Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան Շուտով Կրնայ Ինքզինք Հռչակել Նոր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս

December 23, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան օրէ օր աւելի մեծ վնաս կը հասցնէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի հեղինակութեան ամբողջ աշխարհին մէջ` իբրեւ առաջին քրիստոնեայ ազգ: Անոր գործողութիւնները կոպտօրէն կը խախտեն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը:

Առանց որեւէ իրաւասութեան` Փաշինեան նախորդ շաբաթ Դիմատետրի իր էջին մէջ ներկայացուց «Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցու նորոգման ճանապարհային քարտէսը»: Ան յայտարարեց, որ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին «հեռացումից յետոյ» ապագայ տեղապահի «հիմնական խնդիրը» պիտի ըլլայ «կազմակերպել Հայաստանում Առաքելական եկեղեցու նոր կանոնագրքի ընդունման գործընթացը»:

Փաշինեան նոյնիսկ մանրամասն քայլեր ներկայացուց իր առաջարկած «Եկեղեցական նոր կանոնագիրք»-ին.

– Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ հոգեւորականի բարեվարքութեան կանոններ եւ անոնց ապահովման երաշխիքներ,

–  Եկեղեցւոյ ֆինանսական թափանցիկութիւն եւ անոր ապահովման երաշխիքներ,

–  Եկեղեցւոյ ապաքաղաքական ըլլալու անհրաժեշտութիւն եւ անոր ապահովման երաշխիքներ,

–  Եկեղեցւոյ գործունէութեան համապատասխանութիւն Հայաստանի հարկային օրէնսդրութեան եւ անոր ապահովման երաշխիքներ: Պետական պիւտճէ վճարուած հարկերը եւ տուրքերը ամբողջութեամբ պիտի վերադարձուին Եկեղեցւոյ…

– Հոգեւորականները կ՛օգտուին կառավարութեան կենսաթոշակային ֆոնտէն եւ առողջութեան ապահովագրութենէն,

– Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ընտրութիւններ` համաձայն նոր iանոնագիրքին:

Եկեղեցւոյ գործերուն իր միջամտութիւնը համալրելու համար Փաշինեան առաջարկեց, որ  կառավարութիւնը` «Տեղապահի միջնորդութեան դէպքում, խորհրդատուական աջակցութիւն կը ցուցաբերի կանոնագրքի նախագծի մշակման աշխատանքներին»:

Նախորդ շաբաթ Պերլին կատարած իր այցելութեան ընթացքին Փաշինեան նուաստացուց Հայ առաքելական եկեղեցին եւ կաթողիկոսը` Գերմանիոյ արտաքին յարաբերութիւններու հեղինակաւոր ընկերակցութեան դիմաց: Ներքին հայկական վէճերը միջազգային լսարանին առջեւ ներկայացնելը լուրջ սխալ է եւ կը հակասէ Հայաստանի Հանրապետութեան շահերուն:

Փաշինեան Գերմանիոյ մէջ արծարծեց Եկեղեցւոյ վերաբերող քանի մը անտեղի հարցեր.

1.- Ան մեղադրեց ոչ միայն կաթողիկոսը, այլ ընդհանրապէս հոգեւորականները` նշելով, որ անոնք` «Դառնում են աւելի խոցելի արտաքին ազդեցութեան նկատմամբ, եւ նրանք, կը ներէք, որ այսպէս եմ ձեւակերպում, կարող են գործիք դառնալ արտաքին ազդեցութեան համար»: Վարչապետը այս լուրջ մեղադրանքը ուղղեց տարբեր հոգեւորականներու, որոնց կարգին` կաթողիկոսի հասցէին: Փաշինեան նոյնիսկ նախորդ շաբաթ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ ըսաւ, որ կաթողիկոսը կ՛ենթարկուի «արտաքին յատուկ ծառայութեան աւագ լէյտենանտին» եւ «ամէնօրեայ դրութեամբ զեկուցում է օտարերկրեայ յատուկ ծառայութեան լէյտենանտներին»: Սակայն արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեանը հակասեց իր ղեկավարին` ըսելով, որ ինք նման տեղեկութիւն չունի: Փաշինեանի անհիմն պնդումը կը շրջանցէ հոգեւորականներու բարոյական վարքագիծի հարցը: Օտար գործակալ ըլլալը լուրջ խախտում է Հայաստանի օրէնսդրութեան: Եթէ Փաշինեան որեւէ ապացոյց ունի, ան պարտաւոր է զանոնք դատարան ներկայացնել` առ ի հետապնդում: Առանց որեւէ ապացոյցի` նման մեղադրանք ուղղելը  զրպարտութիւն է, որուն համար կաթողիկոսը պէտք է դատ բանայ Փաշինեանի դէմ:

2.- Փաշինեան գերմանական լսարանին ըսաւ. «Ոչ ոք չգիտի, թէ մեր Եկեղեցին ինչպէս է ֆինանսաւորւում, ինչքան գումար է մուտք գործում, ինչպէս է այն ծախսւում»: Նկատի ունենալով, որ կառավարութիւնը տեղեակ է հոգեւորականներուն անձնական կեանքի մասին, ապա ան անկասկած գիտէ այդ միջոցներուն չափերն ու աղբիւրները:

3.- Փաշինեանը շարունակեց դատապարտել «հոգեւորականների որոշ առաջնորդների»` «ամօթալի շքեղութեան մէջ ապրելնուն համար, մինչդեռ որոշ սովորական եկեղեցականներ ապրում են աղքատութեան մէջ»: Նոյնիսկ եթէ ասիկա ճիշդ է, ատիկա վարչապետին կամ կառավարութեան գործը չէ: Այսպիսով, Փաշինեան անգամ մը եւս կը խախտէ Եկեղեցին պետութենէն բաժնող սահմանադրական դրոյթը:

4.- Փաշինեան խօսեցաւ Եկեղեցին բարեփոխելու անհրաժեշտութեան մասին, հակառակ անոր որ ան իրաւունք չունի միջամտելու Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն: Եկեղեցին ունի իր սեփական սահմանուած ընթացակարգերը` նման հարցեր լուծելու համար: Վարչապետին հիմնական պարտականութիւնը կառավարութեան ղեկավարումն է. ան չունի լիազօրութիւններ կամ մանտաթ` Եկեղեցին բարեփոխելու համար: Իբրեւ Եկեղեցւոյ անդամ` ան կրնայ արտայայտել իր անձնական կարծիքը, բայց ան շատ աւելի հեռու գնաց: Ան նախաձեռնեց արշաւի մը` կաթողիկոսը հեռացնելու համար, առաջարկեց եկեղեցական որոշակի բարեփոխումներ, զրպարտեց հոգեւորականները եւ բանտարկեց քանի մը բարձրաստիճան հոգեւորականներ:

Նախորդ շաբաթ Փաշինեան Դիմատետրի իր էջին մէջ կատարեց տարօրինակ այլ առաջարկ մը. ան փափաք յայտնեց, որ եկեղեցական երգչախումբերը Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը մեկնաբանեն` «բոլոր եկեղեցիներում, ժամը 10:55-ին, պատարագից անմիջապէս առաջ»: Սակայն «բոլոր եկեղեցիներ» ըսելով յստակ չէ` արդեօք ան նաեւ նկատի ունի՞ Հայ կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիները: Ատկէ բացի` ան չէ նշած, թէ արդեօք առաջարկը Հայաստանի սահմաններէն դուրս գտնուող Հայ առաքելական եկեղեցիներո՞ւն ալ կը վերաբերի: Կարելի է պատկերացնել Թուրքիոյ կառավարութեան թշնամական արձագանգը, եթէ Պոլսոյ հայկական եկեղեցիներու երգչախումբերը երգեն ոչ թէ Թուրքիոյ, այլ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը:

Եթէ Փաշինեան ինքզինք այդքան ազգայնական եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հաւատարիմ հետեւորդ կը նկատէ, ապա ինչո՞ւ իր շաբաթական կառավարական նիստերը չի սկսիր  Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով եւ աղօթքով: Ինչո՞ւ անոր խորհրդարանական մեծամասնութիւնը իւրաքանչիւր նիստ չի սկսիր քայլերգով եւ աղօթքով: Ուստի կ՛առաջարկեմ, որ Փաշինեան նախ իր կառավարութեան մէջ կատարէ այդ փոփոխութիւնները` նախքան Եկեղեցւոյ հրահանգներ տալը:

Յաջորդող տեսանիւթին մէջ, զոր  Փաշինեան հրապարակեց  Դիմատետրի իր էջով, ան առաջարկեց` «քննարկել եկեղեցիների մուտքի մօտ կամ ներսում Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դրօշի տեղադրման հարցը»: Փաշինեան կ՛ուզէ ոչ միայն փոխել կաթողիկոսը, այլ նաեւ` ճշդել, թէ ի՛նչ պէտք է երգէ երգչախումբը, եւ ի՛նչ դրօշակ պէտք է տեղադրուի եկեղեցւոյ մէջ: Ասիկա լիովին անհիմն միջամտութիւն է Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն: Փաշինեան պէտք է կեդրոնանայ իր իսկական աշխատանքին` կառավարութեան ղեկավարման վրայ, որուն մէջ դժբախտաբար ձախողած է:

Վարչապետ Փաշինեան, որ նոյնիսկ շան մը տնակը չի կրնար կառավարել, շուտով կրնայ ինքզինք հռչակել յաջորդ Ամենայն Հայոց  կաթողիկոսը:

www.TheCaliforniaCourier.com

Նախորդը

Յուշերու Կապոց. Զայրացող Լեզուագէտը, Որ Փափուկ Սիրտ Ունէր (Տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի Յիշատակին)

Յաջորդը

135-Ամեայ Երիտասարդ Յեղափոխականը. Հաւատքով Դէպի Պայծառ Ապագայ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.