար կենաց մահու կռիւ մղելու վճռականութեան: Մենք երկիր չենք ունենար` առանց թշնամին իր չափերուն բերելու հաստատակամութեան: Առանց մեր ներքին ոգեղէն ուժականութիւններէն բխող հզօր leverage-ին: Առանց մեր Հայրիկէն ժառանգուած երկաթէ շերեփին:
ԱՅՍՔԱՆ ԲԱ՛Ն:
4 նոյեմբեր, 2025



