Պէյրութի Մուսա Լերան ուսումնասիրաց միութեան հրատարակութեամբ լոյս տեսած «Գառնի» ուսանողական մատենաշարի 47-րդ հատորը կը կրէ «Մուսա Լերան 18 նահատակները – Լեռ փառապանծ» խորագիրը: Խմբագրական աշխատանքը ստանձնած է Վարուժան արք. Հերկելեան:
Այս փոքրածաւալ, բայց բովանդակալից գրքոյկը յարգանքի տուրք մըն է Մուսա Լերան հերոսամարտին ընթացքին նահատակուած տասնութ հայորդիներուն: Անիկա ոչ միայն պատմական անդրադարձ մըն է անոնց անձնազոհութեան, այլեւ խտացուած պատում մըն է մուսալեռցի հերոսածին ժողովուրդի պայքարին, ապա` տարագրութեան ու Այնճարի մէջ նոր կեանքի արմատաւորման:
Գրքոյկը կը ներկայացնէ նաեւ հիւսուած բանաստեղծութիւններ, աշխարհագրական նկարագրութիւններ եւ վկայութիւններ` նկարագրելով ոչ միայն անցեալի դէպքերը, այլեւ` ներկայացնելով անոնց յուզական ու հոգեւոր արձագանգը:
Հատորը ձօնուած է սփիւռքի մէջ գործած եւ գործող հայրենակցական միութեանց անդամ բոլոր հայորդիներուն, որոնք հայրենիքի համն ու հոտը վառ կը պահեն օտար երկինքներու տակ: Հրատարակուած է հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Եսայի եւ Ցօղիկ Հաւաթեանի:
«Գառնի»-ի ` «Այնճար` 18-ին յուշարձանը» խորագիրով խօսքին մէջ Վարուժան արք. Հերկելեան կը գրէ.
«Ինչպէս կը նկատէք, Մուսա Լերան 18 նահատակները` սկսեալ Մուսա լեռէն, մինչեւ Հայաստան եւ Ամերիկա, ունին հինգէ աւելի յուշարձաններ, սակայն, ըստ մեր հայեցողութեան, Այնճար հայաւանը կենդանի եւ ամէնէն ցայտուն յուշարձանն է 18-ին:
Մուսա Լեռ-Այնճար հայաւանը սփիւռքի մէջ եզակի եւ միակ ներկայացուցիչն է մեր կորսուած հազարաւոր գիւղերուն` իր հաւատքով, իր հիւրընկալ օճախներով, իր յուսատու կամքով, իր հայապահպան նկարագրով, իր լեզուով, իր հայրենասիրութեամբ եւ իր հայեցի մթնոլորտով:
«Ցեղասպանութենէն վերապրող միակ գիւղն է, որ գոյաւորուեցաւ Լիբանանի մէկ անկիւնը: Ան համախմբեց Մուսա Լերան տարագիր ժողովուրդը:
«Գուրգուրանք անոր հողի իրաքանչիւր հատիկին վրայ, պահենք անոր իւրաքանչիւր քարի բեկորը այնպէս, ինչպէս, փափաքեցան մեր նահատակները: Չմոռնանք` 18 աճիւնները մեր նոր եւ հզօր արմատներն են, իսկ Այնճար հայաւանը` իրենց կենդանի եւ յաւիտենական յուշարձանը»:
«Գառնի»-ի խօսքին կը յաջորդէ «Կառչած մնալով Մուսա Լերան» խորագրով Եսայի Հաւաթեանի խօսքը, ուր ան յատկապէս կը յայտնէ.
