ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Քեսապի եւ անոր մերձակայ կանաչապատ լեռներն ու ձորերը հիացմունքի առարկայ դարձած են ոչ միայն սուրիահայութեան, Սուրիոյ բնակչութեան, այլ նաեւ` Սուրիոյ ծանօթ ներքին տագնապին նախորդող երկու տասնամեակներուն Արաբական ծոցի երկիրներէն օդափոխութեան կամ զբօսաշրջութեան եկողներուն համար:
Նախորդ դարու սկիզբը` Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդած տասնամեակներուն, քեսապահութիւնը ձմրան ցուրտը յաղթահարելու, բնակարանները ջերմացնելու համար հարկադրուած էր գրաստներով ու աւանակներով Քեսապէն քանի մը տասնեակ մղոններ հեռու երթալու, յատկապէս` Ֆըրընլըխ կոչուած շրջանը, որպէսզի այնտեղի անտառներէն փայտ ապահովէ ձմրան պարէնի համար, որովհետեւ Քեսապի տարածքները լերկացած էին կանաչութենէն:
Արդարեւ, այդ ժամանակաշրջանին քեսապցին իր հացը ապահովելու համար ստիպուած էր լեռներուն վրայ բուսած թփուտները ջարդել, նոյնիսկ երկու ժայռերուն մէջ գտնուող գիրկի մը չափ հողը ցանել ափ մը ցորենով:
Այլ պատճառ մը եւս: Քեսապցիք կը խնամէին լեռնային այծեր եւ կազմած էին հօտեր, իսկ այդ սատանայածին այծերը որեւէ բոյս կը լափէին արմատէն, կամ ժայռերու վրայ մագլցելով` կը հասնէին թփուտներուն կամ ծառերուն գագաթին ու իրենց բերանով կը փրցնէին մատղաշ ոստերը` արգելք հանդիսանալով անոնց աճման, նոյնիսկ տերեւները ծամելով զանոնք կը չորցնէին:
Քեսապի քարքարոտ ու լեռնային բնութիւնը, արօտավայրերու չգոյութիւնը թոյլ չէին տար ոչխարներու բուծման. փոխարէնը` շատեր ունէին քանի մը հարիւր գլուխ այծերու հօտեր, որոնց եկամուտէն` կաթնեղէնէն, միսէն, ոչ միայն կ՛օգտուէին անոնց տէրերը, այլ նաեւ` զանոնք արածողները, կթողները:
Մանկութեանս օրերու յիշատակներէս է պատկերը մեծ հօրս` Կարապետին, Գարատուրան գիւղի քարաշէն տան դիմացի լերկ լերան, որ զուրկ էր կանաչութենէն: Այնտեղ հօրեղբայրս` Ստեփանը (ծածկանունը` «Ընկըլըզ»), խաղողի այգի ունէր: Այժմ այդ լեռը խիտ կանաչապատուած է` կաղնի, փշակաղնի, դափնի, խըզըր եւ այլ թփուտներով:
Սուրիոյ անկախութենէն` 1947-էն, քիչ անց, հաւանաբար 1953-ին, օրուան նախագահ Էտիպ Չիչեքլի հրամանագիրով մը կ՛արգիլէ լեռնային այծեր պահելն ու բուծանելը, նաեւ պայմանաժամ կը ճշդէ անոնցմէ ձերբազատելու: Շատեր մաքսանենգ ճամբաներով շատ աժան գիներով իրենց հօտերը կը ծախեն Թուրքիոյ սահմանէն այն կողմ գտնուող թուրք գիւղացիներուն: Իսկ քանի մը գիւղացիներ այծերը մորթելով, անոր միսը առատ իւղով խաշելով եւ քաւուրմա պատրաստելով, կարասներով կը թաղեն հողին մէջ` յառաջիկային օգտագործելու նպատակով:
Այս օրէնքին պատճառով յաջորդ երկու տասնամեակները բաւարար եղան, որ լեռներն ու ձորերը կանաչապատուին: Շատ յստակօրէն ակնբախ էր, որ Թուրքիոյ հետ սահմանագիծէն ներս տարածքները լերկ կը մնային (մինչեւ այսօր):
