Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք

Նոյեմբեր 8, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

Քաղաքին մէջ կան` շոգեկառքեր, մեծ ու փոքր հանրակառքեր ու ինքնաշարժներ եւ այլ տեսակի մեքենաներ:

Երբ դիտենք եւ հետեւինք շոգեկառքի երթեւեկութեան, կը տեսնենք, որ ան ամէնօրեայ դրութեամբ կը շրջագայի երկար տարածութիւններու վրայ` իր շուրջ ունենալով իրարմէ տարբեր տեսարաններ: Ան մերթ կ՛երթեւեկէ անապատային տարածութիւններու ընդմէջէն, մերթ` ծառաստաններու: Ան իր ճամբուն տէրն է` իր երկարութեամբ, ֆիզիքական ներկայութեամբ, իր արագութեամբ եւ ձայնով: Շոգեկառքով երթեւեկողը ունի այն հաճելի եւ իւրայատուկ առիթը` առանձնանալու իր մտածումներով եւ երեւակայութեամբ: Իր այդ առանձնութեան եւ հանդարտ մթնոլորտին մէջ ան կրնայ գիրքի հարիւրաւոր էջեր թերթել` լաւապէս պատկերելով ու զգալով իւրաքանչիւր արար ու դրուագ: Համակարգիչ ունեցողը կրնայ լայն կարելիութիւններով եւ արդիւնաւէտ կերպով աշխատիլ` առանց յոգնութիւն զգալու:

Շոգեկառքը թէեւ իր ձայնով կը տիրէ ամբողջ տարածքին, բայց իր ձայնին դիմաց չունի ուրիշ երթեւեկողի մը ֆշշոցը լսելու առիթը: Ան կը սուրայ իրեն յատուկ արագութեամբ, անոր ներկայութիւնը ճնշիչ է ուրիշներուն վրայ, բայց երկաթուղիի փոքր ծռութիւն մը կրնայ ամբողջ վակոն մը կամ նոյնիսկ ամբողջ շոգեկառքին ընթացքը եւ գոյութիւնը վտանգել ու իր կանուխ աւարտին հասցնել: Ան չունի իրեն մրցակիցներ` իր ճամբուն վրայ, բայց պարտաւոր է հետեւիլ իրեն պարտադրուած բոլոր ցուցմունքներուն եւ յարգել ճանապարհորդի իւրաքանչիւր երկվայրկեանը:

Քաղաքին մէջ կան անձնական կամ պետական հանրակառքեր, որոնք կ՛երթեւեկեն զանազան գիծերով ու թիւերով: Հանրակառքով երթեւեկողը չունի մեքենան վարելու պարտաւորութիւնը, ազատ կերպով կրնայ վայելել շուրջի անցուդարձերը: Հանրակառքի մթնոլորտը առիթը կու տայ ունենալու հաճելի, կարճ ու երկար զրոյցներ` նոյնիսկ օտարներու հետ:

Հանրակառքով երթեւեկողը կը տեսնէ քաղաքը այնքան, որքան կը տանի հանրակառքի տուեալ ուղին: Հաճելի երկխօսութիւն ունեցողը յաջորդ իր փոխադրութեան կրնայ նստելու տեղ իսկ չգտնել: Ան թէեւ պարտաւորութիւն մը չունի երթեւեկութեան ընթացքին, ազատ է, բայց ստիպուած է իջնել իր հասնելիք վայրէն հինգ-տասը վայրկեան հեռաւորութեան վրայ գտնուող մէկ կանգառը: Ան նաեւ ստիպուած է առաւօտ կանուխ ճշդուած ժամուն գտնուիլ կանգառ եւ երեկոյեան ուշ ժամերուն չմնալ, այլապէս պիտի մնայ առանց երթեւեկութեան:

Հանրակառքը կազմով ու չափով չի զիջիր այլ ինքնաշարժներու, բայց անոր արագութիւնը նախաճշդուած է` յաճախորդներ հաւաքելու համար: Տուեալ արագութեան վրայ կրնանք տեսնել` խանութներ, մարդիկ, երկինք, բարձր ու ցած շէնքեր, լեռներ ու ծով, բայց չենք կրնար ուշի-ուշով հետեւիլ իւրաքանչիւրին ընթացքին: Երթեւեկողը կը հետաքրքրեն այդ տեսարանները` միայն հեռուէն, առանց որեւէ մանրամասնութիւններու: Զինք կը հետաքրքրեն երեւցող մարդիկը, բայց` ոչ անոնց խօսակցութիւնը կամ մտահոգութիւնները:

Հանրակառքին կողքին կը սուրան դանդաղ ու արագ, մեծ ու փոքր ինքնաշարժներ: Ի դէպ, ժամանակի յառաջխաղացքի եւ կենցաղի փոփոխութեան հետ փոխուած են նաեւ ինքնաշարժ օգտագործելու պայմանները: Ժամանակին ինքնաշարժ մը կը պատկանէր ամբողջ ընտանիքին, այսինքն երթեւեկութեան ընթացքին այնտեղ կը տեսնէինք ամբողջ ընտանիքը: Ներկայիս այդ նոյն ընտանիքը կ՛երթեւեկէ անջատ ինքնաշարժներով:

Ինքնաշարժով երթեւեկողը ունի` հանգստաւէտ նիստ ու կաց, ոչ մէկ խանգարող ու նեղող, ջեռուցումի կամ զովացումի կարելիութիւն, նոյնիսկ` երգացանկի իւրայատուկ նախընտրութիւն: Ան որեւէ ժամանակ կրնայ շարժիլ եւ կանգնիլ ճամբուն վրայ գտնուող որեւէ վաճառատան առջեւ:

Ինքնաշարժով երթեւեկողը չունի որեւէ ենթակայութիւն ուրիշէն, այդ իսկ պատճառով ան նկատի չ՛առներ ուրիշ միջոցներ օգտագործող երթեւեկողը: Հեծանիւով երթեւեկողը երբեք ալ իր տեսողութեան չ՛արժանանար` զգալով, որ ամբողջ ճամբու իրաւունքը կը պատկանի միայն իրեն եւ իր չափը ունեցող մեքենաներուն: Ան ունի իր նախընտրած արագութիւնը` շուտով հասնելու ճշդուած վայր: Այդ արագութեան վրայ ան ունի ընդարձակ տեսադաշտ, բայց չունի այն կարելիութիւնը` հետեւելու իր դէմ պարզուածներու մանրամասնութիւններուն:

Ճիշդ է, որ ան իր արագութիւնը ինք կ՛որոշէ, բայց ամէն օր կ՛ենթարկուի խճողումի: Ան ամէն օր կը դիմագրաւէ վտանգի եւ արկածի մարտահրաւէրներ, որովհետեւ կը հանդիպի զինք նկատի չառնող այլ ինքնաշարժներու, զորս չի կրնար անտեսել` ապահով հասնելու համար հասնելիք վայրը:

Երբ կարգը կը հասնի քալելով երթեւեկողներուն, շատ յաճախ կը մոռնանք զանոնք, մինչդեռ անոնք ամէնէն շատն են: Անոնց երթեւեկութիւնը շատ հեռու տարածքներ չեն, բայց նոյնիսկ այդ մօտ տարածքին մէջ շատ տեսնելիքներ ունին: Քալելով երթեւեկողը կը վայելէ բնութեան մաքուր օդը, արեւուն ջերմութիւնը եւ բոլոր այն մանրամասնութիւնները, զորս անտեսուած են միւս երթեւեկողներուն կողմէ: Ան քայլ առ քայլ կը վայելէ իր երթեւեկութիւնը` տեսնելով ոչ միայն հսկայ ու բարձր շէնքեր, այլեւ` շէնքէն իջնողն ու շէնք բարձրացողը. ոչ միայն կը տեսնէ վաճառատուներու անուններ, այլեւ` այնտեղ մտնողն ու դուրս եկողը, բայց նաեւ`, վաճառատուներուն առջեւ երթեւեկող մուրացկանները: Ան երբ կը տեսնէ բարեկամ մը կամ ծանօթ մը, ոչ միայն ձեռքով օդային բարեւ կու տայ, այլեւ ձեռքը սեղմելով` կը հարցնէ անոր որպիսութիւնը:

Ան ոչ մէկուն հետաքրքրութեան կ՛արժանանայ, բայց բոլորը զինք կը հետաքրքրեն: Արեւոտ ու պայծառ օրերը անոր ուրախութեան պատճառ կը դառնան, բայց անձրեւոտ եւ փոթորկոտ օդին երթեւեկելը մեծ արկածախնդրութիւն է, որովհետեւ թէեւ հովանոց մը բռնելով ինքզինք պաշտպանած կ’ըլլայ վերէն իջնող ջուրէն, բայց երբեք ալ պիտի չկարենայ պաշտպանուիլ զինք նկատի չառնող ինքնաշարժներու պատճառած ցնցուղներէն:

Մեր առօրեային անբաժան մէկ մասը նկատուող երթեւեկութիւնը մեր կեանքն է: Յիշենք, որ եթէ օդին մէջն ենք, ուրիշ օր մը կրնանք հանրակառք բարձրանալ կամ նոյնիսկ քալել չկարենալով` տունը մնալ: Մեր երթեւեկութեան միջոցները կրնան միշտ փոփոխութեան ենթարկուիլ ինչ-ինչ պատճառներով: Եթէ ինքնաշարժով կ՛երթեւեկենք, յիշենք, որ օր մը զայն նորոգութեան պիտի տանինք. եթէ կը քալենք, յիշենք բարեկամներով անցուցած երկար ու հաճելի ճամբորդութիւնները: Շարունակ երթեւեկենք, որովհետեւ տակաւին չենք մատնուած անդամալուծութեան, երբ մեր երթեւեկութիւնը ամբողջովին ենթարկուած պիտի ըլլայ ուրիշին քմահաճոյքին: Երթեւեկենք` միշտ յիշելով, տեսնելով եւ զգալով, որ մեր կողքին ուրիշ մըն ալ կ՛երթեւեկէ իր միջոցներով:

Եւ այսպէս երկա՜ր պիտի երթեւեկենք…

(Շար. 2 եւ վերջ)

—–
(Շար. 1)

Նախորդը

Հետաքրքրական. 300 Տարուան Գանձ Մը` Գտնուած Ովկիանոսին Խորերը

Յաջորդը

Get Lost!

RelatedPosts

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին
Անդրադարձ

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին

Նոյեմբեր 8, 2025
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Get Lost!

Նոյեմբեր 8, 2025
Հայաստանը Կը Փախցնէ Ռազմավարական Առիթ Մը Պաքուի Մէջ Եւրոպայի Ռապպիներու Համագումարի Գումարման Վերաբերեալ
Անդրադարձ

Հայաստանը Կը Փախցնէ Ռազմավարական Առիթ Մը Պաքուի Մէջ Եւրոպայի Ռապպիներու Համագումարի Գումարման Վերաբերեալ

Նոյեմբեր 7, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?