Թէեւ քիչ մը դիւրահաւատ ու բարեսիրտ, սակայն երբեք այնքան միամիտ ու ապուշ չեմ եղած Միացեալ Նահանգներու պուրակներու մէջ ծաղկող, այնպէս կոչուած, «տոլարի ծառ»-երու գոյութեան մազաչափ հաւատք ընծայելու համար…
Վստահ եմ` գիտէք, թէ ի՛նչ բանի կ՛ակնարկեմ «տոլարի ծառ» ըսելով… Եւ ներկայ գրութեամբ քիչ մը դիւթական ու առասպելական այդ ծառին թէական ներկայութիւնը վերլուծելու փորձ մը պիտի կատարեմ:
Աշխարհի չորս ծագերուն միլիոնաւոր միամիտ անհատներ գոյութիւն ունին, որոնք մինչեւ օրս «մռնամ մռնամ» կ՛ընեն, երբ որ Ամերիկայի անունը լսեն… Աստուած բարին ընէ, գանգատողն ու տենչացողը չենք…
Երբ երէկ յետմիջօրէին կողակիցիս հետ ֆիզիքական քննութեան համար բժշկական կեդրոն կ՛ուղղուէինք, մեր ճանապարհին վրայ, պատահմամբ «Տոլարի ծառ» կոչուող վաճառատան առջեւէն անցանք, ու յանկարծ մէջս վերանորոգուեցաւ տիեզերահռչակ այդ ծառի մասին քանի մը տող որոճալու բաղձանքը… Գրող եղիր ալ` հեշտութեամբ ձեռքէ փախցուր ներկայացող այդպիսի ոսկի առիթ մը…
Ի ցաւ եւ ի յուսախաբութիւն այդպիսի հրաշագործ ծառերու գոյութեան հաւատք ընծայող միամիտներուն ու «ուիշֆիւլ թինքր»-ներուն, կամ` բարեդէպ մտածողներուն, «տոլարի ծառ»-ի առասպելը, այդպէս ալ ամերիկեան երազայի՜ն կեանքիս 46 տարիներուն, մաղթանքի, սպասումի ու անիրականալի իղձի սահմանէն հիւլէ մը դուրս գալով, իրականութիւն չդարձաւ…
Ընդհակառակը, հետզհետէ եղածներն ալ կորսնցուցինք… Անոնք ալ չորցան ու փոշիի վերածուեցան: Տեղին է նշել, որ հսկայ այս երկրին տնտեսութիւնը, յաճախ լիաբուռն կու տայ տասնեակ մը տարի ետք քեզ չորցնելու, պատը գամելու համար եւ, տակաւին, քեզ հիմնայատակ կործանելու համար, երբ երկրին տարածքին, տասը տարին անգամ մը գլուխ ցցող տնտեսական տագնապը գիշատիչի նման դուռդ թակելով` յանկարծ ներս կը խուժէ ու շփոթի կը մատնէ մեզմէ ամէնէն ճարպիկ ու հեռատես գործարարներն ու տնտեսագէտները:
Ապա քեզի բարիք մը ընելու պէս, ունեցած-չունեցածդ խլելով, իրեն հետ կը տանի` քեզ չոր աւազին վրայ նստեցնելով… Իսկ` «Աման ի՜նչ ըրի, ծննդավայրս ձգելով ալ անգութ այս երկիրը գաղթեցի» ըսելով, ծունկ ծեծելու այլեւս շատ ուշ է… օգուտ ալ չունի:
Սակայն պէտք է խոստովանինք, որ Ամերիկան, գիշատիչներու գոյութեան կողքին, շատ լաւ կողմեր ալ ունի… Ոչ մէկ քաղաքակիրթ երկիր ու պետութիւն կրցած է իր գոյութիւնը պահել ու պահպանել` միայն ժխտական իր կառոյցներու ու դրուածքներու վրայ յենելով: Երկրին բնակչութիւնն ալ մեծ մասամբ քիչ մը միամիտ, սակայն ազնիւ ու մարդամօտ խառնուածքով տարրերէ բաղկացած է… Գալով աշխարհի չորս ծագերէն «տոլարի ծառ»-ի փնտռտուքով ու անոր գոյութեամբ դիւթուելով այս դրախտը խուժող բարեմիտներուն, եթէ գետինը ինկած սենթ մը գտնէք, տեղացիին օրինակին հետեւելով` «բախտաբեր է» ըսելով ձեր շրթունքին տարէք, համբուրեցէք:
Դարձեալ կը կրկնենք. Ամերիկան, այս ծաղկուն «տոլարի ծառ»-ը արմատէն չորցնողը ու երկրին տնտեսութիւնը քամողները ռազմարդիւնաբերական ու յարակից վաշխառու համընկերութիւններն են… Եթէ լոթօ շահելու պէս ձեզի բախտը վիճակուի օր մը տոլարի ծաղկուն ծառի մը հանդիպելու Ամերիկա ձեր կեցութեան երկարատեւ շրջանին, Երկնային Հօր փառք տուէք ձեր բախտին համար: Քանի որ, ըստ ընկերաբաններու, այս երկրին մէջ կեանք չկայ, միայն չարքաշ աշխատանք, էրիկ-կնիկ անդուլ վազվզուք` մուրհակները ժամանակին վճարելու: Չեմ ալ յիշեր, թէ վերջին անգամ ե՞րբ ճաշարան մը երթալով` մինչեւ ուշ ատեն կնոջս հետ պարեցինք, ինչպէս Ափրիկէ մեր կեցութեան օրերուն յաճախ կը պատահէր: Այստեղ յարկաբաժինի մը վարձքը Լիբանան ամբողջ շէնքի մը բերած եկամուտէն աւելի է… Իսկ հետաքրքրութեան համար ձեր շուրջը ակնարկ մը նետեցէք: Ամուսնութեան տարիքը թեւակոխած հարիւրաւոր համալսանաւարտ ազնուականի արտաքինով երիտասարդներ տիրող կեանքի սղութեան պատճառով չեն յանդգնիր իրենց կեանքը սիրունատես հայուհիի մը կապելով` ընտանիք կազմել ու զաւակներ աշխարհ բերել: «Էնսի սուա թիլ , տոլարի ծառ» պիտի ըսէր ֆրանսացին… Այո՛, խերով ապրին տոլարի ծառին հաւատացող միամիտները:
Ռիչմընտ, Վիրճինիա
10/27/2025