Գարատուրան գիւղի եւ Էքիզօլուխ գիւղի միջեւ Չալմայի շրջանը, Տափասան, Քեսապի վերեւը ընդհանրապէս ծածկուած են փշակաղնիի, կաղնիի, դափնիի, խըզըրիի եւ այլ բազմաթիւ ծառերով: Իսկ Քեսապի հարաւը գտնուող գիւղերը` Չինար, Խայըթ, Տուզաղաճ, Վերի ու Վարի Պաղճաղազ գիւղերը շրջապատող անտառներուն գերակշռող ծառատեսակը փիճին է, որ մայրիի ծառերուն կը նմանի իր նետաձեւ սրածայր տերեւներով ու կոնաձեւ պտուղներով, եւ որուն քեսապցիք հանդոզ անունը կու տան: Տուզաղաճի անտառները կ՛երկարին դէպի հարաւ` Քասթալ Մաաֆ, հասնելով Պասիթ եւ Ըմ Թույուր, իսկ արեւելեան կողմէն Ֆըրընլըխի միջոցէն` դէպի Պայըրի շրջանը, Քեփըր, Խատրա, Ռապիա եւ այլ գիւղեր:
Փիճի ծառերուն (Pinus, եղեւնի, շոճի, շամի) տերեւաթափը կը սկսի ամրան, ծառերուն յատակին կը կուտակուին տերեւները, որոնք շոգին պատճառով վառօդի նման դիւրաբորբ ըլլալով` կրնան նոյնիսկ նետուած ծխախոտի մը կայծէն բռնկիլ եւ հրդեհ պատճառել:
Պատանեկան տարիքիս ականատես եղած եմ (1973-ին) բռնկած հրդեհի մը, որ սկիզբ առաւ Էքիզօլուխ գիւղին մօտակայ Աճամ եւ Մեղրաձոր շրջանէն` կուլ տալով հսկայ տարածք մը: Այդ հրդեհին պատճառով ձերբակալուեցան 6 կամ 7 քեսապցիներ, որոնք ենթարկուած էին զանազան բռնութիւններու, եւ բանտէն դուրս եկածներէն ոմանք ստացած էին անդարմանելի վնասներ (խլութիւն, մէջքի ու ոտքի անբուժելի ցաւ եւ այլն):
Յաջորդ տասնամեակներուն եւս բռնկեցան հրդեհներ, որոնք վերոյիշեալին չափ վնասատու չեղան: 1985-ին բռնկած հրդեհը ամէնէն նշանակալին էր վնասներու առումով:
Բարեբախտաբար բնութիւնը` անտառը, կը յաջողէր շուտով ինքզինք վերանորոգել քանի մը տասնամեակի ընթացքին: Այսպէս, փիճի ծառերուն կոնաձեւ պտուղները հասուննալով կ՛իյնային ու ցատկռտելով կը բացուէին` աջ ու ձախ ցանելով ներփակ հունտերը, որոնք յաջորդ տարի կը ծլարձակուէին ու շուտով ծառերու կը վերածուէին:
Կը յիշեմ նաեւ, մօտ 25 տարիներ առաջ, փոքր հրդեհ մը ծայր առաւ Վերին Պաղճաղազի վերեւը` Փեներլեք կոչուած վայրին մէջ, որուն պատճառը Քեսապ շրջապտոյտի եկած բժիշկներուն խորովածի համար պատրաստած կրակի բոցերն ու կայծերն էին: Բարեբախտաբար կրակը չյառաջացած` կարելի եղաւ զսպել ու մարել:
2012-ի ամրան ծայր առած հրդեհը, Մեղրաձորի ստորին` արեւմտեան շրջանէն սկսած, արշաւեց դէպի Տուզաղաճի վերի բարձունքները, սակայն կրակը ամենակուլ չըլլալով` անտառին միայն մէկ մասը փճացաւ, եւ տեղ-տեղ կանաչ պուրակներ մնացին:
2024-ի աշնան Վերի Պաղճաղազ գիւղի հիւսիսէն սկսած հրդեհը սուրաց դէպի արեւմուտք. ըսուեցաւ, որ կրակին պատճառը ելեկտրական հոսանքի բարձր լարման թելերուն իրարու հպումէն յառաջացած էր: Արեւելքէն փչող տաք ու չոր հովը քշեց կրակը մինչեւ Միջերկրական ծով` կուլ տալով Շէյխ Հասան եւ Պետրուսիէ գիւղերուն ձիթենիներն ու նարինջի պարտէզները` սպառնալով ծովափի Պետրուսիէ գիւղի տուներուն:
Հովին ուղղութիւնը եթէ հարաւային փոխուէր, կրակը կրնար սպառնալ Գարատուրան գիւղին, անցնելէ ետք Եուրենճըգ եւ Սըղընըխ կոչուած տարածքներէն: Բարեբախտաբար աշնանային անձրեւ մը վերջ տուաւ կրակի արշաւին:
Այստեղ փակագիծ մը բանալով` պիտի թուեմ Քեսապի եւ անոր մերձակայ կանաչապատ տարածքները ծածկող կարգ մը ծառատեսակներ:
Վերերը թուեցի արդէն Գարատուրանի լեռներուն ծառատեսակները` փշակաղնի, դափնի, կաղնի, խըզըրի (խոզակաղնի` Querdus mactocarpa), գասլապ (arbutus xalapensis), սօսի եւ այլ տեսակի թփուտներ:
Գասլապի ծառերուն փայտին կեղեւին գոյնը կարմրաւուն է: Ս. Յարութեան տօնին Քեսապի կիներն ու օրիորդները այդ տեսակի փոքր ծառերուն տերեւաթափէն օգտուելով` անոնցմով կը զարդարեն թղթեայ կամ բամպակեայ դեղնագոյն ճուտիկներ, կարմրագոյն հաւկիթներ եւ այլ գեղեցիկ զարդեր կը պատրաստեն:
Իսկ խըզըրի ծառերէն տաշուած գերանները տոկուն ըլլալով` յաճախ կ՛օգտագործուէին հողաշէն տուներուն տանիքները կառուցելու, կաղնիի եւ թթենիի ծառերուն փայտերուն կողքին: Ֆըրընլըխ շրջանի անտառները հարուստ են խըզըրի ծառերով, եւ յաճախ քեսապցիք հոնկէ կը բերէին այդ փայտատեսակը:
Քեսապի բուսատեսակներուն մասին շատ օգտաշատ հատոր մը հրատարակեց Քեսապի զաւակ, բանասէր դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանը, օգոստոս 2025-ին: Գիրքին խորագիրն է` «Քեսապի բարբառի բուսանուններու ազգագրական հանրագիտարան»:
Գարատուրանի թփուտ լեռները, որոնք նոյնիսկ գազաններու համար անանցանելի են, այժմ պետութեան կողմէ որակուած են իբրեւ կանաչապատ արգելոց:
Քեսապի, Վերի ու Վարի Պաղճաղազները, ինչպէս նաեւ Խայըդ, Չինար, Քէօրքենայի հարաւը եւ Տուզաղաճ գիւղերը իրենց պարտէզներով շրջապատուած են փիճի ծառերու անտառներով: Փիճիին` մայրիի ծառին մէկ համեստ տեսակը, փայտը նուազ որակաւոր ըլլալով, չ՛օգտագործուիր իբրեւ շինանիւթ, սակայն դիւրավառ ըլլալով` կ՛օգտագործուի օճախներու ջերմացման կամ կրակարաններուն համար այրելով` նուռի թթու, խաղողի ռուպ` «փըփէօր» (տոշապ), եւ այլ մթերքներ եռացնելով պատրաստելու:
Քեսապի, Տուզաղաճի շրջանէն անդին` Քեսապ-Լաթաքիա մայրուղիի երկու կողմերը փռուած է փիճիի անտառը, իսկ Էքիզօլուխ գիւղէն սկսած, Պաղճաղազ գիւղերու մէջէն անցնող դէպի Պասիթ, ապա Լաթաքիա երկարող մայրուղին եւս կ՛անցնի փիճի ծառերու անտառին մէջէն:
Գալով Քեսապէն դէպի հարաւ-արեւելք` դէպի Հալէպ մեկնող մայրուղին կ՛անցնի բազմատեսակ ծառերէ կազմուած անտառներու ընդմէջէն:
2025-ի ամառը պատուհասաբեր դարձաւ յիշեալ անտառներուն: Յուլիսի սկիզբը շրջանը հարուածեց շատ չոր ու շոգ կլիման, եւ չորցած խոտերն ու փիճի ծառերու տերեւները բռնկելով, Քեսապէն 15 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք գտնուող Պէյթ Գասիր եւ Իսաուիէ գիւղերու մօտէն բռնկած կրակը ծաւալելով, անցնելով Քասթալ Մաաֆ գիւղի ստորոտէն` ուղղուեցաւ դէպի Ռապիա գաւառակին կողմը: Այլ ուղղութեամբ կրակը մօտեցաւ Տուզաղաճ գիւղին, սակայն այնտեղ զսպուելով` վնասներ չպատճառեց շրջանի պարտէզներուն:
Սուրիոյ նախորդ վարչակարգի կէս դարու իշխանութիւնը, ափսոս, այդ անտառներուն միջով ճամբաներ չէին բացած` հաւանական հրդեհներու կանխման համար հրշէջ մեքենաներուն ծառայելու համար: Այդ ճամբաներուն «Կրակի գիծ» (Խաթ նար) անուանումը կը տրուի: Իսկ Սուրիոյ հրշէջ տնօրինութիւնը համարեա չունէր հրշէջ ուղղաթիռներ ու օդանաւեր:
Այդ սանձարձակ հրդեհը համարձակօրէն արշաւեց եւ Պայըրի շրջանէն անցնելով` հասաւ Թուրքիոյ սահմանագիծ:
Յուլիսի այս հրդեհի շիջման գործին Սուրիոյ հրշէջ անձնակազմերուն օժանդակութեան եկան Լիբանանէն, Յորդանանէն, Իրաքէն եւ Թուրքիայէն, նոյնիսկ Քաթարէն անձնակազմեր, որոնք իրենց սարքերով, օդանաւերով, ուղղաթիռներով ալ մասնակցեցան կրակը մարելու գործին:
Սակայն 14 օգոստոսին բռնկեցաւ Քեսապն ու քեսապցին պատուհասող հրդեհը, որ սկիզբ առաւ Էքիզօլուխ գիւղին մօտակայ ելեկտրական կայանէ մը, որ կայծեր տեղացուցած էր իր մօտ գտնուող ծառերուն եւ անոնց ներքեւ գտնուող խոտը բռնկելով` կրակը շուտով տարածուած էր դէպի հարաւ` Մեղրաձոր, եւ անոր անտառները կուլ տալէ ետք բարձրացած էր Արծիւի լեռ բարձունքը ու վար գլտորելով` հասած էր Տուզաղաճ, ուր սպառնաց գիւղի պարտէզներուն: Այլ ուղղութեամբ, դէպի արեւմուտք, կրակը լափեց Պաղճաղազի հանդիպակաց անտառը եւ անոր մօտակայ պարտէզները: Սակայն մեծ վնասը Տուզաղաճի պարտէզներուն էր:
Այսպէս, հրկիզուած էին մօտ 60 մեծ ու փոքր պարտէզներ` փճացնելով մօտ 4500 պղտատու ծառեր: Հրկիզուած էր մէկ բնակարան, որ կը ծառայէր տիրոջ պարտէզի կարիքներուն` իբրեւ մառան ու հանգստավայր, բարեբախտաբար:
Վնասին ծաւալը չի սահմանափակուիր միայն տարածքով ու ծառերուն թիւով: Պարտիզպանը պարտաւոր է նորատունկ ծառերուն բերքատու հասակի հասնելու համար սպասել աւելի քան 5-7 տարիներ:
Կրակի մարելուն նուազագոյն չափով օգնեց բնութիւնը, երբ կիզիչ շոգը նուազեցաւ, եւ խոնաւ ու ցօղառատ օրեր յաջորդեցին:
Յիշատակելի է, որ հրշէջներուն մեծապէս օգնեցին Քեսապի երիտասարդները` արիւն-քրտինք կտրած պայքարելով պատուհասին դէմ:
Իբրեւ գրութեանս վերջաբան` կ՛ընդգծեմ, որ 21-րդ դարուս առաջին քառորդը օրհասաբեր եղաւ Քեսապին ու քեսապահայութեան:
Այսպէս`
– 2014-ին տեղի ունեցաւ Քեսապի բռնագրաւումն ու ժողովուրդին տեղահանութիւնը` իբրեւ հետեւանք Սուրիոյ ծանօթ տագնապին, որուն նաեւ յաջորդեց քանի մը տասնեակ հրթիռներու «արշաւը» Քեսապի վրայ:
– 2023-ի երկրաշարժը, որ վնասեց երկու տասնեակ բնակարաններու, բայց մանաւանդ` Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ:
– Վերջին պատուհասներն էին 2024-2025-ի հրդեհները:
Բարեբախտաբար Քեսապի ծովու մակերեսէն 700 մեթր բարձր ըլլալով` անոր չի սպառնար ծովային աղէտ մը, ինչպէս` ցունամին:
Հաւատացեալ ժողովուրդը կը գոչէ` «Աստուած խնայէ», «Տէր, ողորմեա»:
Քեսապ, 10 հոկտեմբեր 2025






