Անդրադարձ

Խմբագրական.  Երկրորդ Հանրապետութեան Ճանաչման Ընդառաջ Արցախեան Ժողովրդավարութիւնը` Ընդդէմ  Ազրպէյճանական Բռնատիրութեան

Խմբագրական. Երկրորդ Հանրապետութեան Ճանաչման Ընդառաջ Արցախեան Ժողովրդավարութիւնը` Ընդդէմ Ազրպէյճանական Բռնատիրութեան

Արցախի Հանրապետութեան 27-ամեակի նշումը ինքնին փաստացի իրականութիւն է, որ հայոց երկրորդ հանրապետութիւնը պետականաշինութեան եւ անոր ընդհանուր շրջագիծին մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր ոլորտներուն ուղղութեամբ ժամանակի եւ բազում մարտահրաւէրներու ուղղութեամբ կարեւոր փորձառութիւն կուտակած է: Անդառնալի ուղղութիւններ են անոնք` պաշտպանական, կրթական, մշակութային, գիւղատնտեսական, զբօսաշրջային, ֆինանսատնտեսական, ներդրումային, վերաբնակեցման, որոնք կը համոզեն, որ կայացած է իրողապէս անկախ հանրապետութեան գոյառման, զարգացման բոլոր նախադրեալները արդէն իսկ ամբողջացուցած...

Տեսակէտ.  Ճիշդ Որոշում

Տեսակէտ. Ճիշդ Որոշում

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 30 օգոստոսին ցաւակցական հեռագիր յղեց Ռուսիոյ պետական Տումայի երեսփոխան Իոսիֆ Քոպզոնի մահուան առիթով, սակայն նոյնը չըրաւ (առնուազն մինչեւ այս պահս) Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Ճոն ՄքՔէյնի մահուան առիթով, ինչ որ ճիշդ որոշում մըն է: Հարցը այն է, որ առաջինը, ինչպէս վարչապետ Փաշինեան իր հեռագիրին մէջ նշած է, «հայ ժողովուրդի հաւատարիմ ընկեր, հայ-ռուսական յարաբերութիւններու...

Վահէին Պարտէզը

Վահէին Պարտէզը

Զ. ԹՈՐԻԿԵԱՆ Չեղաւ, չպատահեցաւ... չստացուեց: Բազմիցս խոստացած էի այցելել Վահէին պարտէզը, բնագաւառ մը կամ աւելի մօտիկ ըլլալով բնութեան` գործունէութեան դաշտ մը, որ սրտիս երբեք չէ խօսած: Միշտ ալ քաղաքի մէջ ապրած ըլլալով` վարժուած եմ պոռչտուքի, երթեւեկի, իրարանցումի, փոշիի, ձայնի, բարձր ձայնի, բաղաձայնի, սուր աղմուկի եւ շարունակ գերաղմկալի աղմուկի: Տարբեր էր Վահէին հորիզոնը: Ան ակնածանքով եւ խանդով կ՛անդրադառնար, թէ որքա՜ն հաճելի...

Յայտարարութիւններ (23 Յուլիս 2018)

Վահէին Յիշատակին… (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

ՓԱՌԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ 1981-ի աշնան, ուսումս ամբողջացնելու միտումով, որոշեցի երթալ Լիբանան եւ հետեւիլ Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի ուսումնական քառամեայ ծրագրին: Այնտեղ էր, որ առաջին անգամ հանդիպեցայ Վահէին` ի շարս այլ տղոց ու աղջիկներու, որոնք նոյն նպատակով ժամանած էին Պէյրութ այդ տարիներուն: Այդ օրերուն պարսկահայ ուսանողներուն թիւը կը գերազանցէր այլ երկիրներէ եկած ուսանողները, որոնց համար իբրեւ հանրակացարան` տրամադրուած էր Նշան Փալանճեան ճեմարանի...

Անդրադարձ.  Առյաւէտ Կորսնցուցինք Արեւմտահայերէնի Պահապաններէն Տիրան Աղազարեանը

Պարսկահայ Վահիկը

ՏԻԳՐԱՆ ՊԷՕՃԷՔԵԱՆ Պարսկահայ Վահիկը: Այսպէս ճանչցուած էր, երբ տակաւին զինք նոր ճանչցայ: Ութսունական թուականներու սկիզբներն էր, երբ քանի մը ընկերներով եկած էին Լիբանան եւ Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի մէջ կը հետեւէին Հայագիտականի դասընթացքներուն: Ամէն առաւօտ կը հանդիպէինք իրարու, երբ ինք կու գար իր գրասենեակը, «Երեւանեան» կեդրոն, եւ յաճախ միասին` ընկերներով կը նախաճաշէինք կեդրոնին դիմացը գտնուող ֆուլ պատրաստողին քովէն: Ընդհանրապէս կէսօրները...

Անկարելի Նամակ Թիւ 3.   Քառասունքի Մտորումներ

Անկարելի Նամակ Թիւ 3. Քառասունքի Մտորումներ

ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ Սիրելի՛ Արմէն Յարութիւնեան, Գրեթէ քառասուն օր եղաւ, եւ գացիր առանց ըստ սովորութեանդ ՑԸ մը ըսելու: Յուղարկաւորութենէդ ետք գրեցի քեզի հասցէագրուած թիւ 2 նամակը:  Պիտի չստանաս անիկա, պարզ այն պատճառով, որ չղրկեցի, մտածելով թէ ... Գրած էի յուղարկաւորութեանդ ու թաղումիդ մասին:  Նամակս շարունակած էի նաեւ անդենական մեկնումիդ խորհրդածութիւններով:  Մտորումներ, որոնք արտայայտեցի այնպիսի դիտարկումներով, որոնք անկարելի է, որ չանհանգստացնէին հայատառ մամուլի...

Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցւոյ Շէնքը 1,5 Միլիոն Տոլարով Ծախու Կը Հանուի

Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցւոյ Շէնքը 1,5 Միլիոն Տոլարով Ծախու Կը Հանուի

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ Պուրսա քաղաքի Սեթպաշ թաղամասին մէջ գտնուող եւ մօտաւորապէս 300 տարուան հինութիւն ունեցող հայկական եկեղեցին վաճառքի հանուած է 1,5 միլիոն տոլարով: Եկեղեցւոյ վաճառքին մասին յայտարարութիւնը «սեփականատիրոջ» կողմէ տեղադրուած է «Bursasehirportali.com» կայքին վրայ: Նկատի ունենալով, որ նշեալ անձը կը գտնուի արտասահման, վաճառքով կը զբաղի անշարժ գոյքի գործակալ մը: Պուրսայի հիմնադրամներու շրջանային վարչութեան արձանագրութեանց մատեանին մէջ  1986-ին նշուած է, որ...

Դէմքեր Եւ Դէպքեր Պանդոկէն-Ամուրիները –  Ամուրիները` Ղազար Չարըգ

Դէմքեր Եւ Դէպքեր Պանդոկէն-Ամուրիները – Ամուրիները` Ղազար Չարըգ

ՎԱՀԷ Յ. ԱԲԷԼԵԱՆ «Ղազար Չարըգը պէտք է հալածեն, Պէտք է ազատիլ այդ անիծածէն Իր գործերն իր պէս միշտ առեղծուած են, Կ՛արժէ, որ խածնեն ու միշտ հալածեն» Մէջբերումը ըրած եմ Թուրիկէն` «Ծիծաղ ազգային միջազգային» գիրքէն, որ լոյս տեսած է Պէյրութ, 1982-ին (էջ 190). «Քառեակ»-ը նախ լոյս տեսած է Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ 1 յունուար 1938-ին: Թուրիկը նման ակնարկներ ըրած է նախորդող տարիներուն ալ, նմանապէս «Ազդակ»` օրաթերթին...

Հայը… Մենք Ենք

Շաբաթ Մը Ծովու Վրայ

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Արձակուրդով Ալասքա երթալու ժամանակ, շաբաթ մը ծովու վրայ հաճելի օրեր անցուցինք ընտանիքս ու ես: Այդ շաբթուան ընթացքին, դիտումնաւոր, աշխարհէն կտրուած էի: Չէի ուզեր ո՛չ կարդալ, ո՛չ ալ գրել: Շքեղ զբօսանաւուն վրայ, տեղեակ չէի, թէ ի՛նչ կ՛անցնի կը դառնայ մեր մոլորակին վրայ: Զբօսանաւուն վերելակներուն գետնի գորգերը ամէն օր կը փոխարինուէին այդ օրուան անունը կրող տարբեր գորգով մը, որ մեզի...

Ակնարկ.  Միջավայրային Նախապայմաններ

Ակնարկ. Միջավայրային Նախապայմաններ

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահին Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութիւնը Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ հին յանկերգի վերահնչումն է: Եըլտըրըմը պարզապէս վերաբանաձեւած է նախապայմանային քաղաքականութեան առաջին բաղադրիչը: Եթէ Հայաստանը «չվերադարձնէ Ազրպէյճանի գրաւուած հողերը», ապա հայ-թրքական յարաբերութիւնները չեն կրնար կարգաւորուիլ: Ան խօսած է նաեւ «Հայ-ազրպէյճանական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու մէկ ամբողջութիւն ըլլալուն մասին` պարզ դարձնելով, որ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման նախափուլը Պաքու-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացումն է: Եւ ուրեմն`...

Անդրադարձ.  Սպասելով Իտլիպի Հարցի Մօտալուտ Լուծման

Անդրադարձ. Սպասելով Իտլիպի Հարցի Մօտալուտ Լուծման

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Վերջերս բոլորը` ՄԱԿ-ը, անոր ընդհանուր քարտուղարը, Մոսկուան, Ուաշինկթընն ու Փարիզը, ինչպէս նաեւ տեղական, շրջանային ու միջազգային մամուլը կը խօսին Սուրիոյ մէջ զինուորական նոր գործողութիւններու մասին: Մինչ ամերիկեան կողմը մտահոգութիւն կը յայտնէ սուրիական բանակին կողմէ Իտլիպի դէմ սպասուող յարձակումին առնչութեամբ եւ կը սպառնայ Սուրիան հարուածել, եթէ կառավարական ուժերը այդ յարձակումին ընթացքին քիմիական զէնք օգտագործեն, ռուսական կողմը մտահոգութիւն կը յայտնէ...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Ակնարկ. «Մինչեւ Առուն Ջուր Գայ…»

Եմէնի «բաժանումը» Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Միջազգային լսատեսողական եւ գրաւոր լրատու աղբիւրներ երեքշաբթի, 28 օգոստոսին, լայն արձագանգ եղան Եմէնի ողբերգական վիճակին մասին նոյն օրը լոյս աշխարհ եկած` ՄԱԿ-ի խումբ մը մասնագէտներու այն տեղեկագիրին, որ «բոլոր կողմերը» յանցաւոր կը նկատէ աւելի քան 3 տարիէ ի վեր շարունակուող նախճիրներուն եւ կը խոստանայ յառաջիկայ ամիս ամբողջական տեղեկագիր մը ներկայացնել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին` հիմնաւորելով իր մեղադրանքները:...

Տեսակէտ.  Պասքեթպոլէն Անդին

Տեսակէտ. Ընտրանքը

ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆ Գաղտնիք չէ արդէն, որ ապրիլեան թաւշեայ յեղափոխութեամբ հայ ժողովուրդը իր արդի պատմութեան կարեւորագոյն նուաճումներէն մէկը արձանագրեց` կոտրելով զինք արիւնաքամ ընող աւատապետական համակարգի անել թուացող օղակը ու վերցնելով ինքնիշխանութեան ա՛յն ձեռնոցը, որ գետին շպրտուած մնացած էր արդէն աւելի քան քսանամեակէ մը: Ցաւօք, հայ քաղաքական աւագանին միայն թերի ներկայացուցչութեամբ կրցաւ քայլ պահել ժողովրդային պատմական այս ոստումին հետ, եւ եղան անոնք,...

Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ

Տեսակէտ. Միատեսակ Մտածելու Վնասները Մեր Երկիրը Մէկ Անգամ Արդէն Ապրել Է

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ Այս օրերին ականատես ենք, թէ ինչպէս մի կողմից բացայայտւում են 30 տարիներ մեր երկրում տիրած զեղծարարութիւններն ու կողոպուտները, քննարկւում ընկերային բարձիթող վիճակները, օրէնքներ են մշակւում այն բարելաւելու ուղղութեամբ, վերջապէս ժողովուրդը զգում է իրեն իր երկրի տէրը, ժամ առ ժամ էլ աւելի մեծ սիրով է կապւում իր ընտրեալ վարչապետին, իսկ միւս կողմից` կաշկանդւում է ազատ, անկախ մտածելակերպը,...

Խոստովանանք

Եւրոպա Եւ Հայաստանս

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Տարիներ առաջ էր եւ` կրկին ամառ: Ամբողջ աշխարհը գրեթէ արձակուրդի մէջ էր: Մենք ալ` նոյնպէս: Խորքին մէջ ինծի համար արձակուրդ ըսուածը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ` փախուստ մը սովորական եւ միօրինակ առօրեայէն: Այլ խօսքով նաեւ վերանորոգուելու արդար եւ միաժամանակ ծախսալից փորձ մը: Հաճելի ակնկալութիւն մը` կեանքիդ որոշ եւ ճշդուած օրերը տարբեր ձեւով ընդունելու եւ ապրելու գաղտնիքով: Նախաբանս չեմ...

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Տիգրան Բեկզատեան Տիգրան Բեկզատեան. քաղաքական-պետական գործիչ, անկուսակցական: Կ՛ենթադրուի, որ ծնած է 1875-ին: Ան եղած է Պաքուի հայկական եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի նախագահ, որ գործած է 1906-ին եւ կը գտնուէր Պաքուի ուսումնարանի փողոցը: Ազգային խորհուրդի անդամ: Հայաստանի անկախացումէն եւ հանրապետութեան կերտումէն ետք եղած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչ Թիֆլիսի եւ Պաքուի մէջ: 1919-ին մասնակցած է հայ-ազրպէյճանական խորհրդաժողովին, ապա` անդրկովկասեան...

Մինչեւ Ե՞րբ

Տեսակէտ. Խնդիր Կայ Այստեղ

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ 2018-2019 կրթական տարեշրջանը պիտի դիմաւորենք մտահոգ վիճակի մէջ: Լիբանանահայ կրթական համակարգը դժուար վերամուտի սեմին է: 2018-2019 տարեշրջանին լիբանանահայ վարժարանները տնտեսական, կրթական, թիւի եւ կրթական մշակի լուրջ հարցերու առջեւ կը գտնուին: Ուսուցիչներու ամսաթոշակներու յաւելումի օրէնքը եւ անոր ընկերակցող կրթաթոշակներու բարձրացումը բնականաբար դէպի օտար` ձրիավարժ վարժարաններու հոսք մը ստեղծած է: Երկարաժամկէտ ծրագիրով պետութիւնը յստակօրէն իր պետական ձրիավարժ վարժարաններուն թափ տալու...

Ակնարկ.  Ուշացումը  Չ՛արդարացուիր

Ակնարկ. Ուշացումը Չ՛արդարացուիր

Լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ արձանագրուած յայտարարողական հարթութիւնը երկիրը կ՛առաջնորդէ կրակի եւ արդարութեան արանքին: Խօսքը բնականաբար կը վերաբերի միջազգային դատարանի մօտալուտ վճիռին առիթով կատարուած տրամագծօրէն հակառակ ուղղութիւններ բովանդակող յայտարարութիւններուն: Ներլիբանանեան հանգոյցներու վերագրուող կառավարութեան կազմութեան արգելակումի տեսութիւնը տեղի կու տար յաճախ` շրջանային մակարդակի վրայ արձանագրուող զարգացումներու հետ կապուած գործընթացներու հետեւանքային ազդեցութիւններու վարկածներուն: Այժմ ո՛չ միայն ներլիբանանեան-շրջանային, այլ նաեւ միջազգային նոր թնճուկներ կ՛աւելնան`...

Նամականի

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն – 100-ամեակ. Ինչպէ՞ս Մերժուեցաւ Հայաստանի Հոգատարութիւնը` «Յառաջ» Օրաթերթի 17 Յուլիս 1920-ի Լրատուութիւնը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Ա. Աշխարհամարտէն ետք յաղթական ուժերը իրարու միջեւ բաժնեցին պարտուած Օսմանեան կայսրութեան տարածքները: Թուրքիոյ եւ Հայաստանի պարագային, Ազգերու լիկայի Գերագոյն խորհուրդը փափաք յայտնեց, որ Ամերիկան ստանձնէ անոնց հովանաւորութիւնը եւ ճշդէ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանը: Ընդառաջելով այս փափաքին` Ամերիկայի նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն քաղաքական եւ զինուորական երկու առաքելութիւններ Փոքր Ասիա եւ Հայաստան գործուղելէ ետք, 24 մայիս 1920-ին դիմեց ծերակոյտին` վաւերացնելու համար...

Մենք Մեր Խաղաղութիւնն Ենք Կերտում

Դարձեալ Ազրպէյճանը Շփոթեցին Աֆղանիստանի Հետ

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ Քաղաքական վերլուծաբան Դա երեւի թէ լեզուի թռիչք էր, որ թոյլ էր տուել գերմանացի լրագրողուհի Քիւֆները Պաքւում` Գերմանիայի վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի համատեղ ասուլիսի ժամանակ: Գերմանիայի առաջնորդը, ինչպէս յայտնի է, Պաքւում էր գտնւում Հարաւային Կովկաս  օգոստոսի 23-26 կատարած իր  համայցի շրջանակներում: Վերջին հանգրուանը Պաքուն էր: Մինչ այդ նա Երեւանում էր, ուր ժամանել էր Թիֆլիսից: Ընդ...

Page 511 of 806 1 … 510 511 512 … 806

Արխիւներ