Դար մը եւ երեսուն հինգ տարիներ կը բաժնեն մեզ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ծննդեան թուականէն: Արդ, անոր փառաւոր անցեալին հայեացք մը ուղղելով` այսօր նոր տեսիլքներով եւ անխախտ յանձնառութեամբ ան կը դիմաւորէ նաեւ ապագան: 135-ամեայ, բայց մշտապէս երիտասարդ այս կուսակցութիւնը ամրապինդ հաւատքով կը խտացնէ իր շարքերը երդուեալներու հսկայ փաղանգով, պատրաստ` դիմագրաւելու հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած ազգային, ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային ամենաբարդ մարտահրաւէրները:
Հայ ժողովուրդի հայրենատենչ երկունքէն ծնունդ առած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը դարէ մը աւելի կերտեց կազմակերպական ամուր կառոյցներ, ներդրեց անհաշիւ զոհաբերութիւններ եւ դրոշմեց մեր պատմութիւնը հայրենանուէր ու ազգանուէր պայքարով: Դաշնակցութիւնը եղաւ ոչ միայն քաղաքական կուսակցութիւն, այլ նաեւ` համահայկական շարժում, որ միաժամանակ գործեց` իբրեւ ազատագրական պայքարի առաջամարտիկ, պետականաշինութեան ջատագով, սփիւռքակերտումի ճարտարապետ եւ Հայ դատի անդադրում պաշտպան:
Դաշնակցութեան 135-ամեայ ուղին ամբողջացուած է հինգ հիմնական առաքելութիւններով` ազգային ազատագրութիւն, պետականութիւն, հայապահպանութիւն, ընկերային արդարութիւն եւ համահայկական համախմբում: Այս հիմքերուն վրայ է, որ ան կրցաւ դիմանալ ժամանակներու փոթորիկներուն, պարտութիւններուն ու աքսորներուն` մնալով անշեղ իր գաղափարական առանցքին շուրջ:
Սակայն 2018-ի իշխանափոխութենէն ետք հայրենի պետական կեանքին մէջ ի յայտ եկան աննախադէպ եւ վտանգաւոր երեւոյթներ: Թրքամէտ ու ազգուրաց ուղղուածութիւններով առաջնորդուող իշխանաւորներ ու վարչապետ` փորձեցին անամօթաբար մշուշապատել Դաշնակցութեան փառաւոր անցեալը, թունաւորել անոր գաղափարական ժառանգութիւնը, պիտակաւորել դաշնակցականը` որպէս անբաղձալի տարր թէ՛ հայրենիքի մէջ եւ թէ՛ սփիւռքի տարածքին: Աւելի՛ն. «Ազատութիւն կամ մահ» շեփորած կուսակցութեան վեհ դրօշը անարգելու եւ նոյնիսկ «այրելու» քստմնելի բացագանչութիւններ հնչեցուցին պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներն ու նոյնինքն վարչապետ կոչուած Փաշինեանը:
Այս օրերուն Հայաստանի վարչապետին քանդիչ ու բաժանարար արարքներով Հայաստանի բանտերուն մէջ ապօրինաբար կալանաւորուած են չորս բարձրաստիճան հոգեւոր հայրեր, իսկ տասնեակ մը եւ աւելի հոգեւորականներ բանտարկուած` Հայոց սուրբ եկեղեցին քաշելով քաղաքակսն պիղծ ու քանդիչ հաշիւներու մէջ:
Դաշնակցութեան համար այս խօսքերն ու մօտեցումները դատապարտելի են, զարհուրելի եւ խորապէս ոչ հայավայել: Անոնք կը քանդեն մեր ժողովուրդին միասնութիւնը, կը թունաւորեն մարտունակ նորահաս սերունդներու հոգիները եւ կը խոչընդոտեն անոր դէպի փայլուն ապագայ երթը: Այս բոլորին պատճառով վտանգի տակ կը դրուին հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին անկատար տենչերը` յագուրդ տալով մեր դարաւոր թշնամիներու անկուշտ ախորժակներուն:
Սակայն հայ ժողովուրդի հոգիին ու հայրենի հողին մէջ խարսխուած այս գաղափարական հզօր կառոյցը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, պատմութեան ընթացքին բազմիցս ապացուցած է, որ ճնշումը կը վերածէ նոր ուժի: Նուիրաբերումի նոր չափանիշներով ան դարձեալ կը զսպանակուի` ընծայաբերելով իր լաւագոյնը յանուն հայրենիքին, դաւադրաբար բռնագրաւուած Արցախ հայաշխարհին եւ հայ ժողովուրդի գերագոյն նպատակներուն` յանուն մեր գոյապայքարի սրբազան գործին:
135 տարիներ առաջ Դաշնակցութեան ծնունդը ոչ միայն պատմական կարեւորագոյն իրադարձութիւն մըն էր, այլ նաեւ անկիւնադարձային փուլ մը` հայրենի եւ սփիւռքացած հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Ան հաստատ համոզումով ծառայեց ազգապահպանման ու հայապահպանման վեհ գործին` օտար ափերու վրայ ծնած սերունդները կապելով մեր ազգային աւանդութիւններուն ու բարքերուն, լուսաւորելով զանոնք հայոց մշակոյթի ջահով` այլասերման բոլոր վտանգներուն դէմ:
Դաշնակցութիւնը ստեղծեց եւ պահպանեց համահայկական կառոյցներ` դպրոցներ, մշակութային միութիւններ, երիտասարդական-ուսանողական կազմակերպութիւններ, մամուլ եւ հրատարակչութիւն, որոնց միջոցով սերունդներ կրթուեցան ազգային գիտակցութեամբ եւ ծառայութեան ոգիով: Սփիւռքի մէջ ան դարձաւ ազգային ինքնութեան յենասիւն, իսկ Հայ դատի պայքարին մէջ` կազմակերպուած, հետեւողական եւ ազդեցիկ ուժ:
Հայ դատի աշխարհասփիւռ գործունէութեան մէջ Դաշնակցութիւնը եղաւ առաջամարտիկը` միջազգային ատեաններու, խորհրդարաններու եւ քաղաքական շրջանակներու մէջ բարձր պահելով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ պահանջատիրութեան դրօշը: Դաշնակցական կառոյցներու ջանքերով ձեւաւորուեցան Հայ դատի յանձնախումբեր աշխարհի չորս ծագերուն, որոնք տասնամեակներ շարունակ հետեւողական աշխատանք տարին` հակառակ անտարբերութեան, ճնշումներու եւ քաղաքական շահախնդրութիւններու:
Թէեւ ինքնափառաբանումը երբեք Դաշնակցութեան բառապաշարը չէ եղած, այնուամենայնիւ, հարկ է արձանագրել, որ ան իր գոյութեան ամբողջ ընթացքին եղած է գերազանցապէս գործի եւ զոհաբերութեան կուսակցութիւն: Առանց զոհողութեան սահմանները ճանչնալու` ան հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ստեղծած է նուիրաբերումի նոր չափանիշներ:
Գործի ու զոհաբերութեան ճամբով էր, որ օսմանեան բռնակալութեան օրերուն Դաշնակցութիւնը արթնցուց հայ ժողովուրդը իր դարաւոր թմբիրէն եւ ազատագրական պայքարի դրօշը բարձրացուց նոյնինքն սուլթանին դէմ` յանուն հայ մարդու ազատ ու անկաշկանդ գոյատեւումին: Նոյն ոգիով էր, որ Հայոց ցեղասպանութենէն հազիւ երեք տարի ետք Դաշնակցութիւնը կրցաւ ի մի բերել հայ ժողովուրդի բեկորները եւ վեց դարու ստրկական գոյավիճակին վերջ տալով` մայիսեան վարդահեղեղ ու պայծառ առաւօտ մը յայտարարեց ու կերտեց ազատ ու անկախ հայրենիքը հայոց:
1920-ական թուականներուն Դաշնակցութիւնը յանդուգն վճռակամութեամբ կուրծք ցցեց խորհրդային բռնատիրութեան դէմ` ամրագրելով նուիրաբերումի եզակի չափանիշ մը, որ պատկառանք ներշնչեց նոյնիսկ գերպետութիւններու մօտ: Խորհրդային տասնամեակներուն ան սփիւռքի մէջ վառ պահեց յեղափոխական ոգին, պաշտպանեց հայ գաղութներու ապահովութիւնը եւ իր շարքերէն նուիրեց լաւագոյն զաւակները` ազգային գոյութեան վտանգուած պահերուն:
Երբ հայրենիքի եւ Արցախի ազատամարտի ահազանգը հնչեց, Դաշնակցութիւնը դարձեալ առաջին գիծի վրայ էր Ղարաբաղի լեռներուն, Հայաստանի սահմաններուն, Երեւանի փողոցներուն եւ խորհրդարանի բեմին վրայ: Ան եղաւ ոչ թէ պատեհապաշտ դիտորդ մը, այլ մարտնչող եւ նախաձեռնող ուժ` մշտապէս ականջալուր հայ ժողովուրդի արդար պահանջներուն:
Այսօր, երբ նոր սպառնալիքներ կը շղթայուին Հայաստանի սահմաններուն եւ ազգային անվտանգութեան կենսական առանցքներուն շուրջ, Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ մնալ զգօն պահակ: Պատմութիւնը արդէն արձանագրած է մէկ անժխտելի ճշմարտութիւն. սուլթանները, թալէաթներն ու էնվերները, ինչպէս նաեւ խորհրդային բռնատէրերը անցան ու չկան, մինչ Դաշնակցութիւնը կանգուն է` անխախտ իր հաւատամքին առջեւ եւ արմատաւորուած հայրենի հողին ու համահայկական կամքին մէջ:
Սիրելի՛ ընթերցող, այո՛, Դաշնակցութիւնը միայն քաղաքական կազմակերպութիւն չէ. ան մշտավառ գաղափարական հնոց է: Անոր հնոցին մէջ ձեւաւորուած ու մկրտուած են հազարաւոր ընկերներ ու ընկերուհիներ` քրիստափորներու, ռոստոմներու, զաւարեաններու, թեհլիրեաններու եւ բիւրաւոր ջան ֆետայիներու շունչով: Անոնք իրենց համակ կեանքով ծառայեցին ազգային ազատագրութեան դատին, կերտեցին նուիրումի, հաւատարմութեան ու յեղափոխական անսակարկ ոգիի օրինակներ եւ սերունդէ սերունդ փոխանցեցին Դաշնակցութեան գաղափարական ժառանգութիւնը` իբրեւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման ու յառաջընթացի անփոխարինելի զինանոց:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը անցեալ չէ, յուշ չէ, անուն չէ. Դաշնակցութիւնը ապրող կամք է, շարունակուող պայքար եւ հայ ժողովուրդի վաղուան անժխտելի անձնուրաց պահապանն ու երաշխիքը:
16 դեկտեմբեր 2025
Թորոնթօ