«1939-ի Սեպտեմբերին, երբ մուսալեռցիները ոտք դրին Այնճար, մեծ յոյս ունէին, որ իրենց կեցութիւնը ժամանակաւոր է այս անբնակելի տարածքին վրայ, եւ իրենք շուտով պիտի վերադառնան Մուսա Լեռ:
Սակայն Այնճարի առաջին տարիներու ահաւոր դժուարութիւնները, գաղթականներու մեծաթիւ մահերը (աւելի քան հազար) եւ 1946-1947 թուականներու ներգաղթը տկարացուցին վերադարձի յոյսը: Ճիշդ է, որ գաղթական մուսալեռցիները սկսած էին ապրիլ Այնճարի մէջ, սակայն իրենց մէջ տիրական կը մնար իրենց երկրին շունչը:
1939-էն առաջ, Պէյրութի մէջ ապրող մուսալեռցիներ 1931-ին կազմած են «Հաճի Հապիպլիի հայրենակցական միութիւնը»` իրերօգնութեան նպատակով: 1933-ին կազմուած է «Ճէպէլ Մուսայի հայրենակցական միութիւն» մը` նպատակ ունենալով օժանդակել չքաւորներուն եւ սերտացնել հայրենակիցներուն փոխյարաբերութիւնները: 1935-ին երկու միութիւնները կը միաձուլուին «Ճէպէլ Մուսայի հայրենակցական միութիւն» անուան տակ: 1939-1945 միութիւնը կը դադրի գործելէ Համաշխարհային Բ. պատերազմին պատճառով: Ներգաղթի ատեն միութիւնը կ՛ունենայ աշխուժ գործունէութիւն, սակայն անկէ ետք կը դադրի գործելէ մինչեւ 1959, երբ միութիւնը կը վերակազմուի` գլխաւոր նպատակ ունենալով Մուսա Լերան յուշամատեանի մը հրատարակութիւնը, որ իրականութիւն կը դառնայ 1970-ին, երբ կը հրատարակուի «Յուշամատեան Մուսա Լերան» մեծածաւալ հատորը` խմբագրութեամբ Մարտիրոս Գուշագճեանի եւ Պօղոս Մատուռեանի:
Մուսա Լերան ուսումնասիրաց միութիւնը ծնունդ կ՛առնէ Պէյրութի մէջ, 1954-1955 թուականներուն, խումբ մը հայրենասէր եւ նուիրեալ մուսալեռցիներու կողմէ: Շուրջ 28 տարիներու գործունէութեան ընթացքին այս միութեան վարչական տարբեր կազմերուն մէջ կը գործեն մեծաթիւ մուսալեռցիներ, որոնցմէ յիշենք` Մովսէս Ճէրէճեան, Ստեփան Տուտագլեան, Աբրահամ Նգրուրեան, Սարգիս Ապպէսեան, Յարութիւն Պոյաճեան (երկար տարիներու ատենապետ), Բաբգէն քհնյ. Քենտիրճեան, Արսէն քհնյ. Քէշիշեան, Սամուէլ Պոյաճեան, Անդրանիկ Պօղիկեան, Սամուէլ Մարգարեան, Սարգիս Գուճանեան, Քնար Ֆուճուրեան, Յակոբ Սագարեան, Ժան Պէլեան, Եսայի Խ. Հաւաթեան, Մովսէս Ադամեան եւ բազմաթիւ յարգելի հայրենակիցներ: Միութիւնը անմիջապէս կը լծուի աշխատանքի եւ կ՛ունենայ աշխուժ գործունէութիւն, կ՛օժանդակէ Այնճարի Ազգ. «Յառաջ» վարժարանին` կառուցելով գրասենեակ մը, կ՛օժանդակէ Պէյրութի մէջ ուսանող մուսալեռցի չքաւոր աշակերտներու եւ հիւանդ հայրենակիցներու, կը հրատարակէ օրացոյցներ, կը կազմակերպէ դասախօսութիւններ եւ պտոյտներ, հանգանակութիւն կը կազմակերպէ Հայաստանի մէջ կառուցուելիք Մուսա Լերան յուշարձանին համար, կ՛որոշէ հրատարակել Մուսա Լերան նուիրուած յուշամատեան մը, որուն խմբագրութիւնը կը վստահուի մուսալեռցի ականաւոր գրող Եդուարդ Պոյաճեանին, որուն կանխահաս մահով կիսատ կը մնայ այս ծրագիրը:
Միութիւնը կ՛ունենայ իր կեդրոնը Ազգ. «Ազիրեան» ակումբի վերնայարկը, որ սակայն ամբողջութեամբ կը քանդուի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին` թիրախ դառնալով հրթիռի մը: Դժբախտաբար կը փճանան նաեւ բոլոր արխիւները:
Մուսա Լերան յուշամատեանին համար, որպէս հում նիւթ, միութիւնը 1960-ին կը հրատարակէ երկու փոքր գրքոյկներ` «Լեռ փառապանծ» եւ «Մուսա Լերան 18 նահատակները», որոնք այսօր անգտանելի են:
«Գառնի» մատենաշարը, նկատի ունենալով այս զոյգ գրքոյկներու ազգագրական եւ պատմական կարեւորութիւնը, յատկապէս` մեր նոր սերունդին համար, Մուսա Լերան հերոսամարտի 110-ամեակին առիթով որոշեց վերահրատարակել զանոնք մէկ հատորով»:
Ապա կը յուսայ, որ երիտասարդ մուսալեռցիները այս գիրքը կարդալով` կառչած մնան իրենց գիւղի պատմութեան ու ոգիին:
Յառաջաբանին մէջ Պէյրութի Մուսա Լերան ուսումնասիրաց միութեան վարչութիւնը դիտել կուտայ, որ տարիներ շարունակ, իւրաքանչիւր Խաչի տօնին, հոծ բազմութիւններ Այնճարի ծառաստաններու հովանիին տակ, յուզումի եւ խանդավառութեան մէջ կը տօնեն Սուէտիոյ հերոսամարտին յիշատակը, ու բոլորին մտքերուն մէջ կը վերապրի թիւ մը` տասնութ, եւ հերոսական մարտնչումի մը աղօտ մտապատկերը:
Արդ, սոյն գրքոյկի հրատարակութեամբ Մուսա Լերան Պէյրութի ուսումնասիրաց միութիւնը կը ջանայ հասարակութեան ծանօթացնել տասնութ նահատակներու կեանքն ու գործը սեղմ գիծերու մէջ:
Վարչութիւնը նկատել կու տայ, որ Սուէտիոյ հերոսամարտին շուրջ աւելի լայն ծաւալով ու ծանօթութիւններով հատորի մը հրատարակութիւնը կը մնայ միշտ այժմէական պահանջ մը: Անոր համաձայն, այս փոքրիկ ձեռնարկը օգտակար կ՛ըլլայ նաեւ այդ մեծ գործին` որպէս վաւերական աղբիւր ապստամբութեան պատմութեան լուսաւորման:
Գրքոյկին նիւթն ու ծանօթութիւնները քաղուած են Սուէտիոյ հերոսամարտին մասնակից ու կռիւներուն մէջ առաջաւոր դիրքերու վրայ գտնուող ծերունի վկաներու բերնէն:
Գրքոյկի վկայութեանց բաժինին մէջ աւելցած են երեք յօդուածներ, առաջինը` ազգային կուսակցական գործիչ Սարգիս Զէյթլեանի, երկրորդը` յայտնի քանդակագործ եւ ազգային գործիչ Յակոբ Ճանպազեանի, իսկ երրորդը` Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա. վեհափառի կողմէ գրուած: Աւելցած են նաեւ լուսանկարներ:
Աւարտին կը ներկայացուի «Գառնի» մատենաշարի հրատարակութիւններու ցանկը:
120 էջերու վրայ ծաւալող գրքոյկը կը յիշեցնէ, որ ժողովուրդ մը կրնայ տարագրուիլ, բայց երբեք չի մոռնար իր արմատները: Ան կը վկայէ, որ արմատներուն կառչիլը խթանն է նոր կեանքի, նոր պայքարի եւ նոր յոյսի:



